Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
700 Հազար Տոլար Հաւաքուած Է
Ի Նպաստ ՀԲԸՄ-Ի
Մանուկեան-Տեմիրճեան Դպրոցին
Փետրուար 27-ին Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 40-ամեակի տօնակատարութիւնը:
Ելոյթներ ունեցաւ վարժարանի ծնողա-ուսուցչական մարմինին անունով Ալին Փաթաթեան, վարժարանի շրջանաւարտ եւ ներկայիս անոր հոգաբարձութեան անդամ ու կրթական մարմինի ատենապետ տոքթ. Կապի Արսլանեան եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան:
Այնուհետեւ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով պարգեւատրեց ՀԲԸՄ-ի փոխնախագահ ու վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Սինան Սինանեանը:
40-ամեակի այս տօնակատարութեան ընթացքին 700 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւններ կատարուեցան ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին:
300 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ
Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանի 50-Ամեակին
Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանի 50-Ամեակին
Փետրուար 20-ին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի 50-ամեակին առիթով:
Վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան կատարեց տօնակատարութեան բացումը` վարժարանի նախակրթարանի առաջին զանգակը հնչեցնելով, որմէ ետք Գոհարիկ Կապրիէլ արտասանեց բարի գալուստի խօսքը: 50-ամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբի նախագահ եւ վարժարանի հիմնադիրներէն Մկրտիչ Մոսիկեանի դուստրը` Գոհարիկ Կապրիէլ, դրուատեց յանձնախումբի անդամներուն, նուիրատուներուն եւ հովանաւորներուն ներդրումները, որոնք առաջնորդած են այս յաջողութեան:
Իր կարգին, տնօրէն Ղուկասեան ողջունեց 50 տարիներէ եկած աշակերտներու ներկայութիւնը` զայն ցուցանիշ մը նկատելով ոչ միայն անցեալի իրագործումներուն, այլ` աշխուժ ներկայի եւ խոստմնալից ապագայի:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին յղած օրհնութեան գիրը:
Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի խորհրդական նշանակուած Ռազմիկ Ստեփանեան Հայաստանի իշխանութեան անունով շնորհաւորեց վարժարանին 50-ամեակը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք կարդացուեցան այս առիթով վարժարանին յղուած շնորհաւորական գիրերը:
Տօնակատարութեան ընթացքին կատարուեցան մեծարումներ, իսկ նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 300 հազար ամերիկեան տոլար:
Քրիս Խաչատուրեան 100 Հազար Տոլար
Կը Նուիրէ Ֆլորիտայի Մէջ Հայ Կեդրոնի Մը
Շինարարութեան Ծրագիրին
18 դեկտեմբեր 2015-ին ֆլորիտաբնակ բարերար Քրիս Խաչատուրեան 100 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը նուիրեց Հայ մշակութային ընկերակցութեան, որ իրականացնէ իր նպատակը` Հարաւային Ֆլորիտայի հայ գաղութին համար սեփական կեդրոն մը հիմնելու ծրագիրը:
Նշենք, որ այս մէկը Քրիս Խաչատուրեանի առաջին նուիրատուութիւնը չէ. ան տարիներէ ի վեր նիւթապէս կը սատարէ շրջանին մէջ գործող տարբեր միութիւններու աշխատանքներուն, ինչպէս` ՀՕՄ-ը եւ Հայ մշակութային ընկերակցութիւնը:
Հայաստանէն Երկու Արուեստագէտներու
Աշխատանքները Պիտի Ցուցադրուին
Ֆրեզնոյի Մէջ
Փետրուար 15-ին Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանի ցուցադրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստի ստեղծագործութեան ցուցահանդէսի բացում, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Հայաստանէն ժամանած երկու արուեստագէտներու` Արթուր Սարգսեանի եւ Մարինա Մամեանի աշխատանքները:
Գիրքի Շնորհահանդէս
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ 19 փետրուարին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ ազգային վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ անուանի գրող եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի անգլերէն լեզուով հրատարակուած «Նահատակ 13 գրողներ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկի ընթացքին գիրքին հեղինակը սահիկներու ցուցադրութեամբ անդրադարձաւ իւրաքանչիւր նահատակ գրողի կեանքին ու գործունէութեան: Գրողներ, որոնք 1915-ին զոհ գացին երիտասարդ թուրքերուն կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութեան: Այնուհետեւ վարժարանի աշակերտները կարդացին Դանիէլ Վարուժանի, Թլկատինցիի եւ Գեղամ Բարսեղեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
Շնորհահանդէսի աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեանը վարժարանի անձնակազմին անունով շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Հրանդ Մարգարեանին:
Քուէյթ
Քուէյթի Անկախութեան 55-րդ Տարեդարձը
Քուէյթի անկախութեան 55-րդ տարեդարձին առթիւ, ընդառաջելով Քուէյթի դեսպան Սաուտ Ֆէյսալ Ալտաուիշի հրաւէրին, յանուն Յունաստանի հայոց բեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, Նէոս Քոզմոս-Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Նարեկ. քհնյ. Շահինեան 23 փետրուարին ներկայ գտնուեցաւ «Կրանտ Պրետանիա» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ընդունելութիւն-հիւրասիրութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին Յունաստանի նախկին եւ ներկայ նախարարներ, քաղաքական եւ կրօնական անձնաւորութիւններ, արաբական եւ օտար երկիրներու դեսպաններ, զինուորական դէմքեր, նաեւ` արաբ, օտար եւ յոյն անձնաւորութիւններ: Նարեկ. քհնյ. Շահինեան սրբազան հօր եւ յունահայ գաղութին անունով իր շնորհաւորական եւ բարեմաղթութեան խօսքերը փոխանցեց Սաուտ Ֆէյսալ Ալտաուիշին, ինչպէս նաեւ` դեսպանատան անձնակազմին:
Արժանթին
Արժանթինահայ Լուգաս Պալեան
Քորտոպայի Քաղաքապետական
Խորհուրդի Անդամ
Վերջերս Քորտոպայի նահանգային մայրաքաղաքի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Լուգաս Պալեանի երդման արարողութիւնը` որպէս քաղաքային խորհուրդի անդամի: Պալեան քաղաքական գործիչ է, Արմատական քաղաքացիական կուսակցութեան անդամ, որ ներկայիս «Միասին յանուն Քորտոպայի» ընտրական դաշնութեան մաս կը կազմէ:
Լուգաս Լէոնարտօ Պալեան ծնած է Քորտոպա: 2004-2006 եղած է նահանգային Արմատական երիտասարդական կոմիտէի նախագահ: Եղած է նաեւ Վիա Մարիայի անուան ազգային համալսարանի անվտանգութեան բաժինի դասախօս եւ մասնակցած է բազում սեմինարներու` նշուած բարձրագոյն կրթական հաստատութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ: Ան 2014 թուականէն կը հանդիսանայ Քորտոպայի հայ համայնքի տնօրէններու խորհուրդի անդամ:
30 դեկտեմբեր 2015-ին Լուգաս Պալեան Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ տարուան եզրափակիչ ձեռնարկին, ուր ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ամփոփումը Քորտոպայի եւ աշխարհի մէջ:
Փարիզ
Փարիզի Ս. Մեսրոպ Մշակութային
Կեդրոնին Մէջ Մեծարանք`
Արփիկ Միսաքեանին
Հայ կաթողիկէներու Սուրբ Խաչ ընկերակցութեան ամսական դասախօսութիւններու շարքին փետրուարեանը յատկացուած էր «Յառաջ» օրաթերթի երկարամեայ տնօրէն Արփիկ Միսաքեանի յիշատակին, անոր մեծարանքին: Այս առթիւ Փարիզի Սուրբ Մեսրոպ մշակութային կեդրոն դասախօսելու հրաւիրուած էին «Յառաջ»-ի վերջին 25 տարիներու խմբագիր Արփի Թոթոյեան եւ գրող Գրիգոր Պըլտեան, առաջինը ներկայացնելու համար Արփիկ Միսաքեանի կեանքն ու վաստակը, իսկ երկրորդը` խօսելու Շաւարշ Միսաքեանի յուշերը ամփոփող «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» (1957 Պէյրութ, 2015 Մարսէյ) հատորին Արփիկ Միսաքեանի կողմէ կատարուած եւ վերջերս լոյս տեսած «Face à l’innommable: Avril 1915» ֆրանսերէն թարգմանութեան մասին:
Փետրուար 27-ի յետմիջօրէին Թուէնի փողոցի սրահը լեցուցած էր բազմութիւն մը:
Յովսէփ ծ. վրդ. Քելեկեանի բարի գալուստի կարճ ելոյթէն ետք, նախ խօսքը տրուեցաւ Արփի Թոթոյեանին:
Դասախօսը անսահման երկիւղածութԵամբ եւ յուզումով արտայայտուեցաւ Արփիկ Միսաքեանի մասին` հայերէնով: Ան նախ շեշտեց, թէ մեծարեալը մեծ աշխատասէր մըն էր. 1957-ին` իր հօր մահէն ետք, թերթի տնօրէնութեան 52 տարիներուն, ամէն առաւօտ ժամը 7:30-ին գրասեղանին գլուխը եղած է մինչեւ իրիկուն: Խօսեցաւ անոր սկզբունքներուն, հօրը ճամբէն չշեղելու կամքին մասին: Ան ըսաւ, թէ անոր մահով վերջացաւ ամբողջ շրջան մը սփիւռքահայ մամուլի, որուն դրօշակակիրը «Յառաջ»-ն էր:
Ապա, ընդգծելու համար, թէ ինչպիսի՛ շրջանակի մէջ աշխարհ եկած եւ հասակ նետած է Արփիկ Միսաքեան, ան յիշեց, թէ Շաւարշ Միսաքեանի բարեկամներու շրջանակը` Ռուբէն Տէր Մինասեանի եւ իր ընտանիքն էին, Զարդարեանները, տիկին Զաւարեանը, Ահարոնեանը, Տէր Յակոբեան ընտանիքը… «Արփիկ հայկական միօրեայ դպրոցներէն չեմ կարծեր որ շատ մեծ բան մը առած ըլլայ, բայց միշտ կը յիշէր իր հայերէնի ուսուցիչ Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ միայն քանի մը ամիս իր դասատուն եղած է», աւելցուց ան: Ան անդրադարձաւ նաեւ Արփիկ Միսաքեանի մօր` Տիրուհի Միսաքեանի կարեւոր տիպարին, որ դժբախտաբար քիչ մը շուքին տակ մնացած է հայր ու աղջիկ Միսաքեաններուն:
Ան շեշտեց, թէ հայ գրականութեան մօտէն ծանօթանալու առումով` Արփիկ Միսաքեանի հանդիպումը Շահան Շահնուրին, վճռական դեր կատարած է: Արդարեւ, 1940-ական թուականներէն մինչեւ Շահնուրի մահը սերտ բարեկամութիւն մը ստեղծուած է իրենց միջեւ: Զինք տպաւորած է Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը, կարդացած է նաեւ հեղինակին միւս գործերը:
Արփի Թոթոյեան եզրափակելով` ըսաւ, թէ Արփիկ Միսաքեան յուսախաբութիւն ապրեցաւ` տեսնելով, թէ Հայաստանը ամբողջ սփիւռքի երազած հայրենիքը չեղաւ, եւ աւելի շատ հետաքրքրուեցաւ սփիւռքի նիւթական կարողութեամբ: Ան յուսախաբ եղաւ ուղղագրութեան հարցով ալ, ապա նաեւ` արտագաղթի երեւոյթով: Ան աւելցուց, թէ Արփիկ իր հօր յիշատակին հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքի վերջաւորութիւնը եւ ատոր լաւագոյն ապացոյցն է` հակառակ առողջական իր ծանր վիճակին, Շաւարշի` հայերէն գրի առնուած բանտի յուշերուն իր կողմէ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Գրիգոր Պըլտեան, որ արտայայտուեցաւ ֆրանսերէն: Ան ըսաւ, թէ Շաւարշ Միսաքեան բարդ անձնաւորութիւն մըն է: Ծնած է 1884-ին, Սեբաստիա: Շատ երիտասարդ տարիքին, ծնողները զինք տարած են Կոստանդնուպոլիս, ուր մեծցած է: 1907-էն կը սկսի յօդուածներ ստորագրելու Պոլսոյ թերթերուն մէջ. սկիզբը ընդյատակեայ` գաղտնի, առանց իր անունը ստորագրելու, քանի որ համիտեան շրջանն էր, եւ դժուար օրեր էին: Ան կ՛աշխատակցի նաեւ արտասահմանեան թերթերու, ինչպէս Պուլկարիոյ թերթի մը: 1909-ին, Օսմանեան կայսրութեան առաջին սահմանադրութեան հռչակումով, հայ մամուլը կը տիրանայ որոշ ազատութեան. այդ ժամանակ է, որ ան կը նետուի իր նախասիրած գրականութեան ասպարէզը: Ան նախ կը խմբագրէ «Ազդակ» շաբաթաթերթը, աւելի ուշ` «Ազատամարտ»-ը, որ Պոլսոյ մէջ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթն էր: Այդ օրերուն է, որ կ՛անդամագրուի ՀՅԴ-ին եւ կը խմբագրէ յատկապէս «Ազատամարտ»-ի գրական յաւելուածը:
Հոս, Պըլտեան միջանկեալ նշեց, որ երբ 1976-ին տիկին Միսաքեան կը նախաձեռնէր «Միտք եւ արուեստ»-ին, իրականութեան մէջ «Ազատամարտ»-ի յաւելուածին օրինակը աչքի առջեւ կ՛ունենար: Ապա ան շարունակեց` ըսելով, թէ Շաւարշ կը ճանչնար մայրաքաղաքի այդ օրերու մտաւորական գրեթէ բոլոր առաջնակարգ դէմքերը` Եղիա Տեմիրճիպաշեանը, Ինտրան, Մեծարենցը, Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթոն, նոյնիսկ անոնցմէ ոմանց հետ ընկերական կապեր հաստատած էր: Ինք ալ կը փափաքէր գրող ըլլալ, բայց, ըստ երեւոյթին, կարեւոր յատկանիշ մը կը պակսէր իրեն, որ յարատեւութիւնն էր: Այն օրերուն Շաւարշ կ՛ըսէր, թէ ամէն մարդ բան մը հրատարակած է, բացի իրմէ: 1941-ին կը գրէ ձեւով մը իր ինքնակենսագրութիւնը հանդիսացող «Օրեր եւ ժամեր»-ը, որ աւելի ուշ` 1958-ին, պիտի հրատարակուէր: Բայց հոս եւս ի յայտ կու գայ յարատեւելու հարցը. այնպէս որ, կարծէք թէ պատումը կը խզուի գրեթէ իր կէսին: «Այս առումով, Շաւարշ ձեւով մը իր կոչումին չյանգած գրող է», ըսաւ Պըլտեան:
Շաւարշի կեանքի գլխաւոր դէպքը կը հանդիսանայ իր ձերբակալութիւնը 1915-ին: Ան իր ձերբակալութեան պարագաները կը պատմէ «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» վերնագիրով հատորին մէջ:
Շաւարշ Միսաքեան հրաշքով փրկուած է եւ չէ տեղահանուած: Դատուած ու դատապարտուած է 5 տարի բանտարկութեան, որ մեղմ դատավճիռ մըն էր` բաղդատած իր նկատմամբ եղած ամբաստանութեանց: Հոս, Պըլտեան նշեց այս պարագային իւրայատկութիւնը, քանի որ 1915-ին ձերբակալուած միւս հայ մտաւորականներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը «չէ արժանացած» դատավարութեան: Ան աւելցուց, թէ որեւէ գործունէութեան արգիլման մասին որեւէ հրամանագիր չէ արձակուած, ներառեալ` «Ազատամարտ»-ի եւ նոյնիսկ ՀՅԴ-ի արգիլման մասին, այլ խօսքով` կատարեալ կամայականութիւնն էր, որ կը տիրէր:
Շաւարշ 1918-ի նոյեմբերին բանտէն կ՛ելլէ եւ անմիջապէս կը վերագտնէ վերապրողներէն մէկ քանին, որոնք թաքստոց մտեր էին, ինչպէս` Սիրունին: Անոնց հետ կը վերահրատարակէ «Ճակատամարտ»-ը, որ «Ազատամարտ»-ի շարունակութիւնն էր: Հակառակ անոր որ Պոլիս գրաւման տակ կը գտնուէր, մամուլը կը շարունակէր ենթարկուած մնալ գրաքննութեան եւ այս պատճառով էր, որ «Ազատամարտ»-ի անունը կը փոխուէր «Ճակատամարտ»-ի, ապա նաեւ «Արդարամարտ»-ի: Եւ այդ գրաքննութիւնը այնքան խիստ համեմատութիւններու հասած էր, որ թերթը նոյնիսկ լոյս տեսած է պարապ, ճերմակ էջերով, արգիլուած գրութիւններու պատճառով:
Շաւարշ թերթին կ՛աշխատակցի մինչեւ 1922 թուականը, ապա շատ-շատերու նման կ՛անցնի նախ Պուլկարիա, ուր կը մնայ շուրջ երկու տարի, եւ ուր կ՛ամուսնանայ Տիրուհիին հետ. հոնկէ կու գան Փարիզ` հաստատուելու, ուր ալ 1925-ին Շ. Միսաքեան կը հիմնէ «Յառաջ»-ը, որ կը հրատարակուի մինչեւ 1940: 1940-1945-ի միջեւ, պատերազմի տարիներուն կը դադրեցնէ թերթին հրատարակութիւնը, երբ գերմանացիները գրաւած էին Փարիզը: Շաւարշ չ՛ուզեր ենթարկուիլ անոնց: 1945-ին կը վերահրատարակէ «Յառաջ»-ը, որուն գլուխը կը մնայ մինչեւ 1957` իր մահը:
Դասախօսը կարդաց նաեւ հատուածներ գիրքէն:
Մոսկուա
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած
Ձեռնարկները Համակարգող Յանձնաժողովին
Եզրափակիչ Նիստը
Փետրուար 19-ին Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովին եզրափակիչ նիստը` նախագահութեամբ Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեանի:
Դեսպան Եսայեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ համատեղ ջանքերու եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի շնորհիւ` յանձնաժողովին բոլոր ծրագիրները իրականացան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց յանձնաժողովի անդամներուն, ինչպէս նաեւ գաղութի պատկան մարմիններուն` ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար: Դեսպանը շեշտեց, որ 2015 թուականը դարձաւ հայկական սփիւռքի միասնութեան, նոր վերելքի եւ հայ-ռուսական բարեկամութեան հետագայ ամրապնդման ժամանակաշրջան:
Յանձնաժողովի քարտուղար, «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» ՀԿ նախագահ Եուրի Նաւոյեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց յանձնաժողովին կատարած աշխատանքներն ու ձեռնարկները:
Յանձնաժողովի, նաեւ Ռուսիոյ Հանրային պալատի անդամ Կոնստանդին Զատուլի խօսք առնելով` նշեց, որ մամուլը մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու արդիւնաւէտ իրականացման եւ ռուսական հասարակութեան լայն շրջանակներու իրազեկման մէջ:
Ամփոփ ելոյթներով հանդէս եկան յայտնի քաղաքագէտ Անդրանիկ Միհրանեան, քանդակագործ Ֆրիդ Սողոյեան, «Ռուսիոյ հայերու միութեան» փոխնախագահ Գրիգորի Տէր Զազարեանց, նաեւ` յանձնաժողովի կարգ մը անդամներ:
Քանատա
Վանաձորի Ճամբարի Եւ Պատանեկանի
Հայաստանագնացութեան Նուիրահաւաքը
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Քանատայի Պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմնին, 21 փետրուարին Մոնրէալի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զոյգ միութիւններուն Հայաստան այցելութեան նուիրահաւաքը:
Բացման խօսքով Նորա Զոպոյեան յայտնեց, թէ 16 տարիէ աւանդութիւն դարձած է ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութեան Հայաստան այցելելու ծրագիրը, որուն կը մասնակցին մօտաւորապէս 50 պատանիներ. իսկ ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական միութեան Վանաձորի ամառնային ճամբարը 2011 թուականէն ի վեր, եղած է մղիչ ծրագիր մը` կազմակերպութեան գործունէութեան համար: Զոպոյեան նկատել տուաւ, որ Վանաձորի պատանիներուն մասնակցութեան թիւը տարուէ տարի աճ կ՛արձանագրէ եւ 100 պատանիներով սկիզբ առած ծրագիրը հասած է արդէն 400-ի:
Ձեռնարկի ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական միութեան անունով խօսք առաւ Միրնա Ֆուտուլեան, իսկ ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութեան անունով` Վիգէն Ապրագեան: Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ցուցադրեց նաեւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն կ՛արտացոլար ծրագիրներուն յաջողութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ: