Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Զաւակները` Նիւթապաշտութենէ Հեռու

March 12, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱԼ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Տնօրէնուհի` Հայ աւետարանական
կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի

Ծնողք, զինուած բարոյական պատասխանատուութեամբ,  կը ձգտին լաւագոյնը տալ իրենց զաւակներուն:  Աւելի՛ն. կը փափաքին մատուցել ամէն տեսակի նորութիւն, յատկապէս եթէ անոնք իրենց մանկութեան զրկուած են ժամանակի նորութիւններէ, որպէսզի իրենց զաւակները այդ հնարաւորութիւններէն հեռու չմնան:

Այս բոլորը բնական երեւոյթներ են:  Ինչ որ անբնական կամ չափազանցուած կը թուի ըլլալ, այն է, որ ծնողներ գիտակցաբար  կը քաջալերեն իրենց զաւակներուն խաղամոլութիւնը, զանոնք շռայլօրէն կ՛օժտեն գրաւիչ խաղերով ու անուանի վաճառանիշով  հագուստներով, կամ` անոնց ժամերը կը խճողեն մեծածախս պտոյտներով:  Արդեօ՞ք կը գիտակցին, որ այսպիսով մանուկներուն կեդրոնացումը կը կաշկանդուի ու կը շեղի, անոնց տրամադրութեան տակ գտնուող պիտոյքները կ՛արժեզրկուին, եւ զանոնք կը հետաքրքրեն միայն մակերեսային եւ անհիմն նիւթերը:

Ոչ մէկ ծնող պիտի փափաքէր ունենալ զաւակ մը, որ աւելի կշիռ ընծայէր նիւթեղէնին, քան` անձերու հետ հաղորդակցութեան ու փորձառութիւններ ձեռք ձգելու:  Ըստ հոգեբանական հետազօտութիւններու, այն մանուկները, որոնց վարմունքը գնահատուած է նիւթական նուէրներով, պիտի մեծնան աշխարհի մը մէջ, ուր մարդկային արժէքները պիտի գնահատեն հիմնուելով նիւթական ստացուածքներու վրայ:  Աւելի՛ն. անոնք պիտի դառնան նախանձոտ եւ դրամասէր չափահասներ:  Հետեւաբար ծնողներէն կախեալ է իրենց մանուկներուն բնաւորութիւնը, որովհետեւ ընտանեկան յարկին տակ կը սկսի մանուկին բնաւորութեան ձեւաւորումը:

Մեր փոքրիկները պէտք է գիտակցին, որ  յաջողութիւն մը կամ ձեռքբերում մը կրնայ գնահատուիլ նաեւ սիրոյ արտայայտութեամբ մը, մղիչ գնահատականով մը, երբեմն թերեւս` ժպիտով կամ ողջագուրումով եւ ոչ անպայման նիւթական վարձատրութեամբ:

Անվիճելի իրողութիւն է,  որ փոքրիկներ մշտապէս կը դիտեն իրենց շրջապատը եւ աննկատելիօրէն կ՛ընդօրինակեն չափահասներու վարմունքն ու գործերը եւ զանոնք կ՛ամրապնդեն: Հոս կարեւոր գործօն է ծնող-երեխայ շփումը:  Երբ ծնողքին մօտ նիւթեղէն արժէքներու ծանր կշիռ կը տրուի, երեխային հոգեբանական եւ զգացական կարիքները չեն բաւարարուիր եւ, հետեւաբար,  անոր զգացական ներաշխարհը կը խաթարուի:  Կ՛արժէ մտածել` մա՞րդը նիւթին համար է, թէ՞ նիւթը մարդուն:  Իմաստալից դաստիարակութիւն ունենալու համար սորվեցնենք մեր զաւակներուն երախտապարտ ըլլալ իրենց ունեցածներուն համար,  քաջ գիտակցելով, որ  երախտագիտութեան զգացումը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ անհատին հոգեբանական համակարգին վրայ:  Ստեղծենք առողջ ու կենսուրախ ընտանեկան միջավայր, ուր կը խթանուին մեր զաւակներուն մտային կարողականութիւնը, անհատականութիւնը եւ վարուելակերպի ու ստեղծագործական հմտութիւնները:

Նիւթապաշտութիւնը կ՛առնչուի նախանձի, առատաձեռնութեան բացակայութեան, ագահաբար խնայելու եւ սեփականատիրութեան հետ: Մանուկին մօտ այս մտածելակերպը կ՛արտացոլայ իր վարուելակերպով, ուր ան ցանկութիւնը կ՛ունենայ ինքզինք պարտադրելու իր հասակակիցներուն եւ արհամարհելով անոնց ինքնութիւնը` կը ցանկայ տիրապետող տարր դառնալ:

Մինչ երախտագիտութիւնը շատ յաճախ կ՛առնչուի բարեգործութեան հետ, ինչպէս նաեւ` հասկացողութեան, գնահատանքի եւ հանդուրժողութեան հետ: Այս արժէքները գերակշռող պիտի դառնան, երբ ընտանիքի մը ճշդած չափանիշները հեռու կը մնան նիւթեղէնով կաշառելէ իրենց զաւակները:

Հոգեբաններ կը հաստատեն,  որ ինքնորոշման մէջ փոքրիկները կ՛ունենան երեք հիմնական մղումներ` ինքնակառավարման ուժ, անհատականութեան համակրում (personality integration) եւ առողջ ինքնակառավարում (self-regulation).

Որպէս մանկավարժներ` հիմնական դեր ունինք զարգացնելու մեր աշակերտներուն անկախ ու ինքնավստահ անհատականութիւնը եւ թափ տալու անոնց առողջ զգացական հոգեվիճակին, հեռու` նիւթապաշտութեան մտայնութենէ: Մեզմէ կ՛ակնկալուի ձեւաւորել անոնց անհատականութիւնը, որպէսզի սիրեն աշխատանքը ու յարգանք ցուցաբերեն մարդկային վսեմագոյն արժէքներուն:

Մատղաշ սերունդին առողջ ընկերային զարգացում ապահովելու համար խրախուսելու ենք զանոնք, որ երախտագէտ դառնան իրենց բարեկամներուն, շրջանակին եւ դպրոցին նկատմամբ: Անոնք պէտք է գիտակցին իրենց կեանքերուն մէջ շրջապատին ցուցաբերած ներդրումին, որ իր կարգին կը զարգացնէ անոնց մօտ ինքնակառավարման յարգանքը (self-respect):

Երեխաներ կը գիտակցին մեր արժէքներուն, որոնք կը բնորոշեն մեր ո՛վ ըլլալը: Մեր առօրեայ խօսակցութեան նիւթերը, փոխյարաբերութիւնները, ակնկալութիւնները, ուրիշներու ունեցածներու մասին մեր կատարած ակնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ մեզի ուրախութիւն պատճառող «նուէրներ»-ը կը սահմանեն մեր մօտ մարդկային արժէքներու կարեւորութիւնը:

Զարգացնենք մեր փոքրիկներուն մէջ շրջապատին ծառայելու եւ կարիքաւորին աջակցելու գիտակցութիւնը:  Թող այդ մէկը ըլլայ մղուած մարդասիրութենէ եւ զոհաբերութեան ու նուիրումի միտումով:  Թող անոնք պատրաստ ըլլան խոնարհաբար իրենց ունեցածէն բաժին հանելու ուրիշին: Այդպիսով, անոնք պիտի վայելեն ձեռք երկարելու ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը:

Երբ ծնողք – զաւակ յարաբերութիւնները սերտ են, երբ ծնողք բաւարար ժամանակ կ՛անցընեն իրենց զաւակներուն հետ, միասնաբար կը վայելեն իմաստալից եւ արդիւնաւէտ պահեր, մտերիմ ու հաճելի խօսակցութիւն, անոնք կ՛անդրադառնան, որ նիւթական աշխարհէ աւելի էական է փոխյարաբերութիւններու մշակումը, որուն նախապայման է շրջապատին հետ հաղորդակցելու կարեւոր ազդակը: Մնայուն եւ երկարատեւ ուրախութիւնը անպակաս կ՛ըլլայ նման միջավայրէ:

Մեր զաւակները Աստուծոյ պարգեւներ են` մեզի տրուած: Մեր պարտականութիւնն է անոնց ջամբել մշտական, վեհ ու բարձր արժէքներ, որպէսզի ոչ միայն զերծ մնան աշխարհի հրամցուցած նիւթապաշտութենէն, այլեւ զարգացնեն իրենց մէջ վեհանձն նկարագիր ու ազնուաբարոյ անձնաւորութիւն:

 

Մարտ 2016

Նախորդը

Մանուկները Եւ Համացանցը. Հաւասարակշռութիւն` Ամէն Ինչի Մէջ

Յաջորդը

Երեխան Եւ Դաստիարակութիւնը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.