Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Թող Հայոց Գինին Մեզ Անուշ Լինի

March 10, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

raffidoudaklian1Անցեալ շաբաթ օր, դեռ արեւը մար չէր մտած, ընկերս` Վարուժանը, հեռաձայնեց ինծի եւ ըսաւ.

– Րաֆֆի՛ ջան, ամէն ինչ թող, երեխեքն ու Լարան վերցրու եւ արի մեր տուն: Էսօր լաւ օր է, նշելու ենք…

Մտածեցի, որ հաւանաբար Վարուժանի զաւակներէն մէկուն տարեդարձն է:

– Չէ՛, չէ՛, ծնունդ-մնունդ չկայ, եկէ՛ք` կ՛ասեմ ինչ է պատահել,- պատասխանեց Վարուժանը, երբ հարց տուի հաւաքուելու եւ «նշելու» առիթին մասին:

Երեւանը փոքր քաղաք է, ընդամէնը քառորդ ժամէն արդէն Վարուժանի առանձնատան առջեւ էինք: Ներս մտանք եւ քանի մը այլ ընկերներ եւս տեսանք այնտեղ, բոլորն ալ բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեցին մեզ: Իսկ սեղանին վրայ տեսանք գինիի շիշեր` սպիտակ, կարմիր, վարդագոյն…

– Դէ, շնորհաւորէք, «Վան Արդի» գինիները Եւրոպայի մեծագոյն մրցոյթներից մէկում` «Մունտուս Վինտի»-ում ոսկի եւ արծաթ մետալ են շահել,- ըսաւ Վարուժանի հիւրասէր կինը` Անահիտը:

Սա արդէն անակնկալ էր մեզի համար եւ իրապէս ուրախանալու ու հպարտանալու առիթ: Գինիի բաժակները լեցուցինք եւ շնորհաւորեցինք հայկական գինիի այս յաղթանակը:

Հպարտ էինք երկու պատճառով, նախ` Վարուժանը մեր ընկերն էր, եւ գիտէինք ի՜նչ բծախնդրութեամբ հետեւած էր ամէն մէկ որթատունկի խնամքին, իւրաքանչիւր գինիի շիշի արտադրութեան ընթացքին սիրտ ու հոգի մաշեցուցած էր որակաւոր, յաջող հայկական գինի ունենալու համար: Անցեալ աշնան, Հայաստանի Վայոց Ձորի մէջ հայկական գինիի փառատօնին իր արտադրած կարմիր գինիներէն մէկը միջազգային դատակազմին կողմէ ճանչցուած էր իբրեւ լաւագոյն գինի: Իսկ այս տարի, ահաւասիկ, առաջին անգամ ըլլալով, իր արտադրած հայկական գինիները միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթի մը ընթացքին ոսկի եւ արծաթ մետալի կ՛արժանանային: Հպարտ էինք,  որ օրէ օր յաւելեալ ուշադրութեան արժանացող հայկական գինիները պատուաբեր դիրքեր կը գրաւէին եւրոպական եւ միջազգային գինիի փառատօներուն:

Բաժակները լեցուցինք ու խմեցինք հայոց հողին ու ջուրին համար, արեւին համար եւ խմեցինք գինեգործ Վարուժանին կենացը: Մինչ այսպէս ուրախ մթնոլորտի մէջ բաժակները կը չխկացնէինք, յիշեցի Վարուժանին հայրենադարձութեան ու գինիի արկածախնդրութեան մասին դրուագներ: Վարուժանը 90-ականներու սկիզբը իր ընտանիքին հետ գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ եւ տքնաջան աշխատանքով հաշուապահութեան յաջող գործ ստեղծած էր Լոս Անճելըսի մէջ: Ամէն անգամ, երբ Վարուժան Քալիֆորնիոյ գինեգործութեան յայտնի շրջանները կ՛այցելէր, միշտ կ՛երազէր Հայաստանի մէջ գինիի արտադրութիւն սկսելու եւ համաշխարհային գինեգործութեան քարտէսին վրայ հայկական գինիով պատուաբեր, յատուկ տեղ  գրաւելու մասին:

2008-ին կը վերադառնայ Հայաստան եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններէ ետք, Աշտարակէն ոչ շատ հեռու` Սասունիկ գիւղին մօտ կը հիմնէ իր առաջին այգին: Ոմանք կը քաջալերեն, իսկ ուրիշներ անտեղի արկածախնդրութիւն կը համարեն Վարուժանին այս նոր նախաձեռնութիւնը: Հայաստանի նորելուկ հարուստներէն մէկը իրեն նոյնիսկ կ՛ըսէ, թէ ինք վաղուց ուզած է գինեգործութեամբ զբաղիլ, բայց ֆրանսացի մասնագէտներ Հայաստանի կլիմայական եւ այլ պայմանները ուսումնասիրելով` եզրակացուցած են, որ այստեղ որակով գինի կարելի չէ արտադրել: Վարուժան, սակայն, ականջ չի կախեր այս տեսակի կարծիքներու եւ 2014-ին շուկայ կ՛իջեցնէ իր առաջին արտադրութիւնը` արժանանալով բարձր գնահատանքի: Հիմա արդէն ունի պատուէրներ բազմաթիւ երկիրներէ եւ կը պատրաստուի ընդարձակելու իր գործունէութիւնը: Այսօր արդէն Վարուժանի նման այլ սփիւռքահայեր եւ հայաստանցիներ գինիի արտադրութեամբ կը զբաղին, իսկ միջազգային մասնագէտները յաճախ կ՛անդրադառնան հայկական գինիի նուաճումներուն:

Մինչեւ ուշ գիշեր շարունակեցինք խնճոյքը եւ հպարտացանք մեր գինեգործերուն արձանագրած յաջողութիւններով ու համաձայնեցանք, որ օր պիտի գայ, երբ մարդիկ բարի նախանձով պիտի նային Վարուժանի նման մարդոց արկածախնդրութիւններուն:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 

Նախորդը

Մաֆիաներն Ու… «Զայիմ»-ները

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.