Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Շանթաժը

Մարտ 10, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_030916

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Պրիւքսէլի մէջ 7 մարտին տեղի ունեցաւ գաղթականներու ճգնաժամին նուիրուած Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն երկարատեւ վեհաժողովը, որուն ընթացքին գոյացաւ ծրագիրի մը ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն մը, սակայն որոշուեցաւ բանակցութիւնները շարունակել եւ վերջնական որոշումը որդեգրել Եւրոպական Միութեան 17-18 մարտին նախատեսուած ժողովին:

Անգարա առաջարկեց վերընդունիլ Թուրքիայէն Յունաստան հասած բոլոր նոր ապօրինի գաղթականները, փոխարէնը ճշդեց շարք մը պայմաններ, ներառեալ` Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան հետ համարկման մէջ յառաջդիմութիւնը: Թուրք պաշտօնատար մը 7 մարտին Պրիւքսէլի մէջ լրագրողներուն ըսաւ. «Մենք այստեղ եկած չենք միայն գաղթականներուն մասին խօսելու: Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը եւս մեզի համար օրակարգի հարց է»: Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու նշեց, որ կարեւոր է գաղթականներու համաձայնութիւնը տեսնել իբրեւ մէկ թղթածրար, որուն մէջ ներառուած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ յառաջդիմութիւնը:

Այս երկու անջատ հարցերուն միակցումը, սակայն, ձախողութեան առաջնորդող ազդակ մըն է` նկատի ունենալով Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց մարզին պարզած իրավիճակը, որ առաւել աչքառու եւ այժմէական հարցի մը վերածուեցաւ թրքական լրատուամիջոցներուն դէմ վերջերս շղթայազերծուած աղմկայարոյց արշաւին լոյսին տակ: Ի զուր չէ, որ երբ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք գոյացած համաձայնութենէն խանդավարուած յայտարարեց. «Բոլորս ալ կը գիտակցինք, թէ այժմ իրողապէս բեկում մը ունինք», Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ընդգծեց. «Ատիկա բեկում մը կ՛ըլլայ, եթէ իրականութիւն դառնայ»:

Անգարայի կատարածը շանթաժ է: Անիկա կը փորձէ գաղթականներու ճգնաժամը օգտագործել եւրոպական երկիրներուն ձեռքը ոլորելով` բռնի Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու համար: Այժմ գնդակը կը գտնուի միութեան անդամներուն դաշտը: Անոնք պէտք է գիտակցին, որ եւրոպական չափանիշներուն չհամապատասխանող երկրի մը անդամակցութիւնը ընդունիլը միութեան համար նոյնքան վտանգաւոր է, որքան Շենկենի համաձայնութիւնը հարցականի տակ առնող եւ բազմաթիւ այլ վտանգներ ստեղծող գաղթականներու ճգնաժամը: Եւրոպական արժեչափերու համակարգի փլուզումը, Թուրքիոյ անդամակցութեան հեռանկարը եւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ Յունաստանէն Թուրքիա վերընդունուած իւրաքանչիւր սուրիացիի դիմաց մէկ այլ սուրիացիի մը եւրոպական երկրի մը մէջ հաստատումը միութեան անդամ երկիրներու քաղաքացիները պիտի մղէ պաշտպանելու իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ պիտի նպաստէ ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւններու ժողովրդականութեան բարձրացման, ինչ որ յաւելեալ թեւ ու թռիչք պիտի տայ անհանդուրժողականութեան ու այլատեացութեան եւ ի վերջոյ չքացնէ համաեւրոպական երազը:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբ. «Տէրեան Մշակութային Կեդրոն»-ի Պատասխանատու Անի Մարգարեան Դասախօսեց Հայկական Տարազներու Եւ Ասեղնագործութեան Մասին

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Յատուկ Գործողութիւն` Յեղափոխական Ժողովուրդի Ազատագրութեան Կուսակցութիւն-Ճակատի Դէմ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?