Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Թարգմանական Մատենաշար. Թարգմանուելիք Գիրքերու Ցանկը Ու Կոչ Թարգմանիչներու

Մարտ 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

gulbenkian_31516

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը ձեռնարկած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թարգմանական մատենաշարին, որուն նպատակն է մարդկային եւ հասարակական գիտութիւններու հիմնարար բնագրեր մատչելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս եւ կարեւոր հայերէն բնագրեր` այլ լեզուներով: Սոյն յայտարարութեամբ կը հրամցնենք օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանուելիք գիրքերու ցանկը եւ կոչ կ՛ուղղենք հնարաւոր թարգմանիչներու, որպէսզի ներկայացնեն իրենց թեկնածութիւնը: Այս թարգմանութիւններուն միջոցով մեր նպատակն է թափ տալ մտաւորական մտածողութեան հայերէնով եւ զարկ տալ հայերէնի զարգացման: Առաջին հերթին հետեւեալ 12 բնագրերը պիտի թարգմանուին.

  1. Giorgio Agamben, Quel che resta di Auschwitz. L’archivio e il testimone (Homo sacer III).
  2. Hannah Arendt, The Origins of Totalitarianism.
  3. Alain Badiou, Le Siècle.
  4. Judith Butler, Ernesto Laclau and Slavoj Zizek, Contingency, Hegemony, Universality: Contemporary Dialogues on the Left.
  5. Simone de Beauvoir, Le deuxième sexe.
  6. Gilles Deleuze, Différence et répétition.
  7. Jacques Derrida, L’écriture et la différence.
  8. Michel Foucault, L’archéologie du savoir.
  9. Antonio Gramsci, Quaderni del carcere (selezioni).
  10. Jürgen Habermas, Strukturwandel der Öffentlichkeit.
  11. Jean-Francois Lyotard, Instructions Païennes. եւ La condition postmoderne.
  12. Edward Said, Orientalism.

Վերոյիշեալ բնագրերը ընտրուած են միջազգային խորհրդատու յանձնախումբի մը կողմէ, որուն անդամներն են` Շուշան Աւագեան, Վարդան Ազատեան, Ռեմոն Գէորգեան, Արմինէ Իշխանեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Արտաշէս Մարկոսեան, Սմբատ Յովհաննիսեան եւ Արա Սանճեան: Յանձնախումբը աշխատած է հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանին եւ բաժանմունքի աւագ ծրագրի վարիչ Անի Կարմիրեանին հետ:

Այս կոչը ուղղուած է երկու նպատակով` թարգմանիչներ ընտրել այս մատենաշարին համար ու որակեալ թարգմանիչներու մեր ցանկը ճոխացնել: Կը խնդրենք հնարաւոր թարգմանիչներէն, որ մեզի դիմեն միայն այն ատեն, երբ կը փափաքին վերի ցանկէն խորագիր մը կամ խորագրեր թարգմանել բնագրային լեզուէն հայերէնի (արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն):

Դիմումները պէտք է յղուին հայկական համայնքներու բաժանմունքին մինչեւ 5 ապրիլ 2016, հետեւեալ իմակի հասցէով` carmenias@gulbenkian.pt: Նիւթի տողին մէջ յստակօրէն պէտք է նշուի`  «Translation Series, Call for Translators»: Դիմումը պէտք է բաղկանայ հետեւեալ պարտադիր փաստաթուղթերէն.

Պարտադիր փաստաթուղթեր

  • Կենսագրական` դիմորդի կապի տուեալներով (իմակ, հեռաձայն, հասցէ):
  • Վերի ցանկէն այն խորագիրը կամ խորագրերը, որոնց թարգմանութեամբ շահագրգռուած է թարգմանիչը:
  • Վերոյիշեալ գիրքերու բնագրային լեզուէն (այսինքն` իտալերէնէ, անգլերէնէ, ֆրանսերէնէ եւ գերմաներէնէ) դէպի հայերէն կատարուած թարգմանական նախընթաց աշխատանքի մը նմուշը (առնուազն 20 էջ):
  • Պահանջուած սակի նշումը:
  • Յանձնարարող երեք տեղեկաբերներու կապի տուեալները (գործընկերներ կամ վերահսկիչներ):
  • Մէկ էջնոց նամակ մը, որ կը բացատրէ ենթակային պատրաստութիւնը եւ յիշեալ բնագրի թարգմանութեան հանդէպ անոր շահագրգռութիւնը:

Ընտրուած թարգմանիչները պիտի տեղեկացուին մինչեւ մայիս 2016-ի կէսերը: Չընտրուած անձերը մաս պիտի կազմեն պահեստի ցանկի մը` ապագայ յղումի համար:

 

Նախորդը

Ալեն Թասոն` Իր Գրականութեան Ընդմէջէն

Յաջորդը

Արձագանգ. Չխախտել Պատմագրութեան Կանոնները

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?