Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժիրայր Փանոսեանի Անհատական Ցուցահանդէսը

Մարտ 15, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Այբ թու զետ» արուեստի վարժարանին, երեքշաբթի 16 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի «Այբ թու զետ» արուեստի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ժիրայր Փանոսեանի անհատական ցուցահանդէսին բացումը:

Փանոսեան յայտնեց, թէ այս ցուցահանդէսը առաջինն էր որ տեղի կ՛ունենար «Այբ թու զետ»-ի ցուցասրահին մէջ, եւ թէ անոր նպատակը վարժարանին աշակերտները իրենց դասատուին գործերը ծանօթացնել էր: Արդարեւ, Ժիրայր Փանոսեան եւ իր քոյրը` Մարալ Փանոսեան հիմնադիրներն են «Այբ թու զետ» արուեստի վարժարանին, որուն բացումը կատարուեցաւ 2006-ին:

Գեղանկարիչը այս ցուցահանդէսին նկարները ընտրած է ձիու եւ ճամբորդութեան թեմաներու հիման վրայ. ան բացատրեց, թէ երբ մանկութեան եւ պատանեկան տարիքին հեքիաթներ եւ վէպեր կը կարդար, եւ ուր պատերազմներ տեղի կ՛ունենային, ինքնիրեն միշտ հարց կու տար, թէ պատերազմի աւարտին պարտուող բանակին հեծեալներու ձիերուն ի՞նչ կը պատահէր… Աւելի ուշ ան հասկցած  է, թէ պատերազմէն յաղթական դուրս եկող զօրքը կը սպաննէր այդ ձիերը, նախ որովհետեւ անոնք վիրաւորուած կ՛ըլլային, ապա նաեւ` խելագարած… Այս տխուր եւ ողբերգական իրականութենէն ազդուած` արուեստագէտը ուզած է  իր գեղանկարներուն ընդմէջէն պատուել այս ձիերուն յիշատակը: Ըստ Փանոսեանի, ձիերը նաեւ կը խորհրդանշեն 21-րդ դարու քաղաքացին, որ շուարած աջ ու ձախ կը վազվզէ` յստակ յղման կէտ չունենալով:

Ինչ կը վերաբերի ճամբորդութեան թեմային, Փանոսեան բացատրեց, թէ երբ կը ճամբորդենք,  օդակայանը մեր շուրջ շատ մարդիկ կ՛ըլլան, բայց եւ այնպէս առանձին կը զգանք: Այսուհանդերձ,  անցեալը մեր ետ ձգելով կը յառաջանանք դէպի ապագան: Այս իմաստով է, որ «Չարախաբուած», «Խոշտանգուած I» եւ «Խոշտանգուած II» նկարներուն մէջ կը տեսնենք խորտակուած նաւեր` անցեալը, իրենց նախնական անմեղութեան մէջ գծուած անհատներ եւ պայծառ երկինք` խոստումնալից ապագան: Բացի այս թեմաներէն, գեղանկարիչին իբրեւ ներշնչման աղբիւր կը ծառայեն մեծ վարպետներու գործերը, ոչ անպայման անոնց կրկնօրինակները կատարելու համար, այլ անոնց մէջէն վեր առնելու համար գոյներ, ձեւեր, վերլուծումներ: Ժիրայր Փանոսեան նշեց, թէ 2005 թուականին է, որ ան սկսած է աշխատիլ իր անձնական գեղանկարներուն վրայ` հրաժարելով վարպետ գեղանկարիչներու գործերու կրկնօրինակներ ընելէ: Տրուած ըլլալով, որ ան մանկութենէն արուեստի բոլոր մարզերով հետաքրքրուած է, երաժշտութիւնը եւս դերակատար է Ժիրայր Փանոսեանի ստեղծագործական աշխատանքին մէջ:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. ՀՕՄ Մասնակցեցաւ Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի 54-րդ Նիստին

Յաջորդը

Ալեն Թասոն` Իր Գրականութեան Ընդմէջէն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?