Յօդուածներ

10 Անյայտ Փաստ Սողոմոն Թեհլիրեանի Մասին.  Սողոմոն Թեհլիրեանի Հօրեղբօրը Ծոռը Բացատրել Է, Թէ Ինչո՛ւ Թեհլիրեան Եւ Ոչ`  Թեհլերեան

10 Անյայտ Փաստ Սողոմոն Թեհլիրեանի Մասին. Սողոմոն Թեհլիրեանի Հօրեղբօրը Ծոռը Բացատրել Է, Թէ Ինչո՛ւ Թեհլիրեան Եւ Ոչ` Թեհլերեան

ԱՍՏՂԻԿ ՅԱԿՈԵԱՆ Համացանցի հայկական հատուածում ոչինչ չէք գտնի ամենայայտնի հայերից մէկի մասին, եթէ փնտռէք նրա իսկական անուն-ազգանունով, քանի որ Թեհլիրեան Սողոմոնի ազգանունը ժամանակի ընթացքում աղաւաղուել է ու դարձել Թեհլերեան: Թեհլիրեաններն իրենք էլ դժուարանում են պատասխանել հարցին` որտեղից է եկել սխալը, եւ երբ է այն դարձել հիմնական ու գործածական: Արա Օսկանեանը` Սողոմոն Թեհլիրեանի հօրեղբօր ծոռը, «Փան Արմինիըն»-ի բացատրել է, թէ ինչո՛ւ...

Շնորհակալագիր` Էրտողանին.  Ժան Տիւնտար (*)

Շնորհակալագիր` Էրտողանին. Ժան Տիւնտար (*)

Պարո՛ն նախագահ, Համայն աշխարհ հիմա գիտցաւ, որ վերջին երեք ամիսներու բանտարկութեանս պատճառը քու` ինծի դէմ ներկայացուցած քրէական դատն էր անձնապէս, եւ` քրէական ատեաններու կեցուածքը, որոնք ձեր խաթիրը չեն կտրեր եւ ձեր որեւէ մէկ պահանջը չեն մերժեր: Սակայն ես կը կարծեմ, թէ ձեզի հանդէպ շնորհակալութեան պարտք մը ունիմ ձեր այս քայլին համար: Իմ լրագրական գործնական փորձառութեանս կը պակսէր բանտ մտնելու փորձառութիւնը...

Ակնարկ.  Ռուսական Օդուժի Հեռացումը`  Քաղաքական Նոր Մեկնարկ

Ակնարկ. Ռուսական Օդուժի Հեռացումը` Քաղաքական Նոր Մեկնարկ

Ռուսիոյ նախագահին որոշումը` օդուժը աստիճանաբար հեռացնելու Սուրիայէն, տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է. բնականաբար միանշանակ չեն վերլուծումները. իրենց ձեւին մէջ իսկ հակոտնեայ ընկալումներ կան որոշումին նկատմամբ. որոշ կողմերու համար յանկարծակի, ուրիշներու համար` ակնկալելի: Պէտք է մտաբերել այն, որ պաշտօնական Մոսկուան ժամկէտային սահմանափակուածութեամբ բացատրած էր իր օդուժի ներգրաւման քայլը: Թէեւ յստակ ժամկէտներ չկային ռուսական օդուժի դուրս բերման ուղղութեամբ, այսուհանդերձ որոշ առաքելութիւն իրականացնելու...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Երբ Արեւմուտքը Կը Խեղդուի Իր Իսկ Կեղծիքներու Ծովուն Մէջ

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Մամուլին նկատմամբ իր գործադրած բռնութիւններով Թուրքիա նեղ կացութեան մատնած է Արեւմուտքի իր դաշնակիցները: Անցեալ տարի «Ճումհուրիյէթ» թերթը յանդգնեցաւ բացայայտել այն, ինչը շատոնց բացայայտ էր ամբողջ համաշխարհային հանրութեան: Այսինքն` Սուրիոյ մէջ կռուող ծայրայեղականներուն Թուրքիոյ ցուցաբերած գործնական օժանդակութիւնը: Թերթը հրապարակած էր պատկերները զինամթերքով լեցուած բեռնակառքերու, որոնք կ՛ուղղուէին Սուրիա (անշուշտ` օժանդակելու համար Սուրիոյ մէջ «ժողովրդավարութիւն» եւ «արդար կարգեր» հաստատելու միտող խաժամուժին...):...

«Թուրքիոյ Համար Որեւէ Ելք Չեմ Տեսներ` Բացի Քաղաքացիական Պատերազմէն». Կարօ Փայլան

«Թուրքիոյ Համար Որեւէ Ելք Չեմ Տեսներ` Բացի Քաղաքացիական Պատերազմէն». Կարօ Փայլան

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» Ֆրանսական «թելերմա» շաբաթաթերթին իր տուած հարցազրոյցին մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլան զգայացունց հաստատումներ կատարած է: Զրոյցը վարած լրագրող Օլիվիէ Փասքալ-Մուսլար նախ նշած է, թէ գաղթականներու տագնապին գծով Թուրքիան անշրջանցելի դարձած է Եւրոպայի համար. բայց արդեօք վերջինս լաւ կշռա՞ծ է հաւանական հետեւանքները այն «դաշինք»-ին, զոր կ՛ուզէ կնքել բռնակալ, ձեռնավարող, հալածախտէ տառապող նախագահ Էրտողանի հետ:...

Հալէպի Մէջ` «Կամուրջներ Հաստատել»-ուն Եզրափակիչ Հանդիսութիւնը

Հալէպի Մէջ` «Կամուրջներ Հաստատել»-ուն Եզրափակիչ Հանդիսութիւնը

ՅՈՎԻԿ ՇԷՀԻՐԵԱՆ Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի մամուլի յանձնախումբին, շաբաթ, 27 փետրուարի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամուրջներ հաստատել» դասախօսական շարքի մասնակիցներուն հաստատագիրներու բաշխման հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին` հոգեւոր հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան, հալէպահայ միութիւններու ներայացուցիչներ եւ հրաւիրեալ հանդիսականներ:...

«Պօղոս Սնապեան` «Բագին»-ի Քուրմը»  Յիշատակի Հանդիսութիւն` Թորոնթոյի Մէջ

«Պօղոս Սնապեան` «Բագին»-ի Քուրմը» Յիշատակի Հանդիսութիւն` Թորոնթոյի Մէջ

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Կիրակի, 28 փետրուարին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պօղոս Սնապեան` «Բագին»-ի քուրմը» խորագիրը կրող յիշատակի հանդիսութիւնը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին: Որպէս ձեռնարկի բացում ներկայ գտնուող շուրջ 200 հայորդիները լսեցին Սնապեանի «Պարը» պատմուածքի պարզ, բայց խորհրդաւոր ընթերցումը` հեղինակին կատարողութեամբ, որմէ ետք գրական յանձնախումբի ատենապետ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան ստանձնեց հանդիսավարութեան պաշտօնը, որ կատարեց ամենայն արհեստավարժութեամբ: Բացման խօսքին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Երեւան» Տպարանի 30-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Կազմակերպութեամբ «Մաշտոց» քոլեճին, վերջերս Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ «Երեւան» տպարանի 30-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան երախտագիտական զգացումներով ողջունեց «Երեւան» հրատարակչատան հիմնադրութեան 30-ամեակը, ինչպէս նաեւ` անոր ծնունդ տուող հիմնադիր Սարգիս Թոփալեանի անգնահատելի ծառայութիւնը: Մամուլի երկարամեայ աշխատակից Սարգիս Մաճառեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 114.  «Գրքարուեստը Հայ Ինքնութեան Ցուցիչն Է», Ըսաւ Անի Մարգարեան

Մամլոյ Լսարան Թիւ 114. «Գրքարուեստը Հայ Ինքնութեան Ցուցիչն Է», Ըսաւ Անի Մարգարեան

«Ազդակ»-ի խմբագրատան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երկուշաբթի, 14 մարտ 2016, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական մանրանկարչութեան վերաբերող մամլոյ 114-րդ լսարանը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան: Ան ողջունեց ներկաները, ապա` անդրադառնալով հայ գրչութեան արուեստի եւ մատենական գեղանկարչութեան զարգացման, ըսաւ, թէ հայկական մանրանկարչութիւնը իր բացառիկ ինքնատպութեամբ, զարդանկարչական յօրինուածքներու գեղեցկութեամբ ու համաչափութեամբ, գոյներու ներդաշնակութեամբ ուրոյն տեղ...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Ականջապնդագարութիւն Otosclerosis

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ականջապնդագարութիւնը ականջի հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի լսողութեան տկարացումով: Այս հիւանդութեան մասին խօսելէ առաջ հակիրճ ձեւով պէտք է անդրադառնանք ականջի կազմախօսութեան եւ լսելու գործընթացի մասին: Ականջը կազուած է երեք բաժիններէ` արտաքին, միջին եւ ներքին: 1.- Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ-ականջախեցէ (pinna) եւ արտաքին անցուղիիէ-ցնցուղէ (external canal), որ կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ մը թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 21. Ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի Յիշատակին. Կը Յիշենք Մի՛շտ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ 15 տարիներ առաջ այս օրը, ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը հրաժեշտ կու տար սփիւռքահայ ժամանակակից պատմութեան կարկառուն դէմքերէն, հանրային-հասարակական գործիչ, կրթական մշակ եւ յախուռն մտաւորական Հրաչ Տասնապետեանի: Հրաչ Տասնապետեան իր աչքերը կը փակէր հայութեան ու Հայաստանի ապրած բախտորոշ մէկ ժամանակահատուածին: Ան իր փոխանցած շունչով, գաղափարներով եւ դաստիարակութեամբ արթուն պահակը եւ անխոնջ ջահակիրը դարձաւ հայրենիքէն վտարանդի դարձած մեր մեծերու աւանդներուն,...

Բռնագրաւումի «Օրինականութեան» Մասին

Բռնագրաւումի «Օրինականութեան» Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի 12 յունուարին «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած «Նոր-օսմանական հնարք մը» խորագիրով յօդուածիս անդրադարձող «Չխախտել պատմագրութեան կանոնները» խորագիրով արձագանգը, որուն հեղինակը յստակ է, որ հարցերը կը դիտէ` մեկնած ակադեմական որոշ տեսանկիւնէ: Յօդուածս քաղաքական մեկնաբանութիւն մըն էր եւ ոչ թէ` պատմագրութիւն, զոր կատարելու որեւէ մտադրութիւն չունենալով` ինքզինքս ազատ կը նկատեմ նաեւ անոր կանոններէն, սակայն ոչինչն կ՛արգիլէ, որ անդրադառնամ ...

«Ազդակ»-ի Իննսունամեակ.  «Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ

«Ազդակ»-ի Իննսունամեակ. «Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ 5 մարտ 2016-ին «Ազդակ» ամբողջացնելով իր 89-ամեայ առաքելութեան ուղին, հաստատակամ քայլերով թեւակոխեց 90-ամեակը: Ինը տասնամեակ` ի սպաս հայութեան, Լիբանանին, Հայ դատին հայ գիրին, մշակոյթին ու դպրութեան: «Ազդակ» լիբանանահայ կեանքին պատմութեան հարազատ տարեգրութիւնը եղաւ: Պէյրութի եւ շրջակայքին մէջ վրանաքաղաքներու կազմութեան, այնուհետեւ  հայաբնակ թաղերու կազմաւորման, եկեղեցիներու, դպրոցներու, ակումբներու եւ բարեսիրական կեդրոններու կառուցման ամբողջական եւ վաւերական սկզբնաղբիւրի արժէք ներկայացնող պատմութիւնը արձանագրուած է...

Հայկական Մանրանկարներն Ու Ազգային Տարազները Անցան Այնճարէն

Հայկական Մանրանկարներն Ու Ազգային Տարազները Անցան Այնճարէն

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Անցնող երկու շաբաթավերջերը յատկանշական եղան Այնճարի հայութեան այն հատուածին համար, որ կրցաւ ներկայ գտնուիլ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած զոյգ դասախօսութիւններուն, որոնցմէ առաջինը նուիրուած էր հայկական մանրանկարչութեան իսկ երկրորդը` հայկական ազգային տարազներուն: Արդարեւ, հայրենիքէն հրաւիրուած երիտասարդ  արուեստի մասնագէտ եւ Երեւանի մէջ գործող «Տէրեան» կեդրոնի պատասխանատուներէն Անի Մարգարեանը ներկայացուց վերոյիշեալ զոյգ դասախօսութիւնները` լուսանկարներու եւ շօշափելի նմուշներու օժանդակութեամբ:...

«Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Հայկական Բանակին» Խորագիրով Ձեռնարկներ Եւ Քաղաքական Հանդիպումներ Ֆրանսայի Մէջ

«Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Հայկական Բանակին» Խորագիրով Ձեռնարկներ Եւ Քաղաքական Հանդիպումներ Ֆրանսայի Մէջ

«ԱՊԱՌԱԺ» Արցախի շարժման 28-ամեակի ծիրին մէջ Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած  է «Զօրակցութիւն Արցախին եւ հայկական բանակին» խորագիրով ձեռնարկներու շարք, որուն մասնակցելու նպատակով եւ Արեւմտեան Եւրոպայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով Ֆրանսա կը գտնուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, որ 11 մարտին Մարսէյի, 12 մարտին Վալանսի, իսկ 13 մարտին Փարիզի մէջ մասնակցած...

Ասատուրի Ստեղծագործութիւնները` «Սըրսոք» Թանգարանին Մէջ

Ասատուրի Ստեղծագործութիւնները` «Սըրսոք» Թանգարանին Մէջ

Անցնող ամսուան ընթացքին Ասատուր արձանագրեց յատկանշական միջազգային նուաճում մը եւս: Անոր ստեղծագործութիւններէն երեքը իրենց պատուաւոր տեղը գրաւեցին «Վիքթորիա էնտ Ալպըրթ» Լոնտոնի ժամանակակից արուեստի թանգարանի հաւաքածոյին մէջ: Նմանօրինակ բազմաթիւ նուաճումներ արձանագրած եւ բազում միջազգային գնահատականներու, մրցանակներու եւ շքանշաններու արժանացած` Ասատուրի հերթական անհատական ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի պիտի ունենայ վերանորոգուած ընդարձակ «Սըրսոք» թանգարանի ցուցասրահին մէջ, վաղը` 17 մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Ասատուր...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հռոմի Պապը Խորհրդանշական Քար Նուիրած Է Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ֆրանչեսկոս պապը Գիւմրիի հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ նուիրած է խորհրդանշական քար մը` վերցուած Հռոմի Ս. Պետրոսի մայր տաճարի պատէն` իրբեւ նշան միութեան եւ հաղորդութեան: Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի մամլոյ դիւանին համաձայն, պապին անունով քարը ուղարկած է Վատիկանի Ս. Պետրոսի պապական աթոռանիստ տաճարի լուսարարապետ, կարտինալ Անճելօ Կոմասթրի`...

Խմբագրական.  Զարգացնել Եւ Ամրակայել Համակարգերը.  Ընելի՛ք Ունի Լիբանանահայութիւնը

Խմբագրական. Զարգացնել Եւ Ամրակայել Համակարգերը. Ընելի՛ք Ունի Լիբանանահայութիւնը

Այսօր լիբանանահայութիւնը կը տօնակատարէ արցախեան ազատամարտի 28-ամեակը: Եւ պատահական չէ, որ յատուկ տարողութիւն կը ստանայ սփիւռքեան այս միջավայրին մէջ այս տարուան նշումը: Նախ այն պատճառով, որ տարին յոբելենական է համայն հայութեան համար թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութեանց հիմնադրութեան 25-ամեակին առումով: Ուրեմն ազատամարտի հերթական նշումը այս տարի անպայմանօրէն կը կապուի Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակին հետ, որ իր հերթին, օրին յատուկ ընդգծումներով...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի . Մարտ Ա.- Քաղաքացիական Պարտաւորութիւն Եւ Իրաւունք

Անկախ սուրիական տագնապի զարգացումներէն, անցնող հինգ տարիներուն երկրի պետական կառոյցներու գոյատեւումը Սուրիոյ պահպանման հիմնական պատուանդանը հանդիսացաւ: Ու թէեւ տուժեց երկրի տնտեսութիւնը, կանգ առաւ յառաջդիմութեան անիւը ընդհանրապէս ու համարեա՛ աւերակ դարձան Սուրիոյ շարք մը քաղաքներ, այնուամենայնիւ պետական կառավարման մեքենան կայուն մնաց: Սուրիական բանակն ու պետութիւնը զուգահեռաբար պայքարեցան ու կը շարունակեն պայքարիլ` կանգուն պահելու Սուրիան: Ներքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման կողքին, Սուրիոյ պետութիւնը տագնապի...

Ազատութի՛ւն Սեւան Նշանեանին

Ազատութի՛ւն Սեւան Նշանեանին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Սեւան Նշանեան «Գիտնամ, որ երկու տարիով պիտի ազատիմ,  խնդիր չէ, կ՛երթամ, կը լրացնեմ այդ պատիժը: Բայց տակաւին բազում դատեր կը շարունակուին իմ դէմ: Բանտարկութենէս ետք յանկարծ եթէ անոնք ալ պատիժով աւարտին, կրնամ կեանքիս մինչեւ վերջը բանտը մնալ»: Այսպէս ըսած էր Սեւան Նշանեան, «Ակօս» իր վերջին այցելութեան ընթացքին: Դատախազը երկրէն դուրս ելլելու արգելք չէր դրած: Արդէն ինքն ալ քանի...

Page 952 of 1110 1 … 951 952 953 … 1,110

Արխիւներ