Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ. Չխախտել Պատմագրութեան Կանոնները

Մարտ 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

vaho_011216

Յունուար 12-ին «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ հրատարակուած էր յօդուած մը` «Նոր-օսմանական հնարք մը» խորագիրով, որ կ’անդրադառնայ Թուրքիոյ պետութեան օսմանեան ժամանակաշրջանի կալուածներու տոմարներու եւ կալուածագիրներու վերադասաւորման աշխատանքներուն: Յօդուածին հեղինակը հակիրճ ակնարկ մը կատարելով օսմանեան պատմութեան եւ կայսրութեան կազմաւորման` կը փորձէ ապացուցել, թէ Անգարայի ակադեմական տեսքով երեւցող արխիւային այս աշխատանքը խորքին մէջ կը հետապնդէ քաղաքական նպատակներ, որոնցմէ կը յիշէ նոր-օսմանականութեան իրագործումը:

Ամրագրելու համար այս տեսակէտը` հեղինակը կը ներկայացնէ պատմական եւ պատմագրական քանի մը փաստարկներ, որոնցմէ կարելի է յիշել օսմանեան պետութեան ապօրինի գոյութիւնը եւ անկէ մեկնած` օսմանեան փաստաթուղթերու գործածութեան վտանգները, Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններու հետապնդած նոր-օսմանականութեան վարդապետութիւնը եւ, վերջապէս, կայսերական բռնագրաւումի մը գաղափարը: Այս քանի մը տուեալներէն մեկնելով` հեղինակը կ’եզրակացնէ, թէ նշեալ կալուածագիրները դասաւորելու եւ թուայնացնելու աշխատանքը իրաւական դաշտին մէջ կ’օգտագործուի Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ անոր նոր-օսմանեան ծրագրի յառաջ մղումին եւ կարեւոր քայլ մը կը հանդիսանայ շրջանը օսմանեան ժամանակաշրջանի համահունչ վերադասաւորելու սոյն երազի իրագործման համար: Պատմագրութեան ճշդումի պահանջով այս յօդուածով կ’ուզեմ որոշ մատնանշումներ կատարել ներկայացուած փաստարկութեան տրամաբանութեան մասին` հարցականի տակ դնելով այն պատմական նախադրեալները, որոնք հեղինակը կը յանգեցնեն վերոյիշեալ եզրակացութեան:

Զգո՛ւշ յօդուածագիրիս նպատակը լոկ քննադատել չէ քննադատութեան սիրոյն, այլ` նշել այն վտանգը, որ կը յառաջանայ, երբ մտաւորական շրջանակներու մէջ օսմանեան պատմութիւնը կը դիտարկուի որպէս տասնամեակներու ընթացքին լոկ գոյութենական պայքար քրիստոնեաներու [հայերու, յոյներու, պուլկարներու եւ այլն] եւ թուրքերու միջեւ: Յօդուածի աւարտին պիտի ներկայացուին որոշ առաջարկներ` ճշդելու համար այսպիսի բացթողումներ:

Առաջին հերթին հեղինակը կը բացայայտէ վերոնշեալ աշխատանքին իսկական [քաղաքական] նպատակը` պնդելով, որ հողային կալուածներու շուրջ միջպետական կամ անհատական վէճերու լուծման համար օսմանեան փաստաթուղթերու օգտագործումը կը նշանակէ, թէ անոնք առնչակից կողմերուն կողմէ կը նկատուին օրինական, առ այդ, եթէ փաստաթուղթերը օրինական են, ուրեմն օրինական է նաեւ զայն տուող իշխանութիւնը` օսմանեան պետութիւնը: Ասկէ հետեւցնելով` հեղինակը կ’ուզէ ապացուցել, որ այս փաստաթուղթերը կ’օրինականացնեն օսմանեան պետութեան բռնութիւններու եւ անարդարութիւններու վրայ հիմնուած պատմութիւնը: Վերջապէս յօդուածին մէջ տեղ կը գտնէ ձերբազատած պետութիւններու [Յունաստան, Պուլկարիա, Մակեդոնիա] «բռնագրաւումի օրերուն» գաղափարը, զոր հեղինակը կը գործածէ իբրեւ պատմական փաստարկ` բացատրելու այն կամայականութիւնը, որ օսմանեան փաստաթուղթերու ճամբով ամրագրուած ու օրինականացուած է:

Երբ կը խօսինք [այս պարագային] Պալքանեան անկախ պետութիւններու եւ երկիրներու գոյութեան մասին, պէտք չէ մոռնալ, որ այս վերջինները ոչ միայն մաս կազմած են օսմանեան պետութեան, այլ մինչեւ 20-րդ դարու վերջերը հիմնական հողատարածքները եւ այսպէս ըսուած տնտեսական ու քաղաքական սիրտը եղած են կայսրութեան: Հետեւաբար, երբ կը խօսինք «առնչակից» կողմերու մասին, պարտաւոր ենք զանոնք տեսնելու իրենց պատմական պարունակին (context) մէջ եւ ըստ այնմ վերլուծելու տուեալ հարցերը: Հետեւաբար կարելի չէ 19-րդ դարու ձեւաւորուած եւ ներկայ դարուս աւելի ամրացած արժէքներով, ինչպիսիք են` ազգայնականութիւնը, ազգային պետականութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը, գնահատել եւ արժեւորել 15-րդ եւ 16-րդ դարերէն սկսած օսմանեան պատմութիւնը: Այսինքն, երբ կը խօսինք Պալքանեան [ներկայ] երկիրներու եւ օսմանեան կայսրութեան պատմական յարաբերութիւններու մասին, կարելի չէ երկուքը տարանջատել, որովհետեւ այս երկիրները անքակտելի մասն էին այն քաղաքական, հասարակական, տնտեսական եւ զինուորական էութեան, որ կը կոչենք «Օսմանեան կայսրութիւն»: Ուրեմն ճիշդ պիտի չըլլայ 20-րդ դարու քաղաքական պատմութիւնը, որ կ’ընդգրկէ Պալքանեան անկախութեան գործընթացը օսմանեան պետութենէն, տանիլ մինչեւ 15-16-րդ դար եւ անուանել այս ամբողջ իրողութիւնը իբրեւ բռնագրաւման շարան մը:

Երկրորդ` բռնագրաւման գաղափարը ինքնին արդիական պատմա-քաղաքական եզր մըն է, որ կարելի չէ կիրարկել վաղ-ժամանակակից (early modern) շրջանի պատմութեան քննարկման համար:  Առ այդ, պատմագրական սխալ է ներկայացնել եւ վերլուծել Օսմանեան կայսրութեան կազմութեան պատմութիւնը 21-րդ դարու քաղաքական եւ երկիրներու զարցացման գործընթացներու հասկացողութեամբ: Հետեւաբար այս կէտէն մեկնած` կարելի չէ նաեւ խօսիլ կայսրութիւններու օրինականութեան կամ ապօրինի գոյութեան մասին: Եթէ այս տրամաբանութեան համակարծիք ըլլանք, պարտաւոր ենք նաեւ ընդունիլ ոչ միայն օսմանեան այլ մինչեւ 20-րդ դարու պատմութեան բեմէն անցած բոլոր միւս կայսրութիւնները` ըլլան անոնք հայկական, բիւզանդական, հունգարական կամ պարսկական: Ուստի, հակառակ անոր որ անկախ պետականութիւններու կազմաւորման քաղաքա-փիլիսոփայական տրամաբանութիւնը եւ ընթացքը կ’ենթադրէ  փլուզուող  կայսրութեան, որ կը ծնի ազգ-պետութիւնը, ապօրինի գոյութիւնը տուեալ ժողովուրդին համար, պատմագրականօրէն ճիշդ պիտի չըլլայ այս եզրաբանութեան առաջնորդուիլ: Պատմականօրէն կայսրութիւնները իբրեւ քաղաքա-տնտեսական եւ վարչական միաւորներ` իրենց արժէքը կորսնցուցին միայն 20-րդ դարուն, երբ երկիրներու եւ ազգերու կազմութեան եւ զարգացման ընթացքը որդեգրեց նոր քաղաքական վարդապետութիւններ, ինչպէս` ազգ-պետութիւն, ազգայնականութիւն, ազգերու ինքնորոշման իրաւունք եւլն…

Երրորդ` փաստաթուղթերու հարցը: Յօդուածին հեղինակը «կը մեղադրէ» կալուածներու խնդիրներու լուծման համար առնչակից կողմերու դիմումը օսմանեան փաստաթուղթերու` այս արարքը նկատելով իբրեւ փաստաթուղթերու եւ զանոնք տրամադրող իշխանութեան` օսմանեան պետութեան օրինականացում: Բայց պէտք չէ՞ արդեօք հարց տալ, թէ այս երկիրները, որոնք աւելի քան 500 տարի հիմնական մասն են եղած օսմանեան կայսրութեան, ուրիշ որո՞ւ պէտք էր դիմէին, եթէ ոչ`  Թուրքիոյ մէջ գտնուող արխիւներուն: Կա՞ր արդեօք ուրիշ տարբերակ այս առումով: Օսմանեան արխիւներու անօրինական ըլլալ-չըլլալու այս փաստարկը վտանգ է նաեւ Հայ դատի աշխատանքներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան երկարամեայ պատմագրութեան փորձերուն: Արդեօք օսմանեան փաստաթուղթերը չե՞ն, որոնք հիմք ծառայեցին Թաներ Աքչամներու կամ ուրիշ պատմաբաններու ակադեմական աշխատանքներուն: Արդեօք օսմանեան փաստաթուղթերով չէ՞, որ Ցեղասպանութեան փոխհատուցման իրաւական փաստարկները յառաջ կը տարուին: Հետեւաբար ոչ միայն սխալ է փաստաթուղթերու ամբողջ գոյութիւնը պամանաւորել «ապօրինի» կայսրութեան մը օրինականացումով, այլ այս պարագային վտանգ կը սպառնայ նաեւ մեր ազգային քաղաքական եւ նաեւ ակադեմական մտածողութեան:

Հետեւաբար կ’առաջարկեմ, որ երբ կը խօսինք օսմանեան պատմութեան մասին, Ցեղասպանութիւնը չառնել իբրեւ վերջակէտ կամ անարդարութեան գագաթնակէտ ու ըստ այնմ վերլուծել նախորդող հինգ դարերու պատմութիւնը` իբրեւ 1915-ի նախաբան կամ ենթահող, ոչ ալ ենթադրել, թէ 20-րդ դարուն անկախութիւն շահած երկիրները ծրագրած էին ձերբազատիլ օսմանեան «բռնութենէն» արդէն իսկ կայսրութեան կազմութեան առաջին օրերէն: Այսպիսի վախճաբանական (teleological) պատմագրութիւն մը անգիտակցաբար կը կատարէ այն նոյն սխալը, որուն համար կը քննադատենք Թուրքիոյ իշխանութիւնները. այն է` պատմութեան նենգափոխութիւնն ու խեղաթիւրումը:

vketsemanian@gmail.com

 

Նախորդը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Թարգմանական Մատենաշար. Թարգմանուելիք Գիրքերու Ցանկը Ու Կոչ Թարգմանիչներու

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին 2 Փետրուար 2016-ի Ծրագրային Համապարփակ Ելոյթը` Սահմանադրական Բարեփոխումներու Ուղեցոյց

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?