«Ապառաժ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, անդրադառնալով Ճորճիա նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման` նշած է, որ այս իրադարձութիւնը քաղաքական կարեւոր ձեռքբերում մըն է եւ ունի քարոզչական մեծ արժէք:
Ան ըսած է. «ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակները Միացեալ Նահանգներու մէջ որդեգրած են երկու հիմնական մարտավարութիւններ` մնայուն ու հետեւողական աշխատանքներ իրականացնելով Արցախի պաշտօնական ճանաչման նպատակով: Առաջինը` առաւելագոյն թիւով նահանգներու մէջ, մանաւանդ ազդեցիկ նահանգներու մէջ քարոզչական աշխատանքներ տանիլն է, իսկ երկրորդը` նոյն մակարդակով եւ նպատակով աշխատիլ եւ քարոզչութիւն կատարել Քոնկրեսի եւ կեդրոնական իշխանութիւններու շրջանակներէն ներս». ան նաեւ աւելցուցած է, որ զուգահեռ ընթացող այս աշխատանքներն են, որոնք պիտի հասցնեն Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչման:
Անդրադառնալով Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնի եւ Ռապըրթ Տոլտի կողմէ Քոնկրեսի անդամներուն յղուած նամակին, որուն մէջ կոչ կ՛ըլլայ 2017-ի ամավարկով Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու, Յովսէփեան նշած է. «Մեր բոլոր քաղաքական ճիգերուն եւ ճնշումներուն գլխաւոր կիզակէտը Ամերիկայի կողմէ ԼՂՀ-ի ճանաչումն է` որքա՛ն ալ ոմանք թերահաւատօրէն մօտենան այդ հաւանականութեան: Մեր բոլոր քայլերը այդ ուղղութեամբ կը տարուին: Հետեւաբար մեզի աջակցող քոնկրեսականներուն ճիգերը եւս այս գծով պէտք է գնահատել: Միացեալ Նահանգներու մէջ ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական մթնոլորտին պատճառով, բոլոր արտաքին օժանդակութիւններուն մէջ կրճատումներ կը կատարուին: Նաեւ, նկատի ունենալով ազրպէյճանական ու թրքական ճնշումները, մեր համեմատական յաջողութիւնն անգամ պէտք է ընդունիլ որպէս յաղթանակ», եւ շեշտած է, որ հարցը քանի մը միլիոն տոլարի օժանդակութենէն աւելի` անոր քաղաքական արժէքին մէջ կը կայանայ:
Խօսելով 2016-ին կայանալիք Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն մասին` Յովսէփեան ըսած է, որ ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակները ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութեանց եւ կապի մէջ են շարք մը թեկնածուներու հետ` անոնց ծանօթացնելու եւ ներկայացնելու համար հայ ազգը հետաքրքրող խնդիրները: