Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ազգի Հաւատքի Հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի (240-326) Չարչարանքներն Ու Վիրապ Մուտքը

Մարտ 12, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Այնճարի հոգեւոր հովիւ

«Ո՛վ հովուապետ բարի, Տէ՛ր Գրիգորիոս. անբիծ քահանայապետ,
բարերար, ընտրեալ Աստուծոյ կողմէ, դո՛ւն մեր հոգիներուն բժիշկ եղար»

ՇԱՐԱԿԱՆ

grigor-lusavorich_31716Սուրբի մը կեանքի ընթերցումը լաւագոյնս կ’ուսուցանէ առաքինութիւնները (բարութիւն, քաջութիւն, ծառայութիւն, սէր…) վերացականէն անդին` կեանքի մէջ իրականացուած ձեւով նկարագրուած: Մասնաւորաբար` Հայ եկեղեցւոյ սուրբերուն գլուխը կանգնող, բոլորէն աւելի չարչարուած, աւետարանած, առաքինի եւ ցայժմ հաւատք ու յոյս ճառագայթող մնայուն սուրբին` Գրիգոր Լուսաւորիչին: Եթէ ընդհանրական եկեղեցին Սուրբ Պօղոսը կոչեց «տասներեքերորդ առաքեալ», վերջինիս հետեւողականութեամբ Հայ եկեղեցին Սուրբ Գրիգորը կոչեց «տասնչորրորդ առաքեալ»:

Մեծագոյն քարոզիչն ու աստուածաբանն է իր «Յաճախապատում» կոչուած ճառերու հաւաքածոյով եւ իր առաջին կենսագիր Ագաթանգեղոսի գիրքին մաս կազմող «Վարդապետութիւն Սրբոյն Գրիգորի» քարոզներով: Հայ ժողովուրդի առաջին կաթողիկոսն է, առաջին տաճարաշէնն է եւ միակ հայ սուրբն է, որ ընդհանուր քրիստոնէական եկեղեցիներու կողմէ ընդունուած է եւ տօնելի: Հայոց աշխարհի առաջին լուսաւորիչներէն` Սուրբ Թադէոսէն եւ Բարթուղիմէոսէն ետք, երկրորդ լուսաւորիչն է, որ հաւատքի լոյսով կը վառէ հաւատացեալներու մտքի, սրտի ու հոգիի կանթեղները:

Սոյն տօնին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հռչակած է «Անթիլիասի ուխտի օր», ուր ամբողջ հայութիւնը ուխտաւորաբար եւ յատուկ նշանակութիւն տալով այս տօնին` կու գայ իր ազգային-եկեղեցական հաւատքը վերանորոգելու, եւ յատկապէս` վեհափառ հայրապետի կողմէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով օրհնուելու, երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներուն դիմաց պահպանութիւն ստանալու, հաւատքով զօրանալու, հաւատքը կենդանի պահելու եւ վկայելու:

Հայ եկեղեցին տարուան ընթացքին երեք առիթներով կը տօնախմբէ սուրբին յիշատակը, որոնց առաջինն է վերնագրութիւնը, երկրորդը` վիրապէն ելքը, երրորդը` նշխարներուն գտնուիլը: Տօնացոյցին համաձայն, անոր առաջին յիշատակութեան տօնը կը նշուի Մեծ պահքի վեցերորդ կիրակիին նախորդող շաբաթ օրը: Երեք տօներն ալ ունին իրենց նախընթաց շաբաթապահքերը: Օտար եկեղեցիներ զայն կը տօնեն սեպտեմբերի 30-ին: Ան առաւելագոյն չափով իրեն նուիրուած շարականներ ունի: Մուտն ի Վիրապին օրհնութիւնը բաղկացած է 36 տուներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի այբուբենի մէկ տառով: Մանկունքի բաժնէն կու տամ նշանաւոր շարականի մը օրինակը. «Հրաշափառ Աստուած, եւ միշտ բարեխնամող, որ յառաջ գիտութեամբ զփրկութիւն Հայաստանեայց սկզբնաւորեալ, ի պարթեւական մեղապարտ ազգէն լուսաւորիչ մեզ շնորհեցեր. Վասն որոյ բարեխօսութեամբ սորա, Փրկիչ, կեցո զմեզ, այժմեւ ի քո ահաւոր գալստեան»:

Պատմական աղբիւրներու համաձայն, ծնած է Վաղարշապատ, 240 թուին, զաւակն է Անակ Պարթեւ իշխանին, որ սպաննեց Արշակունի Խոսրով թագաւորը, եւ սպաննուեցաւ հայ իշխաններու կողմէ: Որդին` Գրիգորը տարուելով Կեսարիա, քրիստոնէական կրթութիւն կը ստանայ: Ապագային հայերու Տրդատ թագաւորի պալատի դիւանապետը կը դառնայ: Երբ կը բացայայտուի իր քրիստոնեայ ըլլալն ու Անակի որդին ըլլալը, թագաւորը նետել կու տայ զինք Արտաշատի «Խոր Վիրապ» կոչուած սարսափելի ու մութ բանտը: Ս. Յովհան Ոսկեբերան` չորրորդ դարու սուրբը, հետեւեալ  ձեւով կը պատկերէ այդ մահապարտներու յատուկ բանտի ահաւորութիւնն ու սուրբ Գրիգորի չարչարանքը. «Յիշեցէ՛ք անոր համբերութիւնը Խոր Վիրապին մէջ, որքա՜ն դառնացած էր նեղութիւններով… Ո՞վ կրնայ խօսքերով պատմել երանելիի անսահման ճգնութեան մասին, կամ օրինակով ցոյց տալ անոր անտանելի նեղութիւնը, որ կ’ապրէր իժերու եւ քարբերու մէջ, ուր ո՛չ զրուցակից կար եւ ո՛չ ալ վշտակից բարեկամ, ո՛չ օգնական, ո՛չ մխիթարող եւ ո՛չ ալ ծառայող: Ան կը համբերէր մեծ ժուժկալութեամբ` իբրեւ գերեզմանի մէջ ողջ ապրող մը, անտուն, մերկ, այնքա՜ն ժամանակ, գիշեր-ցերեկ, ամրան տապին եւ ձմրան սառնամանիքին, որովհետեւ այս մարդը Աստուծոյ մօտիկ էր»: Սակայն սուրբը Աստուծոյ նախախնամութեամբ կրցաւ 13-15 տարի այնտեղ ապրելէ ետք դուրս գալ եւ Քրիստոսի լոյսը տարածել Հայաստանի մէջ եւ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակել 301 թուին:

 

 

 

Նախորդը

Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջը` Կանթեղ Մեր Հաւատքին

Յաջորդը

Ուխտի Օր` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?