Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Անցնող օրերուն բանակին կողմէ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գործադրուած զինուորական յատուկ գործողութիւնը` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, խօսուն օրինակ մըն է, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր բանակին եւ ահաբեկչութեան դէմ մղած պայքարին:
Լիբանանեան բանակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իր կարողութիւնները միշտ ալ ապացուցած է լիբանանցիներուն եւ աշխարհին: Բանակը կը վայելէ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Դիմադրութեան օժանդակութիւնը: Հետեւաբար այս երկուքը պառակտելու փորձերը միշտ ալ ենթակայ են ձախողութեան, յատկապէս այն իրականութեան համար, որ այս երկուքը կը վայելեն լիբանանցի ժողովուրդին «օրհնութիւն»-ը:
Սէուտական Արաբիոյ որոշումը` բանակին զինումը սառեցնելու իմաստով, հարուած մըն էր Լիբանանին, բարեբախտաբար, սակայն, անիկա ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելու բանակին կորովին եւ վճռակամութեան վրայ:
Այդ որոշումը, որուն դրդապատճառները նկատուեցաւ արաբական համախոհութիւնը խախտելու Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան աքթը, կարելի չեղաւ արդարացնել, եւ այդ պատճառով ալ Ռիատ անցաւ քայլ մը առաջ եւ Հըզպալլան որակեց ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Սէուտական շարժում մը, որ նոյնպէս չարդարացաւ, երբ ոչ միայն Լիբանան, այլեւ արաբական շարք մը երկիրներ մերժեցին այդ յորջորջումը, արաբ ներքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին:
Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն կողմէ Հըզպալլայի, այսինքն Դիմադրութեան դէմ ճշդուած կեցուածքը ոչ միայն դատապարտուեցաւ արաբական երկիրներու խորհրդաժողովներուն ընթացքին, այլ նաեւ` ներքին լիբանանեան առումով: Ստորեւ ներկայացուած գրութեամբ կ՛անդրադառնանք այդ կեցուածքներուն` նշելով նաեւ բանակին գործունէութիւնը շարունակելու եւ մնայուն կերպով բանակին զօրակցելու մասին շարք մը տեսակէտներ:
Զօր. Քահուաժի. «Շրջանին Մէջ Բռնկած Հրդեհին
Բոցերը Լիբանան Պիտի Չհասնին»
Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի անցեալ շաբթուան ընթացքին գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց բանակին եւ Լիբանանեան համալսարանին միջեւ:
Այս առիթով բանակի հրամանատարը կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ ան հաստատեց հետեւեալը. «Բանակը այսօր կը գտնուի իր հզօրագոյն վիճակին մէջ: Լիբանանի ապահովութիւնը սահմանային շրջաններուն մէջ եւ ներքին առումով հակակշիռի տակ կը գտնուին, իսկ հակառակը արտայայտող կեցուածքները, որոնք կը հաստատեն երկրին մէջ քաոսի մը ստեղծումը, անճիշդ են: Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պիտի չխախտի: Երկրին մէջ համայնքային կամ յարանուանական սադրանքներ պիտի չնախապատրաստուին, եւ երկիրը դէպի անորոշը պիտի չառաջնորդուի», ըսաւ ան:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ իրենց որոշումը յստակ է` շրջանին մէջ բռնկած հրդեհի բոցերուն տարածուիլը կանխարգիլելու եւ Լիբանանը այդ հրդեհէն հեռու պահելու իմաստով: «Երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածենք եւ հակազդենք Լիբանանի մէջ քաոս, բաժանում թէ մասնատում ստեղծել միտող որեւէ փորձի: Անշուշտ պիտի արգիլենք լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան դէմ ուղղուած հարուածները: Իր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութիւններուն մէջ բանակը պիտի մնայ կազմ ու պատրաստ` սկսեալ ահաբեկչութեան դէմ իր մղելիք պատերազմէն, հասնելով Իսրայէլի դիմադրութեան իր պարտականութեան եւ ներքին լիբանանեան կայունութիւնը պահպանելու իր առաքելութեան», ըսաւ զօր. Քահուաժի:
Բանակի հրամանատարը բարձր գնահատեց բանակին եւ Լիբանանեան համալսարանին միջեւ ստորագրուած բարձրագոյն ուսման համաձայնագիրը` շեշտելով, որ բանակին աշխատանքը հիմնուած է արժէքներու, զոհողութեան եւ կարողութեան հիման վրայ, հետեւաբար ուսումն ու գիտութիւնը իրենց կարգին իբրեւ հիմք կը ծառայեն բանակին հզօրացման, յատկապէս` սպաներ պատրաստելու առումով:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ աշխարհին ապրած հաղորդակցութիւններու եւ արհեստագիտութեան յեղափոխութեան զուգահեռ ընթանալու համար պէտք է քայլ պահել նորութիւններուն հետ եւ չբաւարարուիլ կիսատ տեղեկութիւններով: «Հիմնուելով ազգային իր ամբողջական պարտականութեան եւ պետական հաստատութիւններու պարկեշտ գործունէութեան յանձնառութեան վրայ` բանակը կը հաւատայ պետական հզօր կառոյցներու կերտման եւ լիբանանցիներուն լաւագոյն կերպով ծառայելու, յատկապէս երբ երկրին մէջ կ՛արձանագրուին քաղաքական հարցեր եւ մարտահրաւէրներ: Անկարելի է, որ բանակը ձեռնածալ մնաց, երբ ռազմավարական վտանգներ կը սպառնան ազգային ապահովութեան, որոնց շարքին եւ` Իսրայէլը, ահաբեկչութիւնը եւ արաբական աշխարհին դիմագրաւած տագնապը», յայտնեց զօր. Քահուաժի:
Մուքպել. «Իրանի Կողմէ Բանակը Զինելու Առաջարկը
Կարելի Չէ Քննարկել` Մինչեւ Որ Անոր Դէմ
Ճշդուած ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներու Չվերացուին»
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան առումով եւ սահմաններուն վրայ ապահովական կայունութիւնը բանակին հակակշիռին տակ կը գտնուի: «Բանակը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ է: Արսալի, Պաալպեքի եւ լեռնային շրջաններուն մէջ տեղակայուած են 8 հազար զինուորներ, որոնք կը ծառայեն զերոյէն վար 14 աստիճան պարզող կլիմայական պայմաններու մէջ», ըսաւ ան:
Մուքպել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կան հիմնական երկու հաստատութիւններ, որոնք են` բանակը եւ դրամատնային մարզը, որոնց կարողութիւններուն պահպանումը անհրաժեշտ է: «Եթէ այս երկուքէն մէկը տուժէ, Լիբանանը կրնայ քանդուիլ», աւելցուց ան:
Մուքպել հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ ինք եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին տարակարծիք եղած են Քամիլ Տահերը բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ նշանակելու իմաստով: Ան հաստատեց, որ Զինուորական գերագոյն խորհուրդը միաձայնութեամբ Տահերը նշանակեց այդ պաշտօնին վրայ, «իսկ ես անմիջապէս ստորագրեցի այդ որոշումը, որ զուտ բանակային եւ զինուորական որոշում է», նշեց ան:
Մուքպել կոչ ուղղեց, որ բանակը քաղաքական լարուածութեան եւ տարակարծութիւններուն, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական մրցակցութեան մէջ չներքաշել: «Բանակը պէտք է հեռու պահել ներքին աննշան բախումներէն, որպէսզի ան կարենայ պահպանել երկրին ապահովութիւնը եւ պատերազմիլ ահաբեկչութեան դէմ», ըսաւ Մուքպել:
Անդրադառնալով Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի կատարած յայտարարութեան, թէ սէուտական-ֆրանսական զէնք ու զինամթերքի համաձայնութեան շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակին համար արտադրուելիք զէնքը պիտի մնայ Ռիատի մօտ, պաշտպանութեան նախարարը ըսաւ. «Ես համոզուած եմ, որ մինչեւ այդ զէնքը արտադրուի եւ յանձնուի, նուազագոյն երեք ամսուան կարիքը կը զգացուի, մինչ այդ մենք սէուտցի մեր եղբայրներուն հետ յարաբերութիւնները սրբագրած կ՛ըլլանք արդէն»:
Մուքպել անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցիները վստահին իրենց ուժին եւ նեցուկ կանգնին բանակին, որպէսզի ան կարենայ իսկապէս պատերազմիլ ահաբեկչութեան դէմ: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին միասնականութեան ամրապնդումը լաւագոյնս կը ծառայէ լիբանանցիներուն շահերուն ապահովումին:
Այս շրջագիծին մէջ Մուքպել անդրադարձաւ խորհրդարանին կողմէ բանակը զինելու նպատակով տրամադրուած մէկ միլիառ տոլարին, որուն շնորհիւ բանակը սկսաւ ինքնավստահ դառնալ եւ համաձայնագիրներ ստորագրել ինքզինք զինելու համար: Իրանի կողմէ բանակը զինելու առաջարկին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մուքպել նշեց, թէ Իրանի առաջարկը կատարուած է եւ վերջերս` վերահաստատուած, «սակայն այդ առաջարկն ու օժանդակութիւնը կարելի չէ նկատի ունենալ եւ քննարկել, մինչեւ որ Իրանի դէմ հաստատուած ՄԱԿ-ի բոլոր պատժամիջոցները վերանան», աւելցուց ան:
Լիբանանեան Ազգային Ուժեր, Կուսակցութիւններ Եւ
Անձնաւորութիւններ Կը Զօրակցին Բանակին
Եւ Դիմադրութեան
Բանակը զինելու իմաստով Սէուտական Արաբիոյ կատարած օժանդակութեան սառեցումին եւ աւելի ուշ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակումին լոյսին տակ, լիբանանեան ազգային ուժեր, կուսակցութիւններ եւ անձնաւորութիւններ անցեալ շաբթուան ընթացքին «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ կազմակերպեցին հանդիպում մը, որուն ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանին, բանակին եւ Դիմադրութեան:
Հանդիպումէն բխած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Դիմադրութեան դէմ գործուած յարձակումն ու ցեխարձակումը ամբողջ Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակում է:
«Դիմադրութիւնը ազատագրած է Լիբանանը, դուրս քշած` բռնագրաւող կողմը, պահպանած` Լիբանանը եւ դէմ դրած` իսրայէլեան բռնարարքներուն: Դիմադրութիւնը մեր հպարտութիւնն է, արժանապատուութիւնը եւ փառքը, եւ մենք ոչ ոքի պիտի արտօնենք, որ անոր դէմ արտայայտուի:
Դիմադրութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատողը ծառայած կ՛ըլլայ թշնամի Իսրայէլին եւ սիոնական գոյացութեան, ինչպէս նաեւ կ՛ուրանայ արաբ ազգին ինքնութիւնը եւ պաղեստինեան դատին ծառայելու իր առաքելութիւնը», նշուեցաւ հանդիպումէն բխած հաղորդագրութեան մէջ:
Հրապարակուած հաղորդագրութիւնը ընդգծեց նաեւ հետեւեալը. «Կտրականապէս կը մերժենք Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամտութիւնը, ինչպէս նաեւ` լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստելու փորձերը: Կը հաստատենք, որ «Բանակ, ժողովուրդ, դիմադրութիւն» տարազը միակն է, որ կ՛երաշխաւորէ երկրին ապահովական կայունութիւնը, ազգային միասնականութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ` բռնագրաւուած լիբանանեան հողերու ազատագրումը»:
Լիբանանեան ազգային ուժերը, կուսակցութիւններն ու անձնաւորութիւնները ընդգծեցին, որ պէտք է կառչած մնալ Լիբանանի սահմանադրութեան, որուն մէջ նշուած է, թէ Լիբանանը պէտք չէ վերածել արաբական որեւէ երկրի մը դէմ դաւադրութիւն նիւթելու կեդրոնի կամ անցքի, «յատկապէս Սուրիոյ, որուն հանդէպ եղբայրական զգացումներ եւ յարաբերութիւն գոյութիւն ունին: Սուրիական-լիբանանեան առումով զիրար ամբողջացնելու օրինակը ուսանելի դաս մըն է բոլորին համար` արաբական ինքնութիւնն ու արմատները պահպանելու առումով»:
Հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ` բարձր գնահատելով արաբական երկիրներու այն կեցուածքները, որոնց հիմամբ մերժուեցաւ Հըզպալլան ահաբեկչական նկատել, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանեան պետութեան` բանակը առանց նախապայմանի զինելու իմաստով ներկայացուած ռուսական եւ իրանեան առաջարկները ընդունիլ:
Իրենց կարգին, Պեքաայի լիբանանեան կուսակցութիւնները գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին շեշտեցին, թէ Հըզպալլա ահաբեկչութեան եւ թշնամի Իսրայէլի դէմ պատերազմող արժանապատիւ դիմադրութիւն է:
Պեքաայի քաղաքական ուժերուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ արաբ ժողովուրդին արդի պատմութեան հերոսական էջերը գրուած են դիմադրութեան կերտած յաղթանակներով, հետեւաբար անոր դէմ ուղղուած ժխտական որեւէ խօսք դատապարտելի է, որովհետեւ ան կը ծառայէ արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն թշնամիներուն:
Պեքաայի քաղաքական ուժերը ընդգծեցին, որ արաբ ներքին գործոց նախարարներու յատուկ նիստին ընթացքին Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող բանաձեւը մերժող երկիրները քաջ երկիրներ են: «Այդ երկիրներուն շարքին էր Թունուզը, որ իր հերոսական կեցուածքին պատճառով ենթարկուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումին», նշուեցաւ նոյն ուժերուն կողմէ:
Հիւսէյն Հաժ Հասան. «Թշնամի Իսրայէլին Եւ
Հաւատադրժողական Ահաբեկիչներուն Դէմ Պայքարը
Պիտի Շարունակենք Դիմադրութեան Ուղիով»
Լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ անձնաւորութիւններուն կողքին, բանակին եւ դիմադրութեան զօրակցութեան յայտարարութիւններ հնչեցին նաեւ պետական անձնաւորութիւններու կողմէ:
Այսպէս, կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցիչ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան նշեց, որ Հըզպալլայի, այլ խօսքով` դիմադրութեան եւ Լիբանանի դէմ Սէուտական Արաբիոյ որոշումը կատարուած է այն շրջանին, երբ շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ Ռիատ եւ Ծոցի երկիրներ հանդիպումներ կ՛ունենան իսրայէլեան իշխանութիւններուն հետ` իսրայէլեան-ամերիկեան-սէուտական գործակցութեան ամբողջացումին նպատակով:
Հաժ Հասան շեշտեց, որ Ռիատի որոշումը` Լիբանանի եւ դիմադրութեան դէմ, կ՛արտայայտէ ամերիկեան-իսրայէլեան-սէուտական ընդվզումը, նկատի ունենալով, որ այդ եռեակ դաշնակից ուժերը չեն կրցած տապալել Սուրիան, չեն կրցած տիրել Եմէնին եւ Պաղեստինեան իշխանութեան, ինչպէս նաեւ չեն կրցած Լիբանանի մէջ համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ հրահրել:
«Սէուտական Արաբիա հետագային պիտի բացայայտէ, որ իր ձախողութիւններուն պատճառով իր տուած այդ անխոհեմ որոշումը ժողովուրդներն ու երկիրները պիտի մղէ յաւելեալ կառչածութիւն ցուցաբերելու Դիմադրութեան շարժումներուն: Այդ երկիրները պիտի գան հաստատելու, որ իսկական արաբականութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդն ու անոր հողային իրաւունքները պաշտպանելու մէջ է», ըսաւ ան:
Հաժ Հասան դիտել տուաւ, որ արաբական ինքնութենէն անշեղ մնալ` կը նշանակէ Դիմադրութեան ուղեգիծով շարունակել եւ պաղեստինցի ժողովուրդին բնակեցման կապուած ծրագիրներուն ընդդիմանալ` զօրակցելով անոր տունդարձի արդար իրաւունքին:
Հաժ Հասան նշեց, որ Դիմադրութիւնը իր պայքարը պիտի շարունակէ` պայքարելով Իսրայէլի, ահաբեկչութեան եւ բաժանումի ծրագիրներուն դէմ: «Մենք սէուտական ատելութեան պիտի յաղթենք` դիմադրութեան հանդէպ մեր կառչածութեամբ», ըսաւ ան: