Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Կայսերական Ախորժակները Եւ Հաճոյակատարներու Կամաւոր Կուրութիւնը

Մարտ 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Եթէ Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ արդարութեան մասին ճառող ղեկավարութիւնները դադրէին բառերու եւ ճկոյթի ետին թաքնուելու խաղէն…

Քաղաքագէտներ եւ մեկնաբաններ չեն վարանիր խօսելու Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի կայսերապաշտական շահերու հիման վրայ Ա. Աշխարհամարտէն աւարտին գծուած սահմաններու մասին:

Ոչ ոք կը համարձակի խօսիլ նոյն Ա. Աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք ստեղծուած Թուրքիոյ սահմաններուն մասին, որոնց մէջ ներառուած են ճնշուած եւ ճնշուող ժողովուրդներու հայրենիքներ, որոնց համար ոչինչ փոխուեցաւ, Օսմանի տիրապետութեան տակ էին, մտան ազգայնամոլ թուրք իշխանութեան  տիրապետութեան տակ, ուր աղօթքի պէս, դպրոցներու եւ բանակի մէջ կը կրկնուէր` «Երանի անոր, որ թուրք եմ կ՛ըսէ» (Նէ մութլու թիւրք իմ տիյանէ)…:

Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արեւմուտքը գիտէր, գիտէ: Պաղ պատերազմի հրամայականները կը ստիպէին չլսել եւ չտեսնել եւ Թուրքիոյ ձեռքերը ազատ կը ձգէին նոր հանրապետութեան մէջ փոքրամասնութիւն դարձած ժողովուրդներուն հետ ըստ կամս վարուելու: Արտօնեալի թելադրած տրամաբանութեամբ, Թուրքիոյ մէջ զարգացաւ բռնագրաւուած հայրենիքներու թրքացումը, հալածանքները անպակաս եղան, տուրքեր դրուեցան փոքրամասնութիւններու վրայ, բռնագրաւուեցան կալուածներ, Հայկական հարց եւ Ցեղասպանութիւն գիրքերէ եւ հանդիսութիւններէ անդին չանցան:

Ներկայի անբնական կացութիւնը կը յիշեցնէ ֆրանսական առածը, որ կ՛ըսէ, թէ վանեցէք բնականութիւնը, եւ ան քառասմբակ կը վերադառնայ (chassez le naturel, il revient au galop): Հիմա աշխարհ կը գտնուի իր ցարդ տեսնել չուզած քաոսին առջեւ: Թուրքիոյ նախագահը հաստատած է դէպի բռնատիրական վարչակարգ ընթացք. «փոքրամասնութիւններ»-ուն դէմ հալածանք, ռազմական բրտութեամբ յարձակումներ, քաղաքներու ռմբակոծում: Բիւզանդիոնի ոստանը, դարձած` Իստամպուլ, ամէն օր թատերաբեմ է բախումներու, կամայականութիւններու, օրէնքի անտեսման, ձերբակալութիւններու: Կը փակուին թերթեր, կը լռեցնեն դէպի ազատութիւն արթնցող գիտակցութիւնը, լրագրողներ կը բանտարկուին, կրնան ցկեանս բանտի մէջ մնալ:

Այս է իրականութիւնը: Բերանաբաց թոշակառու զբօսաշրջիկները միշտ կրնան հիանալ Վոսփորի գեղեցկութեամբ, տեսնել եւ լուսանկարել մզկիթի վերածուած Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական եկեղեցին, երթալ թանգարան այլ ժողովուրդներու մշակութային իւրացուած ժառանգութիւնը դիտելու: Անոնք հետաքրքրուած չեն պայթումը նախորդող ժողովրդային եւ ժողովուրդներու ցասումի դղրդիւնով:

Արեւմուտքն ալ ինքզինք կը խաբէ գունաւոր պատկերներու տողանցքով եւ կը շարունակէ Պաղ պատերազմի օրերու շահագրգռութիւններու սովորութեամբ անտեսել կայսերական երազանքով զարգացող Թուրքիոյ հիմերու ցնցումը: Գիտնականներ եւ թրքական հարցերու մասնագէտներ առարկայական կերպով կը գնահատեն նոր դրութիւնը, բայց պետութիւններ չեն լսեր, կը խցեն իրենց ականջները, չեն ուզեր հաւատալ, որ միջազգային կացութիւնը ոչ հեռու ապագային պիտի վատթարանայ եւ պիտի ունենայ աննախատեսելի ծանրակշիռ հետեւանքներ: Ղեկավարները ունին ընտրուելու եւ իշխանութիւն պահելու մտահոգութիւն: Թուրքիոյ մէջ եւ դուրսը անդրադարձողներ կան: «Ճումհուրիյէթ» եւ «Զաման» թերթերը շատ սուղ կը վճարեն իրենց մեղքին համար` ճշմարտութիւնները հրապարակելով եւ քննադատելով վարչակարգի դէպի բռնատիրութիւն շեշտուող ընթացքը: Հաստատուած է ոստիկանական դրութիւն: Կ՛ամբաստանուին եւ կը դատապարտուին լրագրողներ, դատաւորներ, ընդդիմադիրներ: Եւ ինչպէս անցեալին` Օսմանի օրով, ամբոխի կիրքին, մոլեռանդութեան եւ ազգայնամոլութեան կեր կը հայթայթուի, այդ ամբաստանեալները կը ներկայացուին որպէս հայրենիքի դաւաճաններ:

Զարմանալի է: Արեւմտեան աշխարհը Թուրքիոյ դէպքերուն նմանող այլ երկիրներու մէջ պատահածներուն համար որոշումներ կը կայացնէ, պատժամիջոցներ կ՛որոշէ, երբեմն բանակ կը ղրկէ: Թուրքիոյ պարագային աչք կը խփէ եւ լիաբուռն յատկացումներ կ՛ընէ: Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը (ՄԻԹ) ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն եւ բանակ կազմած ծայրայեղականներուն զէնք կը ղրկէ, եւ այդ խաղքութիւնը հրապարակող թերթը կը հալածուի, յարձակման կ՛ենթարկուի, գրասենեակները կ՛աւերուին, լրագրողները կը բանտարկուին:

Արեւմուտքը գիտէ, բայց Թուրքիան կը հրաւիրէ Պրիւքսէլ: Թուրքիան կը պահանջէ, միշտ իրեն վերապահուած ամենաթողութեան իրաւունքով` տիքթաթով, որ իր քաղաքացիներուն Եւրոպա ազատ մուտքի արտօնութիւն տրուի: Իր վարչապետը, ինչպէս դար մը առաջուան իր հոգեւոր հայրերը ըրած էին հայերու պարագային, կ՛ամբաստանէ քիւրտերը, որ անոնք կը գործակցին ռուսերուն հետ: Իսկ հզօր Միացեալ Նահանգները ձայն-ծպտուն չեն հաներ, հակառակ անոր որ այդ քիւրտերը տեղւոյն վրայ ահաբեկչական եւ ծայրայեղական բանակներու դէմ կռուող եւ յաղթանակ ապահովող ուժն են:

Թուրքիան պաշտօնապէս ծայրայեղականներու դէմ կռուող դաշնակիցներուն հետ է, բայց փամփուշտ չ՛արձակեր եւ առիթը օգտագործելով` կը ճզմէ քիւրտերը: Այդպէս ըրած էր Բ. Աշխարհամարտին, որուն ամբողջ տեւողութեան սիրաբանած էր հիթլերականներուն հետ, կռիւի չէր մասնակցած, եւ վերջաւորութեան պատերազմ յայտարարած եւ գտնուած էր յաղթական դաշնակիցներու կողքին:

Ա. Աշխարհամարտի օրերուն Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հանրի Մորկանթաու ըսած էր, որ` «Թուրքիան քաղաքական աւազակ մըն է» (bandit politique)… Թուրքիոյ օժանդակելով, զայն հաւասարներու կողքին դասելով` ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց անունով խօսող երկիրները իրենց հոգին կը ծախեն: Եւ պէտք չէ զարմանալ, որ ծայրայեղականները հետեւորդներ կը գտնեն, նոյնիսկ` վատ ուժին առթած հիացումով:

Մինչեւ երբ օրէնքի պաշտպան աշխարհը, գիտնալով հանդերձ, որ Թուրքիան ահաբեկչական եւ ծայրայեղական շարժումներու կ՛աջակցի` իր սահմանները բանալով անոնց առջեւ, զէնք մատակարարելով, անոնց արտադրած նաւթը վաճառելով, որ զէնք գնուի, պիտի հանդուրժէ Սուրիոյ աւերման, եւ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ  նախագահները պիտի շարունակէ ամբաստանել յանուն մարդկային իրաւանց: Բաղդատելին պէտք է բաղդատել եւ ընտրութիւն կատարել:

Արեւմտեան աշխարհը, նոյն հունով Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պիտի կարենա՞ն քիչ մը նուազ հետեւիլ անհեթեթութեան եւ չառաջնորդուիլ անցեալի ալ ժամանակավրէպ սէրերով եւ շահերով, որոնք յղի են գալիք օրերու բացասականութիւններով:

Եթէ դէպքերը շարունակուին նոյն ընթացքով, պիտի հաշտուինք նոր խալիֆայութեան եւ սուլթանութեան ստեղծման հետ, նոր-օսմանեան կայսրութեան:

Քաղաքականութիւնը նախատեսելու արուեստն է: Դէպի ո՞ւր կ՛երթայ Թուրքիան: Մարդկային իրաւանց պաշտպանները պիտի խօսի՞ն եւ պիտի պաշտպանե՞ն ժողովուրդներու իրաւունքները:

Մրցակցութիւններու համար հաւասարակշռութիւն ստեղծող քաղաքականութիւնը եղած է չարիք եւ պատերազմներու պատճառ:

Իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ հիմնուած հաւասարակշռութեան ստեղծման խնդիր ունի մարդկութիւնը:

Ժամանակակիցներս պիտի դատուինք եւ պիտի դատենք այս խնդրին բերուած լուծումով:

6 մարտ 2016, Նուազի-լը-Կրան

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին 2 Փետրուար 2016-ի Ծրագրային Համապարփակ Ելոյթը` Սահմանադրական Բարեփոխումներու Ուղեցոյց

Յաջորդը

Ազատութի՛ւն Սեւան Նշանեանին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?