Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իզապէլ Մանուկեան Եւ Մուշեղ Գարավարդանեան Մասնակցեցան Փարիզի Մէջ Լիբանանի Յատկացուած Ցուցահանդէսին

Մարտ 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Գ.

«Նռան հատիկը» գիրքին կողքը
«Նռան հատիկը» գիրքին կողքը
Իզապէլ Մանուկեանի գործերէն
Իզապէլ Մանուկեանի գործերէն

Վերջերս Փարիզի «Նիքի Տիանա Մարքարտ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապրումներու աւանդը» (Heritage of emotions) նշանախօսքով հաւաքական իւրայատուկ ցուցահանդէս մը,  նուիրուած Լիբանանին, անոր պատմութեան, մշակոյթին ու այլազանութեանց: «Վերակերտել  ընկերութիւնը մշակոյթի եւ կրթութեան ճամբով» կարգախօսով մեկնարկած` «Ուըրք ին փրոկրես» ոչ կառավարական կազմակերպութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին ընդհանուր համադրողն էր (curator) լիբանանցի արուեստասէր Լարա Սաապ:

Լիբանանի թէ Եւրոպայի մէջ իր կազմակերպած հաւաքական ցուցահանդէսներով ան կը փորձէ հանրութեան փոխանցել Լիբանանի դրական, վառ ու վարդագոյն դիմագիծը` նորահաս սերունդի գեղագիտական արուեստի ստեղծագործութեանց ընդմէջէն: Փարիզի մէջ կայացած հաւաքական այս ցուցահանդէսի 14 մասնակիցներու շարքին էին հայ երկու արուեստագէտներ` ֆրանսահայ Իզապէլ Մանուկեան եւ լիբանանահայ Գարամուշ (Մուշեղ Գարավարդանեան), ինչպէս նաեւ լիբանանցի թէ ֆրանսացի ծանօթ գեղանկարիչներ` Լարա Զանքուլ, Սահար Ասսաֆ, Ժորժ Պաթրունի, Ալի Շաապան, Ժոզեֆ Նախլէ, Քլարիս Շալհուպ, Լարա Նասեր, Զէյնա Հաժ, Խալետ Սաապ, Նատին Խուրի, Կայա Սքարսի եւ Տէյվիտ Հիւրի:

Ռուս բարերարուհի Տաշա Վարվարինայի (Dasha Varvarina) ներկայութեամբ ու մեկենասութեամբ իրագործուած այս ցուցահանդէսը կը վայելէր նաեւ Արտասահմանի լիբանանեան համայնքի (Diaspora Libanaise Overseas) զօրակցութիւնը: Ձեռնարկին անդրադարձած են ֆրանսական թէ լիբանանեան ընկերային ցանցերու, լսողատեսողական ու տեղեկատուական զանազան միջոցներ («Օնորիան» «Լ՛Օրիան լը Ժուր»…), ինչպէս նաեւ` ֆրանսահայ մամուլը («Ալագեազ», «Նուվել Տ՛Արմենի»…):

Ֆրանսահայ ծանօթ գեղանկարիչ Իզապէլ Մանուկեան այս ցուցահանդէսին կը մասնակցէր միջինարեւելեան կենցաղի, յատկապէս Լիբանանի մասին իր տպաւորութիւնները դրսեւորող գեղանկարներով, զորս ան ստեղծագործած է` ներշնչուելով Սուրիա եւ Լիբանան կատարած իր մէկ այցելութենէն: Ֆրանսայի մէջ արուեստի մէկէ աւելի համալսարաններու եւ հիմնարկներու մէջ մասնագիտանալէ եւ համապատասխան վկայականներ ստանալէ ետք, Մանուկեան իր գեղանկարչական հմտութիւնը կատարելագործած է` մասնակցելով հաւաքական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու եւ արժանացած` մէկէ աւելի մրցանակներու:

Այս առիթով իրեն հետ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ` Իզապէլ Մանուկեան յայտնեց, թէ այս ցուցահանդէսին մասնակցած է գեղանկարչական հինգ ստեղծագործութիւններով: Ան իր գոհունակութիւնն ու խոր տպաւորութիւնը յայտնեց Լիբանան կատարած իր մէկ այցելութեան գծով, ուր,  հակառակ լիբանանցիներու ապրած պատերազմական պայմաններու յիշողութեան եւ տիրող  յետպատերազմեան մտավախութեան,  անոնք վճռած են վերակերտել հայրենիքը, ապրիլ կեանքը իր ամենավառ գոյներով: Ան իր տպաւորութիւնները յաւերժացուցած է միաժամանակ ուրախ եւ տխուր լիբանանցիներու կենցաղը դրսեւորող գեղանկարչական պատկերներով: Յունիս 2015-ին կազմակերպած է իր անհատական ցուցահանդէսը:

Մանուկեան հեղինակն է «Նռան հատիկը» գիրքին, ուր ան կ՛անդրադառնայ հայկական իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող սեռային «թապուներուն» եւ «գայլերուն»` յայտնապէս ակնարկելով հայուհիին ապրած սեռային անմարդկային փորձառութեան` բռնաբարման, իր իսկ մէկ հարազատին կողմէ: Երեւոյթ մը, որ առկայ է նաեւ այլ ժողովուրդներու մէջ, ուր զոհը չի համարձակիր բացայայտել գայթակղութիւնը եւ կը հարկադրուի լռել` ընկերային, բարոյական նկատառումներով:

Գարամուշ (Մուշեղ Գարավարդանեան) ծնած է Լիբանան ու փոքր տարիքէն յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է գեղանկարչութեան նկատմամբ: Ան իր այդ ձիրքը մշակած ու զարգացուցած է` աւելի քան հինգ տարի հետեւելով «Աթըլիէ տ՛ար» (Atelier D’art) գեղանկարչական արուեստի մասնագիտական դասընթացքներուն, արուեստագէտ Գրիգոր Արբաճեանի հսկողութեան տակ: Աւարտելէ ետք Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, ան մասնագիտացած է գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան մէջ`  Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստի հիմնարկին մէջ եւ ստացած` համապատասխան վկայական: Մասնակցած է արուեստի հաւաքական զանազան ցուցահանդէսներու («Կանգառ»…): Ստեղծագործած է նաեւ կրաֆիթի մարզին մէջ` զանազան ձեւի ու չափի պատկերներ գծելով թաղային պատերու վրայ:

Մուշեղ Գարավարդանեան կը խօսի իր «Ծովախեցի» պատկերին մասին
Մուշեղ Գարավարդանեան կը խօսի իր «Ծովախեցի» պատկերին մասին
Փարիզի ցուցահանդէսի բացումէն տեսարան մը
Փարիզի ցուցահանդէսի բացումէն տեսարան մը

 

 

Գարամուշ Փարիզի ցուցահանդէսին մասնակցած է ստեղծագործութիւններով, որոնք կը դրսեւորեն մարդկային կեանքի «թաքուն աշխարհ»-ը «Տը հիտըն ուըրլտ»:

Անոր «Մ՛Օլիմփիա» խորագրեալ գեղանկարը ներշնչուած է ֆրանսացի տպաւորապաշտ արուեստագէտ Էտուար Մանէի (1832-1883) հռչակաւոր «Օլիմփիա» (Eduard Manet, Impressionist, Olympia) խորագրեալ գեղանկարէն, ուր ան ամենայն հարազատութեամբ կը փորձէ պարզել արուեստագէտին հոգեվիճակն ու ապրած խռովքը: Մանէ իր կարգին ազդուած էր 16-րդ դարու արուեստի տիտաններէն` Ճիորճիոնիի («Տը սլիփինկ Վենիւս», 1510 – The Sleeping Venus, Giorgione) եւ Թիթիանի («Վենիւս աֆ Իւրպինօ», 1538 – Venus of Urbino, Titian) նշեալ գործերէն: Փարիզի մէջ Գարամուշի ցուցադրած մէկ այլ գործը` «Ծովախեցի»-ն, նոյնպէս ազդուած է վաղ վերածնունդի նշանաւոր արուեստագէտներէն իտալացի Սանտրօ Պոթիչելլիի 1486-ին  ստեղծագործած «Վենիւսի ծնունդը» խորագրեալ գլուխ գործոցէն (Sandro Botticelli, The birth of Venus):

Այս մասին Գարամուշ յայտնեց, թէ իր գործերուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ կ՛առնէ եւրոպական, յատկապէս ֆրանսական եւ իտալական արուեստի դպրոցներու ազդեցութիւնը Միջին Արեւելքի (այս պարագային` Լիբանանի) մտայղացքին ու մտածողութեան վրայ: Երեւոյթ մը, որ  այլապէս առկայ է նաեւ  քաղաքական բնագաւառէն ներս իր զանազան մեկնաբանութիւններով: Օրինակ` իր «Ծովախեցի» խորագրեալ գեղանկարին ետեւը պարզուող ծովու անհունութեան տեսարանը փոխաբերաբար կը դրսեւորէ սահմաններու կաշկանդումէն ձերբազատելու` ազատութեան խորհրդանիշը: Այլ խօսքով, գեղանկարիչը կը փորձէ խուսափիլ կաշկանդուած, կարծրատիպ ու սահմանափակ կարծիքներէ, այն համոզումով, որ ազատատենչ ու ինքնութեան պահպանման խռովքը հիմնական բնորոշիչն է ինքնուրոյն դիմագիծով ազատ ու համակեցութեան օրրան նկատուող Լիբանանի առաքելութեան պահպանման:

 

 

 

Նախորդը

Կանաչապատ Գողտրիկ Անկիւնի Մը Ծնունդը Պուրճ Համուտի Մէջ

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փրկութեան Լա՞ստ, Թէ՞ Գորդեան Հանգոյց

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?