Մեր Դրօշարշաւը` Դէպի Յաղթանակ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Իրաւունք ունինք ուրախանալու, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը ի վերջոյ պաշտօնապէս հաստատեց, թէ օսմանեան Թուրքիան հայերը ցեղասպանութեան ենթարկած է եւ այդ օրերու կայսերական Գերմանիան մեղսակցութեան բաժին ունի իր կրաւորականութեան պատճառով: Իրաւունք ունինք նաեւ հպարտանալու, որ մեր քաղաքական ու դիւանագիտական ճիգերը նման արդիւնքի հասան Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն տարի մը ետք, իբրեւ բնական լրում` դաշնակցային Գերմանիոյ նախագահին պատմական յայտարարութեան: Պունտեսթակի որոշումը ստեղծեց մեկնաբանութիւններու...



















