Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Դաստիարակչական Յանձնախումբ. «Կրթութեան Կարեւորութիւնը Այսօրուան Աշխարհին Մէջ» Նիւթով Զրոյց ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Ակումբին Մէջ

June 4, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nelly-Vekilian_52716

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին ամսական դրութեամբ կազմակերպած հանդիպում-զրոյցներու ծիրին մէջ «Կրթութեան կարեւորութիւնը այսօրուան աշխարհին մէջ» խորագիրով հանդիպում-զրոյցը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 մայիս 2016,  երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ: Զրուցավարն էր Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան:

Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Արին Պուլուզեան-Գալուստեան ողջունեց ներկաները: Ան յայտնեց, թէ յանձնախումբին նախաձեռնած հանդիպումները կը կազմակերպուին հայ կեանքի ներկայ կարիքներէն թելադրուելով եւ առաւելաբար կոչուած կ՛ըլլան առաջնորդելու հայ հասարակութիւնը դէպի ազգային եւ ընկերային առողջ արժէքներով յագեցած կեանք: Ապա Ֆանարի շրջանի մէջ հայ կրթօճախի եւ մատուռի մը գոյութեան անսահման կարեւորութենէն ելլելով` ըսաւ, որ անոնք հայ լեզուի եւ հաւատքի պահպանման հիմնասիւներն են, որոնք անխաթար կը պահեն թաղամասի զաւակները: Ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն իրենց ճիգերը մէկտեղելու եւ թիկունք կանգնելու հայ դպրութեան եւ հաւատքի կեդրոններուն` զանոնք շէնցնելու ու զարգացնելու նպատակով` ի խնդիր նոր սերունդի կրթութեան եւ դաստիարակութեան:

Օրուան զեկուցաբեր եւ զրուցավար Նելլի Վէքիլեան խօսեցաւ մարդկային կեանքին մէջ ուսման անհրաժեշտութեան մասին. ան առաջ քաշեց մարդ էակի տեւական կազմաւորման մէջ ուսման եւ կրթութեան հետ կապուած շարք մը տեսակէտներ եւ կատարեց  պարզաբանումներ: Ան ըսաւ. «Ուսումը մարդ անհատի իմացական, ընկերային եւ բարոյական զարգացումի ընթացք է: Ուսումնառութիւնը արդիւնք է տքնաջան ու յարատեւ աշխատանքի եւ ոչ թէ աշակերտին կողմէ պատրաստի գիտելիքի ընկալման»:

Նելլի Վէքիլեան նշեց կարեւորութիւնը կրթութեան գործընթացին մէջ մտածել, քննել, կշռադատել սորվեցնելով` ինքնազարգացման մղելու աշակերտները: Ան ըսաւ. «Հայ երիտասարդութիւնը հսկայ ուժ է հայ կեանքին մէջ եւ պէտք է զայն ճիշդ դաստիարակելով եւ գիտութեամբ լուսաւորելով  կերտել նոր նուաճումներ»:

Ան ըսաւ, որ միջավայրը եւ ծնողները պարտաւոր են կարեկցութեամբ հասկնալու հայ աշակերտին առօրեայ խնդիրները եւ օգնութիւն տրամադրեն, ապա աւելցուց, որ մանկութեան օրերէն հարկ է զօրավիգ կանգնիլ աճող հայ մանուկին, իր անձին կարողութիւնները ճանչնալու եւ զանոնք գործածելու իր կեանքին մէջ աշխատասիրութեամբ, ճշդապահութեամբ, կարգապահութեամբ եւ մարդոց հետ առողջ յարաբերութեամբ:

Անդրադառնալով այսօրուան աշխարհի պայմաններուն` Ն. Վէքիլեան ըսաւ, որ արդի աշխարհը ասպարէզ բացած է երիտասարդութեան ուժերուն առջեւ. տնտեսական ու ընտանեկան ապահովութեան հարցերը, մասնագիտութեան ընտրութիւնը եւ մտաւոր ու հոգեկան պահանջներուն գոհացում գտնելու ձգտումը մեծապէս կը մտահոգեն նոր սերունդի զաւակները:

Ինչ կը վերաբերի ասպարէզի ընտրութեան խնդիրին, Ն. Վէքիլեան ըսաւ, որ մասնագիտութիւնը առանձին մանկավարժական խնդիր է եւ զայն պէտք է նկատել դաստիարակութեան բովանդակիչ մէկ մասը: Ան նշեց, որ գլխաւոր խնդիրը որոշում տալու մէջ չի կայանար, թէ ի՛նչ պիտի ընտրէ երիտասարդը` արհեստ, արուեստ, կամ այլ, կարեւորը զայն մղելն է` կատարելագործելու իր մասնագիտութիւնը եւ օգտակար դառնալու ոչ միայն անձին ու ընտանիքին, այլ նաեւ` հայ հասարակութեան:

Նիւթի աւարտին Ն. Վէքիլեան լայնօրէն խօսեցաւ ազգային դաստիարակութեան անչափ կարեւորութեան մասին: Ան ըսաւ, որ այն սերունդը, որ առանց հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան համալսարան կը բարձրանայ, կը դառնայ ազգային արժէքներէ հեռու եւ զուրկ սերունդ, որ կրնայ պատճառ դառնալ ազգի հաւաքականութեան տկարացման:

Ան ըսաւ, որ ծնողները պատասխանատու են եւ լրջօրէն պէտք է մտահոգուին իրենց զաւակներուն ազգային շունչով ու արժէքներով դաստիարակելու գործին` զայն ներդաշնակելով արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն հետ: Հայ երիտասարդը պէտք է արդարանալի չափով ծանօթ ըլլայ իր ազգի պատմութեան ու մշակոյթին, եզրափակեց Ն. Վէքիլեան:

Զեկոյցի աւարտին ներկաները իրենց կարծիքները յայտնեցին հնչած հարցերուն եւ տեսակէտներուն վերաբերեալ:

Նախորդը

Ծառայասէր Ընկերուհին

Յաջորդը

Հայկազուն Եափուճեանի Յիշատակին 20 Հազար Տոլարի Նուիրատուութիւն` Ուինիփեկի Քանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.