Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտբաց Զրոյց. «Մա՛րդ Պատրաստենք» Գրքոյկին Համար

June 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Գողտրիկ կամ սրտբաց զրոյցը, որուն մասին ակնարկութիւն կայ խորագիրին մէջ, անիկա կը վերաբերի այն յուզախառն մտածումներուն, պոռթկումներուն եւ ցասումներուն, որոնք քայլ առ քայլ ընկերակցեցան ընթերցողիս, երբ մեր ձեռքին էր այս գրքոյկը:

Սակայն ինչո՛ւ նման զգացողութիւն, պարզապէս որովհետեւ արծարծուած նիւթին ու արձանագրուած միտքերուն մասին այնքան բան գոյութիւն ունի հայ գիր ու գրականութեան թէ հրապարակագրութեան անդաստանին մէջ, այնքան մելան հոսած է, այնքան գրողներու միտքեր ճարճատած է դարերէ ի վեր այս իմաստով, որ իսկապէս զարմանալի եւ անբացատրելի երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը գտնուի իւրաքանչիւր սրտցաւ հայորդի, երբ կ՛ընթերցէ նմանատիպ նիւթեր շօշափող որեւէ յօդուած թէ հատոր:

Զարմանալի` որովհետեւ հայ միտքը չէ դադրած, յոգնած ու յանձնուած յաճախ կրկնելէ, զգաստութեան հրաւիրելէ, արժեւորելէ հայ մարդու թէ ուսուցիչի կերպարին եզակի իմաստն ու դերակատարութիւնը:

Անբացատրելի, որովհետեւ ամբողջ ազգի մը կողմէ, այս պարագային` հայոց, նման կերպարի (մարդ-ուսուցիչ) գոյութիւնն ու ստեղծագործական կարողականութիւնը լաւապէս ըմբռնելու առընթեր, դժբախտաբար կը յամենան անոր նկատմամբ ցուցաբերուած անտրամաբանական, տխեղծ եւ հաճոյակատար վերաբերումները, վիրաւորանքը, անտեղի խծբծանքը, շատ անգամ անտեսումը ու ուրացում, առանց  անյապաղ լծուելու հայ դաստիարակ-ուսուցիչին իրաւ պատրաստութեան եւ  անոր անմնացորդ աջակցութեան: 

Այլ խօսքով, համարձակ եւ բարձրագոռ կրնանք ըսել, թէ գոյութիւն չունի ազգ մը, որ հայութեան նման այսքան արժեւորած ըլլայ ուսուցիչին ու մանաւանդ դաստիարակին դերը` մարդակերտումի, եւ մեր կարգին` հայակերտումի, սրբազան աշխարհահայեացքի մը ընդմէջէն, եւ սակայն, նոյն արժեչափով չկարենայ լուծում գտնել դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող դժբախտ մօտեցումին, որ բարոյալքած է մեզ:

Մօտեցում, որ պէտք է սրբագրուէր ատենին, բիւրեղանար ժամանակ առ ժամանակ, արդիականանար կեանքի հոլովոյթին հետ, անդադար մշակումի ենթարկուէր նորահաս սերունդներու կողմէ, բայց մանաւանդ իր գործնական ու շօշափելի տարողութիւնը զգենուր` արժանանալով իրերայաջորդ սերունդներուն յարգանքին եւ երախտագիտութեան:

Եւ ճիշդ այս առումով է, որ մենք այս գրքոյկը կ՛արժեւորենք, պէտք է գնահատենք, որովհետեւ անիկա իր մէջ կը պարփակէ այն բոլոր նախադրեալները, որոնք մեզ կը մղեն ինքնագիտակցութեան գալու, առաւել կամեցողութեամբ շարժելու, անհեթեթ քարոզներու տարափէն հեռու մնալու, ազնուանալու, յորդորներու հեղեղը դադրեցնելու, ինքնագոհութեան եւ ստապատիր վարքագիծերէ ա՛լ ձերբազատելու եւ նետուելու մարտադաշտ հայ ուսուցիչ-դաստիարակի կերպարի ու դիմագիծի պաշտպանութեան, վերագնահատումի, վերարժեւորման եւ իրաւ քայլերու որդեգրման:

Համոզուած ենք, որ հայութիւնը գիտէ իր թերութիւնները, սխալները, լաւապէս կ՛ըմբռնէ իր պատմութեան թելադրանքը, կատարած է ախտաճանաչումներ, կ՛ուզէ ստեղծել հնարաւորութիւններ, կը փափաքի, որ վերականգնի համաժողովրդային հաւատքն ու վստահութիւնը յատկապէս մշակութային արժէքներուն հանդէպ, սակայն մեզի` ազգովին պակսողը այն է, որ մենք` կը մտածենք, երբ ուրիշներ արդէն գործադրած են, մենք` կը փափաքինք, երբ ուրիշներ լծուած են հաւաքական աշխատանքի, մենք` կը պահանջենք, առանց օրինակ դառնալու մեր շրջապատին:

Արդարեւ, մարգարէ պէտք է ըլլալ յայտնելու, թէ  պիտի կորչի, անհետանայ ազգը ի՛նք, իր հազարամեայ արժէքներու համակարգով եւ արարատաբոյր աշխարհահայեցողութեամբ, եթէ երբեք ունկնդիր չըլլայ իր արեան կանչին ու պատմադրոշմ թելադրանքին:

Եղած են սրբազան խենթեր ու դեռ պիտի ծնին, անոնք իրենց հերոսութեամբ թէ մշակութանուէր ստեղծագործութեամբ ազգին որակն են բարձրացուցեր, ոգի եւ եռանդ են ներարկեր, պահելու այս փոքր ածուն ու հայրենիքը: Այդուհանդերձ ինչո՛ւ  կը կաղայ ազգային մեր գիտակցութիւնը, երբ հարցը կը վերաբերի հայ դաստիարակին ու նմանատիպ աշխատանքներու կենսագործման:

Ի դէպ, փոքրածաւալ 40 էջեր մէկտեղուած են ներկայանալի տպագրութեան մը ծածկին տակ, որ կը կարդացուի մէկ շունչով: Անիկա կ՛ընդգրկէ մէկ հիմնական նիւթ, որուն պարզաբանման եւ արժեւորման համար, հեղինակը` Կարօ Յովհաննէսեան լոյսին բերած է այս գրքոյկը, աջակցութեամբ եւ հովանաւորուեամբ Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Բոլորին վարձքը կատար:

Պէյրութ, 7 ապրիլ 2016

Նախորդը

Ս. Աստուածածնի Ուխտի Օր Զմմառու Վանքին Մէջ

Յաջորդը

Մտորումներ` Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Ա). Մէկ Ազգ , Տարբեր Պատկերացումներ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.