Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ` Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Ա). Մէկ Ազգ , Տարբեր Պատկերացումներ

June 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Այնպէս կը թուի , թէ «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» լոզունգը բեմական խօսք է, ո՛չ աւելին: Պարզապէս կը ծառայէ ունկնդիրներ տպաւորելու հռետորաբանութեան: Յստակ ալ չէ , թէ  ի՛նչ հասցէի ուղղուած է անիկա: Այդ մասին գրուած յօդուած կարդացողները կամ արտասանուած ճառեր լսողները բնականաբար արդէն կը պատկանին միեւնոյն ազգին: Կը հետեւի ուրեմն, որ լոզունգը զուրկ է քաղաքական ու գաղափարական  բովանդակութենէ եւ ազդեցիկ ըլլալէ: Ազգը միանշանակ մէկ է արդէն, լոզունգային  շեշտը աւելորդ է:

Անշուշտ ազգը ներքին ճեղքեր, հակադրութիւններ ու բաժանումներ կ՛ունենայ, որոնք կը դրսեւորուին կուսակցութեանց ճամբով, ըստ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ունեցած տարբեր  պատկերացումներուն, ինչ կը վերաբերի ընկերային կեանքի կարգուսարքին, տնտեսական ոլորտի շուկայական յարաբերութիւններուն եւ քաղաքական նպատակներու հետապնդումներուն: Այսինքն, թէ ինչպիսի՛ պատկերացում կը սնուցանեն անոնք` ազգի ու հայրենիքի ներկային ու ապագային նկատմամբ:

Այս տարբերութիւններն են արդէն, որ ուժականութիւն կու տան ազգի առաջընթաց զարգացումին, պայմանաւ որ քաղաքական ղեկավարութիւնը հմտութեամբ ու ճկունութեամբ  կարենայ համադրել զանոնք: Այլապէս ճեղքը կը լայննայ: Անկարելի է եւ յումպէտս սպառում` «մէկ ազգ» կամ այլ հռետորական կարգախօսներով  դրսեւորուած տարբեր այդ պատկերացումները հարթելու եւ մէկ  յայտարարի բերելու ճիգը: Այդ դրսեւորումները կարելի է արգիլել միայն բռնատիրութեամբ:

Վտանգի կամ մեծ ողբերգութեան պահերուն է, որ ազգը կը վերածուի մէկ բռունցքի: Այնպէս որ, ազգի «մէկութիւնը» ապահովելու կամ շեշտելու ժամավաճառութիւնը  քաղաքական գործ չէ: Խորքին մէջ, եւ ըստ էութեան, ազգի տարբեր հատուածներու  տարբեր պատկերացումներն ու հետապնդումները  համադրելու յաջողութիւնն է  քաղաքական  գործը: Միաժամանակ անիկա դիւանագիտական ճկունութեան ու քաղաքական արուեստին  հմտութեան գրաւական է:

Այս ներածականը կապելով մեզի ծանօթ սփիւռքի գաղթօճախներուն` պիտի յայտնենք, որ անոնց կազմակերպման գործին լծուած կուսակցութեանց ղեկավար տարրը առաջին օրերէն իր հետապնդումներուն գլխաւոր նպատակը դարձուց գաղթական հայութեան սեւեռումներուն կեդրոնացումը հայրենիքին վրայ այն գաղափարով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր քաղաքական իր օրակարգին, հետապնդած թիրախներուն ու աշխարհընկալման  մէջ:

ՀՅԴ-ին առաջնահերթութիւններէն էր կորուսեալ անկախութեան  համար գաղափարական պայքարը համայնավարութեան դէմ եւ պայքար Թուրքիոյ դէմ` ցեղասպանուած ազգին ու հայրենահանուած մնացորդացին իրաւունքներուն ի խնդիր: ՌԱԿ-ն ու Հնչակեան կուսակցութիւնները նպատակայարմար կը դասէին համակերպութիւնը Խորհրդային Հայաստանի իրականութեան եւ իրենց քաղաքական վարքագիծը կը ձեւաւորէին անոր համընթաց  ուղղութեամբ:

ՀՅԴ-ը շե՛շտ ու անխա՛խտ` կիրքով կը մնար փարած անկախ ու ամբողջական Հայաստանի իր տեսլականին: Քաղաքական ու գաղափարական հակադիր ճակատներ կազմելով  հանդերձ, երեք կուսակցութիւններն  ալ իրենց գործօններով, դպրոցներով ու ակումբներով, մամուլով թէ ուղեկից միութիւններու ճամբով, իրականին մէջ, մէկը առաւել ու միւսը նուազ չափով, կրցան  սփիւռքահայութիւնը  կառչած պահել հայրենիքի գաղափարին: Ի չգոյէ շօշափելի-նիւթական հայրենիքի` հոգիներու մէջ ձեւաւորուեցաւ  «ոգեկան հայրենիքի» մտապատկեր մը եւ սփիւռքահայը դարձաւ անոր հաւատարիմ «քաղաքացին»:

Մտապատկերուած այդ հայրենիքը իտէալականն էր, հերոսներու արիւնով սահմանագծուած ու կեանքերով նուիրականացած: Ազնիւ արարքներու երեւակայուած երկիր մը, իբրեւ օրրանը պարկեշտ ու զոհաբերուող մարդոց:

Ղարաբաղեան պայքարի օրերուն հարազատօրէն կ՛արտացոլար սփիւռքահայուն մտապատկերած հայրենիքը: Հայեր կը զոհաբերուէին անոր ի խնդիր: Անկէ ասդին, սակայն, այդ հարազատութիւնը տժգունեցաւ  եւ փոխարինուեցաւ խորը հիասթափութեամբ, երբ կեդրոնացեալ տնտեսութենէն դէպի ազատականութիւն

անցումի ատենի իշխանութեանց ձախաւերութիւնները, ինչպէս նաեւ շուկայական ազատ յարաբերութեանց վայրագութիւնը անխուսափելի դարձուցին մէկ կողմէ չարաշահող ու մենաշնորհային վերնախաւի մը եւ միւս կողմէ` օրապահիկ ապրուստը ապահովելու տառապանքին մէջ գալարուող շարքային քաղաքացիներու յառաջացումը:  Համատարած խաթարուածութիւնը, օրինազանցներուն անպատժելիութիւնը եւ ասոնց վրայ բարդելով անցնող 25 տարիներու ընթացքին ազգի միասնութիւնը ականահարող պետական ամէնէն բարձր մակարդակով առնուած նախաձեռնութիւններն ու կատարուած յայտարարութիւնները, կարելի է երեւակայել-բացատրել  պատկերին հակասականութիւնը մէկ կողմէ, սփիւռքահայու սնուցած իտէալական հայրենիքին եւ միւս կողմէ Հայաստանի այսօրուան իրականութեան միջեւ:

Միասնութիւնը ականահարող նախաձեռնութիւններէն միա՛յն կարեւորները յիշելու համար արձանագրենք առաջին նախագահին սփիւռքահայը «օտարերկրացի» դասելու արհամարհանքը եւ  բոլորիս ծանօթ միւս «քաջագործութիւնները», երկրորդին հովանաւորած «հաշտութեան յանձնախումբին» լպրծուն գործունէութիւնը, «Թուրքիայէն հողային պահանջ չունինք»-ը, մարտ 1-ի սպանդը, իսկ այժմու գործող նախագահին  «Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները» եւ այլն, որոնք հիմնապէս խորթ էին սփիւքահայու ըմբռնումներուն եւ անոր հոգիին մէջ սնուցուած-պատկերացուած անկախ հայրենիքին:

Խոստովանինք, որ վերանկախացումէն քսանհինգ տարի վերջն իսկ տակաւին չէ փարատած սփիւռքահայու վերապահութիւնը` հայրենի քաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ, որ կորսնցուցած է իր արժանահաւատութիւնը նոյնիսկ  բարեմիտ սփիւռքահայ մարդոց մօտ: Անոնք կը կասկածին նաեւ, թէ հոն` հայրենիքի մէջ պետական-կառավարական դիրքեր զբաղեցնող պաշտօնատարներ քիչ մը զաւեշտալի կը համարեն սփիւռքահայու հայրենասիրութեան վիպական (ռոմանթիք) զեղումները, բայց նաեւ կը փորձեն օգտագործել անոր այդ «տկարութիւնը»… Ինչ խօսք, որ վստահութեան, արժանահաւատութեան այս կորուստը կ՛արժեզրկէ միասնութեան կոչերն ու լոզունգները: Առաջին օրերէն բացուած վէրք մըն է ասիկա, որու դարմանումին համար գործնական քայլեր չեն առնուած մինչեւ հիմա:

Թէ ո՛ւր կը գտնուի սփիւռքահայու մտապատկերած իտէալականին ու ցաւագին գալարումներու մէջ իր առօրեան ապրող իրական-շօշափելի հայրենիքին հանդիպման կէտը, ստորագծելի լրջագոյն խնդիր մըն է, որ թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ սփիւռքի քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ անտեսուեցաւ մինչեւ հիմա:

Ահա համադրումի  քաղաքական մեծ գործը, որ պիտի ամրապնդէ սփիւռքի ու Հայաստանի միասնութիւնը: Այսինքն թէ ի՛նչ միջոցներ ու նախաձեռնութիւններ անհրաժեշտ են նպաստելու համար, որ սփիւռքահայը ընտելանայ հայրենական  ներկայ իրականութեան, հասկնայ, որ Հայաստանի քաղաքացիական ամէնօրեայ մաքառումներն ու մարտահրաւէրները  քիչ-շատ տարբեր չեն միւս երկիրներու մաքառումներէն, յատկապէս` նախկին խորհրդայիններու դիմագրաւածներէն, որ պարկեշտ ու օրինապահ քաղաքացիին ու քաղաքական գործիչին հետ կ՛ըլլան նաեւ անպարկեշտը, չարաշահողն ու օրինազանցը. իսկ հայրենի ղեկավարութիւնն ալ իր կարգին ու փոխադարձաբար` բարեկարգիչ ոստումներով  քաղաքացիական  պայմանները  վերափոխելու քաղաքական կամք դրսեւորէ եւ ՀՀ-ի  տարածքին արդարութեան ու իրաւունքի տիրակալութիւնը հաստատելու վճռակամութեամբ արդիւնաւոր միջոցառումներու  ձեռնարկէ, որպէսզի ժողովրդավար նոյնանման ըմբռնումներով  իրարու ներդաշնակուին-շաղկապուին  հայրենի իրաւական պետութեան մը պատկերն  ու  սփիւռքահայու պատկերացումները:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային հռչակագիրն ու գործակցութիւնը կարելի է համարել դարձակէտային նախաքայլ մը` այս ուղղութեամբ: Սակայն` նախաքա՛յլ մը միայն:

Աթէնք , 12 մարտ 2016

 

Նախորդը

Սրտբաց Զրոյց. «Մա՛րդ Պատրաստենք» Գրքոյկին Համար

Յաջորդը

Հայկական Աշխարհը` Հայոց Աշխարհի Արեւելեան Դարպասէն. Դ.

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.