Յօդուածներ

Ծառայասէր Ընկերուհին

Ծառայասէր Ընկերուհին

Արդէն քառասուն օրեր անցած են ընկերուհի Վիքթորիա Թիւթիւնճեանի բաժանումէն: Բոլոր շրջանակներու մէջ ճանչցուած ու յարգուած էր: Ափսոս, որ կատարելիք աշխատանքները չաւարտած, մեկնեցաւ այս աշխարհէն`  պարապութեան մէջ ձգելով շրջապատը: Ան հոգւով ու մարմնով նուիրուած էր իր ընտանիքին եւ իր սիրած միութեան` ԼՕԽ-ին: Անշուշտ չէր զլացած իր ծառայութիւնը բերելու «Թռչնոց բոյն»-ին, 14 տարի ըլլալով Տիկնանց միութեան անդամ, որուն համար շատ ուրախ եւ...

Խմբագրական.  Սահմանադրական Ժամկէտները   Յարգելու Երկակի Չափանիշներ

Խմբագրական. Սահմանադրական Ժամկէտները Յարգելու Երկակի Չափանիշներ

Հիւսիսային Լիբանանի մէջ կայացած քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններով կարելի է արձանագրել, որ Լիբանան դարձուց ընտրական կարեւոր էջ մը,  որ հետագայ նոր հատորներու ընթերցման կը հրաւիրէ ընտրութիւներուն ընթացքին եւ արդիւնքներուն հետեւողները: Յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ որոշ առումով յանկարծակիութեան գործօնը հարցականներու դուռ բացաւ, Թրիփոլին յատկանշող համայնքին ոչ միանշանակ դիրքորոշումին եւ ամբոխային որոշ տրամադրութիւններու վրայ յենած քուէի յառաջատարութիւնը ընդգծելու իրականութիւններուն ի տես: Լիբանանի...

Շինարարական Համեստ Իրագործում Մը` Մեծ Երազի Մը Ճամբուն Վրայ

Շինարարական Համեստ Իրագործում Մը` Մեծ Երազի Մը Ճամբուն Վրայ

Քանի մը ամիսէ ի վեր ականատես ենք Պուրճ Համուտի բանուկ փողոցի մը լայնքին կատարուող շինարարական ժրաջան աշխատանքի մը: Ամէն անցորդի ուշադրութենէն չէր վրիպեր կատարուածը, որովհետեւ զգալի էր աշխատանքին թափն ու կորովը: Ճիշդ է, որ նոր կառուցուող շէնքեր չէին անոնք, այլ` գոյութիւն ունեցող երկու շէնքերու վերանորոգումն ու հիմնովին բարեզարդումն էր: Երկու անխնամ շէնքեր, որոնց վրայ բաւական ժամանակ էր անցեր, ուստի որոշ...

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

Կատակների Արքան. Պոլոզ Մուկուչ

Պատրաստեց` ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ «Հայաստանի աղն ես, Գիւմրի, Դու խօսքաշէն, սրամիտ, Ճշմարտութեան մաղն ես, Գիւմրի, Դու իմաստուն, միամիտ»: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ Թէ՛ պարզ քաղաքացիները, թէ՛ մեծանուն ստեղծագործողներ Գիւմրին Հայաստանի աղն են համարել: Պատճառը քաղաքային կենցաղին, բնակչութեան բնաւորութեանը բնորոշ մի շարք իւրայատկութիւններն են: Օրինակ` հումորի սուր զգացողութիւնն ու կատակելու առանձնայատուկ ընդունակութիւնը Հայաստանում սովորաբար գիւմրեցիներին են վերագրում: Գիւմրիում դեռ հին ժամանակներից կարեւոր տեղ են...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Քառորդ Դար Առաջ Ըսուած, Չլսուած Եւ Չհրատարակուած Խօսքեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երբեմն անցեալը, միտքեր եւ վերաբերումներ յանկարծ յիշողութեան մակերեսը կու գան, երբ էջ մը, քանի մը տող, կամ լուսանկար մը մոռցուած դարակէ մը աչք կը քթթեն: Այսօր հինցած թուղթեր եւ դիզուած թերթեր կը քրքրէի նորերուն տեղ բանալու համար, ձեռագիր երկու թերթ թուղթ հրաւիրեցին ընթերցումի: Փարիզի հայկական ձայնասփիւռէն ամէն օր քրոնիկ մը կը կարդայի` արձագանգելով անմիջականի: Թուական` 27 հոկտեմբեր 1990:...

Արհեստագիտութիւնը Մարդո՞ւն Կը Ծառայէ, Թէ՞…

Արհեստագիտութիւնը Մարդո՞ւն Կը Ծառայէ, Թէ՞…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Անշուշտ բոլոր տեսակի նորարարութիւններու խճանկարին եւ քաոսին մէջ շատ ուրախալի է, որ Հայաստանի մէջ կ՛աճին ու կը տարածուին տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, որոնց լաւ եւ տեղին օգտագործումը բնականաբար մեր յարատեւ պայքարին նոր եւ ազդու թափ կու տայ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները սրընթաց կ՛աճին գլխու պտոյտ պատճառող կշռոյթով: Նոյն ալիքին վրայ կրնա՞նք դրական մնալ:   Ն. «Ուաթսափփ»-ի Ժողովրդականութիւնը Նորագոյն ուսումնասիրութիւն մը կը...

Ակնարկ.  Յայտարարութիւններու Եւ Բանաձեւերու Համահնչեղութեան Խնդիրը

Ակնարկ. Յայտարարութիւններու Եւ Բանաձեւերու Համահնչեղութեան Խնդիրը

Գերմանիոյ խորհրդարանի այսօրուան նիստին արծարծուելիք Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւին առնչութեամբ Անգարան անհանգստանալու իրաւացի պատճառներ ունի: Գերմանիոյ որդեգրելիք բանաձեւը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի ոչ միայն գերմանական մեղսակցութեան  իրականութիւնը նկատի ունենալու ուղղութեամբ, այլ նաեւ այն հանգամանքով, որ Գերմանիան այսօր Եւրոպան կառավարող հիմնական տնտեսաքաղաքական ուժն է, որ եղանակ կը ճշդէ նաեւ համաեւրոպական արժեչափերու գործադրելիութեան առումով: Խորհրդարանին քուէարկելիք բանաձեւը իր վերջնական տարազը չէ հագած տակաւին:...

Հայկական Աշխարհը` Հայոց Աշխարհի Արեւելեան Դարպասէն.- Գ.

Հայկական Աշխարհը` Հայոց Աշխարհի Արեւելեան Դարպասէն.- Գ.

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Առաջին ակնարկով, Թալիշի շրջանը իր գեղեցիկ բնութեամբ վիպական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ այցելուին մօտ, յատկապէս` ապրիլի այդ օրերուն: Սակայն կը բաւէ քարտէսին վրայ աչք մը նետելը, որպէսզի դիւրաւ տեսնուի, որ անիկա «թերակղզի» մըն է` երեք կողմէն թշնամիով շրջապատուած: Այս «քարտէսային» դիտարկումին եթէ աւելցնենք թշնամիին գիծերը` մեր խրամատներէն դիտուած, պատկերը կը դառնայ ամբողջական, միաժամանակ` յստակ: Այսինքն մեր հայրենիքի լինելութիւնը...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Էրտողան Ընդդէմ Կիւլենի` Թեքսասի Դատարաններուն Մէջ, Պայքար Թրքական Երկու Հզօր Ուժերու Միջեւ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ    «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Քանի մը տարի առաջ երկու թուրք իսլամական պարագլուխներ` Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան եւ նշանաւոր սիւննի հոգեւորական Ֆեթուլլահ Կիւլեն համախոհներ էին: Անոնց ընդհանուր թշնամին թրքական զինուորականութիւնն էր: Բայց երբ Էրտողան իր բռնատիրական իշխանութիւնը ամրապնդեց` թուրք հրամանատարները ուժաթափ ընելով, ան դուրս եկաւ իր հին դաշնակից Կիւլենի դէմ: Էրտողան մաքրագործեց եւ բանտարկեց Կիւլենի հետեւորդները` հարիւրաւոր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սուրիա Հայերէնի Արխիւացման Կեդրոնի Բացում Դամասկոսի Համալսարանին Մէջ 8 մայիսին Դամասկոսի համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեզուներու արխիւացման կեդրոն»-ի եւ վաւերագրական նիւթերու սրահի բացում: Կեդրոնին բացումը կատարեց Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամետ Հասան  Քուրտի, որ իր խօսքին մէջ գնահատեց լեզուներու դասաւանդումը եւ քաղաքակրթութիւններու փոխյարաբերութիւնները: Ան նաեւ հաստատեց, որ սուրիական համալսարաններէն ներս իր տեսակով առաջինն է լեզուներու արխիւացման կեդրոնը, որ...

Ակնկալիքով Կը Շնորհաւորենք Բոլորիս

Ակնկալիքով Կը Շնորհաւորենք Բոլորիս

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Կիրօ Մանոյեանի Արտասանած Խօսքը` Երեւանում Գարեգին Նժդեհի Արձանի Բացման Արարողութեան Առիթով Այսօր տօն է. տօն է, որովհետեւ մայիսի 28-ն է, 1918 թուականին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերում յաղթանակներից յետոյ` Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման տօնը. եւ այդ տօնի առիթով այստեղ հաւաքուել ենք մեր յարգանքը մատուցելու մի մարդու, ով կարեւոր դերակատարութիւն է ունեցել այդ պետականութեան հաստատման ու պահպանման գործում: Արազի...

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի.  Հայաստանի Ազատութիւնն Ու Անկախութիւնը Ամրապնդելու Ուղիով

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հայաստանի Ազատութիւնն Ու Անկախութիւնը Ամրապնդելու Ուղիով

Ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-ամեակը կը տօնենք քաղաքականօրէն ծանր ու մտահոգիչ պայմաններու մէջ: Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած մեր երկու դրացիները` Ազրպէյճանն ու անոր աւագ հովանաւոր Թուրքիան, նորովի թափ տուած են իրենց հակահայ զօրաշարժին` մէկ կողմէ ազատագրուած Արցախը վերստին ընկճելու, իսկ միւս կողմէ` վերանկախացեալ Հայաստանը, շրջափակման օղակը սեղմելով անոր շուրջ, Հայ դատի պահանջատիրութենէն հեռու վանելու համակարգուած ռազմավարութեամբ:...

Տուրմի` Շոքոլայի Օգուտները.  Կարելի՞ Է Ներդաշնակել Հաճոյքն Ու Առողջութիւնը

Դդումի Սննդական Արժէքը

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ Դդում կարելի է սպառել առանց երկմտելու, որովհետեւ քիչ քանակութեամբ ջերմուժ կը պարունակէ` 15 քիլոքալորի 100 կրամի մէջ, եւ մեծ քանակութեամբ ջուր կը պարունակէ, մօտ` 95 տոկոս: Ան երրորդ տեղը կը գրաւէ վարունգէն եւ հազարէն ետք` իբրեւ քիչ ջերմուժ պարունակող բանջարեղէն եւ ջերմուժներու իմաստով անհաւասար է մէկ լոլիկի արժէքին: Կը քաջալերենք, որ իւրաքանչիւր անհատ սպառէ տարին 12 քիլոկրամ դդում:...

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան  90-Ամեակին Առիթով.  «Տաճար Լուսոյ» Ժապաւէնին Նախաձեռնութիւնը Օրինակելի Մարտահրաւէր Է Հայկական Այլ Կառոյցներուն» «Ազդակ»-Ին Յայտնեց Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 90-Ամեակին Առիթով. «Տաճար Լուսոյ» Ժապաւէնին Նախաձեռնութիւնը Օրինակելի Մարտահրաւէր Է Հայկական Այլ Կառոյցներուն» «Ազդակ»-Ին Յայտնեց Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան

  Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՀԲԸՄ-ի բարերարներէն Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեանները 1926-ին Կիպրոսի մէջ հիմնած են Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, որ թէեւ փակուեցաւ, սակայն կը շարունակէ ոգեւորել ու համախմբել իր աշխարհասփիւռ շրջանաւարտներն ու անոնց գաղութային սանուց միութիւնները: Փաստօրէն, 1974-ի թրքական ներխուժման փորձանքը յաղթահարած ու գոյատեւած եւ 2005-ի անոր փակումէն աւելի քան տասնամեակ մը ետք երախտապարտ սաները տակաւին կ՛ապրին անոր ջամբած կրթական, ազգային...

«Ժամանակն Է Ազատուել Տիզբոնից Մարզպան Բերելու Եւ Ռուսաց Թագաւորին Նամակ Գրելու Բարդոյթից. Մենք Ենք Մեր Հիմնական Դաշնակիցը». Լիլիթ Գալստեան

«Ժամանակն Է Ազատուել Տիզբոնից Մարզպան Բերելու Եւ Ռուսաց Թագաւորին Նամակ Գրելու Բարդոյթից. Մենք Ենք Մեր Հիմնական Դաշնակիցը». Լիլիթ Գալստեան

Հասարակական-քաղաքական գործիչ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը հարցազրոյց մը տուած է հայրենի «Թերթ» լրատուական կայքին` անդրադառնալով կառավարութեան եւ մասնաւորաբար վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի այն յայտարարութեան, թէ վճռական են երկրին մէջ խորքային փոփոխութիւններ կատարելու իմաստով: Ան նշած է, որ զանգը հնչած է, եւ անյետաձգելի փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին գիտակից են բոլորը` թէ՛ վարերը, եւ թէ՛ վերերը: «Այս օրերին յորդած դրական ներուժը, փոփոխութեան...

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի.   «Երբ Չի Մնում Ելք Ու Ճար», Հնար Գտնող Խենթեր Միշտ Կան

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. «Երբ Չի Մնում Ելք Ու Ճար», Հնար Գտնող Խենթեր Միշտ Կան

Դարերով անկախութիւնը կորսնցուցած եւ ծով արեան գնով զայն վերագտած մեր ժողովուրդի զաւակներու երակներէն ահեղ վճռակամութիւն կը ժայթքէ: Այդ ուժին ու վճռակամութեան առջեւ խոնարհելու ամէնէն յարմար պահն է այսօր` Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին: Կը խոնարհինք հայրենի հողը սրբօրէն պաշտպանող հայոց բանակի իւրաքանչիւր զինուորի առջեւ: Կը խոնարհինք թշնամիին անհամեմատ զինավառութեան եւ ստուար համրանքին առջեւ չընկրկող ժամկէտային զինուոր` անժամկէտ առիւծներու ամրակուռ ոգիին առջեւ: Կը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Վերընձիւղման Մայիս 28-ը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերընձիւղման Մայիս 28-ը

Կարելի չէ պատմութեան մոռցուած եւ մէկդի դրուած էջերուն մէջ պահել պատմական ճշմարտութիւններ, ճակատագրական պահեր եւ հերոսապատումներ: Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը կը մնան հայոց պատմութեան ոսկի էջերը, որոնց շառաւիղն էր Արցախի ազատագրութիւնը: Վայրերու անուններն էին, որոնք փոխուած էին` Աղտամ, Ջանհասան, Քէօսալար եւ այլն, սակայն հայուն արիւնը, կամքն ու հողին կապուածութիւնը` միեւնոյնն էր: Եւ այսօր, գրեթէ 25 տարի ետք, մութ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իմ Հայրը Էստեղ Է Մահացել

ՀՐԱՆԴ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ Սարդարապատի հերոսամարտը եղաւ մեր պատմութեան վերջին ու ամէնէն պանծալի ճակատագրական պատերազմներէն մէկը, որ ամբողջ ազգ մը փրկեց կորուստէ: Տասը երկար դարերու մաշումի կեանքէ մը ետք, երբ հայ ժողովուրդը հազիւ կրցած էր կենալ քսաներորդ դարու սեմին, ան ստիպուեցաւ կենաց ու մահու վերջին պայքարով իր կամքը պարտադրել թշնամիին եւ հիմը դրաւ անկախ հայրենիքի մը, որ երկա՜ր դարերու մեր յարատեւ գոյամարտին...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով Բացուեցաւ Գարեգին Նժդեհի Արձանը Երեւանի մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի յարակից այգիին մէջ տեղի ունեցաւ Գարեգին Նժդեհի արձանին հանդիսաւոր բացումը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ եւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ներկայութեամբ: Արձանին բացումը կատարեցին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ Գ. Նժդեհի ծոռը` Արմէն Բաբայեանը: Արձանին հեղինակը` Գագիկ Ստեփանեանը յայտնած է, թէ այս արձանով ինք կերտած...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Խորհրդային Ուժեր Պաքուի Մէջ

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խորհրդային Ուժեր Պաքուի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ Կամաւորներու Հաւաքագրում Եւ Հերթապահութիւն Սահմանամերձ Գիւղերուն Մէջ Հիւսիսային Արցախի հայկական բանակավայրերուն վրայ ազերիներու իրերայաջորդ յարձակումներու եւ Պաքուի հայերուն դէմ գործադրուող ջարդերու պայմաններուն տակ, խորհրդային բանակը 1990 յունուար 18-ին զօրակոչի ենթարկեց պահեստի ուժերը եւ նոր ուժեր առաքեց շրջան: Լեռնային Ղարաբաղն ու անոր հիւսիսային գօտին` Շահումեանի եւ Գետաշէնի շրջանները կ՛ապրէին ծանր օրեր: Արցախ-Շահումեան-Գետաշէն գօտին ամբողջովին մեկուսացած էր: Կապի միակ...

Page 927 of 1110 1 … 926 927 928 … 1,110

Արխիւներ