Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնի Ուխտի Օր Զմմառու Վանքին Մէջ

June 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

BZ30M16-(122)

Զմմառու հայոց վանքի Տիրամօր ուխտի օրն էր կիրակի, 29 մայիս 2016-ը: Ուստի, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնական մթնոլորտի մէջ ու մեծ հանդիսութեամբ, արժանաւորապէս նշուեցաւ Ամենասուրբ Կոյսին նուիրուած ամսուան վերջին կիրակին Զմմառու վանքի բացօթեայ բակին մէջ, Զմմառու վանքի Վարչական խորհուրդի կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ բոլոր ժողովրդապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտներուն, ՀԿՄ պատանեկան միութեան եւ շեփորախումբին:

BZ30M16-(325)

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ս. Աստուածամօր արձանով կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ դէպի վանքի մուտքի բացօթեայ խորանը: Թափօրին ընթացքին միաբան հայրերը, դպրեվանքի սաները, զանազան միութիւններու անդամները եւ բոլոր ուխտաւորները խոր հաւատքով վարդարան կ՛աղօթէին, իսկ ՀԿՄ-ի շեփորախումբը Ս. Կոյսը գովաբանող նուագներ կը հնչեցնէր:

Ապա ժամը 10:30-ին հայրապետական սուրբ պատարագը մատուցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը, որուն ընթացքին ան իր հայրապետական պատգամը տուաւ` օրուան խորհուրդը պարզելով հաւատացեալ ժողովուրդին:

«Ս. Միքայէլ եւ երանելի Մալոյեան» դպրեվանքերու սաները պատարագի սպասաւորութիւնը ստանձնեցին, իսկ սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին հոգեւոր տէրն ու վարչութիւնը թափօրով ուղղուեցան վանքի դահլիճ, ուր ուխտաւորները աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին հոգեւոր տիրոջ: Հուսկ  տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն:

Օրուան հանդիսութեան յաջորդեց միաբանական ագապ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին`  հոգեւոր տէրը, գերապայծառ տեարք, վանքի Վարչական խորհուրդը, միաբան եւ թեմական վարդապետներ, «Ս. Միքայէլ եւ երանելի Մալոյեան» դպրեվանքերու սաներն ու «Արծիւեան» երգչախումբի անդամները:

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին վարդարանի աղօթքը մեծ ջերմեռանդութեամբ կատարուեցաւ` գլխաւորութեամբ հոգեւոր տիրոջ եւ մասնակցութեամբ ամբողջ հոգեւորական դասին, նորընծաներուն եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեան:

Այսպէս աւարտեցաւ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր ձօնագրուած ուխտի օրը, որուն ընթացքին բոլոր ուխտաւորները անոր մայրական միջնորդութեամբ օրհնուեցան Աստուծմէ, եւ իւրաքանչիւր ուխտագնաց ուրախացուց եւ գովաբանեց Ս. Տիրամայրը` անոր անարատ սրտին յանձնելով իր կեանքը:

 

Նախորդը

Առ Ցնորքն Աշխարհի Նորայայտ. Ա. Բներգ Եւ Յարակից Հարցեր

Յաջորդը

Սրտբաց Զրոյց. «Մա՛րդ Պատրաստենք» Գրքոյկին Համար

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.