Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Աշխարհը` Հայոց Աշխարհի Արեւելեան Դարպասէն. Դ.

June 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հանրագումարի Փորձ Եւ Դասեր

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը շատ բան փոխեց Հայաստանի մէջ, եւ տակաւին շատ բաներ ալ պէտք է փոխուին անկասկած: Նաեւ ջուրի երես հանեց համակարգային թերութիւններ եւ թերացումներ, զորս տեսնելու համար պատերազմը անհրաժեշտ չէր անշուշտ:

Անցնող տարիներուն, երբ կը խօսուէր համակարգային թերութիւններու մասին, մասնայատուկ մատնանշում առհասարակ չկար բանակին կապակցութեամբ: Շեշտադրումները առաւելաբար կ՛առնչուէին քաղաքական-կառավարման համակարգին, ընկերային-տնտեսական կարգուսարքին, օրէնքի առջեւ անհաւասարութեան, ինչպէս նաեւ` ասոնցմէ բխող բոլոր մանրամասնութիւններուն: Բայց տրուած ըլալով, որ պաշտպանութեան բնագաւառը եւս մաս կը կազմէ այս ընդհանուր համակարգին, բնականաբար համանման ախտեր կրնան սպրդած ըլլալ հոն եւս` այս կամ այն չափով:

Որեւէ նման տագնապի պարագային, որեւէ երկրի ղեկավարութիւն կը նստի եւ վերահաշուարկ մը կը կատարէ, թէ ի՛նչ թերացումներ արձանագրուեցան եւ թէ ինչպէ՛ս կարելի է առաջքը առնել նման թերացումներու: Սա միջազգայնօրէն ընդունուած կարգուսարքն է, գործելակերպը:

Ճիշդ է` զինադուլէն մօտաւորապէս 2 շաբաթ ետք նախագահը պաշտօնազրկումներ կատարեց բանակի բարձրաստիճան ղեկավարութենէն ներս. այս եւ նման քայլեր շարունակուեցան նաեւ անցնող օրերուն:

Մամուլի եւ հրապարակային այլ քննարկումներու առանցքը եղաւ «մեր բանակը այս չունի, այդ չունի, կ՛ըլլա՞յ…» տրամաբանութիւնը: Այս աղմուկին մէջ խլացան մասնագիտական այն դիտարկումները, ըստ որոնց` բանակի հրամանատարութիւնը ճի՛շդ «կարդացած» էր թշնամիին ռազմավարութիւնը եւ մանաւանդ` մարտավարութիւնը: Այսինքն իր յարձակողականը շղթայազերծելով հիւսիսի եւ հարաւի ուղղութիւններով` Ազրպէյճան կը յուսար, որ ճակատի կեդրոնական մասի (Աղտամ) հայկական պաշտպանական ուժերը պիտի փութային հիւսիսի եւ հարաւի ուղղութեամբ, եւ ասիկա թշնամիին պիտի տար առիթը` իր հիմնական եւ բուն հարուածը հասցնելու կեդրոնէն ու փորձէր հասնիլ Ստեփանակերտ: Մէկ խօսքով, խորտակել ոչ միայն Արցախը, այլ` ամբողջ Հայաստանը, հայոց աշխարհը: Ազրպէյճանական ճիշդ այս մարտավարութիւնն էր, որ հայկական բանակը յաջողեցաւ խորտակել եւ հո՛ս կը կայանայ հայկական զինուժին բուն յաջողութիւնը:

Այս մասնայատուկ հարցերը, առնչուած ըլլալով երկրի ազգային ապահովութեան, ինչպէս նաեւ` իրենց նեղ մասնագիտական բնոյթով (ներառեալ «այս ունինք, այդ չունինք»-ը), միայն համապատասխան միջավայրի մէջ կարելի է քննարկել, ոչ թէ` մամուլի, ընկերային ցանցերու կամ հրապարակային կարգով, որոնք կրնան միայն վնասել մեր հայրենիքին: Սակայն երկրի ներքին մթնոլորտի բիւրեղացման, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հաւաքական կամքի ամրապնդումին համար շատ օգտակար կ՛ըլլայ այն, որ յայտարարուի կազմութիւնը մասնագիտական այն խումբին, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ անաչառօրէն երեւան հանել թէ՛ թերացումները, թէ՛ թերացողները եւ միաժամանակ կատարէ իր յանձնարարականները, որպէսզի ապագային առաջքը առնուի նմանօրինակ թերացումներու: Պայման է նաեւ, որ կատարուելիք յանձնարարականները գործադրուին պետական համապատասխան օղակներուն կողմէ:

Կիրքերէ, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն տրամաբանութենէ հեռու պէտք է պահուի այս գործընթացը, որպէսզի շահաւորը ըլլան միայն Հայաստանն ու հայութիւնը: Եւ ձեզ կը վստահեցնեմ, որ այս գործընթացի աւարտին որքան աւելի ուժեղացած դուրս կրնայ գալ Հայաստանը:

Նաեւ պէտք չէ մտահան ընել, որ պատերազմը չէ աւարտած: Ատոր ուժգնութեան աստիճանն է միայն, որ նուազած է: Ներելի չէ պաշտպանութեան բնագաւառը քաղաքականացնել. մեր այս հաստատումը ուղղուած է թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ անոր հակադրուած տարրերուն:

Քաղաքական Համակրանքներ
Եւ Հակակրանքներ

Այս պատերազմը բնականաբար հրապարակային քննարկումի առարկայ դարձուց այս կամ այն օտար պետութեան նկատմամբ հանրութեան ընկալումները` մամուլի թէ ընկերային ցանցերու ճամբով: Սկսան վէճեր, ընդհանրապէս` ռուսամէտ կամ հակառուս, արեւմտամէտ կամ հակաարեւմուտք տողատակերով, որոնք սակայն ոչ մէկ ատեն քաղաքական լրջութիւն ունէին, որովհետեւ յենած էին այս կամ այն օտար ուժին նկատմամբ համակրանքի կամ հակակրանքի տրամաբանութեան վրայ: Մոռցուած էր ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԿԵԴՐՈՆ մտածողութիւնը:

Օրինակ, բազմաթիւ տեղերէ ըսուեցաւ (բազմաթիւ անձերու կողմէ), թէ ռուսական կողմը իր արբանեակներուն միջոցով տեղեկութիւն ունէր ազրպէյճանական շարժումներուն մասին, «բայց մեզի լուր չտուաւ», կարծէք` նոյն տեղեկութիւնները ունեցող արեւմտեան ուժերը լուր տուին մեզի… Կամ` հալած իւղի նման կլլել օտար պետութեան մը կողմէ հրամցուած թիւեր` ինչ կը վերաբերի մեր եւ թշնամիին մարդկային կորուստներուն` մոռնալով, որ ինչո՞ւ պէտք է հաւատք ընծայել այդ օտար պաշտօնական աղբիւրին, ե՞րբ այդ աղբիւրը իրականութիւնը խօսած է…

Այս տեսակի անհեթեթութիւններուն վերջ պէտք է տրուի: Եւ ինքնաբերաբար վերջ կը տրուի միայն այն պահուն, երբ այս վերլուծումները կատարողները հայաստանակեդրոն մտածողութեամբ առաջնորդուին, ոչ թէ այս կամ այն օտար ուժին նկատմամբ համակրանքով կամ հակակրանքով:

Ատելութենէ կամ համակրանքէ բխած խօսքը այլեւս զուրկ է տրամաբանութենէ եւ, հետեւաբար, միայն վնաս կը պատճառէ մեր հանրային զգօնութեան:

Ներքին Եւ «Խրամատային»
Ճակատներու Ամրութիւն

Փաստ է, որ կան Հայաստան-Ազրպէյճան անլոյծ հարցով շահագրգռուած բազմաթիւ ուժեր` միջազգային թէ տարածաշրջանային: Բոլորն ալ շահագրգռուած են մէկ բանով` ինչպէ՞ս նպաստաւորուիլ որեւէ զարգացումի պարագային: Հետեւաբար, քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, այս բոլոր ուժերը, իրենց ձեռքերը շփելով, կը սպասէին այն պահուն, որ ի՛նչ ալ ըլլայ պատերազմին ելքը, իրենք ինչպէ՞ս պէտք է ապահովէին իրենց շահերը: Յուսախաբ եղան բոլոր այն ուժերը, որոնք կ՛ակնկալէին հայկական կողմին կրելիք պարտութիւնը, հայկական ճակատին խորտակումը: Սա փաստ է:

Հետեւաբար հայութեան ու Հայաստանի համար անմիջական օրակարգի հարց է ամուր պահել հայկական ճակատը` թէ՛ ռազմական-խրամատային առումով եւ թէ՛ ներքին առումով:

Ներքին ճակատը ամուր պահելու համար քաղաքական համակարգի մաքրութիւնը անհրաժեշտ է: Բազմաթիւ այլ երկիրներու նման, Հայաստան եւս զերծ չէ դրամի եւ քաղաքական ուժի զուգորդումէն բխած վտանգներէն: Պետականամէտ եւ հայակեդրոն մտածողութիւնը կը պահանջէ, որ այս հարցերը լուծուին օրինական դաշտէն ներս` միաժամանակ այս ուղղութեամբ ժողովրդային պահանջատիրութեան մակարդակը եւ արդարացի ճնշումը բարձր պահելով:

Պետականամէտ եւ հայակեդրոն մտածողութիւնը կը պահանջէ, որ այս հարցերու լուծումին համար երբեք պէտք չէ յենիլ արտաքին ուժերու կեղծ քաջալերանքներուն, կամ` նոյնքան կեղծ զօրակցութեան: Այս իրականութիւնը տեսնելու համար անպայման անհրաժեշտ չէ ճակատի խրամատները այցելելը:

Կեանքը պիտի շարունակուի, քաղաքական գործընթացները` նոյնպէս: Յառաջիկայ ընտրութիւնները այդքան ալ հեռու չեն. իսկ երբ հասնի այդ պահը, վա՜յն է եկեր այս կամ այն «թաղային հեղինակութեան», որ պիտի փորձէ ահաբեկել ու վախցնել ժողովուրդը` իր «վերեւներուն» համար քուէ կորզելու նպատակով: Այդ ժողովուրդին երիտասարդ զաւակները այդ պահուն կը գտնուին Թալիշի, Աղտամի կամ Ջաբրայիլի դիրքերուն մէջ: Անոնք հայկական բանակի զինուորներն ու սպաներն են: Այս բանակը խորտակած է Հայաստանը խորտակել փորձող թշնամիին յարձակողականը, կը կարծէ՞ք, որ հիմա նոյն այդ զինուորներուն ընտանիքները պիտի վախնան նոյնինքն այդ «թաղային հեղինակութիւններէն» ու անոնց «վերեւներէն»: Չկասկածի՛ք. այդ կասկածելի տարրերը փայտերով պիտի վռնտուին, իսկ «վերեւները»` նահատակներու եւ հերոսներու արեամբ շահուած արդար քուէներով:

Յաջորդ պատերազմը եւս մեր արտօնութիւնը պիտի չխնդրէ գալու կամ չգալու համար: Սակայն վերոնշեալ զոյգ ճակատներուն ամրապնդումը վճռական պիտի ըլլայ թէ՛ հայոց աշխարհին եւ թէ՛ հայկական աշխարհին համար:

 

 

2 Յունիս 2016

Լոս Անճելըս

 

vproodian@gmail.com

 

Նախորդը

Մտորումներ` Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Ա). Մէկ Ազգ , Տարբեր Պատկերացումներ

Յաջորդը

Մեր Դրօշարշաւը` Դէպի Յաղթանակ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.