Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարկաւագներու Ձեռնադրութիւն Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Յունիս 6, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13320527_1059689874119942_8099834937677282633_f

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դպրաց դասի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութեան, կիրակի, 29 մայիս 2016-ին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն: Պատարագը մատուցեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Արդարեւ, պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը ձեռնադրեց Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիէն` Մուրատ սրկ. Գալֆայեանը եւ Արշակ սրկ. Նալպանտեանը, իսկ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիէն` Սիրական սրկ. Իսկենտերեանը:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը անդրադառնալով նորօծ սարկաւագներուն` նկատել տուաւ, որ կատարուած աղօթքներով նորընծաները կը հրաւիրուին եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կեանքին, սակայն անոնք պատահականութեամբ չեն մտներ հոն, այլ` գիտակցելով եւ գիտնալով իրենց պարտաւորութիւնները եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ պատրաստ ստանալու համար այն շնորհքները, որոնք իրենց կ՛ընծայուին Քրիստոսի կողմէ, ձեռնադրութեան միջոցով: Առաջնորդ սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները, որ աղօթեն նորընծաներուն համար, որպէսզի անոնք յարատեւեն իրենց ծառայական կեանքէն ներս, աւելցնելով, որ աղօթելով նաեւ մասնակից կը դառնան եկեղեցւոյ կեանքի պայծառացման, եկեղեցւոյ սպասաւորութեան մէջ եղողներուն թիւի աւելնալուն եւ աշխարհիկ կեանքէն ներս մեր նուիրումի կրկնապատկուելուն: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի հիմնադրութեան 80-ամեակը` մաղթելով նորանոր նուաճումներ:

Այնուհետեւ «Վիա Վենիւ» ճաշարանին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադառնալով օրուան ձեռնադրութեան եւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի 80-ամեակի տօնակատարութեան` նկատել տուաւ, որ պատմական օր մըն էր եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ շատ հազուադէպ առիթներով եղած էր նման ձեռնադրութիւն Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիէն ներս: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան` 1935 թուականին եւ անկէ ետք քահանայ հօր եւ թաղականութեան ճիգերով դպրաց դասի կազմութեան: «80 տարիներու աշխատանք, նուիրում, հաւատք եւ ծառայութիւն, որոնց պտուղները կը քաղենք», հաստատեց Արտաշէս Գասարճեան` լուսարձակի տակ առնելով դպրաց դասի տարած աշխատանքը, նուիրուածութիւնը` եկեղեցւոյ հանդէպ: Աւարտին ան շնորհակալական խօսք ուղղեց սրբազան հօր, որ կատարեց ձեռնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ` եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան Մարտիրոսեանին, որ իր ժրաջան աշխատանքով դպրաց դասի վարչութեան հետ միասնաբար կրցան յաջողութեամբ պսակել ձեռնարկը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ եկեղեցւոյ բարերարներուն: Եզրափակելով իր խօսքը եւ դպրաց դասի տարած պատուաբեր աշխատանքը գնահատելով` ըսաւ. «Դպրաց դասը եւ իր վարչութիւնը ոսկեայ տառերով արձանագրեցին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ պատմութիւնը 1935-էն մինչեւ օրս»:

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութեան ատենապետ Մուրատ սրկ. Գալֆայեան իր խօսքին մէջ Աստուածաշունչի Ժողովողի գիրքէն օրինակ բերելով` յայտնեց, թէ մարդիկ կը հպարտանան, որ իրենք ծառայած են այս կամ այն հաստատութեան, միութեան, պետութեան. «Մենք` դպիրներս, կը հպարտանանք Աստուծոյ ծառայելու, մեր Փրկչին` տիեզերքը ստեղծողին» հաստատեց ան եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին 80-ամեակի նուիրուած տօնակատարութեան յաջողութեան:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երգով` Սօսի Ապտըլ Հաք, Անի Նալպանտեան- Պոյաճեան, Գէորգ Տեմիրճեան եւ Խաժակ Պոյաճեան,  ասմունքով` Քրիստին Սրապոնեան եւ Այտա Մահսէրէճեան-Սրապոնեան, նուագով` Յարութ Պուտուրեան, սաղմոսի ընթերցում` Մանուէլ Գալֆայեան: Ցուցադրուեցաւ նաեւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշատախտակի յանձնում 76 տարիներ շարունակ եկեղեցւոյ անձնուէր ծառայութիւն մատուցած` դպիր, ուրարակիր, սարկաւագ, դպրապետ, թաղականութեան ատենապետ` Պետրոս Գասպարեանի, որ շնորհակալական խօսքով իր ունեցած ելոյթին մէջ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց շարունակելու իր ծառայութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Նիքոլ Պերժոն-Պուլտուքեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Յաջորդը

Վիգէն Արմէնեանի «Լեփըրտզ Սայլընս» («Ընձառիւծին Լռութիւնը») Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?