Յօդուածներ

ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ.  Միջդպրոցական Ասմունքի Եւ Շարադրութեան Մրցումներու Մրցանակակիրներու Պարգեւատրում

ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ. Միջդպրոցական Ասմունքի Եւ Շարադրութեան Մրցումներու Մրցանակակիրներու Պարգեւատրում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  միջդպրոցական ասմունքի եւ շարադրութեան մրցումներու յաղթողներուն պարգեւատրումը: Սոյն մրցումները, ինչպէս նաեւ միջդպրոցական զարգացման մրցում մը մաս կը կազմէին Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին ԼԵՄ-ի կազմակերպած ձեռնարկներու շարքին, անգամ մը եւս հաստատելու ԼԵՄ-ի, իր հիմնադրութեան օրերէն իսկ, ունեցած սերտ կապը հայ աշակերտին հետ, որ...

Գրագէտ Պօղոս Սնապեանի Մտերմութեան Մէջ

Գրագէտ Պօղոս Սնապեանի Մտերմութեան Մէջ

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտներուն Այցելութիւնը Սնապեանի Տուն-Թանգարան Ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ի կէսօրին, Այնճար կատարած իրենց այցելութեան ծիրին մէջ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի երկրորդականի աշակերտները այցելեցին սփիւռքահայ մեծանուն գրագէտ, մտաւորական, գրաքննադատ, հրապարակագիր եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը: Սնապեան ուսուցչական իր երկարամեայ ծառայութեան ընթացքին պաշտօնավարած է նաեւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճէն ներս, եւ իր սաներէն...

Արձագանգ

Մտորումներ` Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Գ.). Ազգային Պատկանելիութիւն

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Ըսինք արդէն, որ «ինքնութիւն»-ը  մշակոյթի ներգործութեան տակ կազմաւորման  ընթացք է, զարգացման հոլովոյթ: Արտաքին, շրջապատի ազդեցութեանց ենթակայ ըլլալով` կը պատահի, որ ոեւէ մարդ անհատի ազգային նկարագիրը նահանջէ ու շեշտուի օտարայինը, կամ հակադարձաբար` օտարայինը տեղի տայ ու ազգայինը ուժեղանայ... Մինչդեռ  ազգային պատկանելիութիւնը կարծէք թէ անփոփոխելի է: Ասիկա չի նշանակեր սակայն, որ անոր անփոփոխելիութեան տոկունութիւնը բնաւ չի տկարանար: Օտարութեան  մէջ եւ...

Քաղաքակրթական Տարբերութիւններ

Նշմար. Բոլորս Ալ Խրամատի Մէջ Ենք

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այսօր Թալիշի եւ Մարտակերտի սահմաններուն գտնուող տղաքը չեն միայն, որ խրամատի մէջ հայրենիք կը պաշտպանեն: Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի զգացինք, որ մեծապետական շահերը ամէն բանէ վեր են: Եթէ սխալմամբ ազերիները Ստեփանակերտ հասնէին, ամբողջ աշխարհը սրտցաւ յայտարարութեամբ մը միայն պիտի զօրակցէր մեզի: Աղքատացած են մեր ուղեղները: Տնտեսական տագնապը մեծ է: Մտաւորականութիւնը հրապարակէն բացակայ է: Քաղաքական հաւասարակշռող եւ հաւաքող լուրջ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Անկախութեան 98-Ամեակի Նշում Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Դամասկոսի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 26 մայիսի երեկոյեան Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 98-ամեակը: Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը: Բացման խօսքով Յաւերժ Սագայեան անդրադարձաւ մայիսեան պատգամներուն: Գեղարուեստակսն յայտագիրը սկսաւ Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»-ով, կատարողութեամբ...

Կարմիրեան Վարժարանի Աշխատանքներէն

Կարմիրեան Վարժարանի Աշխատանքներէն

Քաջ Նազարը «Կ՛այցելէ» Կարմիրեան Վարժարան Հինգշաբթի, 26 մայիսին «Քաջ Նազար»-ը այցելեց ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան: Զ. կարգի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած այս թատրերգութիւնը արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատանքին:  Թէեւ դերակատարները հմուտ դերասաններ չէին, եւ ասիկա հաւանաբար իրենց առաջին փորձն էր, սակայն անոնք հմտութեամբ ներկայացուցին իրենց դերը: Գնահատելի էր նաեւ Մարալ Քեհեայեանի տքնաջան աշխատանքը: Վարագոյրը բացուեցաւ, եւ մեր դիմաց պարզուեցաւ դերձակի խանութ...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Ցուցահանդէսը Եւ «Ծիրանի» Երգչախումբի Ելոյթը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Ցուցահանդէսը Եւ «Ծիրանի» Երգչախումբի Ելոյթը

27 մայիս 2016-ի երեկոյեան, Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները հանրութեան ներկայացան ցուցահանդէսով եւ համերգով: Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մուտքին «Ֆապրիանօ»-ի մրցանակակիր աշակերտներուն յանձնուեցան իրենց մրցանակները, ապա եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեան, տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան եւ արուեստի ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեան կատարեցին ցուցահանդէսին բացումը: Քոլեճի աշակերտները, մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ, ցուցադրեցին տարուան ընթացքին իրենց պատրաստած բազմաբնոյթ ստեղծագործութիւնները` ձեռային...

Անիթա Թութիքեանի «Պէյրութ Տիզայն Ուիք»-ը` Արուեստի Միջոցով Զգաստութեան Հրաւիրող

Անիթա Թութիքեանի «Պէյրութ Տիզայն Ուիք»-ը` Արուեստի Միջոցով Զգաստութեան Հրաւիրող

5-րդ տարին ըլլալով` «Պէյրութ տիզայն ուիք»-ը կը կազմակերպէ իր տարեկան ձեւաւորումի շաբաթը, որ այս տարի 10 օրերու ընթացքին Պէյրութի եւ անոր շրջակայ տարածքին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնէ աւելի քան 150 ձեւաւորողներ: «Պէյրութ տիզայն ուիք»-ի այս տարուան թեման կ՛ամփոփուի «Կրոուինկ Սասթէյնըպլի» լոզունգով, որ կ՛արտայայտէ Լիբանանի ձեւաւորումի աշխարհին աճը եւ միաժամանակ` կենսոլորտին վերաբերեալ գիտակից մօտեցումին հրամայականը: «Պէյրութ տիզայն ուիք»-ի հիմնադիր եւ տնօրէն...

Կայացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի «Շուշի» Պարախումբին Ելոյթը

Կայացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի «Շուշի» Պարախումբին Ելոյթը

3 յունիս 2016-ի երեկոյեան Պուրճ Համուտի ՀԿՄ «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբին ելոյթը, որ յաջողեցաւ ներկաները համակել հայ պարի խրոխտութեամբ ու նազանքով եւ գեղարուեստական վայելքի յիշարժան պահերով: Նախկին սաներ Լորի Եթերեանի եւ Թալին Փաչանեանի բացման խօսքերուն մէջ նշուեցաւ, որ պարը արուեստի կարեւորագոյն տեսակներէն է, որ իր մէջ կը խտացնէ ազգի մը պատմութիւնը,...

«Մեղրի» Մասնաճիւղի 85-Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի  Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 21 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին Պէյրութի «Կոմիտաս» կեդրոնի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 85-ամեակի նշում: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Մաքօ Ունճեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան: Ապա խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեան, որ իր...

Անդրադարձ.  Պունտեսթակի Որոշումին Առանձնայատկութիւնները

Անդրադարձ. Պունտեսթակի Որոշումին Առանձնայատկութիւնները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 2 յունիսին Գերմանիոյ խորհրդարանին` Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ունի շարք մը առանձնայատկութիւններ: Առաջինը` որոշումը որդեգրող երկիրն է, անոր քաղաքական ու տնտեսական կշիռը: Գերմանիան Եւրոպական Միութեան հզօրագոյն երկիրն է, Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցն ու Հայոց ցեղասպանութեան մեղսակիցը: Այդ պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէկ այլ դաշնակիցը` Աւստրիան 2015-ին արդէն ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնն ու իր մեղսակցութիւնը:...

Մտորումներ` Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Բ). Ազգային Ինքնութիւն

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Ինքնութիւնը կաղապարուած հասկացողութիւն չէ, այլ չաւարտուող ընթացքով կազմաւորում է, պայմանաւորուած` գլխաւորաբար ազգի անցեալ պատմութեամբ, անոր ստեղծած քաղաքակրթական արժէքներով եւ ապագայի տեսլականով ու նպատակներով: Կը նշանակէ, որ ընդհանուր առումով, ինքնութեան կազմաւորման վրայ հիմնապէս ներազդողը մշակոյթն է: Կասկած չկայ այն մասին, որ ազգային ինքնութեան մշակումին մէջ հիմնական ազդակ է լեզուն, որուն ուսուցումը, պահպանումն ու գործածութիւնը անհրաժեշտ ու առաջնահերթ օրակարգ են...

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Նախակրթարանի  «Ես Մի Ծիլն Եմ Քո Արտի» Հանդէս

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Նախակրթարանի «Ես Մի Ծիլն Եմ Քո Արտի» Հանդէս

Ուրբաթ,  27 մայիս  2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Սիրան Մանուկեան»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան  քոլեճի  նախակրթարանի «Ես մի ծիլն եմ քո արտի» գեղարուեստական հանդէսը: Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք քոլէճի Զ. դասարանի աշակերտ Լիակ Մարտիրոսեան կարդաց բացման խօսքը. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր ուսուցիչներուն ու դասընկերներուն կողմէ հանդէսը նուիրեց Արցախի սահմանները պաշտպանող մեր քաջարի զինուորներուն ու հերոսածին մայրերուն:...

Ս. Քառասնից Մանկանց Վարժարան.  Աշակերտները ՔԱՀԼ Կ՛այցելեն

Ս. Քառասնից Մանկանց Վարժարան. Աշակերտները ՔԱՀԼ Կ՛այցելեն

Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը իր տարեկան ծրագիրին մէջ, աշակերտներուն գիտելիքներ ջամբելու զուգահեռ, նաեւ շեշտը կը դնէ հայեցի եւ ընտանեկան արժէքներու կերտման եւ պահպանման աշխատանքին վրայ: Այս ծիրէն ներս, 6-րդ դասարանի աշակերտները տարուան ընթացքին դպրոցական տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպելով ապահովեցին նիւթական կոկիկ գումար մը եւ մայրերու տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 18 մայիս 2016-ին, այցելեցին Պուրճ Համուտի ՔԱՀԼ-ի  Հայ տարեցներու տունը: Աշակերտները իրենց...

Հայ Աւետարանական Վարժարաններ Մարզական Միացեալ Փառատօն

Հայ Աւետարանական Վարժարաններ Մարզական Միացեալ Փառատօն

Մարզական խաղերն ու գործունէութիւնները դպրոցական առօրեային անբաժանելի եւ անհրաժեշտ բաղկացուցիչներն են: Շեշտակի կարեւորութիւն կը ստանան մրցումները, որոնք ֆիզիքականէն անդին անցնելով` պատանիին հոգին կը կոփեն առողջ մրցակցութեան ոգիով, դիմացինին գերազանցութիւնը ընդունելու կարողութեամբ եւ սեփական տկարութիւնը բարելաւելու կամքով: Այս առումով, մարզական կեանքը աւելին է, քան` ֆիզիքական գործունէութիւնը: Հայ աւետարանական շարժումի հիմնադրութեան 170-ամեակին առթիւ, ՄԱՀԱԵՄ-ի կրթական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական վարժարաններու...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Առ Ցնորքն Աշխարհի Նորայայտ. Բ. Կատարողական

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ծանօթ.-  Ա. մասը կը քննէր թատրերգութեան պատմականը, բներգը, խորհրդանիշները, բեմայարդարումը, տարազները, երաժշտութիւնն ու լուսաւորումը: Տիպարներ եւ Խաղարկութիւն .- Այս հատուածը կրնար աւելի համապարփակ եւ ճշգրիտ ըլլալ, եթէ տրամադրութեանս տակ ունենայի ելոյթին տեսագրութիւնը: Ուիլի Լոման.- Ուիլի համակրելի տիպար մըն է` հակառակ իր մոլորութեան եւ թերութիւններուն: Գուցէ եւ` շնորհի՛ւ իր մոլորութեան եւ թերութիւններուն: «Lo-man» հնչողական առումով կրնայ ընկալուիլ որպէս «ցած...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Ես Կ՛ուզեմ Ամէն Ինչ Ընել` Աջակցելու Հայ Ժողովուրդին, Իմ Ժողովուրդիս», Ըսած Է Տանիէլ Տեքըր Ամերիկացի երաժիշտ Տանիէլ Տեքըր եւ երգահան Արա Գէորգեան հանդէս պիտի գան միացեալ երգով: Այս մասին յայտարարած են երաժիշտները մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Տանիէլ Տեքըր նշած է, որ Հայաստան տուած այցելութիւնը պարզ զուգադիպութիւն չէ: «Հայաստան կատարած այցելութեանս առաջին նպատակը ղարաբաղեան զարգացումներու այս օրերուն հայ...

«Ազդակ»` Իննսուամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Խորհրդային Հայաստան` Գերիշխան Հանրապետութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Բացայայտումը Հայրենիքի Մէջ

«Ազդակ»` Իննսուամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խորհրդային Հայաստան` Գերիշխան Հանրապետութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Բացայայտումը Հայրենիքի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորհրդային ուժերը 1990-ին գարնան խստացուցած էին արցախցիներու դէմ իրենց «պատժամիջոցները»: Շրջանէ շրջան երթեւեկը չափազանց սահմանափակուած էր, իսկ կրակմարի ժամերը երկարած էին: Կրճատուած էին նաեւ համագործակցականներու եւ ճաշարաններու աշխատանքի ժամերը: Արցախ իրարմէ մեկուսացած քանի մը գօտիներու բաժնուած էր: Հայ զինեալները կը յաջողէին մէկ գօտիէն միւսը անցնիլ, սակայն ժողովուրդը չէր կրնար մէկ շրջանէն միւսը անցնիլ: Ամբողջութեամբ մեկուսացած Արցախի մէջ հայկական...

Ակնարկ.  Բարոյական Եւ Քաղաքական Շարժառիթներ

Ակնարկ. Բարոյական Եւ Քաղաքական Շարժառիթներ

Գերմանական Պունտեսթակի բանաձեւի քուէարկութեան շարժառիթային գործօնները լոյսին բերելու փորձը կը կեդրոնանայ տարբեր հանգամանքներու վրայ: Նախ անշուշտ այն, որ Գերմանիա պէտք էր հետեւողականութիւն ցոյց տար սկսուած գործընթացի մը եւ անպայման նկատի ունենար Պունտեսթակի նախկին քննարկումները, երկրի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին կատարած յայտարարութիւնները, որոնք քաղաքական ենթահողը պատրաստած էին նման քուէարկութիւն կայացնելու: Երկրորդ` ուշադրութիւն կը գրաւէ այն, որ բանաձեւի խորագրային բաժինը կը խօսի հայոց...

Հարցազրոյց` Դոկտ.  Հրաչ Չիլինկիրեանի Հետ

Հարցազրոյց` Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի Հետ

Երէկ` երկուշաբթի, 6 յունիսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Օքսֆորտ համալսարանի արեւելագիտութեան ամպիոնի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնին մասին` դոկտ. Չիլինկիրեան յայտնեց, որ անոր արմատները հին են. համալսարանին մէջ հայագիտական ուսմունքները սկսած են 100-150 տարի առաջ, երբ բրիտանացի արեւելագէտներ հետաքրքրուած եղած են հայկական մատենագրութեամբ...

Page 925 of 1110 1 … 924 925 926 … 1,110

Արխիւներ