Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարեն Շեքերճեանի «Ռեսփիրասիոն» Ցուցահանդէսը

June 6, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Shekerjian_60616

Երեքշաբթի, 31 մայիսին, «Էնսթիթիւ տիւ մոնտ արապ»-ի («Արաբական աշխարհի հիմնարկ») թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեւաւորող Քարեն Շեքերճեանի «Ռեսփիրասիոն» («Շնչառութիւն»)  խորագիրով անհատական ցուցահանդէսը:

Շեքերճեան միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած ձեւաւորող է եւ այդ իմաստով մասնակցած է ձեւաւորումի աշխարհը շարժող բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ Մայամիի մէջ: Շեքերճեանի առաջին ստեղծագործութիւնը` «Մոպիլ»-ը  շարժուն հանդերձակալ մըն է, որ իր ձեւաւորողի իւրայատկութեան առաջին արտայայտութիւնը եղած է: «Այս կտորը ստեղծած եմ Միլանոյի «Տոմիւս աքատըմի»-էն մագիստրոսի վկայականս ստանալէս մէկ տարի ետք, մեր գլուխներուն վրայի ընդհանրապէս չգործածուող միջոցը նպատակի ծառայեցնելու միտումով: […] Միակ կտորն է, որ կերպընկալով աշխատած եմ, նիւթ մը, որ կ՛ատեմ եւ կը կարծեմ, որ շատ վատ ձեւով կը տարբաղադրուի: Այսուհանդերձ, այս կտորն է, որ զիս քաջալերեց այս ասպարէզին մէջ շարունակելու»: Այնուհետեւ Շեքերճեան կը գործածէ բնական նիւթեր, «որոնք իսկական ուժ կ’արտադրեն»:

Շեքերճեանի ամբողջ գործը հիմնուած է տարածութիւններու հասկացողութեան վրայ, որոնք կը կերպարանափոխուին, նոր եւ զանազան ձեւեր կը ստանան ձեւաւորողին կահոյքին` ճարտարապետական մանր նմուշներուն շնորհիւ: Այս սկզբունքին կու գայ միանալու ոչ աւանդական, ժամանակակից եւ նոյնիսկ իր ժամանակը կանխող ձեռային աշխատանքը:

Ձեւաւորողին ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն կ՛արտացոլայ Պէյրութի ոգին, որ իր հակադրութիւններով եւ անորոշութեամբ կը սնուցանէ Շեքերճեանի ստեղծագործութիւնը: Քաղաքի մը եւ ժամանակաշրջանի մը հանդիպումին կողքին, Շեքերճեանի ձեւաւորումը կ՛արտայայտէ նաեւ ձեւաւորողին անհատականութիւնը. իմաստի փնտռտուքը, ուժի եւ փափկութեան, վերապահումի եւ ազատ արտայայտութեան միջեւ լարուածութիւնը…

Shekerjian1_60616

Իրականութեան մէջ «Էնսթիթիւ տիւ մոնտ արապ»-ը հնագիտական թանգարան մըն է, ուր կու գան աւելնալու Շեքերճեանի գործերը եւ երկխօսութիւն մը ստեղծելու թանգարանին հնագիտական մարդաբանական արժէք ունեցող զանազան իրերու հետ: Այս մարդաբանական չափանիշին է, որուն կ՛ակնարկէ Շեքերճեան, երբ կը հարցադրէ. «Մեր ապրած ժամանակաշրջանէն ի՞նչ փաստ պիտի մնայ ապագային, եթէ ոչ` թանգարաններու մէջ ցուցադրուած իրեր»:

Շեքերճեանի ցուցահանդէսը բաղկացած է չորս հիմնական թեմաներէ` «Արքեթիփ», «Թրենսֆորմ», «Թրենսփոզ», «Թրենսսենտ», որոնցմէ իւրաքանչիւրին յատկացուած է սրահ մը: «Արքեթիփ»-ը ձեւ մըն է հողային որոշ զգայնութիւն մը կրկին ներառելու այսօրուան չէզոքացած աշխարհին մէջ:  «Թրենսֆորմ»-ը ցոյց կու տայ իրերու կերպարանափոխութեան կարելիութիւնները` ըստ անոնց գործածութեան: «Թրենսփոզ»-ի վերնագիրին տակ Շեքերճեան կը ցուցադրէ զարդերու հաւաքածոյ մը, որոնց պաշտօնը տարածութիւն, այս պարագային` մարմնային տարածութիւն, զբաղեցնել եւ անոր իմաստ տալն է. «Երբ առարկայ մը կը գծեմ, անիկա պէտք է միտք մը, խօսք մը, կեցուածք մը փոխանցէ», հոգեկանութեան ձեւ մը, որ նիւթը կը գերազանցէ: Այս իմաստով,  «Թրենսսենտ»-ի թեման կը ստանայ իր ամբողջ խորքը. «Ձեւաւորումը, իմ կարծիքով, շնչառութիւն է եւ ոչ ներշնչում: Ան կը գերազանցէ իր գործնական յատկանիշը եւ իր ետին կը ձգէ բան մը, որ մեզմէ ետք պիտի շարունակէ ապրիլ»:

«Էնսթիթիւ տիւ մոնտ արապ»-ի թանգարանին մէջ տեղադրուած Շեքերճեանի եռամսեայ տեւողութեամբ ձեւաւորումի ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ շաբաթ, 27 օգոստոս:

 

Նախորդը

ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամներ Այցելեցին Հայաստանի Դեսպանին

Յաջորդը

Ամերիկացի Փորձառու Դիւանագէտ Մը Եւս Կը Հեռացուի Աշխատանքէն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.