Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անիթա Թութիքեանի «Պէյրութ Տիզայն Ուիք»-ը` Արուեստի Միջոցով Զգաստութեան Հրաւիրող

June 9, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0630

5-րդ տարին ըլլալով` «Պէյրութ տիզայն ուիք»-ը կը կազմակերպէ իր տարեկան ձեւաւորումի շաբաթը, որ այս տարի 10 օրերու ընթացքին Պէյրութի եւ անոր շրջակայ տարածքին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնէ աւելի քան 150 ձեւաւորողներ: «Պէյրութ տիզայն ուիք»-ի այս տարուան թեման կ՛ամփոփուի «Կրոուինկ Սասթէյնըպլի» լոզունգով, որ կ՛արտայայտէ Լիբանանի ձեւաւորումի աշխարհին աճը եւ միաժամանակ` կենսոլորտին վերաբերեալ գիտակից մօտեցումին հրամայականը: «Պէյրութ տիզայն ուիք»-ի հիմնադիր եւ տնօրէն Անիթա Թութիքեան ուղղեցոյցին մէջ կը բացատրէ, որ ձեւաւորումը լաւ միջոց մըն է հանրութիւնը զգայնացնելու եւ զգաստացնելու համար աղբի տագնապին հանդէպ, տրուած ըլլալով, որ ձեւաւորումը ապրելակերպի մը ընտրութիւնը կ՛ենթադրէ, կենսոլորտին ի նպաստ յանձնառու դիրքորոշում մը: Թութիքեան իր խօսքին մէջ կը շեշտէ. «Այս յանձնառութիւնը միմիայն տարեկան թեմա մը չէ, այլ մարտահրաւէր մը, որ պէտք է յաղթահարել` վերամտածելով, թէ ի՛նչ կ՛արտադրենք եւ ի՞նչ կը սպառենք՞ եւ թէ ինչպէ՛ս մեր ապրելակերպը կ՛ազդէ մեր շրջապատին եւ կենսոլորտին վրայ»:

IMG_0639

«Պէյրութ տիզայն ուիք»-ի բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 20 մայիսին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Քարանթինայի «ՔԵՏ 001» կեդրոնին մէջ, հոլանտացի Տան Ռոզկարտի, զուիցերիացի Պեթինա Ռիխթըրի եւ անգլիացի Սիթալ Սոլանքիի խօսքերով: «Պէյրութ տիզայն ուիք»-ի 10 օրուան վրայ երկարող յայտագիրը կ՛ընդգրկէ աւելի քան 200 ձեռնարկներ. ցուցահանդէսներ, զրոյցներ, ժապաւէններու ցուցադրութիւն եւ խմբային աշխատանքներ:

Երեքշաբթի, 24 մայիսը յատկացուած էր Սայֆի Վիլըճին, Կեդրոնական Պէյրութի եւ Ժըսըր Ուաթիին, որոնց ծիրին մէջ մասնակցած էին 18 ձեւաւորողներ` Սահակ Խաչատուրեան, Ռանտա Թապպահ եւ Նայլա Ռոմանոս Իլիյա , «Սթարչ Ֆաունտէյշըն», «Կիք Էքսփրես», Վիք Վանլեան, «Պոքժա»…

Սահակ Խաչատուրեանի ցուցադրած ոսկեղէններուն մէջ կը ցոլան ձեւաւորողի եւ գեղանկարիչի իր յատկութիւնները: «Սքիւլթիւր-պիժու» վաճառանիշին տակ Ռանտա Թապպահ կ՛արտադրէ կիսաթանկարժէք քարերով, երկրաչափական ձեւերով եւ հում նիւթերով ոսկեղէններ: «Պէյրութ տիզայն ուիք»-ին ընթացքին ցուցադրուող հաւաքածոն պատրաստելու համար Թապպահ գործակցած է երկրաչափ Նայլա Ռոմանոս Իլիյային հետ` աւելի եւս ցայտուն դարձնելով ոսկեղէններուն քանդականման տեսքը: «Թէյքինկ օվըր Պէյրութ» լոզունգով «Կիք Էքսփրես»-ը կը ցուցադրէ կահոյքներ, որոնք ձեւաւորումի հետաքրքրական ոճով եւ նորարարութեամբ կը վերակենդանացնեն անցեալի Պէյրութը:

Նախորդը

Կայացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի «Շուշի» Պարախումբին Ելոյթը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Ցուցահանդէսը Եւ «Ծիրանի» Երգչախումբի Ելոյթը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.