Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Ցուցահանդէսը Եւ «Ծիրանի» Երգչախումբի Ելոյթը

June 9, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aved-(1)_52716

27 մայիս 2016-ի երեկոյեան, Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները հանրութեան ներկայացան ցուցահանդէսով եւ համերգով:

Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մուտքին «Ֆապրիանօ»-ի մրցանակակիր աշակերտներուն յանձնուեցան իրենց մրցանակները, ապա եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեան, տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան եւ արուեստի ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեան կատարեցին ցուցահանդէսին բացումը: Քոլեճի աշակերտները, մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ, ցուցադրեցին տարուան ընթացքին իրենց պատրաստած բազմաբնոյթ ստեղծագործութիւնները` ձեռային աշխատանքներ, գեղանկար, գիտական աշխատանքներ, զանազան նիւթերով որմազդներ եւ այլն:

Aved-(2)_52716

Ցուցահանդէսէն ետք նոյն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ քոլեճի «Ծիրանի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ` 11-րդ դասարանի աշակերտ Քրիստին Մաամարպաշի:

Տնօրէնին բացման խօսքէն ետք 33 անդամ հաշուող երգչախումբը ներկաներուն հրամցուց հայերէն եւ անգլերէն երգերու փունջ մը զանազան նիւթերով` հոգեւոր, ազգային, մանկական եւ այլն., մինչ 4 աշակերտներ, սրամիտ երկխօսութիւններով կը ներկայացնէին յայտագիրը: Յատկանշական էին առաջին դասարանի մանուկներուն յատուկ ելոյթը եւ միջնակարգի 3 աշակերտներու` Անթոնի Օպէյտի, Նարինէ Պասթաճեանի եւ Գառնի Քէօշկէրեանի կատարած մեներգները:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ վեր. Չոլագեանի շնորհաւորութեան խօսքով եւ օրհնութեան աղօթքով:

Արտադասարանային գործունէութիւնները կարեւոր մաս մըն են կրթադաստիարակչական համակարգին, եւ ուրախալի է, որ Հայ աւետարանական քոլեճը կը յարատեւէ այդ ուղիին մէջ` վերոյիշեալ ելոյթներով, ատենամարզանքներով, աշակերտական 3 հրատարակութիւններով, մարզական եւ ակմբային զանազան գործունէութիւններով:

Նախորդը

Անիթա Թութիքեանի «Պէյրութ Տիզայն Ուիք»-ը` Արուեստի Միջոցով Զգաստութեան Հրաւիրող

Յաջորդը

Կարմիրեան Վարժարանի Աշխատանքներէն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.