Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Վարժարաններ Մարզական Միացեալ Փառատօն

Յունիս 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

AVED-(1)_51316

Մարզական խաղերն ու գործունէութիւնները դպրոցական առօրեային անբաժանելի եւ անհրաժեշտ բաղկացուցիչներն են: Շեշտակի կարեւորութիւն կը ստանան մրցումները, որոնք ֆիզիքականէն անդին անցնելով` պատանիին հոգին կը կոփեն առողջ մրցակցութեան ոգիով, դիմացինին գերազանցութիւնը ընդունելու կարողութեամբ եւ սեփական տկարութիւնը բարելաւելու կամքով: Այս առումով, մարզական կեանքը աւելին է, քան` ֆիզիքական գործունէութիւնը:

Հայ աւետարանական շարժումի հիմնադրութեան 170-ամեակին առթիւ, ՄԱՀԱԵՄ-ի կրթական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական վարժարաններու տնօրէն խորհուրդին, ուրբաթ, 13 մայիս, 2016-ին, Այնճար հայաւանի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի ընդարձակ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մարզական փառատօն` մասնակցութեամբ աւետարանական վարժարաններու աշակերտութեան:

Առաւօտ կանուխ, մեծ խանդավառութեամբ, Պէյրութի հայ աւետարանական չորս վարժարաններու սաները (4-րդ դասարանէն մինչեւ 12-րդ դասարան) կը հասնէին Այնճար` միանալու համար տեղւոյն Հայ աւետարանական վարժարանի սաներուն: Իւրաքանչիւր դպրոց կը զանազանուէր տարբեր գոյնի մարզական վերնաշապիկով:

Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի աղօթքէն ետք, խիստ կարգապահութեամբ եւ բարձր կազմակերպութեամբ, պատասխանատուները լծուեցան մեղուաջան աշխատանքի: Փառատօնը կանխող ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած էին պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի զտումի խաղերը, իսկ եզրափակիչ փուլերը կատարուեցան Այնճարի մէջ, նաեւ` աթլեթի խաղեր, ինչպէս` վազք, պարան քաշել եւ պարկարշաւ:

Հանգիստի եւ ճաշի պահէն ետք տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ մետալներու յանձնում: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի նուագով սկսաւ պաշտօնական եզրափակիչ հանդիսութիւնը ներկայութեամբ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Այնճարի նորընտիր քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեանի, Կրթական խորհուրդի անդամներ` Սօսի Պալեանի, պատուելի Սեւակ Թրաշեանի, տնօրէններու, ուսուցչիներու, հարիւրաւոր աշակերտներու: ՄԱՀԱԵՄ-ի Կրթական խորհուրդին անունով Սօսի Պալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետներուն` իրենց ցուցաբերած օժանդակութեան համար, Հայ աւետարանական վարժարաններու հինգ տնօրէններուն, մարզանքի ուսուցիչներուն, հիւանդապահուհիներուն եւ յատկապէս Հայ աւետարանական Այնճարի վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանին, խաղերու գլխաւոր պատասխանատու Սեպուհ Պոյաճեանին, որոնք ամէն ճիգ թափած էին յաջողութիւն ապահովելու համար, նաեւ Կարպիս Տէյիրմենճեանին` բաժակները տրամադրելուն համար:

Ապա, գլխաւորութեամբ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, շրջապատուած` հիւրերով, տնօրէններով եւ Կրթական խորհուրդի անդամներով, յաղթական խումբերը ստացան բաժակներ, իսկ մարզիկները պարգեւատրուեցան մետալներով:

Այսպէս, ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացան Հայ աւետարանական Այնճարի մեծ եւ փոքր տղոց խումբերը, նաեւ` պասքեթպոլի տղոց խումբը: Իսկ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աղջիկները տիրացան պասքեթպոլի առաջնութեան բաժակին:

Հուսկ, հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական աղօթքով:

Նախորդը

Առ Ցնորքն Աշխարհի Նորայայտ. Բ. Կատարողական

Յաջորդը

Ս. Քառասնից Մանկանց Վարժարան. Աշակերտները ՔԱՀԼ Կ՛այցելեն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?