
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
2 յունիսին Գերմանիոյ խորհրդարանին` Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ունի շարք մը առանձնայատկութիւններ:
Առաջինը` որոշումը որդեգրող երկիրն է, անոր քաղաքական ու տնտեսական կշիռը: Գերմանիան Եւրոպական Միութեան հզօրագոյն երկիրն է, Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցն ու Հայոց ցեղասպանութեան մեղսակիցը: Այդ պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէկ այլ դաշնակիցը` Աւստրիան 2015-ին արդէն ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնն ու իր մեղսակցութիւնը: Սակայն Գերմանիոյ կողմէ ճանաչումն ու իր մեղսակցութեան ընդունումը վերոնշեալ հանգամանքներէն մեկնելով առաւել արժէքաւոր է: Անիկա օրինակ պիտի ծառայէ եւրոպական այլ երկիրներու եւ ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը խթանէ: Արդէն իսկ Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման յայտնած է, որ իր կառավարութեան ու խորհրդարանին կոչ պիտի ուղղէ Գերմանիոյ օրինակին հետեւելով եւրոպական այլ երկիրներու նման ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, «որովհետեւ կը կարծեմ, որ այս մարզին մէջ մենք ետ կը մնանք»:
Երկրորդը` որոշումի որդեգրումին թայմինկն է: Այնպիսի պահու մը, երբ Գերմանիան ու Եւրոպական Միութիւնը դէպի Եւրոպա գաղթականներու հոսքը կասեցնելու համար կարիքը ունին Թուրքիոյ գործակցութեան, Պերլին կը դիմէ այս յանդուգն քայլին` Ողջակիզումէն եւ Նամիպիոյ ցեղասպանութենէն ետք` ճանչնալով նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիոյ հետ գործակցութեան նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը պատճառ դարձած էր, որ Պերլին 2015-ին յետաձգէ ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին քննարկումը, սակայն Անգարա իր շանթաժի քաղաքականութեամբ ի վերջոյ սիրտ խառնուք պատճառեց եւ գերմանական իշխանութիւնները մղեց բանաձեւի որդեգրման հաւասարապէս սկզբունքային եւ մերժումի արտայայտութիւն եղող քայլին:
Այժմ ԵԱՀԿ-ի նախագահող Գերմանիոյ կառավարութիւնը` ընդառաջելով որդեգրուած բանաձեւին ճամբով խորհրդարանին կողմէ հնչած կոչին, սկսած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հաշտեցման համար ջանքերու նախապատրաստման: Այստեղ Պերլին պէտք է զգուշ ըլլայ չշփոթելու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը իր բնոյթով աւելի ընդարձակ եւ նուրբ եղող հայ-թրքական հաշտեցման հարցին հետ, այլապէս ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով կատարուած դրական արտայայտութիւնները կրնան վերածուիլ յուշերու:


