Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առ Ցնորքն Աշխարհի Նորայայտ. Բ. Կատարողական

Յունիս 8, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ծանօթ.-  Ա. մասը կը քննէր թատրերգութեան պատմականը, բներգը, խորհրդանիշները, բեմայարդարումը, տարազները, երաժշտութիւնն ու լուսաւորումը:

1_60816

Տիպարներ եւ Խաղարկութիւն .- Այս հատուածը կրնար աւելի համապարփակ եւ ճշգրիտ ըլլալ, եթէ տրամադրութեանս տակ ունենայի ելոյթին տեսագրութիւնը:

Ուիլի Լոման.- Ուիլի համակրելի տիպար մըն է` հակառակ իր մոլորութեան եւ թերութիւններուն: Գուցէ եւ` շնորհի՛ւ իր մոլորութեան եւ թերութիւններուն:

«Lo-man» հնչողական առումով կրնայ ընկալուիլ որպէս «ցած մարդ» (low-man) ինչպէս եւ` «օրէնքի մարդ» (Law-man ): Ուիլի սրտանց կը հաւատար «հաստատութեան»: Իմա` Ֆրանքլինի եւ Ֆորտի «կանոնագիրին»: Ուիլի յարմարող (conformist) մըն է: Անունները երբեք պատահական չեն (1):

Ուիլի ո՛չ միայն խորաթափանց միտք չունի, այլեւ հոգեպէս տհաս է:  Առաջին տեսարանին մէջ, փոխան ընթրիքի, կ’ուզէ կաթ խմել (2): Գրագրուհին զինք կը կոչէ «փոքրիկ թմբկահարս», այսինքն` տղեկ: Այդ որակումին մէջ կայ նաեւ թաքուն հեգնանք` ուղղուած Ուիլիի ինքնագովութեան: Ուիլի կը հաւատայ, որ յաջողելու համար բաւարար է սիրուած ըլլալ: Յամառօրէն կը մերժէ «փոքր մարդ» ըլլալու հանգամանքը: Կինը` Լինտան, միշտ իր կողքին եղած է, միշտ պաշտպանած է զինք: Ի դէպ, Լինտա կը նշանակէ «հեզ», ինչպէս եւ` «վահան» (3): Թատրերգութեան ամէնէն կարեւոր եւ յուզիչ խօսքը կ’արտասանէ Լինտան: Առաջին արարին մէջ խօսքը Պիֆին ուղղելով` մօտաւորապէս կ’ըսէ. «Ուշադրութիւն պէտք է դարձնել: Պէտք չէ թոյլ տալ, որ ծեր շան մը նման գերեզման իյնայ»:

Բայց Ուիլիի անյաջողութեան պատճառը անբաւարար մտային կարողութիւնը չէ: Թղթախաղի ընթացքին եղած երկխօսութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ուիլի գերազանց է նիւթապէս յաջողակ դրացի Չարլիէն: Ուիլի թուլութիւնը իր անբաւարար անգթութիւնն է: Կը փորձէ յաջողիլ «սիրուած ըլլալով», մինչդեռ դրամատիրական վարչակարգի մէջ յաջողելու համար հարկ է ունենալ «սպաննելու բնազդ»:  Ուիլի կը սարսափի, երբ իր վարած ինքնաշարժը կը շեղի: Ան կը վախնայ ոչ թէ վնասուելէ, այլ` վնասելէ: «Ես կրնայի մէկը սպաննել», կ’ըսէ Լինտային:

Պիֆի հանդէպ ունի հակասական զգացումներ: Ինքզինք յանցաւոր կը զգայ, որովհետեւ պանդոկի միջադէպէն ետք Պիֆ որպէս պատանեկան բողոք` լքած էր ուսումը: Ուիլի նոյնիսկ Պենի նուիրած թանկագին ժամացոյցը գրաւ կը դնէ, որպէսզի Պիֆ գոնէ նամակագրութեան դասընթացքի միջոցով ուսում ստանայ: Ուիլի նաեւ կը զգայ խոր հիասթափութիւն, որովհետեւ Պիֆ չի հաւատար «Ամերիկեան երազ»-ին: Պիֆի կեցուածքը հասկնալ եւ ընդունիլ, պիտի նշանակէր ընդունիլ` ցաւոտ իրականութիւնը: Ուիլի անկարող է այդ ընելու: Միակ ընտրանքն է շարունակել սուտը: Միլըր ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս «Ամերիկեան երազ»-ը կը վերածուի  ամերիկեան մղձաւանջի:

Գէորգ Նալպանտեան շատ լաւ ըմբռնած էր իր դերը: Ունի բեմական ձայն եւ տիրող ներկայութիւն: Վերջինը, «ցաւօք», յարիր չէ «փոքր մարդու»: Կարելի է առարկել, որ ունէր չափազանց քաջառողջ տեսք եւ կայտառ էր, եւ թէ, ուրեմն, հարկ էր դիմայարդարումի միջոցով «յոգնեցնել» զինք, եւ տալ աւելի «թափթփած» արտաքին: Այդ կը տեսնենք այլ բեմադրութիւններու մէջ: Բայց կայտառութիւնը եւ կոկիկ արտաքինը յաւելեալ յուզականութիւն կու տային տիպարին: Ուիլի ոչ թէ կը սպառի, այլ ուղղակի կը սպաննուի: Տպաւորիչ էր յատկապէս իր տեսակցութիւնը Հարոլտի հետ: Նկատելի էր նաեւ, որ երկրորդ ելոյթին ընթացքին Նալպանտեան սրբագրած էր առաջին ելոյթին մէջ բաց թողուած կարգ մը փոքրիկ վրիպումներ: Դերասան մը, որ կը սորվի իր փորձէն:

Կրկնութեան գնով հարկ է շեշտել, որ տիպարներու վերլուծումը կը մնայ հարցական, որովհետեւ մենք յաճախ զանոնք կը տեսնենք «Ուիլիի գլխէն ներս»: Այս կրնայ առիթ տալ հակասական եզրակացութիւններու:

2_60816

Պիֆ.- Հարցական է, օրինակ, Պիֆի անկիւնադարձը: Պատանի Պիֆ կը պաշտէր իր հայրը: Կը հաւատար ուրեմն, որ յաջողելու համար բաւարար է ըլլալ սիրուած, ֆութպոլի աստղ (4): Գոյ է վարկած, որ մարզիկ աստղեր շատ դիւրաւ կրթանպաստ կը ստանան: Երկուքը կ’արհամարհեն Պեռնարտի կերպարը, որ ֆիզիքապէս ոչ աչքառու «գիրքի որդ» (nerd) մըն է: Նկարին մէջ կը տեսնենք, որ Պրոտուէյի 2012 բեմադրութիւնը ընտրած է պատանեկան դէմքով «Ատոնիս» մը (Andrew Garfield, [5]): Նկատել նաեւ դրօշները: Հետաքրքրական է տեսնել, որ երկու պիֆերը ծխիկը բռնած են գրեթէ նոյն ձեւով: Ըստ մարմնալեզուի բառարանի, այդ կը նշանակէ, որ յոռետես եւ զգուշաւոր «երազողներ» են:

Անկիւնադարձը առերեւոյթ կը պատահի, երբ Պիֆ հայրը կը տեսնէ թեթեւաբարոյ կնոջ հետ: Բայց չէ՞ որ այդ «տղամարդավարի մոմենտ» է: Պիֆ կրնար նոյնիսկ հպարտութիւն զգալ ի տես հօր «նուաճումին»: Ուիլի չի հասկնար, թէ ինչո՞ւ Պիֆ այդքան բուռն կերպով կ՛ընդվզի: Անհաւատարմութեան տեսարանը ուրեմն պատրուակն էր: Հիմնական պատճառը Ուիլիի ինքնութեան որոնումի հարցն է:

Թատրերգութեան գրեթէ ամբողջ ընթացքին Պիֆ  անդադար կը ծխէր: Մարզիկները անշուշտ չեն ծխեր: Անդադար ծխելու աքթը արդէն ցուցանիշ էր հօր երազէն հրաժարելու: Պիֆի անկիւնադարձային ասքը եկաւ, երբ ան կը խոստովանէր գրիչի գողութիւնը: Շքեղ գրիչը խորհրդանիշ մըն է, այդ կարելի է տեսնել յաջող պիզնեսմեններու շքեղ գրասեղաններուն վրայ: Պիֆ իր ձեռքի գրիչին նայելով` մօտաւորապէս կ’ըսէ. «Հերն անիծած, ինչո՞ւ կառչած եմ ասոր, ինչո՞ւ կը փորձեմ ըլլալ բան մը, որ չեմ ուզեր»:

3_608164_60816Սագօ Օհանեան բաւական լաւ ըմբռնած էր դերը: Ինծի թուեցաւ սակայն, որ անոր ուշադրութիւնը  կեդրոնացած էր իր դիմախաղին վրայ: Այսպէս կոչուած` «մարմնի լեզու»-ն կը կարօտէր յաւելեալ աշխատանքի: Ձեռքերը գրպանին մէջ պահել, օրինակ, գոնէ իմ պարագայիս, անվստահութիւն, հեռաւորութիւն եւ  հակակրանք կը ստեղծէ: Մինչդեռ Պիֆ համակրելի տիպար մըն է: Ոտքերը «չորս» կազմած նստելով (տես նկարը) Պիֆ հօր եւ մեզի ցոյց կու տայ իր կօշիկի ներբանը: Միջին Արեւելքի մշակոյթին մէջ ատիկա կը համարուի ամբարտաւանութիւն:  Զիստերը իրարմէ հեռացնելով` անգիտակցօրէն իր հակառակորդին ցոյց կու տայ… ամորձիքը: Այդ կը համարուի մարտահրաւէր: Բայց այստեղ կայ հակասութիւն: Պիֆի դէմքը չ’արտայայտեր մարտահրաւէր կամ ամբարտաւանութիւն:  Երկրորդ տեսարանին մէջ կը տեսնենք, որ մօր հետ առանձին է, սեղմած է զիստերը: Շա՛տ բարի: Բայց միւս կողմէ ձեռքերը կը հանգչին ափերը վա՛ր: Այդ կը նշանակէ գերակայ հեղինակութիւն: Նման նկատողութիւններ կարելի էր ընել այլ տեսարաններու համար, եթէ կարելի ըլլար մեր տրամադրութեան տակ ունենալ ելոյթի տեսերիզը եւ կամ առնուազն որակաւոր լուսանկարներ: Հարկ է նաեւ մատնանշել, որ Օհանեան պէտք է աւելի մօտիկ կապ պահէ իր խօսակիցին հետ: Այսինքն զարգացնէ այսպէս կոչուած բեմական «քիմիա»-ն:  Եւ հարկ է, որ յաւելեալ աշխատանք տանի բեմական ձայնը զարգացնելու ուղղութեամբ, եւ ըստ կարելւոյն ընտրէ դիւրին արտասանելի բառեր: Այս բոլորը կ’ըսեմ, որովհետեւ Սագօ շնորհալի երիտասարդ է, ուրեմն արժանի` յատուկ ուշադրութեան: Կը յուսամ, որ խօսքերս կ’ընդունի որպէս սրտցաւ ուղղութիւն, այլ ոչ` չարամիտ քննադատութիւն:

Լինտա.- Լուսանցքայնացուած կին մըն է, որ յուսահատօրէն կը փորձէ փրկել իրականութեան հետ իր կապը կորսնցուցած ամուսինը: Անոր յարաբերութիւնը տղոց հետ գլխովին տարբեր է: Այտա Սրապոնեան կայացած դերասանուհի մըն է, կարողացաւ շատ համոզիչ ձեւով դրսեւորել երկու հակոտնեայ «քիմիա»-ները` հեզ եւ ուժեղ կինը:  Հարկ էր սակայն, որ խօսէր աւելի սահուն:

Պեն.- Ինչպէս տարազներու բաժնին մէջ յիշած էի, Պեն կը ներկայացնէ վայրագ, արկածախնդիր գաղութարարը, որ կը հարստանայ հարստահարելով: Կը հարստանայ ի գին ամէն բանի: Պեն ֆութպոլի աստղ Պիֆը կը զգետնէ խարդախութեամբ: Ձեռնափայտը (փոխարինուած` հովանոցով) զերթ սուսեր անոր վզին կը դնէ` յիշեցնելով երբեմնի մենամարտերը: Պեն, ուրեմն Ուիլիի հակապատկերն է: Բայց Պեն առաջին հերթին ոգի մըն է, անդրշիրիմեան գոյակցութիւն մը, առասպել մը: Առասպելներու հետ հաղորդակցութիւնը հարկ է, որ ըլլայ ծիսական: Անդրշիրիմն ու առասպելը ունին իրենց յատուկ ժամանակի կարգ: Միլըր այդ ցոյց տուած է խորհրդանշական ձեւով.- Պէն անդադար ի՛ր ժամացոյցին կը նայի եւ ժամանակի մասին կը խօսի: Յիշենք, որ Ուիլի ծախած էր Պենի նուիրած ժամացոյցը: Այդ աքթը հարկ է մեկնաբանել խորհրդանշական իմաստով: Ուիլի ձերբազատած էր Պիլիի կշռոյթէն:

Մենք կը տեսնենք անշուշտ ոչ թէ Պեն, որ մահացած է, այլ Ուիլիի մտապատկերը: Եւ այդ մտապատկերը զինք կը կոչէ ոչ թէ Ուիլլի, այլ Ուիլիըմ: Եւ քանի որ անունները բեռնաւորուած են իմաստով, ոմանք կը կարծեն, թէ այդ կարելի է կարդալ մասնատուած.- «Will – i – am», որ կը նշանակէ «կամք –  եմ – ես»:

5_60816

Յ. Հելվաճեան «ցաւօք» չունի վայրագ եւ արկածախնդիր գաղութարարի արտաքին: Տիպարը ներկայացուց  մեկնաբանութեամբ մը, որ ինծի համար մնաց անհասկնալի: Հելվաճեան երբեք չնայեցաւ իր խորհրդանշական ժամացոյցին: Յստակ չէր, թէ ե՛րբ իր գլուխը կը ծածկէ գլխարկով եւ ե՞րբ կը յայտնուի գլխաբաց: Չէ՞ որ այդ կրնայ իմաստալից ըլլալ: Կը խօսէր մեղմ, հատիկ-հատիկ, շեշտուած կէտադրութեամբ, ինչպէս պոլսեցի դասատու մը: Նկարին մէջ կը տեսնենք, որ ան ոչ թէ հովանոցի սուր ծայրը յենած է Պիֆի կոկորդին` որպէս մահացու սուր, այլ բութ կոթով մեղմ կը դպչի կուրծքին: Ձախ ձեռքի ցուցամատը երկարած է կրկին ինչպէս դասատու:

6_60816

Հեփի.- Այն որդին է, որ անսակարկ կ’ընդունի հօր աշխարհահայեացքը: Հօր նման կը ստէ իր աշխատանքի բնոյթին շուրջ: Մ. Պետրոսեանի արտաքինը շատ յարիր էր իր դերին: Կը թուի, որ ունի կատակերգակ դերասանի խառնուածք: Մարմնի լեզուին մէջ կային թեթեւ բացթողումներ: Լուսանկարին մէջ, օրինակ, երբ Պիֆ գրոհած է հօր վրայ, Հեփիի դէմքը անհանգիստ է, բայց մարմինը` հանգիստ: Առաջին արարի աւարտին, երբ Լինտան կը յանդիմանէր տղաքը, ինծի թուեցաւ, թէ Հեփի բջիջայինով կը խաղար: Այսուհանդերձ, կատարումը ընդհանուր առմամբ յաջող էր:

Չարլի  եւ Պեռնարտ.-  Շատ յաջող են իրենց ասպարէզներուն մէջ: Ուիլիի կը թուի սակայն, որ անոնք հայր-որդի կապ չունին, մօտիկ չեն իրարու: Չարլի կ’ըսէ, թէ երբեք չէ հետաքրքրուած Պեռնարտով: Չմոռնանք, որ բեմը կը ներկայացնէ Ուիլի գլխու ներսդին: Այդ տրամաբանութեամբ Չարլի, պէտք չէ գրկէր Պեռնարտը:

7_60816

Առերեւոյթ Չարլի երկար ժամանակ նիւթապէս օգնած է Ուիլիի, ան յամառօրէն կը շարունակէ մնայուն աշխատանք առաջարկել: Ինչո՞ւ ուրեմն Ուիլի զինք կ’արհամարէ եւ կը նախատէ: Կայ առնուազն երկու պատճառ: Նախ այն, որ Չարլի դրամատէր մըն է եւ Ուիլի (իմա` Միլըր) չի կրնար վստահիլ անոր առաջարկին: Ուիլի կը հաւատայ նաեւ, որ Չարլի թաքուն հաճոյք կը զգայ Ուիլիի տառապանքը երկարելով: Լուսանկարը յստակօրէն ցոյց կու տայ այս յարաբերութիւնը:  Հայզաւակ Լեփեճեան փորձառու դերասան է: Կարողացաւ առնուազն իմ մտքիս մէջ պահել հարցադրումը. «Արդեօք իսկապէս բարի՞ է ան»: Գէորգ Նալպանտեանի արտայայտութիւնը պարզապէս հիանալի է:

Նկատել, որ Պեռնարտի անունը չէր փոքրացուած, նոյնիսկ երբ ան մանուկ մըն էր: Պատանի Պեռնարտ կը պաշտէր մարզիկ Ատոնիս Պիֆը, ինչպէս հարկ է: Այլ խօսքով, Ուիլի կ’ենթադրէ, թէ Պեռնարտ կը պաշտէ Պիֆը:  Պիֆ ուրեմն խոր յուսախաբութիւն պէտք է, որ ապրած ըլլայ, երբ Պիֆ լքեց ֆութպոլը: Նկատել, որ վերջին տեսարանին մէջ ոչ մարզիկ Պեռնարտ կ’երթայ իր բարեկամի բակին մէջ թենիս խաղալու: Կը թուի, որ Միլըր մեզի կը ներկայացնէ զաւեշտական բնոյթով հոգեբանական «վրիժառութիւն»: Նարեկ Մայիսեան թերեւս տարիքի բերմամբ շատ աւելի լաւ դրսեւորեց խանդավառ պատանին, քան` չափահաս փաստաբանը:

Լեզուական.-  Տիպարներու «լեզու»-ները անոնց անձնագիրներն են: Իսկ այդ լեզուներու գումարը` թատրերգութեան անձնագիրը: Ցաւ ի սիրտ հարկադրուած եմ նշել, որ թատրերգութեան լեզուն անյարիր եւ խոցելի էր: Պէտք չէ շփոթել փողոցայինն ու խօսակցականը: Երկրորդը նոյնիսկ անհրաժեշտ է: Բայց հազիւ թէ համարձակութիւն համարուի փողոցային հայերէնով արտայայտուիլ, երբ բեմի վրայ, մեղմ ըսած անամօթ «սրամտել», ներքնազգեստով ոստոստել եւ իրարու յետսամաս կսմթել սովորական, անգամ գովաբանուող երեւոյթներ դարձած են:

Նախ այն, որ բարբառը «տեղայնացնելով» կարելի չէ երեսունական թուականներու մթնոլորտի արեւելեան Նիւ Ինկլենտ շրջանի ասքը փոխադրել Պուրճ Համուտ: Ապա այն, որ Միլըրի եւ առհասարակ որեւէ լուրջ գործի բառապաշարը «բեռնաւորուած» է պատմութեամբ եւ մշակոյթով: Զայն մեր փողոցային բարբառով «սրսկել»-ի բեմ կը բերէ արտառոց «փոփոխածին» (6) մը: Ապա այն, որ Միլըրի երկխօսութիւնը ունի բեմական կշռոյթ:  Ապա այն, որ, օրինակ, Լինտա երբեք պիտի չարտօնէր, որ իր յարկին տակ իր տղաքը ոեւէ մէկուն կամ բանի մայրը «թաղէին» կամ «լացնէին»: Առկայ էին վերջապէս շարքային սխալախօսութիւններ: Պիտի տամ անոնցմէ լոկ երեքը: Այսպէս, նկարագրի գիծ է «անհատականութիւնը», այլ ոչ` «անձնաւորութիւնը»: Վտանգաւոր են «բարձր» կամուրջները այլ ոչ «խորունկ» կամուրջները: Անշունչ առարկայի մը ակնարկելով` կարելի չէ ըսել «ի՞նչ կ’ընեն ասոր հետ», այդ մեղմ ըսած օտարախօսութիւն է, եւ այլն: Պիտի բաւականանամ այսքանով: Կը յուսամ, որ յաջորդ ելոյթի լեզուն աւելի ուսումնասիրուած եւ խնամուած ըլլայ:

Բեմադրական.- Ելոյթը կրցաւ պահել լարուած, անքուն եւ անհանգիստ մթնոլորտը: Բարի: Ելոյթը պահեց նաեւ տպաւորիչ կշռոյթ: Բարի՛: Այսուհանդերձ, բեմը չափազանց «բնական» էր: Հարկ էր, որ ըլլար աւելի անիրական եւ աւելի արտայայտչապաշտ: Հարկ կա՞յ կրկնելու, թէ մենք կը դիտենք ոչ թէ իրական պատահարներ, այլ` Ուիլիի «գլխու ներսդին» կատարուող մղձաւանջ:

Բեմադրիչը կը միտի հնչեցնել այն ահազանգ-ասքը, որ Ուիլիի ճակատագիրին կրնայ ենթարկուիլ մեզմէ ոեւէ մէկը: Այսինքն այն, որ հարցը «ընդհանրական» է, մերօրեայ: Դերակատարներու մերօրեայ հագուկապը կրնայ թարգմանուիլ նաեւ այս իմաստով: Բայց ընդհանրական պէտք չէ նշանակէ ընդհանրանման:

Երկրորդ նկատողութիւնը Ուիլիի «մերժում»-ի բնոյթն է: Ուիլի ոչ թէ կը մերժէ «շրջապատը», իմա` ամերիկեան արժէքները, այլ կը մերժէ ընդունիլ ի՛ր ձախողութիւնը (7): Ինքզինք կուրցուցած է, որովհետեւ իրականութիւնը ահաւոր է: Ան այնքան հետամուտ է գիտնալու աղէտի իսկական պատճառները, որքան Օդիպոս` թէ ո՞վ է սպաննած իր հայրը:

Կային հետաքրքրական կէտեր:

Չարլի միակ տիպարն էր, որ բեմ մտաւ ե՛ւ աջ, եւ ձախ կողմերէն: Բեմի երկու կողմերը համադիր եւ համարժէք չեն, ինչպէս բազմիցս շեշտած եմ: Բարի՛, որովհետեւ Չարլի նաեւ միակ կերպարն է, որուն նկարագիրին մեկնաբանութիւնը աներկբայ չէ:

Որպէս հունտ` Ուիլիի «կը ցանէր» սպիտակ թղթիկներ: Մութ բեմին մէջ անոնք կը պսպղային ինչպէս թանկագին ակեր: Բարի՛, որովհետեւ այդպիսով կը յիշեցնէին Պենի առասպելական ադամանդները:

Կային նաեւ կարգ մը անհասկնալի տեսարաններ:

Հեփի Պիֆի տուաւ հայելի մը: Հայելին անշուշտ ենթակային ցոյց կու տայ իր իսկական դէմքը: Հարկ է, որ դերերը շրջուած ըլլային: Ոչ թէ Պիֆ, այլ Հեփի ի՛նքն է, որ կարիք ունի տեսնելու իր իսկական պատկերը:

Պիֆ երկու անգամ ֆիզիքապէս զգետնեց հայրը: Անմեկնաբանելի արարք:

Ուիլի իր վերջին արարքի ճամբան լուսաւորեց իր տղո՛ց լամբի լոյսով: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել:

Ամէնէն անհասկնալի արարքը այն էր, որ Ուիլի հաւաքեց, ետ առաւ իր ցանած հունտերը: Բայց չէ՞ որ անոնք պիտի հանդիսանային այս աշխարհի վրայ իր թողած միա՛կ հետքերը®

Երբեք զարմանալի չէ,  որ այսքան բարդ գործի մը մեկնաբանութեան մէջ գտնուին տարակարծութիւններ: Արուեստի գործը նոյնիսկ աղքատ է, երբ ունի միանշանակ մեկնաբանութիւն: Սուրէն Խտըշեանի եւ «Թէաթրոն» թատերախումբի լրջութիւնն ու աշխատասիրութիւնը մեծապէս գնահատելի են: Կանաչ լինի ձեր ճամբան:

Ելոյթը կարելի չէ իսկ բաղդատել այն կրկնեփ շուկայական զաւեշտներու հետ, որոնք անգամ կը գովաբանուին մամուլի մէջ եւ այլուր: Ողբամ զքեզ, հայոց թատրոն, ողբամ զքեզ, զի արմատացաւ խեղկատակութիւն եւ կայացաւ անգիտութիւն (8):

———————————————-

  1. Հարկ է, որ թատրերգութիւններու թարգմանութիւնը անդրադառնայ անուններու նշանակութեան
  2. Կը թուի, թէ գոյ է տարբերակ, ուր Լինտա կաթ կու տայ եւ օրօր կ’երգէ Ուիլիի համար:
  3. Եւրոպական ցեղեր ծանօթ կլոր վահանները կը շինէին «Linden» ծառի փայտով:
  4. Ի դէպ, ամերիկեան ֆութպոլը իսկապէս կը կարօտի արտակարգ ֆիզիքականի:
  5. Andrew Garfield նաեւ խաղացած է «գերհերոս» Spiderman
  6. Կ՛առաջարկեմ որպէս «mutant» բառի թարգմանութիւն: Ծնունդ, որ այլակերպուած է որպէս արդիւք ծիներու անբնական փոփոխութեան:
  7. Նման մտքեր արտայայտուած էին «Ռատիօ Սեւան»-ի տեսակցութեան ընթացքին:
  8. Մովսէս Խորենացիի, «Հայոց պատմութիւն»-ի հետեւողութեամբ:
Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Վարժարաններ Մարզական Միացեալ Փառատօն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Երեւանի Կատարողական Շողշողուն Փառատօնը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?