Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարմիրեան Վարժարանի Աշխատանքներէն

June 9, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաջ Նազարը «Կ՛այցելէ»
Կարմիրեան Վարժարան

Kach-Nazar-4_52616

Հինգշաբթի, 26 մայիսին «Քաջ Նազար»-ը այցելեց ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան:

Զ. կարգի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած այս թատրերգութիւնը արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատանքին:  Թէեւ դերակատարները հմուտ դերասաններ չէին, եւ ասիկա հաւանաբար իրենց առաջին փորձն էր, սակայն անոնք հմտութեամբ ներկայացուցին իրենց դերը: Գնահատելի էր նաեւ Մարալ Քեհեայեանի տքնաջան աշխատանքը:

Վարագոյրը բացուեցաւ, եւ մեր դիմաց պարզուեցաւ դերձակի խանութ մը, ուր Նազարը (Գէորգ Մալեան) նստած` կը կարէ: Խանութ կը մտնէ անուշ ծախող կինը (Մէյլին Ագըլեան), Նազարը մէկ-մէկ անուշները համտեսելէ ետք 2 դգալ անուշ կը խնդրէ կնոջմէ, որ բարկացած` կը քսէ հացին ու կը հեռանայ:  Անմիջապէս ճանճեր կու գան ու կը դառնան անուշին շուրջ Նազարը ճանճ մեռցնելիք կ՛առնէ եւ մէկ հարուածով գետին կը փռէ եօթը ճանճ. ապա կտոր մը կ՛առնէ եւ վրան կը գրէ.  «Քաջն Նազար, որ մէկ զարկով ջարդէ հազար» ու կտորը կը կապէ մէջքին:

Գիւղին հրապարակը հաւաքուած գիւղացիները կը նկատեն Նազարի գօտիին վրայ գրուածը, անոնք կը զարմանան ու կը վախնան, եւ կը յայտնուին թագաւորը (Հրակ Նագգաշեան) եւ իշխանուհին (Լիա Գալէնտէրեան) անոնք ալ կը կարդան գրութիւնը, եւ թագաւորը կը խնդրէ Նազարէն, որ գիւղացիներուն սպառնացող երկու հսկաները սպաննէ:

Բ. տեսարան. Նազարը անտառին մէջն է, յանկարծ երկու հսկաները (Կարօ Դաւիթեան եւ Սարգիս Մալեան) կ՛երեւան: Նազարը, շնորհիւ իր ճարպիկութեան ու հնարամտութեան, կը յաջողի հսկաները իրարու դէմ հանել, անոնց վրայ քար նետելով անոնք իրարու հետ կը կռուին եւ գետին կ՛իյնան ու կը մեռնին:

Թագաւորը երբ կ՛իմանայ եղելութիւնը, շատ կ՛ուրախանայ եւ ինչպէս խոստացած էր, իր աղջիկը կնութեան կու տայ Նազարին:

Հարսանիք կ՛ըլլայ, եւ բոլորը ուրախ շուրջպար կը բռնեն:

Թատրերգութիւնը համեմուած էր երաժշտական հատուածներով, որոնք  ներկայացումը աւելի հաճելի դարձուցին:

Աշակերտները լրջօրէն հետեւեցան ներկայացման եւ ծափերով ողջունեցին դերակատարները:

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան
Վարժարանի Նախաճաշը

Breakfast-1_51916

ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աւանդութիւն դարձած տարեկան նախաճաշ-ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 մայիս 2016-ին:  Սակայն այս տարուան ձեռնարկը կը տարբերէր նախորդ տարիներէ իր նպատակով. այդ օրը մայրերը մեծարելու օր էր, անոնց երախտագիտութիւն յայտնելու ուրախ առիթ մը:

Վարժարանի տիկնանց յանձնախումբը խորհրդանշական վարդերով ու նուէրներով հիւրերը դիմաւորեցին եւ առաջնորդեցին ուղղեցին իրենց սեղանները:

Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Հուրի Գէօհիւլեանը ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք խօսքը ուղղեց հայ մայրերուն. «Ապրինք, դաստիարակենք ու կրթենք մեր զաւակները այնպէս, ինչպէս մենք կ՛ուզենք հայրենիքի պայծառ ուղին ու վերջապէս քրիստոնեայ հայ ընտանիքը»: Ան շեշտեց, որ մօր մը ամէնէն թանկագին նուէրը իր զաւկին կրթութիւնը, քաղաքավար կեցուածքն ու բարոյական սկզբունքներու գիտակցութիւնն է:

Գեղարուեստական ամփոփ յայտագիրով մը իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանիս նախակրթարանի ու մանկապարտէզի աշակերտները: Անոնց գեղեցիկ երգեցողութեան ընկերակցեցաւ ներկայ մայրերու սրտերու տրոփիւնի ձայները:

Բերկրանքն ու գոհունակութեան զգացումները  դարձած էին անոնց գնահատանքն ու վարձատրութիւնը:

Մթնոլորտը ջերմ էր, կատարուեցան նուիրատուութիւններ` նեցուկ կանգնելու վարժարանին:

Օրուան բախտաւոր մայրը ընտրուելէ ետք, վիճակահանութիւնը ա՛լ աւելի խանդավառութիւն ստեղծեց ու մեծ թիւով արժէքաւոր նուէրներ բաժնուեցան ներկաներէն բախտաւորներուն, ապա փոքրիկները իրենց ձեռային աշխատանքները նուիրելով իրենց մայրերուն` սեղմ ողջագուրուեցան անոնց հետ: Ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանի շնորհակալական խօսքերով ու նորանոր ուրախ առիթներու կրկին հանդիպելու մաղթանքներով հրաժեշտ տուաւ բոլորին:

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Ցուցահանդէսը Եւ «Ծիրանի» Երգչախումբի Ելոյթը

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.