Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Ես Կ՛ուզեմ Ամէն Ինչ Ընել`
Աջակցելու Հայ Ժողովուրդին,
Իմ Ժողովուրդիս», Ըսած Է Տանիէլ Տեքըր
Ամերիկացի երաժիշտ Տանիէլ Տեքըր եւ երգահան Արա Գէորգեան հանդէս պիտի գան միացեալ երգով: Այս մասին յայտարարած են երաժիշտները մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Տանիէլ Տեքըր նշած է, որ Հայաստան տուած այցելութիւնը պարզ զուգադիպութիւն չէ: «Հայաստան կատարած այցելութեանս առաջին նպատակը ղարաբաղեան զարգացումներու այս օրերուն հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալ ու աջակցութիւնս յայտնելն է: Ես Հայաստան այցելած եմ 15 անգամ եւ արդէն Հայաստանի քաղաքացի եմ: Այսպիսով, ես կ՛ուզեմ ամէն ինչ ընել` աջակցելու հայ ժողովուրդին, իմ ժողովուրդիս: Այցելութեանս երկրորդ նպատակը Արա Գէորգեանի հետ միացեալ ծրագիրն է», ըսած է Տ. Տեքըր: Ան փափաք յայտնած է Արա Գէորգեանի հեղինակած «Արաքս» երաժշտական ստեղծագործութեան համար բառեր գրել: «Նախորդ տարի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, երբ ես Հայաստան կը գտնուէի, Արային ինքնաշարժին մէջ լսեցի սքանչելի երաժշտութիւն մը: Այդ պահուն ունեցայ նոյն զգացումը, զոր ունեցած էի «Մուշ» երգը լսելու ատեն: Արային ըսի. «Արա՛ ջան, ինչո՞ւ նոր երգ չյօրինենք «Արաքսի» մասին»: Այս մէկը ստիպեց ինծի յիշել տարիներ առաջ Արաքս գետի ափ կատարած այցելութիւնս: Ես շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ամերիկացիի մը համար որքան դժուար էր երթալ ու տեսնել այդ գետը: Կը յիշեմ, թէ ինչպէս սահմանի այն հատուածէն հրացաններ ուղղուած էին դէպի Հայաստանի կողմը: Հասկցայ, որ ես կ՛ուզեմ տեսնել հայերը գետի երկու կողմերուն ալ: Այդ էր երգը գրելու առաջին պատճառը: Արաքսը խորհրդանշական իմաստ ունի հայ ժողուորդին համար: Անիկա իսկապէս հայկական գետ է, կը կարծեմ, թէ անոր առնչուած են տպաւորիչ պատմութիւններ` Հայաստանի դէմ ցցուած մարտահրաւէրներու շրջանցման վերաբերող», ըսած է ան:
Ըստ Տանիէլ Տեքըրի, «Արաքս»-ը շատ յուզիչ երաժշտութիւն է, եւ կը կարծէ, թէ անիկա պիտի թափանցէ բոլորին սիրտերը: Այդ գեղեցիկ գետին պատմութեամբ պիտի կարենան պատմել հայութեան պատմութիւնը: «Ես վստահ եմ, որ պիտի գայ այն օրը, երբ հայերը պիտի քալեն գետին երկու կողմերուն ալ», աւելցուցած է երաժիշտը:
Երգահան Արա Գէորգեան հիացմունքով եւ հպարտութեամբ պատմած է Տանիէլ Տեքըրի համագործակցութեան մասին: «Տանիէլի հետ տարիներ առաջ սկիզբ առած մեր ծանօթութեան հիմը եղած է երգը, մինչեւ այսօր ալ մեր համագործակցութիւնը կը շարունակուի: Այն երաժշտական ստեղծագործութիւնները, որոնք ես կը գրեմ, Տանիէլը կը հաւնի, անոնց հիման վրայ կը գրէ խօսքեր, եւ անոնք կը դառնան երգեր: Օրինակները շատ են. «Մուշ» ստեղծագործութիւնը, այնուհետեւ «Ատանա»ն… Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրուեցաւ եւ երաժշտութեան համար գրուեցան ճիշդ շեշտադրումներով խօսքեր: Այս ստեղծագործութիւնը դատապարտող էր եւ շատ ազդեցիկ: Ասոնցմէ ոգեւորուելով երգը թարգմանուեցաւ 20 լեզուներու: Մեր միացեալ վերջին ծաւալուն աշխատանքը եղած է նախորդ տարի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած, երբ գրուեցաւ «Յիշիր» ստեղծագործութիւնը», ըսած է Արա Գէորգեան:
«Ո՞վ Սպաննեց Հայերը» Ժապաւէնի
Հեղինակները Այցելեցին
Սփիւռքի Նախարարութիւն
Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Ո՞վ սպաննեց հայերը» արաբերէն լեզուով առաջին վաւերագրական ժապաւէնի հեղինակները` Միրիամ Զաքին եւ Մոհամետ Հանաֆին, Եգիպտոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ 28 մայիսին այցելեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան այս առիթով դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կայացած զանազան նախաձեռնութիւններուն մէջ կարեւորագոյնը վաւերագրական ժապաւէններու պատրաստութիւնն է: «2015-ը շատ կարեւոր տարի էր հայ ժողովուրդին համար. մենք ազգովին նշեցինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, ամբողջ տարուան ընթացքին աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ իրականացուեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ. կարեւորագոյններէն մէկը ձեր պատրաստած ժապաւէնն էր: Դուք շատ կարեւոր գործ կատարած էք հայ ժողովուրդին համար, ձեր ժապաւէնին միջոցով արաբական աշխարհը իրազեկեցիք Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Շատ կարեւոր է, երբ օտարը խօսի մեր ողբերգութեան մասին. թէեւ դուք արդէն օտար չէք եւ մեզի համար դարձած էք հարազատ մարդիկ: Ձեր նախորդ այցելութեան ընթացքին դուք բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաք Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ եւ ձեր հաղորդումներուն միջոցով Հայաստանը ծանօթացուցիք եգիպտացիներուն, որուն համար նոյնպէս շատ շնորհակալ ենք: Ձեր կատարած աշխատանքը կրնայ մեծ խթան հանդիսանալ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման ծիրին մէջ», ըսաւ Հրանուշ Յակոբեան:
Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արմէն Մազլումեանին եւ ամբողջ անձնակազմին, որոնք կազմակերպեցին լրագրողներուն այցելութիւնը Հայաստան: Հրանուշ Յակոբեան շատ կարեւոր համարեց այս նախաձեռնութիւնը, որ առաւել կը խորացնէ կապը Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ:
Արաբ յայտնի լրագրող եւ «Ո՞վ սպաննեց հայերը» ժապաւէնին համահեղինակ Միրիամ Զաքին իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ըսաւ. «Մեզի համար նոյնպէս մեծ պատիւ է ձեր հիւրընկալութիւնը: Ես մեծ յարգանք կը տածեմ ձեզի պէս գործունեայ եւ ուժեղ կիներու հանդէպ, շատ շնորհակալ եմ ձեր գնահատական խօսքերուն համար: Մենք ժապաւէնը պատրաստեցինք մեծ սիրով. խոչընդոտները շատ էին, սակայն ձե՛ր, Եգիպտոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ բարեկամներուն շնորհիւ մենք կրցանք յաղթահարել ամէն ինչ:
«Մեր նախորդ այցելութեան ժամանակ Հայաստանի եւ հայութեան հետ շփումը մեծապէս օգնեց, որ ժապաւէնը աւելի լաւ պատրաստենք: Մոհամետ Հանաֆին նոյնպէս մեծ պատիւ համարեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ հիւրընկալուիլը` աւելցնելով. «Հայերուն հանդէպ յատուկ յարգանք ունիմ, եւ այս մէկը կ՛ըսեմ ո՛չ այն բանին համար, որ այստեղ կը գտնուիմ հայ բարեկամներուս հետ: Իսկապէս հայերը Եգիպտոսի մէջ ձգողական մեծ ուժ ունին, մեծ է անոնց ներդրումը Եգիպտոսի տարբեր ոլորտներուն մէջ:
Հանաֆին անդրադառնալով իրենց արտադրած ժապաւէնին` ըսաւ. «Մեր ժապաւէնը բոլորովին այլ ուղղութիւն կրնար ստանալ, սակայն Հայաստան գալով եւ լսելով ձեր խօսքն ու կոչը ամբողջ աշխարհին, որ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, մեզ ուղղորդեց, որ ժապաւէնը այլ ընթացք ստանայ: Շնորհակալ եմ ձեր գնահատական խօսքերուն համար»:
«Կը կարծեմ, որ ձեր ժապաւէնին հայաստանեան ամէնէն մեծ գնահատականը Հայաստանի նախագահին կողմէ պարգեւատրուիլն էր, եւ դուք` իբրեւ հայ ժողովուրդի լաւագոյն բարեկամներ, արժանի էք այդ գնահատանքին», ըսաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ իր կարգին հիւրերուն նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած աշխարհի յուշակոթողներուն մասին` «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» խորագրով պատկերագիրքը:
Գիւմրիի ԹՈՒՄՕ-ն Նշեց
Հիմնադրութեան
Առաջին Տարեդարձը
Գիւմրիի ԹՈՒՄՕ կեդրոնը վերջերս նշեց իր առաջին տարեդարձը: Ամբողջ քաղաքը մասնակցեցաւ կեդրոնի միամեակին նուիրուած` «Ռէինկարնացիա» խումբի համերգին, որ տեղի ունեցաւ Վարդանանց հրապարակին վրայ:
ՀԲԸՄ-ի հետ համագործակցութեամբ եւ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնութեամբ բացուած կեդրոնը ունի 1500-է աւելի ուսանող: Հոն տեղի կ՛ունենան տասնեակ մը դասընթացքներ եւ միջազգային մասնագէտներու կողմէ վարած աշխատանոցներ, իսկ պատանիները արդէն իսկ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են: Օրինակ` Վենետիկի Պիենալէին մէջ Հայաստանի պաշտօնական «Անկախ կենսապատկեր» ցուցադրութեան ներառուած են Գիւմրիի ԹՈՒՄՕ-ցիներու ճարտարապետական լուսանկարները, որոնք նկարուած են գերմանացի արուեստագէտ Քաթարինա Ռոթերսի վարած դասընթացքի ընթացքին` UrbanLab-ի հետ համագործակցութեամբ: Տեղեկացնենք, որ մօտիկ ապագային Գիւմրիի առաջին թատրոնի պատմական շէնքի վերակառուցումէն եւ վերածնունդէն ետք կեդրոնը աւելի եւս պիտի ընդարձակուի` կարելիութիւն ստեղծելով ընդունիլ արդէն 3000 ուսանող:
Հայաստան Տեղեկատուական
Արհեստագիտութեան Բնագաւառին Մէջ
Նոր Թռիչքի Կը Պատրաստուի
10 յունիսին Միացեալ Նահանգներու Սիլիքոն Հովիտի «Արմթեք» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան. տեղեկատուական արհեստագիտութիւն ֆորում»-ը: Այս մասին կը գրէ Արմէն Վարդանեան:
Հոն պիտի ներկայացուին եւ քննարկուին Հայաստանի տեղեկատուական ոլորտի զարգացման միտումները եւ միջազգային ասպարէզին մէջ Հայաստանի հեռանկարները: 31 մայիսին այս մասին խօսած են ֆորումին նախաձեռնող հայաստանեան առաջատար կազմակերպութիւններու ղեկավարները: Անոնք համոզում յայտնած են այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կայանալիք ֆորումը լաւ բեմ է միջազգային համագործակցութիւնը խթանելու, ներդրումներ ներգրաւելու, ոլորտի մասնագէտներուն միջեւ համագործակցութեան կայացման նպաստելու առումով:
Ֆորումը իւրայատուկ պիտի ըլլայ այն առումով, որ պիտի նուիրուի 5 նորաստեղծ կազմակերպութիւններու: «Ձեռնարկութիւններու ինկուբատոր հիմնադրամ»-ի տնօրէն Բագրատ Ենգիբարեանի համաձայն, տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի աշխարհի քարտէսին վրայ հայաստանեան շարք մը կազմակերպութիւններ վերջին տարիներուն հաստատուն դիրքեր գրաւած են: Զարգացումը ակնյայտ է, ու այսպիսի նախաձեռնութեան մը կայացումը կարեւոր է Սիլիքոն Հովիտին մէջ:
«Երկու հիմնական հարց պիտի քննարկուի: Առաջինը` հայկական կազմակերպութիւններու յառաջխաղացումն է աշխարհի մէջ, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու շուկային եւ Սիլիկոն Հովիտին մէջ, եւ երկրորդը` կրթական հարցերն են, թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ կրթութիւնը, որպէսզի կարենանք մեր հիմնական մրցակցային առաւելութիւնը` մարդկային մակարդակը, հետագային շարունակել այսպիսի կշռոյթներով զարգացնել եւ բարձրացնել մեր մրցունակութիւնը», ըսած է ան:
«Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու» միութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսանդր Եսայեանի համաձայն, ոլորտի հայաստանեան կազմակերպութիւններուն համար ֆորումը շատ կարեւոր է հոն գործող ընկերութիւններուն փորձառութեան ու գործունէութեան ծանօթանալու առումով: Իրենք յատկապէս կարեւոր կը նկատեն ոլորտին մէջ կրթութեան վերաբերող հարցերը:
«Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու գործատուներու միութեան» նախագահ Արմէն Բալդրեան նկատել տուած է, որ Սիլիքոն Հովիտին մէջ կայացող միաժողովները միշտ ալ եղած են արդիւնաւէտ: Ան հաստատած է, որ այս ոլորտին մէջ Հայաստանը պատրաստ է նոր թռիչքներու:
«Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի այսպիսի երկրի մը համար Սիլիքոն Հովիտին մէջ երկու տարին անգամ մը այսպիսի նախաձեռնութեան կայացումը երբեք շռայլութիւն չէ:
Նախորդ ժողովի արդիւնքներուն մասին խօսած է տնտեսութեան փոխնախարար Էմիլ Տարասեան: Ան շեշտած է, որ իրենք աշխարհահռչակ շարք մը կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրած են, օրինակ` «Այ.Պի. Էմ»-ի, «ՍՍԻՍԿՕ»-ի, «Մայքրոսոֆթ»-ի:
Յայտնենք, որ ակնկալիքները մեծ են, իսկ յստակ արդիւնքներու մասին կազմակերպիչները խոստացած են մանրամասնել արդէն յունիսի 10-ին Սիլիքոնային Հովիտին մէջ կայանալիք ժողովէն ետք:
Սկսած Են Ընդունելու «Աւրորա»
Մարդասիրական Մրցանակին
Դիմումները
«Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի մասնակցութեան համար դիմում ներկայացնելու առիթը բացուած է: Զանոնք կարելի է ներկայացնել 1 յունիս 2016-էն մինչեւ 9 սեպտեմբեր 2016` www.auroraprize.com կայքին միջոցով:
Հաղորդենք, որ «Աւրորա» մրցանակը կը փնտռէ պատմութիւնները այնպիսի անհատներու, որոնք կը վտանգեն իրենք զիրենք` յանուն դիմացինին օգնելու: Մրցանակը կը տրուի ամէն տարուան 24 ապրիլին, Երեւանի մէջ, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն անունով` իբրեւ երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն:
Մրցանակի դափնեկիրին կը տրուի 100 հազար տոլարի պարգեւ, իսկ զայն ներշնչած բարեսիրական կազմակերպութիւններուն` 1 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ ներկայացնելու կարելիութիւն:
Ոեւէ անձ կրնայ առաջադրել իր թեկնածուն, որ յաղթահարած է մարտահրաւէրներ` բացառիկ ազդեցութիւն ձգելով մարդկային կեանքի փրկութեան եւ մարդասիրական հիմնահարցերու յառաջխաղացման վրայ:
«Ինչպէս «Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիր Մարկարիթ Պարանքիցէն, ես նոյնպէս ականատես եղած եմ սարսափելի վայրագութիւններու, զորս մարդիկ ընդունակ են իրարու հանդէպ գործելու: Ասիկա ծնունդ կու տայ խոր երախտագիտութեան զգացումի` հանդէպ այն մարդոց, որոնք իրենց անձնական կեանքը կը վտանգեն` յանուն իրենց նմանին օգնութեան: Ահա այսպիսի մարդիկ կը մեծարէ «Աւրորա» մրցանակը», ըսած է մրցանակի Ընտրող յանձնախումբի համանախագահ Էլի Վիզելը:
Նշենք, որ այս տարուան ապրիլին «Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիրը դարձաւ Պուրունտիի «Խաղաղութեան տան» հիմնադիր Մարկարիթ Պարանքիցէն, որ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն փրկած եւ խնամած է 30 հազար փոքրիկներ, որբեր եւ գաղթականներ:
Հայաստան Այցելած Զբօսաշրջիկներուն
Թիւը Աւելցած Է 8,6 Տոկոսով
2016 թուականի առաջին եռամսեակին Հայաստան այցելած է 252 հազար 506 զբօսաշրջիկ: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան համաձայն, 2015 թուականի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, այդ թիւը աւելցած է 8,6 տոկոսով:
2016-ի առաջին եռամսեակին զբօսաշրջութեան նպատակով հանրապետութենէն մեկնած է 227 հազար 499 մարդ, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն 5,9 տոկոսով աւելի է:
Ըստ պանդոկներէն ստացուած հաշուետուութիւններուն, 2016-ի յունուար-մարտին Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն 32,2 տոկոսը եկած է ԱՊՀ երկիրներէն, 14,6 տոկոսը` Եւրոպական Միութեան երկիրներէն:
Այս տարուան երեք ամիսներուն 35,3 տոկոսով աւելի շատ Իրանի քաղաքացիներ այցելած են Հայաստան: Բարձրացած է թիւը Քանատայէն, Գերմանիայէն, Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն եկած զբօսաշրջիկներուն: