Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ` Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Բ). Ազգային Ինքնութիւն

June 8, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ինքնութիւնը կաղապարուած հասկացողութիւն չէ, այլ չաւարտուող ընթացքով կազմաւորում է, պայմանաւորուած` գլխաւորաբար ազգի անցեալ պատմութեամբ, անոր ստեղծած քաղաքակրթական արժէքներով եւ ապագայի տեսլականով ու նպատակներով: Կը նշանակէ, որ ընդհանուր առումով, ինքնութեան կազմաւորման վրայ հիմնապէս ներազդողը մշակոյթն է:

Կասկած չկայ այն մասին, որ ազգային ինքնութեան մշակումին մէջ հիմնական ազդակ է լեզուն, որուն ուսուցումը, պահպանումն ու գործածութիւնը անհրաժեշտ ու առաջնահերթ օրակարգ են ինչպէս հայրենիքի, նոյնպէս եւ սփիւռքի մէջ, որովհետեւ սերունդները անով պիտի հաղորդակցին իրարու հետ, անով է որ պիտի հաղորդուին մեր մշակոյթով ու ազգի քաղաքակրթութեան բիւրեղացուցած արժէքներով: Անիկա նաեւ է՛ հիմնաքարը լեզուամտածողութեան, որ անշրջելի կը դարձնէ ազգային գիտակցութիւնը: Սակայն իրատեսութիւնը կը յուշէ մեզի, որ ընդհանրապէս հայակրթութեան, որով եւ լեզուական հարցին մէջ սփիւռքեան կառոյցներու հասանելիութիւնը շատ սահմանափակ է: Շատ մը վայրերու մէջ նոյնիսկ ամէնօրեայ վարժարան չկայ:

Սփիւռքահայութեան ներկայ սերունդին մեծամասնութիւնը  հայերէնի շատ մակերեսային ճանաչողութիւն ունի կամ բնաւ չունի: Լեզուամտածողութենէ զուրկ է ան: Միաժամանակ անգիտակ է հայոց պատմութեան եւ քաղաքակրթական տարատեսակ միջավայրերու, երբեմն նաեւ հակադիր արժէքներով առաջնորդուող ընկերութեանց մէջն է, որ կ՛աճի ան: Խոստովանինք նաեւ, որ հայակրթութիւն ջամբելու մեր հասանելիութենէն քիչեր կ՛օգտուին: Համեմատական թիւերով, կ՛ենթադրուի, օրինակ, թէ միա՛յն Քալիֆորնիոյ մէջ շուրջ 5-6 հազարի դիմաց մօտաւորապէս 100 հազարէ աւելի հայորդիներ զրկուած են հայկական դպրոցէ , հայերէնի ուսուցումէ: Նոյնն է Միացեալ Նահանգների մնացեալ շրջաններուն կացութիւնը: Պատկերը աւելի մխիթարական չէ Ֆրանսայի մէջ կամ այլուր: Տակաւին հարցական ալ է, թէ հայկական դպրոց  յաճախողներուն քանի՞ տոկոսը կը հաղորդակցի հայերէնով, կը հաղորդուի մեր մշակոյթով կամ գէթ  կ՛ընտելանայ անոր :

Հայակրթութիւնը  պէտք չէ շփոթել հայախօսութեան հետ ու ատով ալ սահմանափակուիլ: Մեր առօրեային մէջ լեզուն կենսական է եւ կեանքի չափ կարեւոր, բայց անիկա ազգային մտածողութիւն կը ստեղծէ եւ ինքնութիւն կը կերտէ այն պարագային, որ ենթական անով կը յարաբերի ու հաղորդութեան մէջ կը մտնէ իր ազգի անցեալի փառքին, պանծալի ու ցաւալի դէպքերուն, հերոսներուն, մշակոյթի գործիչներուն ու արժէքներուն հետ: Նաեւ, եթէ անով կը յարաբերի անձնական ու հաւաքական իր յուշերուն հետ: Այլապէս լեզուն կ՛արժէ այնքան, որքան որ անոր պէտքը կը զգացուի մտածում արտայայտելու կամ փոխանցելու համար: Եւ գիտենք, որ սփիւռքահայ երիտասարդը իր առօրեային մէջ այնքան ալ պէտք չունի հայերէնին` իր մտածումը արտայայտելու կամ փոխանցելու համար…

Սփիւռքեան ներկայ պայմաններու մէջ ինչպէ՞ս պիտի մշակուի սերունդին ազգային ինքնութիւնը: Մտատանջող խնդիր, որուն լուծումին համար կարելի չէ գրաւ դնել միայն հայակրթութեան վրայ, քանի որ ծանօթ է մեր տկարութիւնը այդ մարզին մէջ:

Թերեւս մասամբ կրնանք դիմագրաւել կացութիւնը, եթէ սերունդին մօտ շեշտը դրուի ու անոր սեւեռումը յարատեւ կեդրոնացուի` ինքնութեան մշակումին ու կազմաւորման երեք գլխաւոր առանցքներուն` մեր ազգի անցեալին, Հայաստանի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ ազգային մեր ապագայ նպատակներուն ու տեսլականին վրայ:

Անցնող տարիներու ընթացքին տիտանեան ճիգերու շնորհիւ ու քարոզչական տարաբնոյթ միջոցառումներով կարելի եղաւ սերունդներուն գիտցնել, որ իրենք ժառանգորդներն են ցեղասպանուած ու հայրենահանուած ժողովուրդի մը` հայ ժողովուրդին: Ասիկա մօտաւոր անցեալի  ողբերգական պատմութեան իմացութիւնն է:  Անոնց մօտ մշակուեցաւ ու զարգացաւ նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու-դարմանելու եւ կորուսեալ հայրենիքի իրաւունքին տէր կանգնելու պարտքի զգացումը եւ պայքարելու կամքը: Այս ալ դէպի ապագայ հայող նպատակն է, ձգտումը: Սակայն խոստովանինք, որ թերացած կամ խուսափած ենք Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքի ծալքերը սփիւռքեան օրակարգին մէջ ներառելէ ու անոնց նկատմամբ դիրքաւորում ցուցաբերելէ:

Մօտաւոր անցեալի ողբերգութեան գիտակցութեամբ եւ կորուսեալ հայրենիքին տէրը դառնալու  ձգտումներով պիտի սնանի ու ազգային ինքնութիւն պիտի կազմաւորէ հայակրթութենէ զուրկ ու ոչ հայախօս սփիւռքահայ սերունդը, մանաւանդ երբ անոր կը փոխանցուի նաեւ հայրենիքի  խնդիրներով տագնապելու տենդը:

Ասիկա առաջարկ մըն է, բնականաբար նաեւ` աշխատանքի հրաւէր, որ կը պահանջէ գաղթօճախներու ներքին կազմակերպուածութիւն, հայ մարդոց ամբողջական ցանկագրում, բառին լայն իմաստով համացանցային տեղեկատուութիւն ու քարոզչական-յարաբերական «յարձակումներ»` հայ մարդոց համակարգիչներու վրայ`

ե-նամակագրութեան, դիմատետրի, թիւթըրի, ընդհանրապէս ընկերային ցանցերու օգտագործումով:

Շատերուն համար վախազդու եւ հին խորանները քանդող համաշխարհայնացումը նշանակալի առաւելութիւններ կ՛ընձեռէ «համաշխարհայնացած» հայկական սփիւռքին` համացանցի միջոցով իրարու հանդիպելու, մեր հարցերուն մասին խօսելու, վերջապէս` իրարու հետ յարաբերութիւններ մշակելու համար:

Կրկնենք. սխալ հասկցուելու վտանգին գնով կրկնենք, որ այո՛. լեզուն հաղորդակցութեան կարեւոր միջոց է, ոմանց համար նոյնիսկ ինքնութիւն է, բայց ի վերջոյ կարեւոր է նոյնպէս, թէ այդ լեզուով ի՞նչ երազի, ինչպիսի՞ ձգտումներու, ո՞ր գաղափարի ու նպատակի հետ կը հաղորդակցիս: Ծանօթ շատ ազգերէն միայն մէկը նշելու համար, չմոռնանք, օրինակ, որ ֆրանսախօս կամ գերմանախօս զուիցերիացիները իրենք զիրենք գերմանացի կամ ֆրանսացի չեն նկատեր, որովհետեւ իրենց ձգտումները, նպատակներն ու ապագայի տեսլականը կը տարբերին նոյն լեզուն գործածող գերմանացիներէն, ֆրանսացիներէն… Այս հետեւութեամբ ալ, նոյնպէս, Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը, հայրենիքի կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ ապագայի ազգային-քաղաքական նոյն ձգտումներն ու տեսլականը պիտի դառնան այն պորտակապը, որ օտարախօս մեր տղաքը ազգէն անքակտելի պիտի ընէ: Կա՞յ արդեօք այս առաջարկը փոխարինող այլ միջոց…

Մարգարէներու պէս սփիւռքահայ ներկայ ու եկող սերունդին «կորուստը» ողբալու, անոր  հաշուոյն անճարութեամբ ծունկ ծեծելու կամ ստեղծուած կացութեան համար աջ-ձախ մեղադրանքներ արձակելու փոխարէն` նախամեծար է, որ նուիրուինք մտածումի ճիգի մը` որոնելու համար ներգործող միջոցներ, որոնք օտարախօս հայերը պիտի վարակեն համահայկական ձգտումներով, համազգային տեսլականով:

Աթէնք, 15 մարտ 2016

Նախորդը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Նախակրթարանի «Ես Մի Ծիլն Եմ Քո Արտի» Հանդէս

Յաջորդը

«Թուրքիայէն Ներումի Հայց Եւ Փոխհատուցում Կը Սպասենք» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.