Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պատեր… Անապատներ

February 4, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կարելի չէ գերագոյն յաղթանակ համարել, բոլոր կռիւներու ընթացքին, պայքարիլն ու նուաճելը: Գերագոյն յաղթանակը այն է, երբ կը յաղթես առանց կռուելու»:

Սուն Ցու (544-496 Ք.Ա.)

Եթէ Սպիտակ տան նոր վարձակալին ըսուի Սուն Ցու անունը, հաւանաբար ան շուտով պիտի ենթադրէ, որ խնդրոյ առարկայ անձը մեծահարուստ այն չինացիներէն է, որ բաժնետոմսերու շուկային մէջ, առաջնահերթ դեր ունի եւ առանձինն տնտեսական քայլեր առնելով` կրնայ բարձրացնել կամ նուազեցնել բաժնետոմսեր:

Ո՛չ, պարո՛ն նախագահ, Սուն Ցուն այդ քու երեւակայած Ծայրագոյն Արեւելքի «Էսթեպլիշմընթ»-ին մաս չկազմէր, ո՛չ դրամատէր է, ո՛չ ալ երկնաքերներու կամ աշտարակներու տէր: Դեռ աւելի՛ն. ան ապրած է Քրիստոսէ առաջ… շա՜տ առաջ, երբ կրօնական այդ տարբերութիւնները չկային, երբ բազմաթիւ երկիրներ գոյութիւն չունէին… երբ Քրիստափոր Քոլոմպոսներ եւ այլ երկրախոյզներ առաջին անգամ ըլլալով ոտք չէին դրած Նոր Աշխարհ:

Նոր Աշխարհ մը, ուր բնիկ հնդիկներ կ՛ապրէին իրենց կեանքը, եւ այսօր արդէն իսկ տնտեսա-քաղաքական հաշիւներով եւ գոհացնելու համար քարիւղի ընկերութիւններ, կ՛օգտագործուին իրենց իրաւունքները:

Պարո՛ն նախագահ, Սուն Ցուն չինի հռչակաւոր ռազմագէտ մըն էր, նաեւ փիլիսոփայ: Անոր «Պատերազմին արուեստը» գործը ցայսօր կը նկատուի ամէնէն աւելի կարդացուող եւ ռազմագիտութիւն ուսանող գլուխ գործոց մը:

Վերոյիշեալ խօսքին եւ այլ իմաստալից հաստատումներու մէջ Սուն Ցու կը ներկայացնէ շինիչ գաղափարներ, որոնք կրնան արտառոց եւ անտրամաբանական նկատուիլ, սակայն խորքին մէջ տեղին եւ ճիշդ են:

Պարո՛ն նախագահ, տասնեակ մը օրերէ ի վեր Սպիտակ տան բանալին ստացած էք, արդէն իսկ անխոհեմ, անարդար եւ մտահոգիչ որոշումներ կու տաք եւ հրահանգներ կ՛արձակէք, երեւոյթ մը, որ կրնայ ժխտական հետեւանքներու յանգիլ:

Բնականաբար բոլորիս փափաքն է ունենալ ներքին թէ արտաքին ապահով ենթակառոյց մը, որպէսզի կարենայ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ: Պայթուցիկ կացութիւն մը, որուն յաւելեալ կրօնական բնոյթ եւ երանգաւորում տալը, կրնայ բոլորովին հակառակ ազդեցութիւն ունենալ եւ դաւանանքի մը պատկանող չնչին համեմատութեան մը թիւը զգալիօրէն բարձրացնել:

Կրկին վերադառնալով Սուն Ցուի խօսքերուն` յաղթականը այն է երբ գիտեն ե՞րբ զէնք վերցնել եւ ե՞րբ չվերցնել: Նաեւ յաղթականը այն կողմն է, որ կրնայ լաւապէս տիրապետել թէ՛ զօրաւոր եւ թէ՛ տկար ուժերու վրայ:

Հետեւաբար պէտք է լաւապէս թօթափել ձեր ստեղծած գերակայութեան բարդոյթը, կամ ալ այլոց համար տարբեր նկատուող ստորակայութեան բարդոյթը:

Մեքսիքայի սահմանին շուրջ պատ բարձրացնելու ձեր որոշման, առաջին քննադատը պիտի ըլլար նոյնինքն Սուն Ցուն, այն երկրի քաղաքացին, որուն` Միացեալ Նահանգների ունեցած պարտքերը կը գերազանցեն երկնաքերերը: Հաւանաբար ան պիտի առաջարկէր, որ այդ հարաւի պատին կողքին, ամբողջացնելու համար անապատային կացութիւնը, նմանօրինակ պատ մըն ալ պէտք էր հիւսիսային սահմանին վրայ կառուցուէր կանխելու համար տեղացիներու դէպի Քանատա հոսքը:

Հուսկ, ահաբեկիչ երկիրներու ցանկին եւ ցանցին մասին խօսելով` տեղին է ակնթարթ մը վերատեսութեան ենթարկել ընդհանրապէս գործող ահաբեկիչներու քաղաքացիութիւնն ու ահաբեկչութիւններու վայրն ու աղբիւրը…

Ցաւօք… Կ՛ընթանանք դէպի պատ… պատեր… անտէր ու անտիրական անապատներ:

Նախորդը

Համաշխարհային Գեղանկարիչ Գէորգ. «Պաստառներս Տագնապահար Ներաշխարհէս Բխած Անդրադարձներ Ու Աղաղակներ Են»

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Թօթափենք Ստրկամտութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.