Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաշխարհային Գեղանկարիչ Գէորգ. «Պաստառներս Տագնապահար Ներաշխարհէս Բխած Անդրադարձներ Ու Աղաղակներ Են»

Փետրուար 4, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող տարուան նոյեմբերին «Նոազ Արք» նշեց իր հիմնադրութեան քսանամեակը, որուն առիթով Պէյրութ ժամանած էր նաեւ հայրենի լաւագոյն արուեստագէտներէն Գէորգ Եղիազարեանը, որուն հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ քուէյթեան «Ժարիտա» պարբերականը, որ թարգմանաբար ստորեւ կու տանք ամբողջութեամբ:

Հայկական Բարձրաւանդակէն  Պէյրութի շուկաները հասաւ` հետը բերելով այդ երկրին անուշաբոյր սիւքին գոյները… բարի երկրին: Գեղանկարիչ Գէորգ Եղիազարեանն է ան, որուն գործերը ականառու էին «Արուեստը որպէս կեանքի հրաւէր» ցուցահանդէսին մէջ: Գէորգ Եղիազարեանի գործերը ցուցադրուած  են  աշխարհի բոլոր կողմերը` Ասիայէն Եւրոպա, ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Անոր թափանցիկ գոյներով  յորդաբոց  արտայայտչաձևերը, որոնք կեանքի ամենախոր արժէքներու որոնումն են, մեծ տարածում գտած են համաշխարհային ցուցասրահներու մէջ եւ արուեստի մասնագիտական պարբերաթերթերու էջերուն վրայ:                                                       

Սուլէյմա  Շահին (Պէյրութ)

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ է պատճառը, որով կ՛ուզէք անակնկալի բերել ակնդիրը` միւս  գեղանկարիչներէն  տարբեր ոճ մը օգտագործելով:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նպատակս ոեւէ մէկը անակնկալի բերել չէ: Զգացումներս կ՛արտայայտեմ համապատասխան միջոցներով` ե՛ւ ձեւերու, ե՛ւ գոյներու իմաստաւորումով: Ինծի համար բաւական է, որ ընտրանի մը կայ, որ կը հաւնի ու կը հասկնայ գործերս:

Հ.- Ձեր ապրումները արտայայտելու համար այս անգամ ձեր սովորական ոճէն տարբեր միջոցներ օգտագործած էք: Ինչո՞ւ:

Պ.- Քննադատներէն ո՛վ ալ որ գործերուս կը նայի, անմիջապէս կ՛իմանայ, թէ գործին տէրը ես եմ, նոյնիսկ` ստորագրութիւնս նկատելէ առաջ: Սակայն, անշուշտ, բազմաթիւ փուլերէ անցած եմ արուեստի եւ զգացական ոլորտներու մէջ եւ զանոնք շարք մը ձեւերով արտայայտած եմ: Եւ ա՛յս է, որ կը կոչեմ զանազանութիւն իւրայատկութեան մէջ, տրուած ըլլալով, որ գետերը ի վերջոյ բոլորն ալ մեծ ովկիանոսին մէջ կը թափին:

Հ.- Ինչպէ՞ս, ուրկէ՞ սկսաւ արուեստի ուղիդ եւ ինչպէ՞ս զարգացաւ:

Պ.- Դժուարին եղած է մանկութիւնս: Շրջապատէս միշտ տարբեր եղած եմ: Յաճախ կ՛երթայի մեր տան պարտէզը եզերող ցանկապատին քով եւ անոր փայտերուն վրայ կը փորագրէի, ինչ որ կը թելադրէր երեւակայութիւնս` նիւթեր եւ ձեւեր, որոնք մտքիս մէջ իրարու դէմ կը մաքառէին:

Ութ տարեկան էի, երբ անդիմադրելի ցանկութիւն մը ունեցայ կուրծքիս տակ խարխափող բաները արտայայտելու: Այս ցանկութիւնը զիս մղեց, որ թուղթի վրայ գծեմ եւ այդ եղաւ ինքզինքս ճանչնալու միջոցը: Անդրադարձայ, որ արուեստը արդէն տիրապետած էր էութեանս եւ կը հոսէր երակներուս մէջ: Եւ սկսայ ճշմարտութեան որոնումը, որ  վրձինը ձեռքս առնելէն ի վեր կը շարունակուի: Վրձինն էր, որ զիս ազատագրեց ցրուածութենէս եւ օգնեց, որ ազատ-անկախ  շրջիմ մարդկային  հոգիին  ծալքերուն  մէջ: Գոյներով եւ ստուերով թաթաւուն մատներովս շօշափեցի անոնց եռեւեփումները, մինչեւ որ այսօր հասայ զանոնք  յատուկ արտայայտչաձեւերով    դրսեւորելու   իրավիճակին:

Հ.- Գործերուդ մէջ դէմքերը ընդելուզուած են` առանց ամբողջանալու: Արդեօք դուն կ՛ուզես, որ անոնք հոգիի ու սրտին աչքերո՞վը ընկալուին:

Պ.- Այս կրկնուող դէմքերը, գործի մը մէջ, մէկ անհատի իրավիճակը կ՛արտայայտեն: Իւրաքանչիւր անհատ ունի տարբեր դէմքեր, որոնք կ՛արտայայտեն անոր ներսիդին մարտնչող տարբեր ցանկութիւնները. անոնք, նոյն ատեն կորսուած դէմքեր են, որոնք անխոնջ կերպով ճշմարտութիւնը կ՛որոնեն: Եւ գերիրապաշտ  վիճակը, որ ոմանք գործերուս մէջ կը տեսնեն, անկեղծ ու իրական արտայայտութիւնն է տրտմութեան, ուրախութեան եւ այլ ապրումներու, ինչպէս նաեւ` մերժումի աղաղակներ, որոնք խրուած են տագնապալի անհատականութեանս մէջ:

Հ.- Ի՞նչ կը զգաս, երբ գործ մը աւարտես: Գոհացումի՞, թէ՞ նպատակիդ  չհասնելու եւ գործը թերաւարտ ձգելու զգացում:

Պ.- Իմ պարագայիս նկար մը վերջնականապէս չ՛ամբողջանար, այլ կը շարունակուի ուրիշ եզրերով, եւ ամէն անգամ, որ աւարտին մօտենամ, տարօրինակ զգացում մը կ՛ողողէ զիս եւ կ՛անդրադառնամ, որ ուզածիս չեմ հասած, եւ ապա ետ կը դառնամ` կրկին փորձելու:

Հ.- Որո՞նք են այն արուեստագէտները, որոնք ազդած են վրադ:

Պ.- Էլ Կրեքոն, որուն գործերը ամբողջ 300 տարիներ անտեսուած մնացին: Անոր գործերը, որոնք կը յատկանշուէին  շեղած  ձեւերով, լայն գոյներով, աշխարհի կողմէ ճանչցուեցան 20-րդ դարուն եւ ընդունուեցան որպէս մեծ արժէք  ներկայացնող արուեստ: Քանդակագործ, ճարտարապետ եւ գեղանկարիչ  յոյն այս արուեստագէտը ծնած է Քանտիայի մէջ (Յունաստան), 1541 թուին եւ մահացած է 1641-ին Սպանիոյ մէջ, ուր անցուցած է կեանքին մեծ մասը: Անոր բիւզանդական ոճի գործերը վերածուած են եւրոպականի, եւ ան կը համարուի մէկը 16-րդ դարու Եւրոպայի ամենամեծ արուեստագէտներէն, որոնք ստեղծեցին վերածնունդի սերունդը:

Վինսենթ Վան Կոկ, կերպարուեստի հոլանտացի վարպետը, որ  ջանաց  առաւելագոյն չափով   օգտագործել լոյսի եւ ստուերի ալիքաւորումը,    բացայայտել զանոնք  իր վրձնահարուածներով: Ծնած է 1853-ին, Հոլանտա եւ 37 տարեկանին անձնասպան եղած ու թաղուած է Ֆրանսայի մէջ: Տպաւորապաշտ դպրոցի ամենածանօթ, աշխարհահռչակ   արուեստագէտն է, որուն գործերը ամենաթանկերն են արուեստի աշխարհին մէջ: Վան Կոկ նկարած է աւելի քան 800 իւղաներկ գործեր, որոնց մէջ դրսեւորած է իր ցանկութիւններն ու ապրումները:

Ապա  Ուիլիըմ Թըռնըր բրիտանանցի գեղանկարիչը, որուն տաղանդը  ի յայտ  կու գայ բնանկարներու մէջ: Ան ծնած ու ապրած է Անգլիոյ մէջ (1775-1851): Կը համարուի ջրաներկով աշխատող արուեստագէտներու  մեծերէն մին, թէեւ իր ռոմանթիկ-տպաւորապաշտ իւղաներկ գործերը եւս մեծ հռչակ ապահոված են իրեն: Նոյնն է պարագան անոր վերացական գործերուն, որոնք իրենց ժամանակէն շատ առաջ ստեղծուած են: Ծանօթ է, որ այդ դպրոցը սկսաւ տարածուիլ 20-րդ դարու սկիզբը:

Եւ կայ Արշիլ Կորքին, հայ գեղանկարիչը, որ իր վրձինով  գլեց-անցաւ արուեստի բոլոր դպրոցները, եւ որուն գործերը միջազգային թանգարաններու պատերը կը զարդարեն` Նիւ Եորքի, Փարիզի եւ Լոնտոնի մէջ:

Ոստանիկ Մանուկ  Ադոյեան  ծնած է 1904-ին Հայաստան, եւ մահացած է 1948-ին, Միացեալ Նահանգներ անձնասպան ըլլալով: Անոր ոճը կը յատկանշուի տպաւորապաշտութեամբ, գերիրապաշտութեամբ, վերացականութեամբ:   Ան կը համարուի ամերիկացի կարեւորագոյն արուեստագէտներէն:

Հ.- Նշեալ արուեստագէտներուն ազդեցութիւնը կը տեսնե՞ս գործերուդ վրայ:

Պ.- Հոգիս սնանած է այդ արուեստագէտներու ոճերով: Երեւակայութիւնս միախառնուած է անոնց թափանցիկ ու միաժամանակ խոր տեսիլքներուն, սակայն արուեստի արտադրութիւնս կը մնայ տարբեր այն բոլորէն, որ իրագործած են ուրիշները:

Հ.- Ի՞նչպէս կ՛ընթանաս աշխատանքիդ մէջ. իրականութենէն դէպի երա՞զ, թէ՞ կը փափաքիս երազներդ  իրականութեան վերածել:

Պ.- Սկիզբ կամ վերջ չունին գեղանկարներս: Անոնք կազմուած են հարցադրումներէ, որոնց պատասխանները կը փնտռեմ: Այսուհանդերձ, ներքին խաղաղութեամբ մը կ՛ապրիմ ուրոյն աշխարհիս մը մէջ եւ կրկին ու կրկին կը փորձեմ կտաւներս թաթխել այն երանգներուն մէջ, որոնք    հոգեվիճակներս  կը բացայայտեն:

Հ.- Քուէյթը արուեստի ջատագով մայրաքաղաք է:

Պ.- Գէորգ խօսեցաւ նաեւ արաբական երկիրներու մէջ կերպարուեստի ցուցահանդէսներ կազմակերպելու մասին, եւ ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներու մէջ գործերս աներեւակայելի ընդունելութիւն գտած են»: Առիթ չեմ ունեցած այլ ցուցադրութեանց մաս կազմելու. այդուհանդերձ,  մէկէ աւելի անգամներ Պէյրութի մէջ ցուցադրուած եմ: Ներկայիս հետս կապ կը պահուի Քուէյթի մէջ կայանալիք ցուցահանդէսի մը համար, եւ փափաքս մեծ է ասիկա իրականացնելու: Կը թուի, որ Քուէյթը վերածուած է արուեստները քաջալերող ժամանակակից մայրաքաղաքի մը, ինչպէս նաեւ հոն կառուցուեցաւ օփերայի շէնք  մը, եւ ասիկա   գնահատելի  ու գեղեցիկ երեւոյթ մըն է:

Նախորդը

Մեր Խօսքը. Յեղաշրջման Ուղիով

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պատեր… Անապատներ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?