Յօդուածներ

Խմորո՞ւմ Մը Կը Պատրաստուի

Խմորո՞ւմ Մը Կը Պատրաստուի

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Վերջերս, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութիւն մը հրատարակեց՝ յայտնելով, թէ դաշնակցական պատգամաւորները դէմ պիտի քուէարկեն սահմանադրութեան վերամշակուած նախագիծին, որովհետեւ անիկա չի նպաստեր պետական համակարգի բարելաւումին, չի համապատասխաներ համակարգը առաւել ժողովրդավարացնելու կուսակցութեան պատկերացումին, հետապնդած նպատակին… Նախագիծը Ազգային ժողովէն քուէարկուած ըլլալով, արդէն իսկ նախագահական հրամանագիրով որոշուած է հանրաքուէի թուականը՝ 20 Փետրուար 2017: Մշակուած նախագիծով փոխանակ անցում կատարելու խորհրդարանական համակարգի, իշխանութիւնը...

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

Թրամփի «100 Օրերու Մեղրալուսին»-ը` Կրճատուած

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քաղաքական աշխարհին մէջ չգրուած օրէնք մը կ՛ըսէ, որ նորընտիր նախագահ մը կամ նորակազմ կառավարութիւն մը 100 օրերու «մեղրալուսնի շրջան» մը կ՛ունենայ, այդ ժամանակամիջոցին ըստ բաւականին կը յստականայ, թէ տուեալ իշխանաւորը ի՞նչ ուղղութիւն պիտի տայ իր վարած կառքին` պետական գործերուն տարբեր բնագաւառներուն մէջ, ներքին ու արտաքին գետիններու վրայ: Տոնըլտ Թրամփ յաջողեցաւ աւանդական ժամանակաշրջանը սեղմել շուրջ երկու շաբաթներու մէջ, երբ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն 22 յունուարին, Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն` ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: Սարկաւագական կարգ ստացան` Վարդան կիսրկ. Տէր Մարտիրոսեան եւ Յովիկ կիսրկ. Ղուկասեան: Ձեռնադրման կարգի աւարտին սրբազան հայրը բացատրեց Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան փոքր աստիճանները` մինչեւ սարկաւագական կարգը: Ան նաեւ անդրադարձաւ ձեռնադրուողներու  կենսագրութեան:...

Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն. Մերձեցման Հարցեր

Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն. Մերձեցման Հարցեր

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ Ներկայիս Ներկայիս ամբողջ հայութիւնը բոլորովին նոր իրադրութեան մը առջեւ կը գտնուի: Կայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իր Ազգային ժողովով, որ Համազգային բոլոր հիմնահարցերը անկաշկանդ քննարկելու կարելիութիւնը ունի: Լեզուի հարցով հսկայական հարցեր կան ե՛ւ հայրենիքի մէջ, ե՛ւ դուրսը, թէ՛ արեւմտախօս, թէ՛ արեւելախօս մեր մեծ զանգուածներու շրջանակներուն մէջ: Հարցեր, որոնք երեւան եկան գլխաւորաբար յետանկախացման շրջանին, ատոր պատճառով կամ զուգադիպաբար: - Նախկին ներքին...

Արժանթինահայ Բժիշկ Դանիէլ Ստամպուլեան Աշխարհի Հայ Բժիշկներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Մասնակցելու Հայ Բժիշկներու Միջազգային 12-րդ Համագումարին

Արժանթինահայ Բժիշկ Դանիէլ Ստամպուլեան Աշխարհի Հայ Բժիշկներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Մասնակցելու Հայ Բժիշկներու Միջազգային 12-րդ Համագումարին

Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, համագումարին նշանաբանն է «Առողջութիւնը խթանելու, համարկելու եւ նորամուծութեան մարտահրաւէրներ»: Համագումարի նախագահ, Արժանթինի մէջ նշանաւոր բժիշկ, «վարակաբան», վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ պայքարի «Ֆայտեք Արմենիա» հիմնարկի հիմնադիր Դանիէլ Ստամբուլեան աշխարհի հայ բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն կոչ ուղղած է` օգտուելու ընձեռուած կարելիութենէն եւ այցելելու Պուէնոս Այրես` հարստացնելու իրենց գիտելիքները, փոխանակելու փորձառութիւններ եւ միասնաբար քննարկելու Հայաստանի առողջապահական համակարգի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ուղիները:...

Գրիգոր Զոհրապից Մինչեւ Հրանդ Տինք, Հարիւրամեայ Մենութիւն

Գրիգոր Զոհրապից Մինչեւ Հրանդ Տինք, Հարիւրամեայ Մենութիւն

ՕՇԻՆ ՉԻԼԻՆԿԸՐ Տինքի սպանութիւնից որոշ ժամանակ անց` 2007 թ. փետրուարի 16-ին, մեր թերթի սիւնակագիրներից Օշին Չիլինկիրը` Հրանդ Տինքի մտերիմ ընկերը, յօդուած է հրապարակում, որտեղ Հրանդ Տինքին համեմատում է Միութիւն եւ առաջադիմութիւն կուսակցութեան կողմից սպաննուած մտաւորականներից փաստաբան, գրող եւ պատգամաւոր Գրիգոր Զոհրապի հետ: Յօդուածը, որոշ իմաստով, ոչ վաղ անցեալի պատմութեան վերլուծութիւն-խրատ է: «Ակօս»-ի 10-րդ տարելիցին նուիրուած համարում եւս մէկ անգամ հրապարակում...

Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն. Մերձեցման Հարցեր

Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն. Մերձեցման Հարցեր

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ Պատմական Ակնարկ Հայերէնը մէկ եւ անտրոհելի հասկացողութիւն է բոլոր հայերուս համար, անկախ անկէ` թէ որակապէս իրարմէ որքանո՛վ կը տարբերին մեր խօսուածքները` բարբառ ըլլան անոնք, խօսակցական լեզու, թէ գրական հայերէնի ճիւղերէն մէկը: Գրական հայերէնի երկու ճիւղերը` արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը, երբեք չեն դիտուած իբրեւ երկու լեզուներ, որովհետեւ զանոնք կրողները դաւանած են մէկ հայրենիքի ու մէկ ազգի գաղափարը, հետեւաբար զանոնք նկատած...

Արմենակին «Քրիստալ Տը Պոհեմիա»-ով  Ազնուական Կապոյտ Ուիսքի Հիւրասիրեր Են

Արմենակին «Քրիստալ Տը Պոհեմիա»-ով Ազնուական Կապոյտ Ուիսքի Հիւրասիրեր Են

ՄԱԿԱՐ Ի Գաղղիա Ոմանք «կլոր սեղան»-ներու կը հրաւիրուին խօսելու: Կեդրոնականցի Արմենակ կ՛երթայ լսելու եւ ուրախանալու, թէ որքա՛ն խելացիներ ունինք: Միշտ ալ կը զարմանայ, թէ ամէն անգամ քիչ մը աւելի խելացի դառնալով` ինչո՞ւ կատարեալ խելացի չենք դառնար: Ֆրանսա հարիւր հինգ տարեկան մարդ մը կայ, որ հեծելարշաւի մրցանիշ կը հաստատէ: Եթէ հայկական ձեռնարկներու ներկայութեան ախոյեանութիւն մը ըլլար, Կեդրոնականցին կը պարգեւատրուէր եւ մեր...

Կղերիկոսական Առաջին Չորս Աստիճաններու Տուչութիւն Զմմառու Մայրավանքի Եկեղեցւոյ Մէջ

Կղերիկոսական Առաջին Չորս Աստիճաններու Տուչութիւն Զմմառու Մայրավանքի Եկեղեցւոյ Մէջ

Չկայ աւելի նուիրական զգացում, քան երբ մարդ ինքզինք կ՛ընծայաբերէ Տիրոջ հնազանդութեան եւ ծառայութեան ի սպաս: Այսպէս, Զմմառեան միաբանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի երեք ժառանգաւորներ` Կարօ Գլընճեան, Վարդան Ճալլուֆ եւ Լեւոն Ստեփանը, յետ իրենց ուսմանց, անսալով Տիրոջ կոչին` շաբաթ, 4 փետրուար 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 7:00-ին, երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Զմմառու մայրավանքի Վերափոխման Ս. Կուսին եկեղեցւոյ մէջ ընդունեցին կղերիկոսական առաջին չորս աստիճանները: Ձեռամբ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Մշակութային Կանգառ» Ծրագիրով 426 Մշակութային Նախաձեռնութիւն Պիտի Կայանայ Մարզերուն Մէջ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանն ու «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանը 31 յունուարին մշակոյթի նախարարութեան մէջ ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր մը` «Մշակութային կանգառ» ծրագիրին առնչուող: «Ծրագրի ծիրին մէջ 2017 թուականին Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ տեղի պիտի ունենան 426 մշակութային միջոցառումներ` համերգներ, ներկայացումներ, ցուցահանդէսներ, փառատօններ:...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Արցախեան Եւ Ազրպէյճանական Զինուորական Ուժերու Յարաբերակցութիւնը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախեան Եւ Ազրպէյճանական Զինուորական Ուժերու Յարաբերակցութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Օմարի Լեռնանցքին Ռազմագիտական Նշանակութիւնը Ազերիական ուժերը 1994 փետրուարի 20-էն սկսեալ յարձակումներ շղթայազերծեցին Մարտակերտի Մատաղիս գիւղին ուղղութեամբ: Հայ ազատամարտիկները ծանր կորուստներ պատճառեցին նախայարձակ ուժերուն: Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չէր ուզեր համակերպիլ այն իրողութեան հետ, որ պետութեան բոլոր հնարաւորութիւնները, մարդկային եւ նիւթական բոլոր միջոցները ռազմաճակատին համար հրապարակ նետելէ ետք, բոլոր յարձակումներն ալ ձախողած էին: Հետեւաբար, օրը օրին, նորակոչ զինուորագրուողներ կը նետուէին...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943). Կին Գրողի, Մտաւորականի Եւ Ազգային Գործիչի Առինքնող Կերպարը

Ն. Պ. 4 փետրուարին կը նշենք ծնունդը Զապէլ Եսայեանին, որ իր մնայուն եւ բարձրադիր պատուանդանը ունի հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ` իբրեւ ամէնէն առինքնող կերպարներէն մէկը գրողի, մտաւորականի եւ ազգային գործիչի վաւերական վաստակ նուաճած մեծանուն հայ կիներու փաղանգին: Հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ մտաւորականութեան կանացի շունչն ու դրոշմը խորհրդանշող արժանաւոր հեղինակութիւններէն է Զապէլ Եսայեան: Հայ կնոջ խղճմտանքի ձայնը առաւելագոյն հնչեղութեամբ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Արեւմտահայաստանի Ազատագրութեան Մասին` Խօսինք Առանց Լեզուագարութեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ա.- Խօսքի Մէջ Եւ Բեմի Վրայ Մոռցուող Էական Հայրենիք-Հողը Բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը դադրեցաւ հայ ազգային քաղաքականութեան ռազմավարական եւ մարտավարական օրակարգ ըլլալէ, այն օրէն, երբ մխրճուեցանք ուրիշները եւ մեզ չանհանգստացնող Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ բարեսիրութիւն-հայասիրութիւն վերաբերումներու մէջ, որոնք սրահներ եւ ամբոխ կը յուզեն: Անվաղորդայն վերսկսող յուզումներու պահեր, որոնք չեն առնչուիր հայրենահանման, որ բառակոյտերու մէջ չի յիշուիր անգամ: Այդ յիշեցումը հայրենադարձութիւն...

Յարգէ՛, Որ Յարգուիս

Մաթիլտ Պուտաքեան 1917-2006

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Ինչպէս նախապէս անդրադարձած էի, Մաթիլտ Պուտաքեան եղած է Լիբանանի մէջ առաջին հայերէն երգողը, որ այդ օրերուն արձանագրած է հայերէն ձայնապնակներ. ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ այնքան հազուադէպ էր եւ տակաւին չէր ընդհանրացած արձանագրութեան արհեստագիտութիւնը: Իմ նախորդ սերունդիս կողմէ, ճանչցուած անուն մըն է  Մաթիլտ Պուտաքեանը, սակայն իմ սերունդէն շատերս լսած ենք այդ անունը` որպէս երգչուհի, առանց յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու մեծ...

Կրկնակի Զօրակցութիւն` Սիրիահայ Հերոսական Համայնքին…

Թրամփեան Ամերիկայի Տեսանելին Ու Անկանխատեսելին…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Թրամփին անձամբ ու անմիջականօրէն շնորհաւորելու արտասահմանեան առաջնեկը հանդիսացաւ Եւրոմիութեանը թիկունքից դաշունահարած «Պրեքզիթ»-ի հեղինակ, նոյնինքն Մեծն Բրիտանիայի վարչապետ Թերեզա Մէյը: Հանդիպումը (ս. թ. յունուարի 28-ին) երկուստեք հոգեհարազատ էր` հաշուի առնելով Թրամփի դեռեւս մինչ այդ ցուցաբերած հակաեւրոմիութիւն կեցուածքը, վերջնիս «ծերութեան» մասին բարձրաձայնելով... Տիկին Մէյը, սակայն, մինչ Միացեալ Նահանգներ այցը, հասցրել էր տեսակցել նախ` Սէուտական Արաբիոյ Խալիֆ...

Համաշխարհային Աւանդական Քաղաքականութեան Փոփոխութիւն Այսօրուանից

Համաշխարհային Աւանդական Քաղաքականութեան Փոփոխութիւն Այսօրուանից

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ Այն պահից սկսեալ, երբ ամերիկեան սեւամորթների իքոնային դէմք, մարդկային իրաւունքների պաշտպան, ժամանակին Մարթին Լութեր Քինկի ամենամօտիկ զինակից, ծերակուտական Ճոն Լուիսը Տոնալտ Թրամփի ընտրութիւնը որակեց «ոչ օրինական» եւ յայտարարեց այսօր կայանալիք երդմնակալութեան արարողութիւնը պոյքոթելու մասին, փաստօրէն տրուեց ազդանշանը ընտրեալ նախագահի դէմ ձեւաւորուած ընդդիմութեան հաստատութենականացման: Երդմնակալութեանը չեն մասնակցելու, հետեւելով Ճոն Լուիսի օրինակին, աւելի քան 30 ծերակուտականներ, իսկ այսօր եւ շաբաթ...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Յարազօդ Կոճատ Զոյգը. Բ. Կատարողական

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Թեաթրոն» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ ներկայացուց Նիլ Սայմընի «Կոճատ զոյգը -                իգական տարբերակ» կատակերգութիւնը: Յօդուածին առաջին մասը կը վերաբերէր կատակերգութեան բնոյթին եւ լեզուին: Բեմայարդարում եւ այլն.- Որմազդը աւելի տեղեկատուական եւ նկարագրական էր, քան` գեղարուեստական: Կրնար ըլլալ ժուժկալ եւ արտայայտիչ: Բեմադրիչը գործածած է շարժապատկերի երաժշտութիւնը(1): Բեմը դասաւորուած էր կատակերգութեան բազմաթիւ ելոյթներու դասաւորումի հետեւողութեամբ:  Կ’օգտագործուէր հարթակի գրեթէ ամբողջ...

Դարձեալ  «Փթիթ»-ին  Մասին

Դարձեալ «Փթիթ»-ին Մասին

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Հեռաձայնի զանգն է. կը վերցնեմ ընկալուչը ` - Պէյրութէն Կարօ Աբրահամեանն է. կ՛ուղարկեմ ձեզ «Փթիթ»-ի վերջին  թիւը: Օրինակ մըն ալ հաճեցէք փոխանցել փոքրիկ Գաբրիէլին: Չմոռնամ` շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս.Ծնունդ: Այսպէս կարճ, յստակ եւ հաղորդական: Կարոյին ձայնին մէջ զգալի էր ուրախութեան շեշտ մը: Զգալի էր նոյնիսկ աւելին` օգտակար աշխատանք մը գլուխ հանած ըլլալու արդար գոհունակութիւն մը: Վերջին անգամ,...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի  Փետրուար Ա.-   Քննարկումի Որակաւոր Հարթակ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Փետրուար Ա.- Քննարկումի Որակաւոր Հարթակ

Սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը թէեւ իր ճակատագիրին բերումով տարտղնուած է, բայց հնարաւորութիւն ունի հայ կեանքին շուրջ բոլորուելու, հոգեպէս միանալու հայութեան մեծ ընտանիքին, իր հայատրոփ սրտին ու խորազնին կշռադատութեան անսալով` տագնապելու ազգային հարցերով, իր կարծիքն ու տեսակէտը արտայայտելու: Մամուլը եւ յատկապէս հասարակական ցանցերը կարծիքներու փոխանակման անպարագիծ դաշտ յառաջացուցած են, միաժամանակ սակայն` վերածուած անհակակշռելի բեմի, ուր մերթ ընդ մերթ կարծիքներու փոխանակումը կը վերածուի տնավարի...

Քնացա՞ծ Ենք Մենք

Տուրք Չտալ Յուսահատութեան

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Հայաստանի մէջ ծնունդները նուազած են: Անցեալ տարի Հայաստանէն մեկնողներու թիւը աւելի մեծ էր, քան` ժամանողներունը, բացասական հաշուեկշիռը դարձեա՛լ քառասուն հազարէ աւելի է: Խնայելու համար մեր ջիղերը, վերջնականապէս արմատախիլ չընելու համար լաւատեսութիւնն ու յոյսը` կրնանք այս լուրերը չհրապարակել: Սփիւռքահայու աչքերով, այս պատկերը ուղղակի մղձաւանջային է: Մենք, հաւանաբար, քիչ մը աւելի զգայուն ենք Հայաստանի բնակչութեան թիւին վերաբերեալ, որովհետեւ ազգի վերապրումի...

Page 846 of 1110 1 … 845 846 847 … 1,110

Արխիւներ