Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարազօդ Կոճատ Զոյգը

Փետրուար 6, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ա.- Կորսուած Բառը

«Թեաթրոն» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ ներկայացուց Նիլ Սայմընի «Կոճատ զոյգը – իգական տարբերակ» կատակերգութիւնը, «Անզոյգ զոյգը» վերնագիրին տակ: Ամերիկեան բնագիրին վերնագիրն է` «Տը օտ քափըլ»: Բառերու խաղը կը սկսի նոյնինքն վերնագրէն: «Օտ» կը նշանակէ ե՛ւ կենտ, ե՛ւ տարօրինակ:

Կենսագրական.- Նիլ Սայմըն  (1927 – ) Նիւ Եորք ծնած հրեայ մըն է:  Իր ծնունդէն հազիւ երկու տարի ետք սկսած է տնտեսական մեծ տագնապը, որ կործանած է իր ընտանիքը: Նիլ եղած է ամչկոտ, աղքատ եւ աննշան դպրոցական մը: Հետագայ ընտանեկան կեանքը եղած է անյաջող: Ապրած է հինգ փոթորկոտ ամուսնութիւն : Բարձրագոյն ուսումը չէ աւարտած: Աշխատանքի սկսած է որպէս մարզական էջի խմբագիր: Իր եղբօր հետ գրած է ձայնաՍփիւռային կատակերգութիւններ: Իմա` կատակերգութիւններ հիմնուած լոկ խօսքի վրայ: Առաջին թատրերգութիւնը բեմադրուած է 1960-ին: Նիլ Սայմըն բեղմնաւոր, յաջողակ, բայց ոչ խորունկ թատերագիր մըն է:

Սայմընի Թատրերգութեան բնոյթը.– Ընկերային լարուած յարաբերութիւնները իրենց ծանր շուքը ձգած են Սայմընի գործերուն վրայ: Ինչպէս` Էոնեսքօ, ինք եւս «կը խնդայ, որպէսզի չլայ» (1): Իր ստեղծած ծիծաղաշարժ կացութիւններուն մէջ միշտ ներկայ է ցաւը: Այս իմաստով իր գործը կարելի է համարել սեւ կատակերգութիւն:

Սայմընի ցաւը, սակայն, «համամարդկային» չէ: Ան կ՛արտայայտէ ամերիկեան միջին դասակարգի, յատկապէս Նիւ Եորքի մէջ բնակող հրեայ միջին դասակարգի վիշտերն ու ցնորքները: Կատակերգութեան թատրը բացայայտօրէն Նիւ Եորքի հրէական հին թաղերէն մէկն է (Ռիվըրսայտ): Տիպարներէն երկուքը եւս կը բնակին այդտեղ: Սայմըն այնքան իւրայատուկ է այդ դասին, որ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափին վրայ անհամեմատ աւելի նուազ թիւով կը բեմադրուի: Ալ ո՛ւր մնաց …

Միջին դասակարգը անապահով է, ջղային, ինքնակեդրոն: Սայմընի տիպարները առհասարակ դժբախտ են` կանգնած դժուարին երկընտրանքներու առջեւ: Հրէական մշակոյթի իւրայատկութիւններէն են ինքնաստորնացումն ու ինքնաարգահատանքը: Այս աւանդոյթը կարելի է յստակօրէն նկատել բազմաթիւ հրեայ մարգարէներու ողբերուն մէջ (2):  Կը տեսնուի նաեւ «Կոճատ զոյգ»-ի տարբերակներուն մէջ: Սայմընի տիպարներէն եւ ոչ մէկը հերոսական է, ոչ մէկը դրական ջատագով մը (protagonist): Հանդիսատեսը կը ծիծաղի ի տես անոնց ապիկարութեան: Սայմըն կ՛ըսէ, որ ծիծաղելին ոչ թէ աղէտալի  եւ անճարակ պահ մըն է, այլ` իրերայաջորդ անճարակ պահերու անվերջ շարքը (3): Այդ հասկցած է` դիտելով Լորել Հարտի եւ այլ դասական կատակերգութիւններ: Սայմընի գործերը կարելի է դասել որպէս «վարքի կատակերգութիւն» (comedy of manners): Կատակերգութիւններուն մէջ միշտ առկայ են նաեւ աններդաշնակութիւնն ու անհամաձայնութիւնը, որ ներկայ կատակերգութեան հիմնական բներգներէն մէկն է (2):

Գոյ է տխուր նկատողութիւն: Հակառակ զիրենք ճնշող եւ կործանող ընկերային ու տնտեսական դժուարութիւններուն, Սայմըն եւ անոր հերոսները երբեք հարցականի տակ չեն դներ վարչաձեւը: Արական կոճատ զոյգը բեմ բարձրացած էր այսպէս կոչուած` «Թեթ յարձակում»-ի  (Թեթ Օֆենսիվ) օրերուն: Ամերիկեան օդանաւեր ծանրօրէն կը ռմբակոծէին Վիեթնամը: Շուրջ հարիւր համալսարաններ դասադուլի մէջ էին: Հարաւային նահանգներու մէջ սեւամորթ ամերիկացիներ ոստիկանական ուժերու դէմ ճակատամարտեր կը մղէին: Հիփփիական շարժումը եւ մարիխուանան արագօրէն կը տարածուէին: Ի տես այդ փոթորկոտ վիճակին` Նիլ Սայմըն ընտրած էր… հաճելի «փախուստ» վաճառելու մասնագիտութիւնը: Այս իմաստով, ներկայ ելոյթը հակապատկերն է Սուրէն Խտըշեանի բեմադրած նախորդ թատրերգութեան, որն էր` Արթըր Միլըրի «Շրջուն վաճառորդի մը մահը»:

Սայմըն ունի երկխօսութիւն գրելու ակնյայտ ձիրք: Բայց անոր թատրերգութիւնները չունին կուռ կառոյց: Անոնք գրեթէ պատրուակներ են կատարելու համար չարաճճիութիւններ եւ արտասանելու «մէկ տողնոց սրախօսութիւններ» (one liners): Ան քանի մը ջղագար կատու կը դնէ նոյն տոպրակին մէջ եւ կը դիտէ անոնց գզվռտուքը: Կը մէջբերեմ. «Երբեք ուրուագիծ չեմ պատրաստեր: Պարզապէս կը նետուիմ գործին մէջ… չեմ գիտնար, թէ  թատրերգութիւնը ինչի՞ մասին է, մինչեւ որ հասնիմ շուրջ 35-րդ էջ» (4):  Այլ առիթով մը ըսած է, որ նիւթը կը յստականայ միայն գործը աւարտելէ ետք (3): Սայմըն հետաքրքրուած է «քակելով» մարդկային միտքը այնպէս, ինչպէս մեքենագործ մը կը քակէ ինքնաշարժ մը: Բայց այդ կ՛ընէ հիմնուած իր գործնական բնազդին վրայ:

Զինք կարելի է նմանեցնել երաժիտի մը, որ կը յօրինէ «ականջով», առանց ակադեմական պատրաստութեան: Սայմըն մտաւորական մը չէ: Անոր գործերուն մէջ խորհրդաւոր ոչինչ կայ: Իր խօսքերը հանդիսատեսին կը մատուցէ այնպէս, ինչպէս ծնողները կը կերակրեն մանուկները. փոքրիկ դգալով եւ հատիկ-հատիկ: Հաւանաբար ա՛յս է իր ժողովրդականութեան գաղտնիքը:

Թերեւս թատրերգութեան թոյլ կառոյցն է, որ արտօնած եւ քաջալերած է բեմադրիչը, որ կատարէ զեղչումներ եւ յաւելումներ յատկապէս կատակերգութեան երկրորդ կէսին մէջ:

Դիպաշար.- Ֆլորա, որուն ամուսինը զինք լքած է, կ՛ապաստանի իր ամուսնալուծուած ընկերուհիի Օլիվին մօտ: Չորս այլ ընկերուհիներ ամէն շաբաթ այդտեղ կը հանդիպին: Վարքերու բախումին պատճառով կարճ ժամանակ ետք Օլիվ կը վտարէ Ֆլորան: Ֆլորա ժամանակաւորապէս կ՛ապաստանի սպանացի եղբայրներու մօտ:

Պատմական.- Ընթերցողը շատ հաւանաբար ծանօթ  է նախատիպին, որ Վարուժան Խտըշեանի կողմէ բեմադրուած էր «Կոճատ զոյգը» վերնագիրին տակ:  Ծանօթ է նաեւ շարժապատկերի տարբերակը (1968): Որմազդը ցոյց կու տայ կին-ամուսին դերերու բաժանումը: Ներշնչումը անգամ մը եւս եկած էր Նիլ Սայմընի անձնական կեանքէն: Իր չորս ամուսնալուծումներէն մէկուն ընթացքին Սայմըն երեք ամիս մնացած է ընկերոջ մը մօտ:

«Կոճատ զոյգը» բեմ բարձրացած է 1965-ին եւ ստացած` մրցանակներ: Ապա վերածուած է շարժապատկերի, ապա` հեռուստատեսային շարքի, որ տեւած է ոչ նուազ քան հինգ տարի: Ապա եկած է իգական տարբերակը (1985) եւ վերջապէս «Կոճատ զոյգը – Բ»-ը (1998) նոյնինքն Ճեք Լեմըն եւ Ուոլթըր Մաթաու զոյգի խաղարկութեամբ: 2002 թուականին Սայմըն կրկին վերադարձած է «Կոճատ զոյգ»-ին եւ պատրաստած` աւելի արդիական տարբերակ մը` «Օսքար եւ Ֆելիքս. նոր հայեացք մը կոճատ զոյգին»: Սայմըն «կթած» է նիւթը:

Բաղդատական.- Օսքար Մատիսըն լրագիրի մարզական էջի թղթակից մըն էր: Նկատել համընկնումը` կատակերգակի անձնական կեանքին հետ: Օլիվ կ՛արտադրէ հեռատեսիլի (ոչ մարզական) ծրագիրներ: Անոր մարզական լայնածաւալ  տեղեկութիւնները կու գան երբեմնի ամուսինէն: Ասիկա բնականաբար համոզիչ բացատրութիւն չէ: Բայց «դրուած է, որ բռնի» (5): Ամուսնալուծուած Օսքար պարտաւոր է վճարել իր երբեմնի կնոջ «սննդագինը»: Ամուսնալուծուած Օլիվի խաղամոլ ամուսինը մակաբոյծ մըն է, որ կը կթէ զայն: Այստեղ կայ դերերու ոչ համոզիչ շրջում, որպէսզի պահպանուի արական «Կոճատ զոյգ»-ի ձեւական կաղապարը: Նիւթապէս կախեալ է աներեւոյթ ամուսինը եւ ոչ (բեմի վրայ) երեւելի կինը:

Օսքար/Օլիվ ունի չափազանցուած արական յատկանիշներ (թափթփած, աղտոտ, կոշտ, անհոգ, հեգնական եւ այլն):  Կատակերգութեան առանցքն է, սակայն, երկրորդ տիպարը: Ֆելիքս Ունկար լուսանկարիչ մըն էր: Ֆլորանս Ունկար ամուսնութենէն ետք դարձած է «տնային տնտեսուհի»: Ֆելիքս/Ֆլորանս ունի չափազանցուած իգական յատկանիշներ (մաքրասէր, կիրթ, զգայուն, նրբաճաշակ եւ այլն): Միով բանիւ, գլխաւոր հերոսները ոչ թէ տիպարներ են, այլ` ծաղրանկարներ:

Օսքար-Ֆելիքս ընկերուհիները ուրուագծային են: Իւրաքանչիւրը ունի հազիւ թէ մէկ որոշ նկարագրային գիծ: Սիլվի, օրինակ, անհամբեր է:  Անոնք եւս ծաղրանկարային կարծրատիպեր են: Արդար ըլլալու համար հարկ է նշել, որ իգական տիպարները իրենց արական տարբերակներէն նուազ ուրուագծային են:

Դրացի «Աղաւնի»  (Փիճըն) անգլիացի քոյրերը փոխարինուած են դրացի սպանացի Քոսթասուելա (= միայնակ ծովափ) «եղբայրներով», որոնք «շատ լաւ անգլերէն կը խօսին … երբեմն»: Այս տիպարները պատրուակ մըն են  ներմուծելու համար լեզուական թիւրիմացութիւններ: Մանոլօ ունի արական յատկանիշներ, իսկ Հեզու` իգական: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս` Օսքար/Օլիվ եւ Ֆելիքս/Ֆլորա: Անձնապէս վստահ չեմ, որ անոնք իսկապէս բնախօսական եղբայրներ են: Արդար ըլլալու համար… հարկ է նշել, որ լաթինօ եղբայրները աւելի գունագեղ են, քան` արական տարբերակի անգլիացի «Աղաւնեակ» քոյրերը: Պարզ է, որ անգլերէնի եւ սպաներէնի միջեւ գոյ է աւելի մեծ վիհ, քան` ամերիկեան եւ անգլիական բարբառներու միջեւ:

Թղթախաղը, որ արական ծէս մըն է, փոխարինուած է Trivial Pursuit-ով (մանրուքի հետապնդում): Խաղակիցները ունին կարկանդակի կաղապարի նմանող կտորներ, որոնք կը շարժին ըստ քուէի (զառ): Իւրաքանչիւր ճիշդ պատասխանի համար խաղացողը կը վաստակի համապատասխան գոյնի  «շերտ» մը: Կարկանդակի ակնարկը կորսուած էր թարգմանութեան մէջ: Նկատելի է, որ Սայմընի թատրերգութեան մէջ ոչ մէկ հարցում կը վերաբերէր արուեստ / գրականութեան կամ պատմութեան:  Նիւթեր, որոնց խոր իմացութեամբ չեն յոխորտար ամերիկացիք: Ի դէպ, հարցումները լոկ պատրուակներ են ի աջ ու ձախ սրախօսութիւններ շպրտելու համար: Կիներէն մին ժամադրուած է «գորտ»-ի  մը հետ, միւսին ամուսնական կեանքը կը նմանի հարաւային բեւեռի թեւատներու սառցակոյտավարի սեռաբանութեան եւ այլն: Trivial Pursuit խաղը ի հարկէ չունի արական փոքերի ծիսական հանգամանքը: Տիպարները կ՛ըսեն, որ իրենք այնքան ալ մեծ հաճոյք չեն ստանար խաղէն: Մինչդեռ արական տարբերակի կարգախօսն է` «Ամուսնութիւններ կու գան ու կ՛երթան: Խաղը պէտք է որ շարունակուի», որ համահունչ է բեմական ծանօթ կարգախօսին .- “Տը շօ մասթ կօ ան”.

«Ժամանակացոյց» ակնարկները նորոգուած են: Իգական տարբերակը բեմ բարձրացած էր Ռոնալտ Ռիկընի շրջանին (1981-89): Երբ Օլիվ կը թուլնար իր խաղամոլ, դրամաշորթ ամուսնի «հեկեկանքներուն» ի լուր, Միքի զինք քաջալերելու համար կը գոչէ. “Win this one for the Gipper!”, որ պէտք էր թարգմանուէր. «Շահէ՛ այս մէկը Կիփփըրի սիրոյն»: «Կիփփըր» մակդիր մըն է` տրուած Ռոնալտ Ռիկընի, երբ ան ֆութպոլ կը խաղար: (Թարգմանութիւնը ցաւոք կորսնցուցած է իմաստը:) Սայմըն, որուն ուշադրութենէն վրիպած էին հսկայ ռմբակոծիչները եւ ընկերային  աւելի հսկայ տեղաշարժերը, կը յիշատակէ Ռիկընի իրագործումը: Ամերիկեան ֆութպոլը գերագոյն չափանիշն է առնականութեան: Սայմըն ապաքաղաքական չէ՛, ուրեմն, ինչպէս ինք յաճախ կը յայտարարէ: Կան ակնարկներ ութսունական թուականներու այլ դէմքերու: Նման ակնարկներու թարմացումը անշուշտ ինքնին բաւարար չէ թատրերգութիւն մը աւելի քան քառորդ դար դէպի առաջ փոխադրելու համար: Քննադատներէն մին այդ գործողութիւնը նմանցուցած է հնամաշ ճամպրուկի մը վրայ մերօրեայ ճամբորդական պիտակներ փակցնելու (6): Թարգմանութեան վերնագիրը կ՛ըսէ, որ դէպքերը կը պատահին ներկայ ժամանակին մէջ: Այդ արդարացուած է միայն այն իմաստով, որ բեմական ասքը հայերէնի աղաւաղման ներկայ տխուր պատկերը կը ներկայացնէ …

Պահպանուած են շարք մը սրախօսութիւններ: Օրինակ` «Երեք ժամ մտածեցի հասկնալու համար, թէ F.U.  կը նշանակէ Felix Ungar» (այս պարագային` Ֆլորանս Ունկար): Սրախօսութիւնը կորսուած է թարգմանութեան մէջ: Անգլերէն լեզուով F.U. ծանօթ ծանր հայհոյանք է:  Այս սրախօսութեան պահպանումը հաւանաբար պատճառներէն մէկն էր հերոսները իրերանման անուններով կոչելու:

Յարազօդում.- Բեմադրիչը կոճատի արական տարբերակներէն ներածած է երկխօսութեան հատուածներ, շարժումներ  եւ տեսարաններ: Այս թերեւս իր կողմէ ներիմաստ ընդունում է, որ արական նախատիպը աւելի ծիծաղաշարժ  է: Այստեղ կարելի է յիշել խաղացողներու վրայ գարեջուր եւ չիփս  ժայթքեցնելու (Ա. արար) եւ ճամպրուկի (Գ. արար) տեսարանները, որոնք, ըստ իս, ընտրուած էին բեմին վրայ արհեստական շարժում յառաջացնելու համար:  Աւելի արդի արական տարբերակէն ներածուած է փոշեծծիչ աւելը եւ բարձրացուած` խորհրդանիշի աստիճանի: Աւելը, ըստ երեւոյթին, կը խորհրդանշէ ջղայնացուցիչ մաքրապաշտութիւն:

Աւելի խնդրայարոյց են երկխօսութեան ներածումները, որոնք կը խախտեն գործի ներքին տրամաբանութիւնը: Օսքար ոչ միայն խեղդուած է պարտքերու տակ, այլ նաեւ իր անխոհեմ խաղաոճին պատճառով անդադար դրամ կը կորսնցնէ փոքերի սեղանին վրայ: Զարմանալին այն է, որ ան հատուցում պահանջէ սանտուիչներու եւ վարձքի փոխարէն: Օլիվ այդպիսի հարց չունի: Ընդհակառակն, ան ատակ է 650 տոլարի չէք ուղարկելու` քաջ իմանալով, որ ամուսինը զինք կը չարաշահէ: Օլիվի պահանջը հոգեկան է: Ներմուծումը կը խախտէ տրամաբանութիւնը:

Կարգ մը երկխօսութիւններու իգական կողմերէն մէկը պահուած է, իսկ միւսը` փոխարինուած է արականով: Այս յաճախ կը խախտէ տրամաբանութիւնը:  Առաջին արարին մէջ Ֆլորանս կ՛ըսէ, թէ ինք հեռաձայնի չի սպասեր եւ կ՛աւելցնէ. «Ո՞վ պիտի հեռաձայնէ ինծի»:  Այս փոխարինուած է արական տարբերակով, ուր Ֆելիքս կ՛ըսէ. «Կարծեցի, թէ մէկը հեռաձայնած է ինծի»: Ուրեմն կը յայտարարէ, թէ ինք կը սպասէ հեռաձայնի: Այս յայտարարութիւնը յարիր չէ Ֆլորանսի վարուելակերպին:

Ֆլորանսի կերպարին անյարիր են նաեւ բեմադրիչի կողմէ յօրինուած այլ յաւելումներ: Երբ Ֆլորանս կը խնդրէ Տիւպոննէ, Օլիվ զարմացած կ՛ըսէ. «Ասի քեզմէ չէի սպասեր»: Այդտեղ ի՞նչ կար անսպասելի: Ֆլորանս նրբաճաշակ կին է, ի հարկէ պիտի նախընտրէ խմել Տիւպոննէ, քան թէ` ուիսքի կամ վոտքա:  Կան այլ օրինակներ:

Լեզուական .- Ելոյթի թերեւս ամէնէն խոցելի երեսը անոր լեզուն էր: Այստեղ կային երկու հարցեր, որոնք հիմնովին փոխած էին կատակերգութեան բնոյթը: Առաջինը անգրագէտ թարգմանութիւնն էր, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կորսնցուցած էր Սայմընի սրախօսութիւնը: Ինծի թուեցաւ, որ կատարուած է «Կուկըլ թրանսլէյթըր»-ի միջոցով:  Յիշենք, որ Սայմընի կատակերգութեան ողնաշարն է սրախօսութիւնը:  Երկրորդը հարցն էր գռեհիկ եւ բազմահարիւր սխալներով լի ասքը, որ երբեք չի վայելեր միջին դասակարգի ուսեալ կիներու:

Բառախաղի վրայ հիմնուած սրախօսութիւնները խողխողուած են: Այս խաղերը յատկապէս կարեւոր էին սպանացի եղբայրներու տեսարաններուն մէջ: «Painter» անգլերէն լեզուի մէջ կը նշանակէ ե՛ւ նկարիչ եւ ներկարար: Երբ Մանոլօ դիտել կու տայ, որ պատէն կախուած պատկերը նկարած է Էլ Կրեքօ, Օլիվ անտարբեր կը պատասխանէ, թէ չի գիտեր ով ներկած է տունը: Ներկայ թարգմանութեան մէջ Օլիվ հումորը կը սպաննէ` ըսելով . «Չեմ յիշեր, թէ ո՞վ նկարած է»:  Սայմըն ընտրած է Էլ Կրեքոն, որովհետեւ անոր ազգային պատկանելիութիւնը (յոյն թէ սպանացի) կրնար թիւրիմացութեան առիթ տալ: Ի դէպ, բեմի վրայ գտնուող գնչուական պարի շուկայական տեսարանը ոչ մէկ առնչութիւն  ունէր Էլ Կրեքոյի խորապէս հոգեւոր պաստառներուն հետ:

Miss անգլերէն լեզուի մէջ կը նշանակէ ե՛ւ օրիորդ, եւ կարօտնալ:  Duck կը նշանակէ ե՛ւ սագ, ե՛ւ խուսափիլ:  Ease կը նշանակէ դիւրին եւ հանգիստ: Եւ այլն:

Կան սրախօսութիւններ, որոնք սպաննուած են «բացատրուելով»: Օրինակներ. «Տեսայ սառնարանին մէջ կայնած (standing) կաթ, որ շիշի մէջ իսկ չէր»: Ուրեմն կաթը «կայնած» է առանց շշի: Սպաննուած է թարգմանուելով. «Դուն մէկ հատ տեսնէիր մէջի թափած եւ չորցած կաթը»: Օլիվ այրած սագը կը կոչէ «թուխ թռչուն»` ակնարկելով նշանաւոր «Մալթական բազէ» սեւ հումոր ժապաւէն (7): Թարգմանութիւնը կը բացատրէ «այրած միս»` կորսնցնելով մշակութային ակնարկը:  Երբ կը խօսէին մայրերու եւ զաւակներու մասին, Մանոլօ կու տայ անորոշ հարց մը. «Քանի՞»:  Որ կարելի է հասկնալ «քանի՞ մայրեր զաւակներ ունին»: Ֆլորանս կը պատասխանէ. «Բոլոր մայրերը զաւակներ ունին»:  Թարգմանութեան մէջ Մանոլօ կու տայ աներկբայ հարց եւ կը ստանայ միեւնոյն պատասխանը: Բացատրութիւնը հումորը վերածած է խուլերու խօսակցութեան:

Առկայ են մեծ թիւով պարզապէս սխալ թարգմանութիւններ, որոնք կը կորսնցնեն իմաստը:  Երբ կը փնտռէին երկրաբանական իմաստով հնագոյն բոյսը, Սիլվի Վերայի ակնարկելով` կ՛ըսէ` «Then you are the runner up», որ կը նշանակէ` «ուրեմն դուն երկրորդն ես»: Թարգմանուած է` «կորսնցուցիր», սպաննելով հումորը: Երբ Օլիվ կը փորձէ դիմադրել ամուսինին, ընկերուհին զինք քաջալերելու համար կը գոչէ «Hang in, girl!» այսինքն «տոկա՛»: Թարգմանուած է «Գիծը գոցէ»: Թարգմանիչը «Hang in» շփոթած է «Hang up»-ի հետ: Երբ Ֆլորա կը դժուարանար կլլել, Օլիվ առաջարկեց գործածել մխոց, որ կը գործածուի լուացարանի խցուած ծորանոցը բանալու համար: Հանդիսատեսը կ՛երեւակայէ տեսարանը: Թարգմանութիւնը կ՛ըսէ` «Սանկարճի մը բերեմ»: Թարգմանիչը շփոթած է  plunger-ը  plumber-ի հետ . կորսնցուցած պատկերը: Երբ Օլիվ կը խրատէ Ֆլորանսը, թէ հարկ է, որ տղոց ոտնձգութիւններուն դէմ իրենց «պայքարը»  դասաւորեն այնպէս, որ «անպայմա՛ն կորսնցնեն» (making sure that we lose): Այսինքն ցուցադրեն ձեւական դիմադրութիւն, որ խորքին մէջ տղոց հրաւէր է: Թարգմանուած է «պայքարինք` գիտնալով, որ պիտի կորսնցնենք»: Սպաննուած է ե՛ւ իմաստը. ե՛ւ հումորը: Երբ կը խօսէին իրենց դպրոցական տարիներու մասին, Օլիվ կ՛ըսէ. «I hated to be 17…  until I got to be 35»: Այսինքն «Կ՛ատէի 17 տարեկան ըլլալ… մինչեւ այն ատեն, երբ դարձայ 35 տարեկան»: Այսինքն այժմ յօժար է վերադառնալ այդ դժուարին անփորձ տարիքին:  Թարգմանուած է «Կ՛ատեմ 17-էս մինչեւ  35 տարեկանս…  հասկցաք` ինչի՛ մասին է խօսքս»:  Ցաւօք, ո՛չ, չհասկցանք: Ֆլորանս կ՛ուզէ իր զաւակներուն սորվեցնել  յարգանք ունենալ «իրերու հանդէպ»: Միթէ այդ առաքինութիւ՞ն է:  Եւ այլն…

Կան անյաջող ձեւական ներդրումներ: Պարզապէս կորսուած էր ակնարկը Կերշուինի «Թոմէյթօ  թոմաթօ »  ծանօթ զուգերգին (8):  (Չապի Չեքըր 1961 թուականի «Լեց թուիսթ ըկէյն» երգի տէրն է: Այսինքն այն շրջանի, երբ կիները պարմանուհիներ էին: Օլիվ հեռաձայնին կը պատասխանէ` ըսելով. «Այստեղ Չապի Չէքըր ակումբն է»: Թարգմանուած է իբրեւ ծիծաղաշարժ «Չափ Չափ քլապ»-ի:  Նոյն դասին կը պատկանի «նուկաթ-նօ կուտ»-ի լոկ ձեւական, հնչունային վերածումը «պոլաթ-պայաթ»-ի: Պարզ է, որ երբ ծաղը դրուի ջուրի մէջ, կը դառնայ «նօ կուտ» (ոչ լաւ): Փոլատ շաքարը չի դառնար «պայաթ» (օթեկ), երբ դրուի ջուրի մէջ: Բացի այդ, ինչո՞ւ տղաք իրենց առաջին ժամադրութեան աղջիկներուն պիտի նուիրէին աժանագին բժշկական յատկութեամբ բուսական (նեպեթի) շաքար: Ցաւօք կրկնուեցաւ «տաք  ք-ք»  կապակցութիւնը, որուն մասին կը նախընտրեմ աւելի երկար չխօսիլ: Թարգմանիչը գործածած է առաջին պատահած ծիծաղաշարժ հնչիւնները:

Սխալ թարգմանութիւններու թիւը անընդունելի է: Այսպէս, ոչ թէ «ոտքի կենալ», այլ` կենալ սեփական ոտքերու վրայ, ոչ թէ «մարդկային փորձանք» այլ մարդկային արկած, ոչ թէ «երազներով ապրիլ», այլ  երազնե՛րը ապրիլ,  ոչ թէ աղբ, այլ` բրածոյ, ոչ թէ յուսահատ այլ անյուսատու, ոչ թէ հարուած, այլ` պոկում, ոչ թէ «բիծ», այլ` պայտիկ (9), ոչ թէ «սերսերի» այլ ապիկար, ոչ թէ «պարապ տակառ», այլ` անճարակ, ոչ թէ «բոզ» այլ փողոցային եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն…

Շարահիւսութիւնը առհասարակ անընդունելի է: Ցոյց չի տար հայերէն լեզուամտածողութիւն:  Օլիվ, օրինակ, կ՛ըսէ.- «Ֆիլին չափ մէկը չեմ ճանչնար, որ մարզանքէն կը հասկնայ»:  «Չափ»-ը ինչի՞ կ՛ակնարկէ: Բացի այդ հարկ էր ըսել  «մարմնամարզ», այլ ոչ «մարզանք»: Օլիվ կ՛ըսէ, թէ կը սիրէ «մկանոտ եւ նեղ տաբատով տղաք»: Ո՞վ է տեսեր «մկանոտ տաբատ» : Ոլիվ կ՛ըսէ, թէ սպանացի եղբայրները  «երբեմն շատ լաւ կը խօսին» : Հարկ էր շրջել կարգը, որպէսզի պահպանուի հումորը: Սպանացի եղբայրները  «շատ լաւ կը խօսին… երբեմն»: Ի դէպ: թարգմանութիւնը չէր պահպանած եղբայրներու անգլերէն իմացութեան հսկայական ելեւէջները, որոնք ծիծաղաշարժ ըլլալու հիմքն էին:

Կատակերգութեան պաշտօնական լեզուն մեր փողոցի անշնորհ ծիծաղաշարժ բարբառն էր:   «Դուն մէկ հատ իրենց մոտելը տեսա՞ծ ես», «ինք զինք թարազան ըրած է», «Անխելք էշէկ քեզի» : Կան մեծ թիւով հայատառ թրքերէն բառեր եւ դարձուածքներ: Աւրուած (խանգարուած), զատել (ընտրել), տեղ (փոխարէն), պառկիլ (քնանալ), ապրանք (առարկայ), պզտիկ աղիք (բարակ աղիք) եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն …

Նոյն անձերը զարմանահրաշօրէն յանկարծ կը գործածեն տելիւքս բառեր, ինչպէս`           տիղմ, եզր, երդնուլ, պրկում, նաւարկել, կեղտոտել, օդազտիչ, վաստակիլ, գչիր…

Ի դէպ վերջին բառը ցոյց կու տայ, որ թարգմանութեան համար օգտագործուած է  համակարգիչ: Անգլերէն chisel բառը հարկ էր թարգմանել «դուր»  (արաբերէն «իզմիլ»): Բայց ես տեսայ, որ համակարգիչը կ՛ըսէ նաեւ «գչիր»: Գչիրը այն խոշոր պտուտակաձեւ գործիքն է (bore), որ կ՛օգտագործուի գետնին մէջ խորունկ կլոր ծակեր փորելու համար:

Կատակերգութեան լեզուի բնոյթը կ՛ամփոփուի հետեւեալ նախադասութեամբ. «Վերելակին մէջ կախուեցանք»: Մարդիկ, որոնք կ՛ըսեն վերելակ, չեն ըսեր «կախուեցանք», իսկ մարդիկ որոնք կ՛ըսեն` «կախուեցանք» (արաբերէն), չեն գիտեր «վերելակ» բառին իմաստը: Կատակերգութեան ասքը անփոյթ է:

Յաջորդ մասով` ելոյթի կատարողական երեսն ու բեմադրութեան բնոյթը:

——————–

  1. Տես «Եղանակի տեսութիւն», «Ազդակ», 26 նոյ. 2016
  2. S. Koprince, «Understanding Neil Simon», 2002
  3. James Lipton, Տեսակցութիւն, The Art of Theater No. 10, 1992
  4. “The Odd Couple” (Female Version) by Daniels, Jessica Back Stage – The Performing Arts Weekly, 04/2000 ISSN: 0005-3635, 1946-5440 (review)
  5. Բամբիռ Բ., «Պստիկ պապան գնաց բանակ», 2005
  6. Frank Rich : “ ‘Odd Couple,’ A Remix and Rematch” Theater, June 12, 1985
  7. «Մալթական Բազէն» (1941 Ճոն Հիւսթըն-ի «սեւ» ֆիլմերէն )
  8. Որ կը հաստատուի սպանական պարի կօշիկներու ներբանին:
  9. «Լեց քոլ տը հոլ թինկ օֆֆ», Ֆրետ Ասթեր Ճինճըր Ռոճըրզ,  1937
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1967)

Յաջորդը

Ջուրը Եւ Քարը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Երեւանի Կատարողական Շողշողուն Փառատօնը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?