Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանին Մաս Կազմած Սուրիոյ Խորհրդարանի Պատուիրակութեան Մոսկուա Այցելութեան Մասին
Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հրաւէրով Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ դոկտ. Հատիյէ Ապպասի գլխաւորած Սուրիոյ խորհրդարանի պատուիրակութիւնը 10-15 ապրիլին այցելեց Մոսկուա: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխաններ` դոկտ. Խալետ Ապուտ, դոկտ. Ամմար Ասատ, Ուսամա Մուսթաֆա, դոկտ. Ռիատ Թաուզ, դոկտ. Ռիֆաաթ Հասան, Հուսամ Քաթըրժի, Ապտուլ Մաժիտ Քաուաքիպի եւ դոկտ. Նորա Արիսեան: Այցելութեան նպատակներէն էր Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ խորհրդարանական յարաբերութիւններու ամրապնդումը, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին...



















