Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոստումը (The Promise)

Մայիս 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մեզի համար մեր պատմութեան ամէնէն տխուր ժամանակը, Հայոց ցեղասպանութեան օրերն ու դրուագները ներկայացնող ամերիկեան ժապաւէն մը, որ կը հպատակի այդ արուեստի կանոններուն, կը ցուցադրուի աշխարհի տարբեր երկիրներու բազմաթիւ սրահներուն մէջ:

Արուեստի կանոններուն հետեւող ժապաւէն մը, որ սոսկ հայկական ներքին սպառման համար չէ նկարահանուած, կը միտի հասնիլ միջազգային հասարակութեան, անոր, որ ամերիկեան շարժանկարի շուկան է: Ցեղասպանութեան իրողութիւնը վերամտածուած եւ դիտուած է լայն հասարակութեան, եւ մանաւանդ ոչ հայկական կողմէ ընդունելի, մատչելի, հասկնալի եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելու կոչուած բեմադրիչի եւ նկարահանողի աչքով:

Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի երկու հարիւր աթոռ ունեցող սրահներէն մէկուն մէջ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, չորս հոգիով ներկայ եղանք «ԽՈՍՏՈՒՄԸ» (The Promise) ժապաւէնի ցուցադրութեան: Միայն տասը հանդիսատեսներ կային սրահին մէջ: Այդ տասնէն զոյգ մը ամերիկացի էր, զոյգ մըն ալ` թուրք:

Ամերիկեան արտադրութիւն եւ ոչ սահմանափակ միջոցներով իրականացած ժապաւէնը եւ ներկաներու նշուած թիւերը ի հարկէ կը մղեն մտածելու, մեզ պէտք է մղեն մտածելու:

Լայն հասարակութիւնը հետաքրքրելու կոչուած thriller-ի մը ընդունուած ծիրին մէջ, զայն յաջողցնելու հնարներով եւ յաջորդական դրուագներով հիւսուած պատում մը, որ մատչելի է լայն շրջանակներու եւ կը հետաքրքրէ ամերիկացի, ֆրանսացի, արաբ, ճափոնցի, թուրք եւ այլ հասարակութիւններու հանդիսատեսները:

Կայ, ի հարկէ, պատմական դէպք-իրողութիւնը, որ անմիջականօրէն կը հետաքրքրէ հայը, որ պայքարած է եւ կը պայքարի աշխարհին ծանօթացնելու իր ժողովուրդին դէմ գործուած մեծ ոճիրը: Այս հայոց ազգային անմիջական հետաքրքրութիւնն է, երբ նման ժապաւէն կը դիտէ:

«ԽՈՍՏՈՒՄԸ» ամերիկեան շարժանկարային արուեստի կաղապարին մէջ եւ ոճով կը բերէ պատումը միաժամանակ խոստումի, սիրոյ, քաջութեան, մարդկայնութեան եւ զոհողութեան դրուագներու եւ պատկերներու, անոնց ստեղծած տպաւորութեամբ կը դառնայ կեանքը մարդոց, որոնք կը նմանին բոլորիս` իրենց զգացումներով: Նաեւ` պատմութեան եւ ժամանակաշրջանի մը: Պատմական իրողութիւնը քարոզչականէ տարբեր ճանապարհով, կը դառնայ սեփականութիւնը լայն զանգուածներու:

Բեմադրիչը պատմութեան կամ քաղաքական քարոզչութեան գիրք չի գրեր, նոյնիսկ եթէ այս ժապաւէնը այդպէս կը դիմաւորենք:

«ԽՈՍՏՈՒՄ»ը սպանա-ամերիկեան ժապաւէն մըն է: Սիրողական, համայնքային կամ հայրենասիրական արտադրութիւն մը չէ: Ան գործն է արհեստավարժի մը` Թերրի Ճորճի: Ժապաւէնը հանրութեան ներկայացուած է Թորոնթոյի շարժանկարի փառատօնին, 2016-ին:

Դիպաշարը գրած են Թերրի Ճորճ եւ Ռոպեն Սուիքորտ: Երաժշտական ղեկավարն է Կապրիէլ Եարետ: Ժապաւէնի արտադրութիւնը ստանձնած են` Էրիք Իրայէլեան,  Մայք Մետաւոյ, Ուիլիըմ Հորպըրկ, Ռալֆ Ուինթըր, Տընիզ Օ՛Տել:

Լայն զանգուածները,  ոչ միայն հայկական,  հետաքրքրելու եւ յուզելու կոչուած պատում մը, դիպաշարը այդ նպատակով խմբագրուած է, նոյնիսկ եթէ բեմի խորքի պաստառը հայութեան ապրած ողբերգութիւնն է: Հասարակութիւնը սրահ կ՛երթայ կեանքի պատում լսելու եւ տեսնելու զբօսանքի: Թերրի Ճորճի դիպաշարը եւ բեմադրութիւնը այս ըմբռնումով կազմուած են, ինչպէս` ամերիկեան ժապաւէնները:

Ոչ հայ հանդիսատեսին համար, որ իր հետաքրքրութիւնը ունի, «ԽՈՍՏՈՒՄԸ» ժապաւէնը նախ սիրոյ քառագագաթ պատմութիւն մըն է. աւանդական կարգադրուած ամուսնական խոստում մը, որ փակագիծի մէջ կը դրուի, երբ Միքայէլ որպէս բժշկութեան ուսանող` Կոստանդնուպոլիս կը հասնի Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին, ուր կը հանդիպի Աննային, որուն հանդէպ սէր կը տածէ նաեւ ամերիկացի հռչակաւոր լուսանկարիչ-լրագրող մը: Այս ռոմանթիք մթնոլորտի հիւսուածքը ընդգրկուած է պատմութեան ընթացքին մէջ. պատերազմ, տեղահանութիւն, ջարդ, աւեր, խժդժութիւն:

Դրական տիպար է ի հարկէ ամերիկացի լրագրողը, որ հերոսաբար կը հետապնդէ ճշմարտութեան բացայայտումը` անսալով իր լրագրողի կոչման, Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցող անմարդկային արարքներու մասին: Դրական տիպար է նաեւ թուրք սպան, որ հակառակ տիրող ազգայնամոլական մթնոլորտին` հաւատարիմ է իր բարեկամութիւններուն եւ կ՛օժանդակէ ճշմարտութեան բացայայտման: Յուզիչ դէմքեր են գլխաւոր դէմքերը, հերոսացող Միքայէլը եւ համակ սէր եւ զոհողութիւն Աննան, եւ ի հարկէ` զանոնք մեծցնող պատմական քաոսը:

Ծանօթ դէմքեր, բարեսիրական կազմակերպութիւններ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը պատմեն սիրային ապրումներու զուգահեռ, ինչ որ իրական եւ ամբողջական կեանքի պատկերները կը բերէ:

Իրապաշտութեամբ կրնանք ըսել, որ «ԽՈՍՏՈՒՄԸ» առաջին մեծ շարժանկարն է ընդհանրապէս եւ մեր պատմութեան այդ ժամանակաշրջանը կը հասցնէ լայն հասարակութեան:

Հայկական քարոզչութեան տեսակէտէ, անկախաբար ժապաւէնի գեղարուեստական արժէքէն, մեծապէս կարեւոր է մասնագիտական մամուլի եւ քննադատներու կարծիքը: Այդ կարծիքը հանրութիւնը պիտի մղէ ժողովուրդը սրահ երթալու եւ տեսնելու ժապաւէնը: Այդ պէտք է ընեն հայկական լրատուամիջոցները:

Հայկական զանգուածները իրենք պէտք է երթան տեսնելու ժապաւէնը, որպէսզի դիտողներու համրանքը մեծ ըլլայ, եւ ան մնայ սրահներու մէջ: Սրահներու տէրերը եւ պատասխանատուները բարեսիրական կազմակերպութիւններու վարիչ չեն: Երբ ներկայացումները «հասութաբեր» չըլլան, զանգուած չբերեն, կը դադրին ներկայացնելէ ժապաւէնը, կը հանեն ցանկէն, եւ մեր քարոզչական ակնկալութիւնը չի հասնիր իր նպատակին:

Թերեւս օգտակար պիտի ըլլար հայկական կեդրոններու եւ մամուլին մէջ քննարկումներ կատարել: Ըսել նաեւ, որ մարդիկ երթան եւ տեսնեն ժապաւէնը, հրաւիրեն իրենց ընկերները, դրացիները, օտար բարեկամները: Եթէ շատ կարճ ժամանակ ետք սրահներու մէջ դադրի ժապաւէնի ներկայացումը, ան պիտի ըլլայ նաեւ մեր պատասխանատուութիւնը (անպատասխանատուութիւնը):

Երգիչներու համար սրահներ լեցնելէ եւ տախտակամած դոփելէ աւելի կարեւոր է «ԽՈՍՏՈՒՄԸ» ներկայացնող սրահները լեցնել` փոխանակ տրտնջալու, որ լաւ քարոզչութիւն ընել չենք գիտեր:

3 մայիս 2017, Քուինզ, Նիւ Եորք

 

 

Նախորդը

«Ֆայհա» Երգչախումբին Կազմակերպած Փառատօնը

Յաջորդը

Ասատուրի Մէկ Նոր Նուաճումը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?