Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինեան Դատը Եւ Մենք

Մայիս 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Դարձեալ համայն աշխարհի նայուածքները ուղղուած են դէպի Պաղեստին` Ամերիկայի մէջ Տանըլտ Թրամփի յաղթանակէն եւ անոր նախագահ ընտրուելէն ետք. Իսրայէլի ծայրայեղական նախարարները յայտարարեցին, որ այլեւս պաղեստինեան յոյսերը մարած են: Թրամփ նոյնպէս յայտարարած էր, որ ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ պիտի տեղափոխէ: Մինչեւ օրս Իսրայէլ կը շարունակէ բռնագրաւեալ հողերուն վրայ բնակեցման վայրեր կառուցելու ծրագիրները: Կազան ցամաքային եւ ծովային շրջափակման տակ կը մնայ: ՄԱԿ-ի թիւ 1860 բանաձեւը, որ շրջափակումը վերացնելու կոչ կ՛ուղղէ, մինչեւ հիմա չգործնականացաւ, այլ, ընդհակառակն, Իսրայէլ բոլոր միջոցներուն կը դիմէ ժողովրդագրական փոփոխութիւն կատարելու եւ պաղեստինցիները վտարելու համար իրենց հայրենիքէն:

Չեմ ուզեր բանավէճի մէջ մտնել այն հարցով, թէ նախ որո՛ւ պատկանած է կամ որո՛ւ պէտք է պատկանի այդ տարածքը: Պատմութեան մէջ սահմանները միշտ ալ փոփոխութեան ենթարկուած են, եւ ներկայ Պաղեստինը (Հրէաստանը) տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին եղած է եգիպտացիներու, հրեաներու, ասորիներու, հռոմէացիներու, արաբներու, խաչակիրներու եւ օսմանցիներու տիրապետութեան տակ: Սակայն անգլիացիներու երկդիմի քաղաքականութիւնը, հրեայ ազգայնամոլներու կազմակերպուածութիւնը եւ արաբներուն անկազմակերպ վիճակը պատճառ դարձան, որ 1948-ին արաբները խայտառակ պարտութիւն կրեն, եւ մինչեւ օրս այդ պարտութեան հետեւանքները զգալի են արաբական աշխարհին մէջ:

Սակայն պաղեստինցի ժողովուրդը իր արդար դատը չմոռցաւ, այլ պայքարեցաւ թէ՛ զինեալ եւ թէ՛ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ: 1975-1985 պաղեստինեան զինեալ պայքարը ցնցեց Իսրայէլը եւ Արեւմուտքը: Պաղեստինեան ազատագրական շարժումը հարուածեց հրեայ դեսպաններ եւ քաղաքական գործիչներ: Սակայն Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) միջամուխ ըլլալը եւ մասնակցութիւնը լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին բաւական տկարացուց եւ քայքայեց անոր կազմակերպական ու մարտական կառոյցը: Պաղեստինեան դատը որոշ ժամանակաշրջան մը նաեւ դադրեցաւ ազգային դատ ըլլալէ, այլ վերածուեցաւ քաղաքական խաղաքարտի մը` սուրիական եւ եգիպտական վարչակարգերուն ձեռքին: 1993-ի Օսլոյի համաձայնագիրով Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը ճանչցաւ Իսրայէլի իշխանութիւնը, սակայն առանց որեւէ շօշափելի բան ստանալու այդ ճանաչման դիմաց: Աւելի՛ն. Ֆաթհի եւ Համասի միջեւ տարակարծութիւններն ալ աւելի տկարացուցին պաղեստինեան դիրքերը համաշխարհային քաղաքական քարտէսին վրայ:

Իբրեւ ազգ մը, որ ունի իր դատը եւ ազատագրական պայքարը, որոշ դասեր կրնանք քաղել պաղեստինեան տագնապէն: Երկու ժողովուրդներն ալ պատմութեան ընթացքին ճնշուած են կայսերապաշտական քաղաքականութիւններէն եւ դարձած են հայրենազուրկ:

Հայ ժողովուրդը Երուսաղէմի մէջ սկսած է կայք հաստատել  4-րդ դարուն եւ դարերու ընթացքին միշտ ալ խաղաղ կեանքով ապրած է քաղաքին մէջ, սակայն 1948-ի եւ 1967-ի պատերազմներուն Երուսաղէմի հայկական թաղերը նոյնպէս ռմբակոծուեցան, եւ բազմաթիւ հայեր ստիպուեցան լքել այդ թաղերը: Մինչեւ օրս հայերը նեղութեան կ՛ենթարկուին հրեայ ազգայնամոլներուն կամ կրօնամոլներուն կողմէ, որպէսզի անոնք լքեն իրենց ինչքերը եւ հեռանան երկրէն: Մինչեւ օրս հրէական կառավարութիւնը անօրէն ձեւով բռնագրաւուած կը պահէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան պատկանող կալուածներէն մաս մը:

Միւս կողմէ, վերջերս Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի մերձեցումը եւ զինուորական դաշինքը ցոյց կու տան, որ Իսրայէլ ոչ մէկ ջանք կը խնայէ նաեւ հարուածելու Հայաստանը. ասիկա ոչ թէ հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանք է, այլ զուտ ազրպէյճանամէտ կոյր քաղաքականութիւն է: Այս բոլորը կ՛ապացուցեն, որ հայ-պաղեստինեան յարաբերութիւնները պէտք է աւելի ամրապնդուին գոնէ երկու մակարդակներու վրայ ակադեմական եւ քաղաքական: Ակադեմական մակարդակի վրայ, Հայաստանի համալսարանները կրնան օգտակար դառնալ պաղեստինցի ուսանողներուն, որոնք կ՛ուզեն ուսումնասիրել Ցեղասպանութիւնը եւ պատրաստուիլ իբրեւ ապագայ ցեղասպանագէտներ, որոնք կրնան ուսումնասիրել պաղեստինեան ցեղային մաքրագործումը հրեաներուն կողմէ` 1948-ին: Ուսանողական հաւաքները նոյնպէս օգտակար կ՛ըլլան, ապրիլ 24-ին նախաձեռնութիւններուն եւ պաղեստինեան դատի ձեռնարկներուն մակարդակով շատ աւելի սերտ երկկողմանի գործակցութիւն պէտք է ծաւալի: Կը զարմանամ, երբ  Միացեալ Նահանգներուն մէջ այսպիսի գործակցութիւններ կը ծաւալին, իսկ Լիբանանի մէջ մեր ուսանողական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւնները անկարող են այսպիսի գործակցութիւն իրականացնելու: Ինչո՞ւ չկազմակերպուին, օրինակ, հայկական եւ պաղեստինեան դատերուն նուիրուած գիրքերու ցուցահանդէս մը կամ ալ նկարներու ցուցահանդէս մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ պաղեստինեան ջարդերուն: Դասախօսական շարքեր պէտք է կազմակերպուին թէ՛ հայ եւ թէ՛ պաղեստինցի երիտասարդները իրարու ծանօթացնելու, ներկայացնելու պատմութիւնը, երկու ժողովուրդներուն դատերը, արցախեան հիմնախնդիրը, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները եւ շրջանային այլ հարցեր: Այս բոլորը մեզի համար քաղաքական գործի հսկայ դաշտ մը կը բանան իսլամներուն հետ համագործակցութեան եզրեր գտնելու առումով: Վերջերս, հետեւանք` թրքական հակահայ քարոզարշաւին, սկսած է որոշակի հակահայ զգացում թափանցել արաբական աշխարհին` ի մասնաւորի սիւննի խաւին մէջ. ասիկա կրնայ դրական անդրադարձ մը ունենալ հայ-արաբական յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու առումով: Դրական շփում մը նաեւ կրնայ ըլլալ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան դատին նուիրուած զօրաշարժի արշաւներու կամ ցոյցերու լիբանանահայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան մասնակցութիւնը. դժբախտաբար այդպիսի մասնակցութիւն գրեթէ չկայ կամ անհատական աշխատանքի արդիւնք է: Ասիկա նաեւ կրնայ առիթ ընձեռել պաղեստիցիներուն, որ մասնակցին հայկական հարցերուն հետ առնչուած ձեռնարկներուն:

Ներկայ իրավիճակէն եւ  երկու ժողովուրդներուն նկատմամբ կատարուած անարդարութեան դէմ պայքարէն մեկնած` այսօր կարիքը կայ, որ հայ երիտասարդը եւ ուսանողը իրենց մտահորիզոնները ընդլայնեն եւ հասկնան, որ ժողովուրդներու դատը մէկ բռնատիրութեան դէմ պայքարը, ուստի կարելի չէ, որ մեր դատը պաշտպանենք, բայց, միւս կողմէ, մեր դրացի եւ բարեկամ ժողովուրդներուն դատերը անտեսենք: Թէեւ քաղաքականութիւնը շահերու վրայ հիմնուած է, սակայն ազատութեան եւ արդարութեան պայքարի յաղթանակը բոլորինն է:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Մայիս 1967)

Յաջորդը

«Խաւիարային Ախտը» ԵԽԽՎ-ում Կամ Թէ Ինչպէ՛ս Ձուկը Գլխից Է Փտում

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?