Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դէպի Ակունք-4» Պատանիներու Գեղարուեստական Հանդէս Նուիրուած` Հայոց Բանակի 25-ամեակին

May 8, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 9 ապրիլ 2017, երեկոյեան ժամը 6:00-ին,  ՔԱՀԼ-ի հանդիսասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, տեղի ունեցաւ միութեան «Դէպի ակունք» մանկապատանեկան գեղարուեստական չորրորդ հանդիսութիւնը: Ձեռնարկը նուիրուած էր հայոց բանակի 25-ամեակին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան ատենադպիր Սիւզի Տէրտէրեան` յայտնելով միութեան նպատակը` համախմբելու հայրենակիցները եւ իրենց զաւակները, գեղարուեստի ճամբով շաղուելու իրենց արմատներուն հետ: Ան ներկայացուց Ս. Յարութեան խորհուրդը` ըսելով, որ հայն ալ ունեցաւ իր գողգոթան, երբ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն անմեղ արիւնը կը հոսէր խաչն ի վար… Տարիներ անցան ու հայը յարութիւն առաւ: Ան արդէն ունի կենսունակ եւ ուռճացող հայրենիք, ունի հզօր բանակ:

Ներկաները առաւել եւս առաջնորդելու դէպի օրուան մթնոլորտը` ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ, մին` «Խարբերդ քաղաքը այսօր» եւ միւսը` «Հայաստանի բանակը» նիւթերով:

Ապա բեմը տրամադրուեցաւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնց աշխատանքը համադրած էր երաժշտութեան դասատու եւ միութեան գանձապահ Սեւան Յովակիմեանը: Յաջորդաբար իրենց տաղանդները ցուցադրեցին քսան համերկրացի մանուկներ, պատանիներ-պարմանուհիներ: Յատկապէս նկատելի էր այս վերջիններուն տարիներու ընթացքին երաժշտական զանազան գործիքներու կատարողութեան մէջ ձեռք բերած յաջողութեան մակարդակը, ինչպէս` սրինգ, քլարինեթ, դաշնակ: Անոնց մասնակցութիւնը մեծապէս կը քաջալերէ կրտսերները` բարձրացնելու իրենց մակարդակը` ջութակի, հայկական պարի, ասմունքի եւ այլազան հայ մշակոյթի մարզերու մէջ:

Հանդէսի յաջորդ բաժինով միութեան ատենապետ  Ռուբէն Մանկասարեանի առաջնորդութեամբ բեմ բարձրացան հինգ պատանի-պատանուհիներ` ներկայացնելու իրենց գծագրական տաղանդները` նուիրուած օրուան նիւթին:

Ապա, ներշնչուած օրուան բնաբանէն, սրահին մէջ ներկայ չորս պատանի-պարմանուհիներ գեղազարդուած նամակներ յղեցին հայրենի զինուորներուն: Այս նամակները Հայաստանի դեսպանատան միջոցով պիտի փոխանցուին հայ մարտիկներու:

Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեան եզրափակեց հանդիսութիւնը` հոգեւոր պատգամով:

Ապա համերկրացիներ` մեծեր եւ փոքրեր, առիթ ունեցան հաւկթախաղի զուարթ մթնոլորտի եւ հիւրասիրութեան ընթացքին աւելի մտերմանալու:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Մայիս 1967)

Յաջորդը

Անխոնջ Հոգեւորականը` Վարուժան Սրբազան Հերկելեան (Վերջին Շրջանին Իր Կողմէ Եղած Հրատարակութիւններուն Առիթով)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.