Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ Տոքթ. Ֆուատ Ղոսն Կը Յայտարարէ. Ներկայ Եղայ Նահատակներու Կախաղանին

Մայիս 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԸՆԻԶ ԱՄՄՈՒՆ

11 տարի առաջ կառավարութիւնը Լիբանանի Նահատակաց օրը փոխեց` զայն բնութագրելով իբրեւ նահատակ լրագրողներու օր: Այսպիսով, այդ թուականէն ետք 6 մայիսը չի նշուիր իբրեւ Նահատակներու օր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ լիբանանցի նահատակները 365 օրերէն մէկուն իսկ արժանի չեն: Բայց եւ այնպէս 50 տարի առաջ «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած է հետեւեալ կարեւոր յօդուածը, ուր ականատեսի վկայութիւններ կը փոխանցուին այն ահաւոր դէպքերուն մասին, զորս այսօր լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը կը փորձէ մոռացութեան տալ:

Իր շահեկանութեան եւ այժմէականութեան համար ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ յօդուածը:

«ԽՄԲ.»


– Միակ քաղաքայինն եմ, որ ներկայ եղայ նահատակներու կախաղանին, 1915 օգոստոսին եւ 1916 մայիսին,- կ՛ըսէ տոքթ. Ֆուատ Ղոսն:

Այս հաստատումը մեզ կը զարմացնէ: Ամէն ոք գիտէ, թէ տոքթ. Ղոսն ահաւոր վճիռներ արձակող օրէնսգէտ-բժիշկ մըն է, որ գիտէ ճշդել ոճիրի մը զէնքը, բայց ոչ ոք գիտէ, թէ եղած է վկան նահատակութեան:

– Այդ օրերուն,- կը շարունակէ տոքթ. Ղոսն,- երիտասարդ բժիշկ մըն էի: Վկայականս ստացած էի 1913-ին եւ կը գործէի կառավարութեան հաշուոյն: Իբրեւ կառավարական բժիշկ` երբեմն իրաւունք կը տրուէր ինծի այցելելու Ալէյի բանտարկեալներուն:

Լիբանան 1915: Ա. Աշխարհամարտը աւեր կը գործէ: Եւրոպայի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ կը կռուին մոլեգնօրէն, թնդանօթը կը գոռայ, ռումբերը կը տեղան եւ արիւնը կը հոսի: Լիբանանի մէջ օսմանեան լուծը դարձեալ կը ճնշէ, եւ բոլոր անոնք, որ կ՛ընդվզին, բոլոր անոնք, որ կ՛ըմբոստանան, մէկ խօսքով, բոլոր անոնք, որ դէմ կը կենան Օսմանեան կայսրութեան ծրագիրներուն, կը կոչուին «դաւաճան»: Ալէյ բանտարկուելով` կը սպասեն իրենց դատավարութեան, աւելի ճիշդը` ձեւական դատավարութեան:

– Բանտարկեալներուն մէջ ունէի բազմաթիւ բարեկամներ` Մոհամետ եւ Մահմուտ Մահմասանի, Սայիտ Ֆատել Աքըլ, Փեթրօ Փաոլի եւ Ապտել-Քերիմ Խալիլ: Երբ զիրենք տեսնելու կ՛երթայի, կը հանդիպէի նաեւ իրենց ընկերներուն: Կրնամ ձեզի ըսել, կրնամ երդում տալ, թէ բանտարկեալներէն ոչ մէկը կը զղջար իր արարքին համար, ո՛չ մէկը վայրկեան մը իսկ յուսահատ եւ ընկճուած կը թուէր: Կը խնդային, կը խօսէին, զիրար կը քաջալերէին:

Եթէ քանի մը կասկածելիներ ազատուեցան, քիչեր, սակայն, կրցան խուսափիլ իրենց եղերական ճակատագրէն: Ներողամտութենէ զուրկ օսմանցիները դաժանօրէն կը պաշտպանէին իրենց կայսրութեան վտանգուած կռուանները: Նոյնիսկ այս կամ այն վալիին պաշտպանեալը յաճախ կ՛ենթարկուէր հասարակաց օրէնքին:

– Եուսեֆ Հանի կրնար փրկել իր կեանքը, եթէ պայծառատես ըլլար: Վալի Խալիլ փաշան շատ կը սիրէր զայն եւ ուզեց արտասահման ղրկել, որպէսզի ֆես բերէ: Հանի մերժեց հեռանալ երկրէն: Բանտարկուեցաւ եւ մահուան դատապարտուելով` 5 ապրիլ 1915-ին կախաղան հանուեցաւ:

– Ապտել-Քերիմ Խալիլ անձնական բարեկամն էր Ճեմալ փաշային: Ժողովուրդին ցոյց տալու համար, որ զգացական որեւէ նկատում չի կրնար կասեցնել իր գործը, Ճեմալ փաշա հրահանգեց զայն տարագրել: Նոյնիսկ զայն մտրակել տուաւ:

Իրիկուն մը, երբ Ալէյի բանտարկեալները իրենց վիշտը կ՛աշխատէին մոռնալ երազին գիրկը, զէնքերու շաչիւնը յանկարծ կ՛արթնցնէ զիրենք: Կտրուկ հրահանգներ կը տրուին: Հոն է Ճեմալ փաշան, սարսափազդու Ճեմալ փաշան: Ձեռքին բռնած է մտրակ մը, աչքերը կը փայլին զայրոյթէն եւ ձայնը կը դղրդայ.

– Բացէք Ապտել-Քերիմի դուռը: Անմիջապէս ինծի բերէք զայն:

Տխրատեսիլ սրահին մէջ փաշան եւ իր նախկին բարեկամը իրարու աչք կը նային.

– Ապտել-Քերիմ, դաւաճա՛ն ազգիդ ու երկրիդ, կը բացագանչէ Ճեմալ փաշա:

Ապտել-Քերիմ Խալիլ անայլայլ կը շարունակէ նայիլ օսմանցիին աչքերուն խորը:

– Դուն շա՛տ լաւ գիտես, թէ մեր երկուքէն ո՛վ է դաւաճանը,- կ՛ըսէ սառնօրէն:

Այս խօսքը զինաթափ կ՛ընէ իր հակառակորդը:

– Տարէ՛ք իր խուցը,- կ՛ըսէ:

Ապա կը դառնայ, դուռը կը շաչեցնէ եւ իր կառքը կը մտնէ:

Քանի մը շաբաթ ետք, 20 օգոստոսի առաւօտուն, Պուրճի հրապարակին վրայ չարագուշակ աղմուկ մը կը լսուի: Տասնեակ մը բանուորներ, զինուորներու հսկողութեան տակ, տասնմէկ կախաղան կը պատրաստեն: Սարսափի մատնուած` Պէյրութի բնակչութիւնը կը դողայ եւ հարց կու տայ, թէ որո՞նք պիտի ըլլան ապագայ զոհերը:

Օգոստոս 20-21, գիշերը, կը գտնուէի Պէյրութ եւ իջեւանած էի «Խըտիւիալ» պանդոկը, որ կը բարձրանար հիմակուան ոստիկանութեան տնօրէնութեան շէնքին տեղը: Սենեակս նստած` կը տեսնէի տասնմէկ կախաղաններուն տխրաշուք պատկերը:

Ժամը չորսին կը հասնի մահապարտներու սայլը: Տոքթ. Ղոսն կը հագնի ու կ՛իջնէ հրապարակ: Իբրեւ կառավարական բժիշկ, ազատ մուտք ունի: Լեռնալիբանանի զինուորական կառավարիչ Ռըտա փաշա կը նախագահէ նահատակութեան:

Ճերմակ շապիկ հագած, ձեռնակապով, տասնմէկ մահապարտները կ՛երգեն միաբերան: Հանդարտ են ու անվրդով, ո՛չ տանջանքէն կը վախնան, ո՛չ մահէն: Նայուածքով, Ֆուատ Ղոսն անուն մը կու տայ իւրաքանչիւր դէմքի: Կը ճանչնայ Մոհամետ եւ Մահմուտ Մահմասանիները, Ապտել-Քերիմ Խալիլը, Նուրէտտին Քատին, Սալեհ Հայտարը, Ապտել-Քատեր Խարսան, Ալի Արմանազին, Սելիմ Ապտել-Հատին, Մահմուտ Աժամը, Նայէֆ Թելլոն եւ Մոհամետ Մուսալեմ Ապտինը: Ոմանք Պէյրութէն են, ուրիշներ` Պաալպէքէն, Համայէն, Դամասկոսէն կամ Նապլուսէն… Այս գերագոյն վայրկեանին բոլորն ալ արիւնի եղբայր են:

– Բացի զինուորներէն, սպաներէն եւ մահապարտներէն, Պուրճի հրապարակը ամայի է: Միակ քաղաքայինն եմ եւ իմ աչքերովս կը լափեմ հայրենակիցներս: Ոմանք կը ժպտին ինծի:

Երբ ձեռնակապերը կը հանեն, Ապտել-Քերիմ Խալիլ կ՛ըսէ Ռըտա փաշային.

– Աշխարհի բոլոր օրէնքները մահապարտին թոյլ կու տան, որ արտայայտէ իր վերջին կամքը: Ձեր օրէնքը թոյլ կու տա՞յ, որ չուանը վզիս չանցած` խօսիմ իմ եւ ընկերներուս անունով:

Ռըտա փաշա կը վարանի, պահ մը լուռ կը մնայ, ապա դրական պատասխան կու տայ.

– Խօսէ՛:

Ապտել-Քերիմ կը բացագանչէ զօրաւոր ձայնով մը.

– Իմ նահատակ եղբայրներուս անունով, լսեցէ՛ք զիս, զաւակները երկրիս ու ազգիս, ահաւասիկ իմ վերջին խօսքերս. թուրքերը կ՛ուզեն խեղդել ազատութեան ձայնը մեր կուրծքերուն մէջ: Կ՛ուզեն արգիլել, որ խօսինք, բայց մենք պիտի խօսինք: Բոլոր ժողովուրդներուն կը յայտարարենք, որ մենք ազգ մըն ենք, որ իր անկախութիւնը կ՛ուզէ, ազգ մը, որ կ՛աշխատի ձերբազատիլ օսմանեան լուծէն: Եւ դուն, ո՜վ երկիրը ազգիս, պահէ մեր յիշատակը: Եւ դուն, ո՜վ երկինքը մեր երկրին, բոլոր լիբանանցիներուն եւ սուրիացիներուն, բոլոր արաբներուն տար ողջոյնը այս նահատակներուն, յաճախ կրկնէ անոնց մեր խօսքը, ըսէ անոնց, որ մենք ապրեցանք անկախութեան համար եւ կը մեռնինք անկախութեան համար:

Բարոյական իր կտակը աւարտած` Ապտել-Քերիմ Խալիլ կը բարձրանայ կախաղան եւ չուանը ինք կ՛անցընէ վիզէն:

Իրար ետեւէ մահապարտները քաջաբար կը բարձրանան: Երբ կարգը կու գայ երկու Մահմասանիներուն, ժպտելով թեւ թեւի կու տան, ապա Մոհամետ կ՛ըսէ դահիճին.

– Եթէ կը հաճիս, վերջին մաղթանք մը ունիմ. զիս եւ եղբայրս միասին կախէ, որպէսզի չտառապինք իրարու մահ տեսնելով:

Կախաղանին առջեւ հասնելով` Մոհամետ կանգ կ՛առնէ: Առանց Ռըտա փաշայէն արտօնութիւն ուզելու` բարձրաձայն կ՛աղաղակէ.

– Աստուած վկայ է, որ վայրկեան մը իսկ չեմ դաւաճանած երկրիս: Աստուած վկայ է նաեւ, որ միշտ գործած եմ համաձայն սկզբունքներուս, իտէալիս, հաւատքիս, որ անխախտ է: Ծառայեցի երկրիս եւ արաբականութեան: Կը մեռնիմ նահատակ, ու բոլորս արաբականութեան նահատակներն ենք: Կեցցէ՛ ազգս եւ կեցցէ՛ Արաբական դատը:

Գործողութիւնները աւարտելէ ետք օսմանցիք կը հեռանան:

Շատ չանցած, Պէյրութ կ՛անդրադառնայ` սահմռկած: Տասնմէկ ողջամիտ մարդիկ կախաղան հանուած էին: Պէյրութ, սովահար, համաճարակներու, պաշարումի եւ կեղեքումի ենթակայ, չի համարձակիր ապստամբիլ: Հոս ու հոն, ստուերի մէջ, հայրենակիցներ կը խլրտին: Հոս ու հոն, անխոհեմութիւններու, կասկածներու եւ մատնութիւններու պատճառով, օսմանցիք կը շարունակեն ձերբակալութիւնները: Ինը ամիս չանցած, 6 մայիս 1916-ին, օսմանեան իշխանութիւնը նոր հարուած մը կու տայ:

Նոյն օրը Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ գլուխներ կ՛իյնան: Սուրիոյ ներկայ մայրաքաղաքին Մերճէի հրապարակին վրայ Շեֆիք Ազըմ, Էմիր Օմար Ալ-Ժազաէրի, Ռիւշտի Շամաա, Ապտել-Համիտ Զահրաուի, Շուքրի Ասալի, Ապտել Ուահապ Ինկըլիզի եւ Ռեֆիք Ռըզք Սալլում կախաղան կը հանուին: Նոյն ատեն, Պուրճի հրապարակին վրայ կը կախուին Օմար Համատ, Սայիտ Ֆատըլ Աքըլ, Արեֆ Շեհապի, Թեֆիք Պիսաթ, Սէյֆէտտին Խաթիպ, շէյխ Ահմետ Թապպարա, Փեթրօ Փաոլի, Ժորժ Հատտատ, Ալի Հաշաշիպի (Երուսաղէմէն), Ժալալ Պուխարի (Դամասկոսէն) եւ դամասկոսցի երկու սպաներ` գնդապետ Սելիմ Ժազաէրի եւ հազարապետ Ամին Լութֆի:

Ընդամէնը 21 նահատակներ իրենց արեամբ կը գրեն արաբական անկախութեան գեղեցկագոյն էջերը:

– Ներկայ եղայ նաեւ անոնց կախաղան հանուելուն,- կ՛ըսէ տոքթ. Ղոսն:

Սայիտ Ֆատըլ Աքըլ բացագանչեց.

– Հայրենիքին եւ անկախութեան համար մահը ծնունդ է, մինչ կեանքը առանց անկախութեան` մահ: Աստուած ներէ ձեզի եւ ներէ մեզի: Ան է, որ կը լսէ ու կը պատասխանէ: Իսկ ես քիչ ետք պիտի հանդիպիմ Աստծոյս` մաքուր եւ հանգիստ խղճով: Միայն Աստուծմէ կը խնդրեմ, որ արիւնս, որ քիչ յետոյ պիտի հոսի, ըլլայ ճամբայ մը, որ ցոյց տայ ապագայի ճամբան, լոյս մը, որ լուսաւորէ երկիրս: Կեցցե՛ն նահատակները:

Օմար Համատ եղաւ նուազ քնարական, բայց աւելի խիստ.

– Ըսէ քու կեղեքիչ կառավարութեանդ, որ այս արարքը օր մը պատճառ պիտի դառնայ իր խորտակման եւ զինք հիմէն պիտի տապարահարէ:

Ապտել-Ղանի Արէյսի պոռաց.

– Արաբներու փառքը պիտի վերապրի: Թագաւորութիւնները կը կերտուին հերոսներու գանկին վրայ, մեր գանկերը պիտի կազմեն հիմերը լիբանանեան անկախութեան:

Ամին Լութֆի, երբ տեսաւ, որ դահիճը ձախաւեր է, ըսաւ.

– Կախել սորված չե՛ս, տղա՛ս: Պէտք է արուեստով եւ վայելչօրէն անցընես չուանը:

Հետեւեալ օր նահատակները թաղուեցան աւազներու մէջ, Արհեստից վարժարանի թաղին մօտերը: Յուղարկաւորութեան թափօրը շատ պարզ է: Իշխանութիւնները չեն ուզեր աղմուկ հանել: Բայց այս յուղարկաւորութիւնը կը հանդիսանայ նախաքայլը Օսմանեան կայսրութեան յուղարկաւորութեան: Ու Լիբանանի վրայ արդէն կը բարձրանայ անկախութեան լուսաճաճանչ արեւը:

 

Նախորդը

Խմբավարին Խօսքը. 20-ամեայ Հաշուեկշիռ 20 Տարի, 30 Համերգային Յայտագիր, 800 Անդամներ, 580 Երգի Ուսուցում, 104 Նոր Երգեր

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատան Կազմակերպութեամբ` Ռուբէն Աւշարեանի «Արձանագրութիւններուն Մէջ» Զոյգ Հատորներու Շնորհահանդէս

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?