Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կը Մեղադրուի Եւրոպական Խորհուրդին Միլիոնաւոր Տոլարի Կաշառք Տալու Յանցանքով

Մայիս 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Տարիներ շարունակ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը զանազան երկիրներու քաղաքական գործիչներուն եւ պաշտօնեաներուն թանկարժէք նուէրներ մատուցած է առատօրէն, ինչպէս` մետաքսէ գորգեր, ոսկի, արծաթ, ձկնկիթ, կանխիկ դրամ եւ բոլոր ծախսերը վճարուած ճամբորդութիւններ` յօգուտ Ազրպէյճանի, բայց` ընդդէմ Հայաստանի ու Արցախի անոնց ձայներուն դիմաց: Այս անօրինական գործունէութիւնը այնքան մեծ տարածում գտած է, որ եւրոպացիները զայն կը նկարագրեն որպէս «խաւիարային դիւանագիտութիւն»:

Թէեւ այս կաշառակերութիւնը կը շարունակուի փակ դռներու ետին եւ չի բացայայտուիր ո՛չ ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու, ո՛չ ալ օտարերկրեայ քաղաքական գործիչներու կողմէ, սակայն ժամանակ առ ժամանակ անիկա ջուրին երեսը կ՛ելլէ: Մենք բոլորս պէտք է յիշենք, թէ ինչ որ բացայայտուած է, միայն չնչին մասն է այն մեծագումար կաշառքին, որ տրուած է Պաքուի այցելուներուն, տարբեր երկիրներու  պաշտօնատարներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ներառեալ` ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն:

Վերջերս գայթակղեցուցիչ մեծ բացայայտում կատարուեցաւ Եւրոխորհուրդի մէջ միլիոնաւոր տոլարներու կանխիկ գումարի մը ներգրաւմամբ. գումարը տրուած էր Եւրոխորհուրդի որոշ անդամներու` Ազրպէյճանը քննադատող որոշումներ տապալելու կամ Արցախի վերաբերեալ աննպաստ զեկոյցներու աջակցելու պայմանով:

Այս պատճառով փտածութեան դէմ պայքարող աշխարհի մեծագոյն` «Թրանսփարընսի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է Եւրոպական խորհուրդին` հետապնդել փտածութեան վերաբերեալ լուրջ մեղադրանքները: «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը եւս մեղադրած է Ազրպէյճանը` Եւրոխորհուրդի որոշումներու վրայ անտեղի ազդելուն համար` հիմնական խորհրդարանականներուն մեծ գումարներ եւ այլ ծառայութիւններ մատուցելու միջոցով: «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւնը» կոչ ըրած է անկախ քննութիւն բանալու, որպէսզի ուսումնասիրուի ԵԽԽՎ-ի (Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողով) 2013 թուականի քուէարկութիւնը, երբ մերժուած էր խիստ քննադատական զեկոյցը Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու եւ այդ երկրի պատուիրակութեան անդամներու դերակատարութեան մասին:

2017 ապրիլ 20-ին «Կարտիըն» պարբերականը ընդարձակ յօդուած հրապարակեց` «Նոր պնդումներ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական կառոյցէն ներս Ազրպէյճանի ձայներու կեղծման մասին» վերնագրով: ԵԽԽՎ-ի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ «Կարտիըն»-ի տեղեկացուցած են, որ ԵԽԽՎ անդամները Ազրպէյճանէն կաշառք ստացած են յօգուտ այդ երկրին քուէարկելու համար: ԵԽԽՎ-ն կազմուած է 47 եւրոպական երկիրներէ,  ներառեալ` Ազրպէյճանի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ 324 խորհրդարանականները:

Ազրպէյճանցի նախկին դիւանագէտ Արիֆ Մամետով տեղեկացուցած է «Կարտիըն»-ի, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը աւելի քան 30 միլիոն տոլար տուած է ԵԽԽՎ անդամի մը` զայն ԵԽԽՎ այլ անդամներու միջեւ որպէս կաշառք բաժնելու նպատակով: «Վեհաժողովին մէջ Շուէտի պատուիրակ եւ արդարադատութեան նախկին նախարար Թոմաս Պիլսթրոմ ըսած է, թէ «շատ վստահելի անդամներ» իրեն պատմած են, որ իրենց առաջարկուած է կաշառք` որոշակի ձեւով քուէարկելու համար: Ան մէկն է այն 64 խորհրդարանականներէն, որոնք բանաձեւ ստորագրած են` կոչ ընելով անկախ քննութիւն բանալ «ծանր յանցանքի մասին լուրջ եւ վստահելի պնդումներու վերաբերեալ»` կեդրոնացած ազրպէյճանական քուէարկութեան վրայ», կը հաղորդէ «Կարտիըն»:

«Այդ պնդումները առաջին անգամ ի յայտ եկան 2012 թուականին` «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւն» վերլուծական կեդրոնի պատրաստած զեկոյցին մէջ, բայց թափ առին այն ժամանակ, երբ Իտալիոյ դատախազները քննութիւն բացին աջակեդրոն խումբի նախկին նախագահ, իտալացի երեսփոխան Լուքա Վոլոնթէի դէմ: Ան կը մեղադրուի Ազրպէյճանէն 2,39 միլիոն եւրօ [2,6 միլիոն տոլար] կաշառք ստացած ըլլալու յանցանքով` ի դիմաց Եւրոպական խորհուրդէն ներս ազրպէյճանական կառավարութեան աջակցութիւն ցուցաբերելուն: Ան կը կանգնի դատարանի առջեւ` դրամներու լուացման յանցանքով, իսկ Միլանոյի դատախազը կը բողոքէ` փտածութեան մեղադրանք առաջադրելով անոր դէմ: Ան միշտ հերքած է որեւէ իրաւախախտում», կը գրէ «Կարտիըն»:

Նոյնիսկ ԵԽԽՎ նախագահ Փետրօ Ակրամունթը կը գտնուի ծանր կացութեան մէջ, քանի որ հրաժարած է քննութիւն բանալ Ազրպէյճանի փտածութեան գայթակղութեան դէմ: Անոր վերջին ճամբորդութիւնը դէպի Սուրիա աւելցուցած է թիւը ԵԽԽՎ այն անդամներուն, որոնք պահանջած են անոր հրաժարականը: Քանի որ, ըստ կանոնակարգի, Ակրամունթ չի կրնար հեռացուիլ, ԵԽԽՎ-ի պիւրոն անցեալ շաբաթ անոր անվստահութիւն յայտնած է` որոշում ընդունելով, որ ան լիազօրուած չէ կատարել որեւէ պաշտօնական այցելութեան, յաճախել հանդիպումներու կամ որեւէ հրապարակային յայտարարութիւն կատարելու որպէս նախագահ` վեհաժողովի անունով: Կ՛ըսուի, որ ան շուտով պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը:

Բացի այդ, Եւրոխորհուրդը քննութիւն բացած է 2015-ին` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համագումարին Ազրպէյճանի համապատասխանութեան մասին` առաջին անգամ անդամ պետութեան մը այսպիսի հարցաքննութիւն` վերջին 25 տարիներու ընթացքին…

Ամօթալի է, որ ԵԽԽՎ-ն, մարմին մը, որ ստեղծուած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, զոհ կ՛երթայ Ազրպէյճանի միահեծանին կաշառակերութեան ծրագիրներուն: Այս մեղադրանքները կը վարկաբեկեն Եւրոպական խորհուրդի հիմնական արժէքները: Անընդունելի է, որ ազրպէյճանական նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ, երբ ԵԽԽՎ անդամները գացած էին հոն որպէս դիտորդներ, անոնք զարմանալիօրէն շատ դրական զեկոյցներով հանդէս եկած էին, մինչդեռ մնացեալ միջազգային դիտորդները շատ բացասական գնահատականներ տուած էին: Նման հակասութիւն մտահոգութեան տեղիք կու տայ այն իմաստով, որ Ազրպէյճան յաջողած էր կաշառել ԵԽԽՎ դիտորդները` քողարկելու համար կեղծուած ընտրութիւնները:

«Կարտիըն» կ՛եզրակացնէ, որ` «Ազրպէյճան օգտագործած է վեհաժողովը [ԵԽԽՎ] իր նախագահին` Իլհամ Ալիեւի ինքնակալ իշխանութեան օրինականութիւն հաղորդելու նպատակով: Ալիեւ կը ղեկավարէ երկիրը 2003 թուականէն ի վեր»:

Ազրպէյճանի կաշառատուութեան չարաշահումներու անտեսումը կը նշանակէ, որ Եւրոպական խորհուրդը այլեւս չի կրնար դիտուիլ որպէս մարդկային իրաւունքներու պահապան…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Քննարկումներ` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Նախաձեռնութեամբ

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակին Համար Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ Մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?