Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուցահանդէս` Յանուն Նպատակի Մը

Մայիս 8, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. ԾԻՐԱՆԻ

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի ՀԵԸ միութեան, իր տարողութեամբ ընդարձակածաւալ եւ բովանդակութեամբ այլազան գեղանկարչական ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 19 ապրիլի երեկոյեան Զէյթունա Պէյի «Եախտ քլապ»-ի ցուցասրահին մէջ: Ցուցադրութեան դրուած էին տարբեր սերունդներ եւ արուեստի ուղղութիւններ ներկայացնող շուրջ հարիւր յիսուն ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ տասնհինգը վերապահուած էր աճուրդի համար:

Դասականացած ականաւոր գեղանկարիչներէն կային առաւել կամ նուազ չափով միջազգային համբաւի տիրացած ստեղծագործողներ, ինչպէս` Էտկար Շահին, Յովսէփ Փուշման, Գառզու, Ժանսեմ, Փոլ Կիրակոսեան, Շարթ, Յակոբ Յակոբեան  եւ այլն: Երէցներէն կարելի է յիշատակել` Յարութիւն Թորոսեան, Գրիգոր Նորիկեան, Ժան Գազանճեան, Ասատուր, Հենրիկ Էլիբեկեան, Հրայր եւ այլն: Համեմատաբար մեծ տեղ յատկացուած էր ժամանակակիցներուն, ինչպէս` Ռուբէն Աբովեան, Եուրոզ, Վահրամ Դաւթեան, Սամուէլ Գարեգինեան, Սարգիս Համալպաշեան, Ռուբէն Գրիգորեան եւ ուրիշներ: Կային նաեւ երիտասարդ սերունդէն կարգ մը ներկայացուցիչներ, ինչպէս` Վահան Ռումելեան, Տիգրան Սաթուլեան, Դաւիթ Դաւթեան, Ռազմիկ, Մոգօ Խաչատուրեան եւ այլն:

Այս հաւաքածոյին մէջ ներառուած էին նաեւ ոչ հայ միջազգային եւ լիբանանեան արուեստագէտներ,  ինչպէս` Պեռնար Պիւֆէ, Քլոտ Վենար, Անտրէ Լանտսքոյ, Ժան Տոմինիք Վալերի, Ֆաթիմա Հաժ, Քաթի Թապպահ եւ այլն:

Ինչպէս անուններն ու անոնց հետեւած դպրոցները ցոյց կու տան, այս հաւաքածոն թէեւ խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզէ, սակայն իր ընդհանուրին մէջ թէ՛ հետաքրքրական է եւ թէ՛ ուսանելի: Այս մէկը ոչ միայն օտարներուն առջեւ մեր մշակութային մէկ երակը կը ներկայացնէ յաւուր պատշաճի եւ բարձր մակարդակով, այլեւ  արուեստասէր հասարակութեան կը ծանօթացնէ անյայտ եւ կամ քիչ ծանօթ արժանաւոր դէմքեր եւս, ինչպէս` Էտկար Շահինն ու Յովսէփ Փուշմանը, Ժան Գազանճեանն ու Եուրոզը եւ կամ` Դաւիթ Դաւթեանն ու Մոգօ Խաչատուրեանը:

Երբ կ՛ըսենք, թէ հարկաւոր է, որ մեր ուսանողութիւնն ու աշակերտութիւնը կազմակերպուած ձեւով տանիլ կերպարուեստի ցուցահանդէսներու, խօսքը նմանօրինակ  ցուցահանդէսներու մասին է:

 

 

Նախորդը

Ասատուրի Մէկ Նոր Նուաճումը

Յաջորդը

Ո՞վ Պիտի Պաշտպանէ Հայաստանը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?