Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբավարին Խօսքը. 20-ամեայ Հաշուեկշիռ 20 Տարի, 30 Համերգային Յայտագիր, 800 Անդամներ, 580 Երգի Ուսուցում, 104 Նոր Երգեր

Մայիս 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մանկութեանս օրերուն, լիբանանահայ նուիրեալ երաժիշտներ Վաչէ Պարսումեան, Ալեքսան Մնակեան, Սարգիս Փանոսեան, Վարդան Աշգարեան եւ ուրիշներ, ստեղծած, զարգացուցած եւ ընդհանրացուցած էին մանկապատանեկան երգչախումբի իրողութիւնը, սակայն  1997-ին, ուսումնառութեանս աւարտին, երբ Երեւանէն վերադարձայ Լիբանան, դպրոցական քանի մը երգչախումբերու ունեցած կարեւոր գործունէութիւնը չհաշուած, ոչ մէկ մանկապատանեկան երգչախումբ կը գործէր մեր գաղութին մէջ, ներառեալ իմ իսկ ղեկավարած  Համազգայինի Այնճարի «Կաքաւիկ» ու Ազգային առաջնորդարանի «Ծիածան» երգչախումբերը: Այս կացութեան մէջ, իմ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մտասեւեռումները համընկան, որուն 20-ամեակէ մը ի վեր լիբանանեան իրականութիւն մըն է «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ աւելի ուշ ծնունդ տուաւ նաեւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին, որուն 10-ամեակը պիտի նշենք յառաջիկայ տարի:

Անցնող 20-ամեակին «Կարկաչ»-ի տարազով առնուազն մէկ անգամ բեմ բարձրացած եղան ճիշդ 800 այժմու թէ նախկին մանուկներ ու պատանիներ, 54 համազգայնականներ հերթաբար  իրերայաջորդ տարիներու ընթացքին կազմակերպչական աշխատանքով ծառայեցին վարչական կազմերու մէջ, յատկապէս «Կարկաչ»-ին եւ իր քոյր Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին համար ծնան 104 նոր երգեր, որոնք այսօր կը զարդարեն ո՛չ միայն իմ, այլեւ հայրենի թէ սփիւռքի բազմաթիւ երգչախումբերու երգացանկերը: Տարեկան համերգներուն, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգներուն, ինչպէս նաեւ ընթացիկ ձեռնարկներու առիթով կարկաչականները 30 համերգային նոր յայտագիրներու համար  սորվեցան ու կատարեցին 580 երգեր: Ելոյթներ ունեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Կիպրոսի մէջ: Միշտ հրաւիրուեցան մասնակցելու «Պէյրութ Չանց» ու «Լիբանանի Միջազգային երգչախմբային փառատօն»-ին, այսպիսով դառնալով Լիբանանի օտար երաժշտական շրջանակներուն մէջ ալ հայութիւնը ներկայացնող երգչախումբ մը:

Վաղն իսկ կը մեկնիմ Շուշի` մասնակցելու համար քաղաքի ազատագրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններուն, բայց մանաւանդ նախապատրաստելու «Կարկաչ»-ի աւագ քրոջ` «Վարանդա» երգչախումբի 25-ամեակին առիթով յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք տօնակատարութիւն-համերգը: Քաղաքին ազատագրումն ու հոն ստեղծած երգչախումբիս տարեկից ըլլալու իրողութիւնը մաս կը կազմեն ներքին ուրախութիւններուս:

Երջանիկ եմ, որ քառորդ դար անդադրում կերպով կրցայ հետեւողական ըլլալ ստեղծագործական առաքելութեանս մէջ ու հիմա, եզրափակելով շրջան մը, լի եմ բացուելու ստեղծագործական նոր հորիզոններու` շարունակելու համար լումայ ներդնել հայրենի թէ տարագիր պատանիներու եւ երիտասարդներու ազգային-երաժշտական կեանքին ու  դաստիարակութեան մէջ:

20-ամեակի յոբելենական համերգին յայտագիրը կազմած եմ առաւելաբար «Կարկաչ»-ի եւ «Վարանդա»-ի համար ստեղծուած երգերու փունջով մը: Խորունկ սիրով կը յիշեմ ամէն ամառ Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցի դիմացի սրճարանին մէջ հայրենի ականաւոր բանաստեղծներուն ու երաժշտահաններուն հետ աւանդութիւն դարձած հանդիպումներս, որոնց ընթացքին կը հաւաքուէին նորագոյն երգերը, որոնց առաջին կատարման սպասումն ու  երանութիւնը անջնջելի կը մնան յուշերուս մէջ:

Խոր գնահատանքս կը յայտնեմ անցնող տարիներուն կազմակերպական աշխատանքով երգչախումբին նեցուկ կանգնած անհատներուն եւ իրերայաջորդ վարչութիւններուն, դաշնակահարներուն, բանաստեղծներուն, երաժշտահաններուն,  որոնց հետ համագործակցութիւնս եղաւ հաճելի, արդիւնաւէտ ու անկորնչելի յուշերով լի: Իսկ տարբեր տարիներու ընթացքին «Կարկաչ»-ի տարազով բեմ բարձրացած նախկին թէ այժմու կարկաչականները կը գրկեմ ու կը շնորհաւորեմ անփոփոխ եւ անժամանցելի նոյն սիրով ու գորովով:

Ձեր`
Պարոն Զաքար

Նախորդը

Աւելի Քան 1500 Թորոնթոհայեր Մասնակցեցան Կարօ Փայլանի Հետ Հանդիպումին

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ Տոքթ. Ֆուատ Ղոսն Կը Յայտարարէ. Ներկայ Եղայ Նահատակներու Կախաղանին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?