Յօդուածներ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Բ. –   Դէպի Ռազմական Մագլցո՞ւմ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Ապրիլ Դ. – Ցաւակցութիւնը Քաղաքական Խիզախ Կեցուածքով Կ՛արտայայտուի

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան քանի մը տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնելու անյաջող փորձեր կը կատարէ: Անոր ցաւակցութիւնը, որքան որ ձեւական, նոյնքան ալ ընդվզեցուցիչ է: Ան առաջին հերթին կե՛ղծ է, որովհետեւ քաղաքական դէմքերու ցաւակցական խօսքերը, եթէ նոյնիսկ զուտ քաղաքական նպատակներով ըլլան, առնուազն ենթահող մը պէտք է ունենան: Այդ ենթահողը բարի կամքի գործնական դրսեւորումն է: Եթէ այլ երկիրներու նախագահներ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնակներ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնակներ

Իրան Հազարաւոր Թեհրանահայեր Համախմբուեցան Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց Հազարաւոր թեհրանահայեր այս տարի եւս Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին իրենց խուռներամ շարքերով ապրիլ 24-ին մասնակցեցին բողոքի լուռ երթին: Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Թեհրանի Ս. Սարգիս մայր եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի, մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ բարեխօսական աղօթք: Ս. պատարագէն եւ բարեխօսական աղօթքէն ետք թափօրը հայ սկաուտներուն կազմած...

«Վարչապետի Հետ Բնականոն Յարաբերութիւններ Ունենք»

«Վարչապետի Հետ Բնականոն Յարաբերութիւններ Ունենք»

«Երկիր»-ի Հարցազրոյցը Հյդ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ  Յառաջիկայ մէկ շաբաթուան ընթացքին ՀՅԴ-ն եւ ՀՀԿ-ն նոր համագործակցութեան յուշագիր պիտի ստորագրեն: Այս եւ այլ հարցերու մասին «Երկիր»-ը հետեւեալ զրոյցը ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ: «ԵՐԿԻՐ».- Մամուլը յամառօրէն գրում է, որ ՀՅԴ-ի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի յարաբերութիւնները լարուած են: Այսօր էլ թերթերից մէկը գրել էր, թէ իբր երէկ մի...

Հայերը Եւ Սուրիոյ Տագնապը

Հայերը Եւ Սուրիոյ Տագնապը

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Թուիթըրի օգտատէրերէն մէկը, հաւանաբար բարկութեան մէկ պահուն, գրած էր, թէ յաղթանակէն ետք յեղափոխականները պիտի վտարեն հայերը Սուրիայէն` դէպի իրենց նախկին բնակավայրերը, որովհետեւ իրենց հետ չեն գործակցիր: Ան չէ նշած, թէ ո՛ւր նկատի ունենալով, որ հայերը Սուրիոյ զաւակներն են, չէ՞ որ անոնք հոս ծնած են, Սուրիա ծնած են նաեւ անոնց հայրերն ու մեծ հայրերը, եւ սերունդէ սերունդ յատկանշուած են...

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Ֆրանսա Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ ապրիլ 21-25-ին տեղի ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ: Ապրիլ 21-ին Փարիզի մերձակայ Մետոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ եղած են եւ ելոյթներով հանդէս եկած` Մետոնի քաղաքապետ, ծերակոյտի փոխնախագահ Էրուէ Մարսելը, Շաւիլի քաղաքապետ, Օ-տը-Սեն բաժանմունքի խորհուրդի անդամ Ժան-ժաք Կիյէն, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ...

2017-ի «Աւրորա» Մրցանակի Թեկնածուները

2017-ի «Աւրորա» Մրցանակի Թեկնածուները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ  ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը կը ստանայ մէկ միլիոն տոլար` ընդարձակելու մարդասիրական գործունէութիւնը աշխարհի մէջ «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովը վերջերս հրապարակեց  անունները  մրցանակի 2017 թուականի թեկնածուներուն, որոնք ընտրուած են բացառիկ ազդեցութեան, խիզախութեան եւ ցուցաբերած նուիրուածութեան համար` փրկելով մարդկային կեանքեր եւ իրականացնելով մարդասիրական գործունէութիւն: - Ֆարթուն Ատան եւ Իլվատ Էլման` «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կեդրոնի հիմնադիրներ, Սոմալի - Մարդկային ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Ո՞ւր Պիտի Հասցնեն Ցեղասպանութեան «Ճանաչում»-ները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Ֆեթիշ» թուական. «ԱՊՐԻԼ 24»: Եկաւ եւ անցաւ, ինչպէս` ամէն տարի: Մեր եւ մեր «բարեկամ»-ներուն հոգեպարար ճառերը: Ոչ ոք հարց կու տայ, թէ ի՛նչ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է իրաւունքի վերականգնման ճամբուն վրայ: Այդ իրաւունքի վերականգնումը աշխատանքային օրակա՞րգ է: Նոյնիսկ եթէ միայն մազի հաստութեամբ թելով մը կապուած ենք ազգին, պահ մը կը մտածե՞նք մեզի պարտադրուած մեծ ոճիրին եւ անոր հետեւանքներուն մասին,...

«Մըն Զաման-2» Խորագիրով Ցուցահանդէսին.  Չորս Հայորդիներ` Անտրէ Գալֆայեան, Արտեմիս Պոյաճեան-Թորոսեան, Ծովիկ Մանուկեան-Գազազեան Եւ Մարալ Էքմեքճեան-Ղազարեան Մասնակցեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցուցահանդէսին

«Մըն Զաման-2» Խորագիրով Ցուցահանդէսին. Չորս Հայորդիներ` Անտրէ Գալֆայեան, Արտեմիս Պոյաճեան-Թորոսեան, Ծովիկ Մանուկեան-Գազազեան Եւ Մարալ Էքմեքճեան-Ղազարեան Մասնակցեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցուցահանդէսին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, երեքշաբթի, 11 ապրիլ 2017-ին լիբանանեան եւ առհասարակ արուեստասէր հանրութիւնը հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու արուեստագէտ Մոհամետ Ալլուշի հիմնած արուեստի «Մուլթաքա ալուան» միութեան «Մըն զաման-2» խորագրեալ  լիբանանեան աւանդի գեղանկարչական ցուցահանդէսին, Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ: Գլխաւորաբար արուեստագէտ, գեղանկարիչ Փասքալ Մասուտի կազմակերպութեամբ իրագործուած լիբանանեան գիւղական աւանդին նուիրուած գեղանկարչական այս միօրեայ ցուցահանդէսին իբրեւ պատուոյ հիւր հրաւիրուած արուեստագէտներ դոկտ. Իսամ Խէյրալլայի եւ...

Ակնարկ.   Ապրիլ 24-Էն Մայիս 6`  Տարածաշրջանային Իրադրութիւններու Ազդեցութիւնները

Ակնարկ. Ապրիլ 24-Էն Մայիս 6` Տարածաշրջանային Իրադրութիւններու Ազդեցութիւնները

102-րդ ապրիլ 24-ի լիբանանեան ոգեկոչումները որոշ ուշագրաւ երեւոյթներ պարզեցին, որոնց ուղղութեամբ քարոզչաքաղաքական հետագայ ռազմավարական մշակումները նկատառելի կէտեր կը գտնեն անպայման: Նախ անշուշտ կեդրոնական ձեռնարկին ապահովուած բարձրագոյն մակարդակի պետական այրերու ներկայացուցիչներու խօսքերը, զօրակցութիւններն ու հայութեան իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ փոխանցուած մեր Դատին նկատմամբ լիբանանեան համապետական մակարդակի զօրակցական յայտարարութիւնները կարեւոր առաւել արձանագրեցին այս շրջածիրին մէջ: Իշխանութեան պետերու ներկայացուցիչները կը ներկայացնեն համայն Լիբանանը. համապետական...

Բարի Լոյս 32.  Գօտեպնդող Երեւոյթ

Բարի Լոյս 32. Գօտեպնդող Երեւոյթ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Երեքշաբթի, 2 մայիսին, Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտութեան հանդիպումը Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային իշխանութեանց ու առաջնորդարանի պատասխանատուներուն հետ: Այս առիթով «Ազդակ»-ի երէկուան թիւով յատուկ թղթակցութեամբ անհրաժեշտ մանրամասնութիւնները հաղորդուած էին: Սակայն այս հանդիպումին ամէնէն կարեւոր բաժինը, որուն վրայ պէտք է կեդրոնանալ, աշակերտութեան հետ կայացած զրոյցն էր, որուն ընթացքին արծարծուած նիւթերը...

«Ցուցահանդէսը Կ՛ընդգրկէ Ինքնութեան Հարստութեան Խնդիրն Ու Ժողովուրդներու Մշակութային Բարեկամութիւնը»

«Ցուցահանդէսը Կ՛ընդգրկէ Ինքնութեան Հարստութեան Խնդիրն Ու Ժողովուրդներու Մշակութային Բարեկամութիւնը»

Հարցազրոյց Լիբանանահայ Գեղանկարիչ Գրիգոր Կարապետի Հետ Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իտալիոյ դեսպանատուներուն նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ,  հինգշաբթի, 4 մայիս  2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ պիտի կատարուի լիբանանահայ գեղանկարիչ Գրիգոր Կարապետի ցուցահանդէսին բացումը: Գրիգոր Կարապետ անհատական եւ հաւաքական բազմաթիւ ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է եւրոպական շատ երկիրներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի մէջ: Ստորեւ ...

102-ամեակի Ոգեկոչումներ Սուրիոյ Մէջ

102-ամեակի Ոգեկոչումներ Սուրիոյ Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցի Ձեռնարկները Դամասկոսի Մէջ Դամասկոսի մէջ 23-24 ապրիլին տեղի ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը: Ապրիլ 23-ին Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Հայ Առաքելական առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացաւ յիշատակի ձեռնարկ, որուն ընթացքին տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բանախօսութիւն եւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՛ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պոլիս Թուրք Արուեստագէտի Ցուցահանդէսը` Նուիրուած 1915-Էն Մինչեւ Այսօր Տեղի Ունեցած Բռնագաղթերուն Վերջերս տեղի ունեցաւ թուրք արուեստագէտ Արզու Բաշարանի «Թերեւս այնտեղ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը, որուն միջոցով ան ուզած է ժողովուրդին ուշադրութիւնը հրաւիրել երեւոյթի մը, որ սկսած  է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակներէն եւ ներկայիս ալ տարածուած է Սուրիոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ: Բաշարան իր ներկայացուցած  պաստառներուն ընդմէջէն փորձած է արծարծել...

Հայո՛ւն Սեփականութիւնը Պէտք Է Դարձնել Հայ Դատը` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Մէջ*

Հայո՛ւն Սեփականութիւնը Պէտք Է Դարձնել Հայ Դատը` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Մէջ*

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Այս օրերուն ո՛չ միայն այս վայրին մէջ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին - հայրենիքէն մինչեւ արտերկրի բոլոր գաղութները - հայութիւնը միասնական շարքերով կ՛ոգեկոչէ ապրիլեան Եղեռնի 102-րդ տարելիցը: Ու չկայ հայ մը, յանձնառու կամ հայութենէն հեռացած, որուն արիւնը փոթորիկներ չստեղծէ իր երակներուն մէջ սա մէկ հատիկ թուականին դիմաց: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կա՞յ արդեօք թուական մը, որ այնքան արցունք...

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Իւրօրինակ Դասերը «Վանայ Ձայն»-ի Եւ «Լ. Թիւթիւնճեան» Պատկերասրահին Մէջ

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Իւրօրինակ Դասերը «Վանայ Ձայն»-ի Եւ «Լ. Թիւթիւնճեան» Պատկերասրահին Մէջ

Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցը թէեւ ունի տեսական եւ գործնական կանոնաւոր ծրագիր, բայց դպրոցի պատասխանատու, գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան միշտ առիթ կը ստեղծէ, որ աշակերտները մասնակցին զանազան մրցումներու, փառատօներու, հանրային ձեռնարկներու, ի հարկին դերեր ստանձնեն թատերախումբի տարեկան ներկայացումներուն մէջ: Բեմադրիչին կարծիքով, զանազան քննարկումները, հանդիպումները անուանի արուեստագէտներուն հետ, այցելութիւնները մշակութային օճախներ, կ՛ընդլայնեն աշակերտներուն մտահորիզոնը` նպաստելով անոնց գեղագիտական ճաշակի զարգացման: Շաբաթ, 29...

Ապրիլեան Եղեռնագործութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչումներ` Քուէյթի Մէջ

Ցանցային Արհեստավարժ Համակարգ` Մեր Հեռահար Եւ Անմիջական Նպատակներուն Համար

(Շահան Գանտահարեանի խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով, Քուէյթ, 24 ապրիլ 2017) Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն երկու տարուան հեռաւորութեամբ, քաղաքական իրադրութիւններու վերլուծման փորձը նախ լոյսին կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախին եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհին մէջ հայկական գործօնին առնչուած զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները, որոնց ուղղակի թէ անուղղակի ներգործութեամբ կ՛իրականանան մեր համազգային պահանջատիրութեան առնչուած զարգացումները: Պէտք չէ մտահան ընել այն, որ մենք ազգովին առաջին...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Թրամփ Տեղի Տուաւ Թրքական Ճնշումներուն` Չճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ամէն տարի հայերն ու թուրքերը իրենց շունչը բռնած կը սպասեն, որ տեսնեն` արդեօք Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր ապրիլ քսանչորսեայ տարեկան ուղերձին մէջ պիտի օգտագործէ՞ «ցեղասպանութիւն» բառը` հայերուն զանգուածային ջարդերը նկարագրելու համար: Սակայն անոնք կարծես թէ կը մոռնան, որ Միացեալ Նահանգներ ո՛չ միայն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ այդպէս ըրած է բազմիցս, ամէնէն...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Նախագահ Թրամփի Ապրիլ 24-ի Յայտարարութեան Սահմանադրական Խախտումը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ նախագահներուն կողմէ ապրիլ 24-ի Եղեռնի յիշատակման առիթով կատարուած տարեկան պաշտօնական յայտարարութիւնները քաղաքական աւանդութեան վերածուած են: Այս աւանդութիւնը սկիզբ առաւ 1990-ի ապրիլին նախագահ Ճորճ Հ. Պուշի յայտարարութեամբ: Տարեկան հերթականութեամբ աւանդութիւնը շարունակեցին նախագահներ Պիլ Քլինթըն, Ճորճ Ու. Պուշ եւ Պարաք Օպամա: Այս տարի, ապրիլ 24-ին, նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս հրապարակեց Եղեռնի յիշատակման իր յայտարարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու նախագահին...

Էրտողանական Նոր Նուաճումները

Էրտողանական Նոր Նուաճումները

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Ապրիլի 24-ին Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Պոլսոյ պատրիարքարանում կազմակերպուած միջոցառման ժամանակ ընթերցուել է այդ օրուան վերաբերող Թուրքիայի նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի ուղերձը: Դրանից ակնյայտ է դառնում, որ Էրտողանը չի փոխում իր ամէնամեայ ուղերձների ժխտողական տրամաբանութիւնը, եւ որ պաշտօնական Անգարան արդէն գտել է արձագանգելու դասական եղանակը:  Բուն Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դասական ձեւակերպումներով յայտարարութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ կրկնում է նախորդ տարիների Էրտողանի ուղերձների...

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Շարլ Ազնաւուրի Թանգարանի Տարածքը Նուիրուեցաւ «Ազնաւուր» Հիմնադրամին Կառավարութեան որոշումով, Երեւանի մէջ Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանին համար նախատեսուած տարածքը` 1224.4 քառ. մեթր մակերեսով եւ օգտագործման ու սպասարկման համար անհրաժեշտ 0.1 հեկտար հողամասով, նուիրուած են «Ազնաւուր» հիմնադրամին: Ուրբաթ, 28 ապրիլին, Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան գրասենեակին մէջ,  Ազնաւուր ընտանիքի անդամներու մասնակցութեամբ, կնքուեցաւ նուիրատուութեան պայմանագիրը, զոր «Ազնաւուր» հիմնադրամին կողմէ ստորագրած է տնօրէնի...

Page 821 of 1110 1 … 820 821 822 … 1,110

Արխիւներ