Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ռազմավարական, Ռազմագիտական, Բայց Նաեւ Մշակութային (Շուշիի Ազատագրութեան 25-ամեակին Առիթով)

Մայիս 8, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակի նշումը կը համընկնի ապրիլեան յանկարծակի պատերազմի առաջին տարուան ամբողջացման: Հայրենական պատերազմին, Շուշիի ազատագրութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման  եռատօնին հազիւ ամիսով մը կը կանխէ ապրիլեան պատերազմի յաղթանակը:

Ռազմագիտական վերլուծումները, տարուան մը կտրուածքի հեռաւորութեամբ համընդհանուր կերպով կը խօսին այն համոզումին մասին, որ պարտադրուած զինադադարը արգելակեց հայկական կողմի նոր կարեւոր յառաջխաղացքը:

Մինչ այդ սակայն, նման պատերազմ սանձազերծելու ազրպէյճանական կողմի բուն նպատակը չէր կրնար ըլլալ միայն ռազմական ընդունակութեան, կարողականութեան ստուգումը. կար յստակ ճեղքումներով ամբողջ Արցախի ուղղութեամբ սանձազերծելու աւելի լայնածաւալ պատերազմի ծրագիր` կարճ ժամանակի վրայ ազրպէյճանական բանակի ներխուժում իրականացնելու համար:

Պատերազմական ծրագիրի այս տեսութեան համոզումը աւելիով կ՛ամրակայէ ապրիլեան յաղթանակի իրողութիւնը: Հայկական զինեալ ուժերը ո՛չ միայն ետ մղեցին յարձակումը, այլ նաեւ ձախողեցուցին Պաքուի մեծ ծրագիրը:

Այս ընկալումով ալ եռատօնին վրայ ամսուան մը հեռաւորութեամբ պէտք է աւելցնել նաեւ ապրիլեան յաղթանակը` իբրեւ մուտք եռատօն յաղթանակներու:

Եւ ինչպէս որ Շուշիի ազատագրումը շատ կարեւոր ու ռազմավարական նշանակութիւն ունէր Արցախի ազատագրման եւ Արցախի պետականութեան կերտման աշխատանքներուն մէջ, այնպէս նաեւ ապրիլեան յաղթանակը Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմական ծրագիրը ձախողեցնելու, Թալիշի մէջ պատահածներու տարածումը չէզոքացնելու եւ ընդհանրապէս սանձազերծող կողմին հրադադար խնդրելու վիճակին մէջ դնելու առումով ռազմավարական նշանակութեան ժամանակակից իմաստ կը ստանայ:

Ապրիլը փաստեց, որ Շուշիով ազատագրուած Արցախն ու անոր պետականութիւնը ժամանակաւոր բնոյթ չունին: Ազատագրումէն 25 տարի ետք վերագրաւումի փորձերը սանձազերծման յանկարծակիութեան եւ արագութեան նման եւ գուցէ անոնցմէ աւելի արագ զսպուեցան, չէզոքացուեցան:

Ապրիլը ուրեմն այս իմաստով դարձաւ անհրաժեշտ հանգրուան` վերաամրագրելու համար Արցախի ինքնորոշումն ու կերտուած պետականութիւնը:

Շուշին միայն ռազմավարական եւ ռազմագիտական առումներով չէ որ կը ներկայանայ համայն հայութեան: Շուշին նաեւ մշակութային քաղաք է. եւ եթէ առաջին երկու յատկանիշներու լիարժէք կատարում եւ օգտագործում կայացած է, ապա երրորդի պարագային տակաւին ընելիք կայ:

Այստեղ` սփիւռքի մէջ գործող մշակութային խումբերու եւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան միջեւ առաջադրելի համակարգումը կրնայ զգացնել Շուշիի մշակոյթի մայրաքաղաք ըլլալու հանգամանքը:

Սփիւռքը ընելիք ունի. Արցախի համապատասխան մարմինները անպայման կը ստեղծեն համապատասխան միջոցներն ու դիւրութիւնները: Պարզ է առաջադրանքը. եթէ սփիւռքեան իւրաքանչիւր համայնքի մէջ գործող երգչախումբը, պարախումբը կամ մշակոյթի եւ արուեստի մարզին մէջ դերակատար եղող որեւէ գեղարուեստական միաւոր տարին մէկ ելոյթ, համերգ, թատրոն, ցուցահանդէս կամ մշակութային որեւէ ձեռնարկ իրականացնէ Շուշիի մէջ, հանրագումարին մասին կրնաք պատկերացում կազմել:

Նման եռուզեռ մը եւ անոնց առընթեր կազմակերպելի համահայկական մշակութային փառատօները կրնան ապահովել Շուշիի մշակութային երբեմնի դիմագիծին ժամանակակից տեսքն ու էութիւնը:

Եռատօն-յաղթանակներու ժամանակահատուածի մէջ ենք: Մշակութային եռուզեռներու ապահովումը կրնայ ձեւ ու մարմին տալ այդ յաղթանակներուն, միայն դրական արդիւնքներ ապահովելու փաստերու ամրագրումով:

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մեկնած Է Արցախի Հանրապետութիւն

Յաջորդը

«Այն Բանը, Որուն Կը Հաւատամ» Խորագրեալ Գիրքով. Նախագահ Միշել Աուն Վերահաստատեց Լիբանանը Մշտադալար Եւ Ծաղկուն Պահելու Իր Խոստումը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?