«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Խրիմեան Պոլիս կը մնայ հինգ տարի եւ, հակառակ իրեն պարտադրուած խիստ հսկողութեան, իբրեւ Ազգային կրօնական ժողովի ատենապետ, իշխանութիւններու քիթին տակ կը գործէ ամենայն համարձակութեամբ: Ազգային ժողովը, իր նախաձեռնութեամբ, հայկական գաւառներու վատթարացող կացութեան մասին երկու բողոքագիր կը ներկայացնէ պետութեան: Բարձրագոյն դուռը անգամ մը եւս կը վրդովի եւ այս անգամ կը դիմէ քաղաքավարի աքսորի` զայն հրաւիրելով երկարատեւ «ուխտի երթալ» Երուսաղէմ,...



















