Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)

Մայիս 31, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ    

Խրիմեան Պոլիս կը մնայ հինգ տարի եւ, հակառակ իրեն պարտադրուած խիստ հսկողութեան, իբրեւ Ազգային կրօնական ժողովի ատենապետ, իշխանութիւններու քիթին տակ կը գործէ ամենայն համարձակութեամբ: Ազգային ժողովը, իր նախաձեռնութեամբ, հայկական գաւառներու վատթարացող կացութեան մասին երկու բողոքագիր կը ներկայացնէ պետութեան: Բարձրագոյն դուռը անգամ մը եւս կը վրդովի եւ այս անգամ կը դիմէ քաղաքավարի աքսորի` զայն  հրաւիրելով երկարատեւ «ուխտի երթալ» Երուսաղէմ, ուր, ինչպէս կենսագիրը կը վկայէ, «հայոց արծիւը կը փակուի ճնճղուկի վանդակի մէջ»:

Փրկութիւնը կու գայ մայիս 1892-ին, երբ Էջմիածնի Հոգեւոր խորհուրդը 72-ամեայ Խրիմեանը միաձայնութեամբ կ’ընտրէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, Խրիմեան Հայրիկ անուանակոչութեամբ: Ձեռնադրութիւնն ու օծումը, սակայն, կը կատարուի 16 ամիս ուշացումով, որովհետեւ սուլթանը չի փափաքիր ըմբոստ եկեղեցականը թրքական հպատակութենէ զերծ կացուցել եւ արտօնել, որ երթայ եւ կաթողիկոսական մականը ստանձնէ Էջմիածինի մէջ: Ապտիւլ Համիտ մինչեւ իսկ կը դիմէ ցարին` նոր ընտրութիւններ կատարելու պահանջով, սակայն Նիկոլայ Բ.ի այն մտավախութիւնը, թէ` Խրիմեանի ընտրութիւնը չվաւերացնելը արեւմտահայութեան մէջ կրնար շատ աւելի բարդութիւններու դուռ բանալ, կը ստիպէ սուլթանը, որ ի վերջոյ տեղի տայ եւ Խրիմեանը ազատէ թրքահպատակութենէ:

Ծանր ու փոթորկոտ կ’ըլլան Խրիմեանի կաթողիկոսութեան 15 տարիները: Վերյիշենք 1892-1907 երկարած դէպքերու շարանը. 1895-1896-ի համիտեան կոտորածներ, Վանի ինքնապաշտպանութիւն, Զէյթունի 1896-ի գոյամարտ, ազգային-ազատագրական պայքարի բազմաթիւ մարտնչումներ` Խանասորէն մինչեւ Պանք Օթոման, Սասնոյ զոյգ ապստամբութիւններէն մինչեւ Համիտի մահափորձ: Նոյն ժամանակամիջոցին արեւելեան կողմն աշխարհի կը տեսնենք ցարական աճող ճնշումներու պատճառով` Անդրկովկասի ծխական վարժարաններու փակում, հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւման փորձ, հայ-թաթարական կռիւներ եւ, վերջապէս, Լա Հէյի միջազգային  վեհաժողովին Հայկական հարցի ներկայացում:

Խրիմեան ազգին վեհապետն է, Հայոց Հայրիկն է: Չի կրնար անտարբեր մնալ այս բոլոր իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Ան մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ համիտեան կոտորածներէն ճողոպրած գաղթականները Էջմիածինի մէջ տեղաւորելու համար: Հանգանակութիւններ կը կազմակերպէ, նիւթապէս կ’օժանդակէ շատ-շատերու, Ռուսահայաստանի մէջ բնակութեան պայմաններ ստեղծելու համար: Թրքահայութեան հարցին լուծման համար ան կը մեկնի մինչեւ Փեթերսպուրկ, կը տեսակցի Նիկոլայ Բ. ցարին հետ եւ իր քարոզներուն մէջ տեւաբար կը շեշտէ, որ` «Հայաստանը կենդանի է եւ կենդանի պիտի մնայ»: Խրիմեան երկար կը բախէ օտար դիւանագիտութեան դռները եւ ի վերջոյ կը յանգի այն համոզումին, որ` «Օտարներէն յոյս կտրենք. մեր ազգին ազատութիւնը մեր ձեռքով, մեր յեղափոխականներու միջոցով պիտի գայ: Ազատութիւնը զոհ եւ արիւն կը պահանջէ. ա՛լ բաւ է, օտարները մեզ շատ խաբեցին» (30):

Թրքահայութեան տագնապները կարծէք բաւարար չըլլային, Խրիմեան կաթողիկոսութեան շրջանին կը դիմագրաւէ նաեւ ռուսահայութեան սպառնացող վտանգները: Ան բուռն կերպով կ’ընդդիմանայ հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւման ցարական որոշումին դէմ: Կը դառնայ ազգային կամքի, դիմադրական կորովի խորհրդանիշ: «84-ամեայ կաթողիկոսը… երիտասարդացած, հին հերոսական օրերը յիշելով, տիտանի պէս ծառացաւ ամեհի բռնապետութեան դէմ ու տուաւ իր խիզախ պատասխանը. «Չե՛մ կարող»…: Չքացաւ Ամենայն Հայոց խոնարհ, հնազանդ հայրապետը եւ բեմ նետուեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրիկը, հինաւուրց յեղափոխականը, Վասպուրականի արծուաթեւ մարտնչողը», պիտի ըսէր Միքայէլ Վարանդեան (31):

Ընդհանուր ընդդիմութեան պահուն Խրիմեանի թեւ ու թիկունք կը կանգնին ժողովուրդը, մտաւորականութիւնն ու կուսակցութիւնները` առաջնորդութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ Խրիմեանի համար կը ներկայացնէր «Հայկական նոր ասպետութիւնը»: Խրիմեանի շուրջ կը կատարուի ազգային ուժերու համախմբում: Արդարութիւնը ի վերջոյ կը յաղթանակէ: Իր ամուր կեցուածքով եւ անզիջող ընթացքով Խրիմեան կը հասնի փառքի գագաթնակէտին: Ներքին ու արտաքին պայմաններու բերումով ցարը 1905-ին յետս կը կոչէ եկեղեցական կալուածներու գրաւման իր հրովարտակը:

(Շար. 7)

  1. Գ. Գիւզալեան, «Խրիմեան Հայրիկ գաղափարների աշխարհ»-ը, Պէյրութ, 1954, էջ 69:
  2. Միքայէլ Վարանդեան, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», Ա. եւ Բ. հատորներու միացեալ հրատարակութիւն, Պէյրութ, 2013, էջ 324:

 

 

Նախորդը

Հերոսներու Կտակով…

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?