Յօդուածներ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Վենեզուելայի Հայ Գաղութին Դիմագրաւած Դժուարութիւններուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Վենեզուելայի Հայ Գաղութին Դիմագրաւած Դժուարութիւններուն

Արամ Ա. կաթողիկոս նախորդ շաբաթներուն մօտէն հետեւեցաւ Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած անապահով կացութեան եւ յատկապէս` հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Վեհափառ հայրապետը հետեւեալ տեղեկութիւնները ստացաւ գաղութի պատասխանատուներէն մէկուն կողմէ. «Աւելի քան տարի մը կ’ընէ, որ Վենեզուելան կը գտնուի ահաւոր դժուարութիւններու առաջ. քաղաքականապէս քայքայուած եւ տնտեսապէս սպառած է ան այլեւս: Կառավարութիւնը կը փորձէ շարունակել իր, այսպէս կոչուած, «կառուցողական» կեցուածքը, սակայն` առաւել բռնութիւն գործադրելով...

Ժորժէթ Պոյաճեանի Յիշատակին

Ժորժէթ Պոյաճեանի Յիշատակին

ԱՐՏԱՇԷՍ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ Արդէն քառասուն օրեր անցած են այն օրէն, երբ հողին յանձնեցինք մեր սիրելի եւ յարգելի ուսուցչուհին, իրերայաջորդ սերունդներու երկրորդ մայր եւ դաստիարակ հանդիսացած Ժորժէթ Պոյաճեանը` իր ետին ձգելով բարի եւ ուրախ յիշատակներ: Ան ծնած է հայ նահապետական ընտանիքի մը տան մէջ, Սուրիոյ հայահոծ քաղաքներէն Հալէպի մէջ: Ան իր մանկութեան յաճախած է Կիլիկեան վարժարան, ապա` Ամերիկեան քոլեճ` ստանալու համար բարձրագոյն...

Խմբագրական.  Հատուածայինէն Համալիբանանեանին  Անցումը` Անշրջանցելի Նախադրեալ (Դիմադրութեան Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Հատուածայինէն Համալիբանանեանին Անցումը` Անշրջանցելի Նախադրեալ (Դիմադրութեան Օրուան Առիթով)

Դիմադրութեան օրուան նշումի հատուածականացումը խորքին մէջ լուրջ հարուած է համալիբանանեան մտածողութեան կայացման գործընթացին: Գործընթաց մը, որ աւելի քան անհրաժեշտութիւն է լիբանանեան պետութեան եւ հասարակութեան համար: Քաղաքականէն մինչեւ մշակութային, հիմնական տօն-խորհուրդներէն մինչեւ մարզական կեանք համայնքայինի եւ առ այդ հատուածի գերադասումը համալիբանանեանին կը շարունակէ գլուխ ցցել եւ իւրաքանչիւր գործնական հանգրուանի համոզել, որ տեսութենէն իրողականի անցում կատարելու դժուարութեան մէջ է առաջադրուած գործընթացը: Դիմադրութեան...

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման 17-ամեակ.   Ռազմավարական Հաւասարակշռութեան Հաստատում Եւ Դիմադրութեան Առանցքի Յաղթանակ

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման 17-ամեակ. Ռազմավարական Հաւասարակշռութեան Հաստատում Եւ Դիմադրութեան Առանցքի Յաղթանակ

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ 25 մայիս 2000-ը կը խորհրդանշէ հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Իսրայէլի դէմ արձանագրուած յաղթանակի օրը, որ վերածուած է ազգային տօնի, եւ որուն անբաժանելի մէկ մասնիկը կը մնայ Դիմադրութեան անունը: Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնը Լիբանանի մէջ վերածուած է աւանդութեան եւ կ՛ընդգրկէ տօնակատարութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անպայման կ՛արտասանէ իր խօսքը` կենդանի ելոյթով կամ...

Այսօր Մեր Առաքելութիւնը Ո՛չ Միայն Դաստիարակել Է, Այլ Նաեւ Պահպանել Հայկականութիւնը Իւրաքանչիւր Հայ Մանուկի Սրտին Ու Հոգիին Մէջ»,   Ըսաւ Քոյր Արմինէ Մակարոսեան

Այսօր Մեր Առաքելութիւնը Ո՛չ Միայն Դաստիարակել Է, Այլ Նաեւ Պահպանել Հայկականութիւնը Իւրաքանչիւր Հայ Մանուկի Սրտին Ու Հոգիին Մէջ», Ըսաւ Քոյր Արմինէ Մակարոսեան

Այս տարի Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը` լուսարձակի տակ առնելով անցեալէն եկած աւանդն ու փորձառութիւնը եւ նայելով դէպի ապագայ` նոր ծրագիրներով ու կորովով: 95 տարիներու կրթական գործունէութեան, ապրուած լաւ ու վատ օրերուն, դիմագրաւուած դժուարութիւններուն եւ արձանագրուած նուաճումներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու, նաեւ ներկայ վիճակէն տեղեակ ըլլալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց դպրոցի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեանին...

Նամականի

«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Այս բոլորը, անշուշտ, աննկատ չէին կրնար մնալ խաւարամիտ շրջանակներու կողմէ, որոնք ինչպէս Վասպուրականի, նաեւ Տարօնի մէջ սուր պայքար կը շղթայազերծեն Խրիմեանի դէմ: Մինչեւ իսկ կը փորձեն հրապարակէն ի սպառ հեռացնել զայն. կը դիմեն հին ու ծանօթ միջոցին: Խրիմեանի դէմ կը կազմակերպեն երեք մահափորձեր, բայց ապարդիւն: Ժողովուրդը, ընդհակառակն, օրէ օր աւելի կը կապուի Խրիմեանին, քանի բնազդօրէն կը զգայ անոր...

Տեսակէտ.   Ֆալախա, Ազգային Հիմնախնդիրներ Ու Յամեցող Հեռանկար  (Ապրիլեան Խոհեր)

Նոյնացած Երկու Արժէք (Հայ Վարժարանի Ու Տնօրէնի Մը Հեքիաթ»-ը)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ո՞վ ըսաւ, որ հեքիաթները կը պատկանին միայն գիրքերու աշխարհին: Ո՞վ կրնայ ընդմիշտ հաստատել եւ կամ կը համարձակի յայտնել, թէ հեքիաթները լոկ մտային եւ հոգեկան աշխարհի արտայայտութիւններ են. առասպել ու շինծու պատմութիւն կ՛ընդգրկեն, երեւակայական հիմք ունին եւ կը ծառայեն մանուկներու ներաշխարհի զարգացման: Այո՛, ըստ բառարաններու անոնք այդպէս են եւ պիտի մնան իբրեւ այդպիսին: Ճիշդ է նաեւ այն, որ անոնք...

Գեղարուեստաշունչ Երեկոյ` Նուիրուած Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 95-ամեակին

Գեղարուեստաշունչ Երեկոյ` Նուիրուած Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 95-ամեակին

Հայ վարժարանի մատուցած ծառայութիւնը անփոխարինելի է ու ցարդ կը մնայ իբրեւ այդպիսին, երբ անոր երդիքին տակ անհայրենիք սերունդներն անգամ կրցեր են պահել իրենց պատկանելիութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը: Այս առումով` տօնել հայ վարժարանի մը հիմնադրութեան 95-ամեակը կը նշանակէ էապէս ճանչնալ անոր կարեւորութիւնն ու խորապէս գիտակցիլ անզուգական առաքելութեան: Ուրբաթ, 6 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Հայ...

Մայրերու Օրուան Նշում Այնճարի Մէջ

Մայրերու Օրուան Նշում Այնճարի Մէջ

Մայրերուն հանդէպ երախտագիտական զգացումներն ու յարգանքը արտայայտելու նպատակով Ազգ. Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճը կազմակերպած էր Մայրերու օրուան տօնախմբութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ, շաբաթ, 13 մայիս, 2017-ին, Այնճարի  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք , վարժարանիս վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան, ողջունեց ներկաները` նշելով, որ օրուան հանդիսութիւնը պիտի արտայայտէ մանուկներուն շրթներէն հոսող երախտագիտութիւնը` իրենց մայրերուն հանդէպ: Ան հաստատեց, որ միայն...

Պարոյր Սեւակի Ոգին Թեւածեց Այնճարի Վրայ

Պարոյր Սեւակի Ոգին Թեւածեց Այնճարի Վրայ

Կազմակերպութեամբ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբին, հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մ. Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նուիրուած Պարոյր Սեւակին: Յովհաննէս Խօշեան Մշակութային յանձնախումբին անունով կատարեց բացման խօսքը. ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց զանոնք յոտնկայս յարգելու յիշատակը մասնաճիւղի հիմնադիրներէն, օրեր առաջ մահացած Խաչիկ Պագալեանի: Ապա բեմ...

«Կանգառ»-ի Կազմակերպած Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Ֆիրուզէ Միրզա (Մելինէ ) Եւ Կիրօ Գարավարդանեան Անդրադարձան Երաժշտական Ստեղծագործութեանց Մէջ Արհեստագիտութեան Ներդրումին

Արհեստագիտական զարգացումներու բանականութիւնը սրընթաց կերպով «կ՛ողողէ» մարդկային գործունէութեան եւ ստեղծագործական  արդիւնաբերութեան գրեթէ բոլոր մարզերը, որոնցմէ զերծ չէ նաեւ երաժշտութիւնը: Ըլլալով մշակոյթի տարրական գործօններէն մէկը` երաժշտութիւնը եւս իր բոլոր տեսակներով կամ բաժանմունքներով ենթակայ է արհեստագիտական բանականութեան այս սրընթաց «յեղափոխութեան» հոսանքին: Յեղափոխութիւն, որ մտավախութիւններ կ՛առթէ, թէ` Պախի, Պեթհովենի, Արամ Խաչատուրեանի եւ այլ տիտաններու նման ստեղծագործութիւններու յառաջիկայ տարբերակները պիտի ըլլան սոսկ արհեստագիտական բանականութեա՛ն...

«Արին» Մանկապատանեկան Պարախումբին Ելոյթը

«Արին» Մանկապատանեկան Պարախումբին Ելոյթը

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ուրբաթ 19 (աշակերտական եւ կալա) եւ շաբաթ 20 մայիս, 2017-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» մանկապատանեկան համոյթը Տըպպայէի Էմիլ Լահուտի անուան համագումարներու պալատին մէջ ներկայացուց «Կարուսել» խորագիրով իր ելոյթը: Կալա-ներկայացման առիթով բացման խօսքեր արտասանեցին Արազ Չերչեան (արաբերէն) եւ Անի Պոտրումեան (հայերէն): Ողջունելէ ետք ներկաները, անոնք ընդգծեցին, որ Խաչատուր Աւետիսեանի նուիրուած ելոյթէն միայն վեց ամիս ետք «Արին» պարախումբը գեղարուեստական ղեկավար...

Ինքզինք Գերազանցող Նկարչուհին.  Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանի Գեղանկարչական Ցուցահանդէսին Առիթով

Ինքզինք Գերազանցող Նկարչուհին. Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանի Գեղանկարչական Ցուցահանդէսին Առիթով

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Իւրաքանչիւր այցելութեան այս նկարչուհին կը հիացնէ, կը զարմացնէ, եւ կ՛ունենաս այն տպաւորութիւնը, որ նկարչուհին դարձեալ ինքզինք գերազանցած է: Թերեւս այս բնորոշումը ամէնէն հարազատն է այս խիստ աշխատասէր, օժտուած,այցելուն միշտ զարմացնող նկարչուհի Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանին մասին: Ե՞րբ ժամանակ կը գտնէ, ինչպէ՞ս կրնայ այսքան խոր  եւ տարածուն ընդգրկում ունենալ կեանքի մասին հիմնուած ամուր հաւատքի վրայ եւ զանոնք տպաւորիչ գեղանկարներով ներկայացնել պարզապէս...

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Կեանքի բնական ընթացքով դպրոցական տարիները աշակերտին համար թէեւ երկար կը նկատուին, սակայն իրողապէս ամէնէն կարճ հանգրուանն է: Այսպէս ալ, Հռիփսիմեանց վարժարանի աւարտական դասարաններու 19 սաները յատուկ հանդիսութեամբ եկան իրենց դպրոցական օրերուն էջը դարձնելու իրենց իւրայատուկ ոճով, որ այս պարագային կը...

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Գիշերօթիկի 70-ամեակ

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Գիշերօթիկի 70-ամեակ

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի գիշերօթիկ բաժինը նշեց իր հիմնադրութեան 70-ամեակը: Հանդիսութիւնը սկսաւ գիշերօթիկ բաժնի տնօրէն երիցուհի Նանոր Աքպաշարեանի բացման խօսքով, որով ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, յատկապէս` «Հիլֆսպունտ» կազմակերպութեան միսիոնարներուն: Ապա հակիրճ ձեւով ներկայացուց գիշերօթիկ հաստատութեան առաքելութիւնը` զայն ամփոփելով երեք կէտերու մէջ` պատուել անցեալը, լուսաւորել ներկան, կերտել ապագան: Օրուան հանդիսավարն էր Արփա...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ստեփանակերտի Մէջ Կազմակերպուած Է «Ազրպէյճանը Քաղաքակրթութեան Թշնամի Խորագրով Ցուցահանդէս «Թանգարաններու գիշեր» համաեւրոպական նախագիծի ծիրին մէջ այսօր Ստեփանակերտի Պետական պատմական երկրագիտական թանգարանին մէջ կազմակերպուած է «Ազրպէյճանը քաղաքակրթութեան թշնամի» խորագիրով ցուցահանդէս: Թանգարանի տնօրէն Մելանիա Բալայեան ըսած է, որ ամէն տարի կը փորձեն իւրայատուկ նիւթով հանդէս գալ: «Այս տարուան «Ցաւալի պատմութիւններ. դժուար պատմելին թանգարաններու մէջ» խորագիրին ընտրութիւնը թանգարաններու միջազգային կազմակերպութեան...

Նամականի

«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Վասպուրականի մէջ Խրիմեան կը ստանձնէ Վարագայ վանքին վանահայրութիւնը: Անմիջապէս ան կը ձեռնարկէ բարեկարգութիւններու, կը հիմնէ տպարան, կը ստեղծէ գաւառի առաջին ժառանգաւորաց վարժարանը` դպրոցական դասարաններով, գրասեղաններով, գրատախտակներով, աշխարհագրութեան քարտէսներով եւ բնագիտական դասանիւթերով, ինչ որ նորութիւն էր Հայաստան աշխարհի մէջ: Խրիմեանի նպատակն էր մէկ կողմէ կրթուած,  գիտակից եւ նուիրեալ հոգեւորականներ պատրաստել, իսկ միւս կողմէ` հանրային գործիչներու պատրաստուած սերունդ մը հասցնել:...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Օսմանեան Հայերը Եւ Թուրքիոյ Նախագահի Ցաւակցութեան Հասցէն Եւ Սահմանները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ապրիլ 24-ին Պոլսոյ Ֆերիքէօյ շրջանի Ս. Վարդանանց եկեղեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի կողմէ «ցաւակցական ուղերձ» մը ղրկուած եւ կարդացուած է Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով մատուցուած Ս. պատարագի ընթացքին: Ինծի պէս շատեր տեսած, լսած կամ կարդացած են Թուրքիոյ նախագահին ուղերձը: Լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հայերը եւ իրենց բարեկամները, հետեւէին նամակի բովանդակութեան, ճիգ ընելով` մտածէին չըսուածի մասին:...

«Ճոնին Եւ Ընկերները»  Դասական Երաժշտութեան Երեկոյ

«Ճոնին Եւ Ընկերները» Դասական Երաժշտութեան Երեկոյ

Կիրակի, 7 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր-Ս. Եղիա եկեղեցւոյ եւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեանի, տեղի ունեցաւ «Ճոնին եւ ընկերները» խորագիրով դասական երաժշտութեան երեկոյ մը, մասնակցութեամբ` թենոր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, սոփրանօ Նատին Նասիֆի, պարիթոն Աւօ Ագրապեանի եւ դաշնակահարներ Անթոնի Ֆայյատի ու Նանոր Մաճարեանի: Ներկայ էին Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոս, արհիապատիւ Պաթագեան ու Խազումեան...

Ստացուած Գիրքեր.  Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-Քաղաքական Գործունէութիւնը (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)

Ստացուած Գիրքեր. Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-Քաղաքական Գործունէութիւնը (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ, Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներու մարմինի միջոցներով 2016-ին լոյս տեսաւ Զաւէն Մսըրլեանի պատրաստած «Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը» հատորը, բաղկացած` 439 էջերէ: Գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1981-ին: Իսկ երկրորդ տպագրութիւնը լոյս կը տեսնէ որոշ բարեփոխումներով: Երկու խօսքին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ որդիական պարտականութենէ մը աւելի, գիրքը կը նպատակադրէ արդար տուրք մը տալ իր հօր` Մկրտիչ Մսըրլեանին...

Page 814 of 1110 1 … 813 814 815 … 1,110

Արխիւներ