Մայիս է. մեր հոգիներէն մինչեւ երկինք կը ծածանի յաղթապանծ մեր դրօշը, որ դարաւոր պատմութեան մը ելեւէջները հարթած` իր մնայուն տեղը չի զիջիր ոխակալ թշնամիի հալածանքներուն ու եաթաղանին: Ան իր վրայ կը կրէ հայ հերոսներու արիւնը, խաղաղութեան մէջ իր հանգիստը որոնող պայծառ երկինքը, մշտանորոգ ուխտաւորի բարձրաղաղակ կանչը, ոգին, կամքը եւ այն ապրումները, որոնք կը միաձուլեն հայը բնորոշող յատկութիւնները:
Մայրական ջերմ գուրգուրանքի զարթօնքին ծնունդ առած այս թուականը, իբրեւ բարձրադիր դրօշ, կը գումարուի հայրենասիրական այն մտորումներուն վրայ` Արամ Մանուկեանի, զօր. Սիլիկեանի, Սիմոն Վրացեանի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ նմաններուն ներշնչարանէն, իբրեւ քաղուած բաբախումներ` այնպիսի ուժգնութեամբ բանուած, որ բարձրաթռիչ զարթնումին հետ կը համախմբէ աշակերտական զանազան խոհեր:
Ստորեւ կը կարդանք Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի Ժ. դասարանի աշակերտներուն գրութիւններէն հատուածներ:
ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
* * *
Հայաստան, իր ամբողջական աշխարհատարածքով կ՛ընդգրկէ հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքներն ու երազները: Յանուն բռնագրաւուած հողերու վերատիրացումին` հայ մարտիկը կը պայքարի հայրենասիրական վեհ զգացումներով, միացեալ Հայաստանի պահանջատիրական հրամայականով:
ՄԱԿԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
* * *
Հայոց դրօշները մի՛շտ բարձր պահելով` հպարտ կը զգանք մեր հայկականութեամբ. մեր ինքնութեան արիութիւնը կը մղէ յառաջանալու Արամներու կոչերով դէպի հայրենիք` Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստան:
ՅԱԿՈԲ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
* * *
Մայիս 28 սովորական թուական մը չէ մեզի համար. ցնծութեան տօն մըն է, որ մեր նորօրեայ ճիգը կը զարգացնէ` աշխարհին ցոյց տալու, թէ թուրքը անգա՛մ մը եւս պարտուած է:
ԼԱՐԱ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
* * *
Հայրենիքի փրկութեան համար մեր նահատակները սուրբ են, որովհետեւ հողը պաշտպանելով մեր գոյութիւնը յաւերժացուցած կ՛ըլլանք:
ՄԱՐՏԻԿ ԱՏԱՃԵԱՆ
* * *
Աննկարագրելի ապրումով լեցուեցաւ սիրտս, երբ այցելեցի հայրենիք ու երկար ժամանակ կանգնեցայ հրապարակին վրայ ծածանող եռագոյնին ներքեւ: Վստահ եմ, որ այս զգացումը պիտի կրկնապատկուի, երբ Սարդարապատի քայլերգը հնչէ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի կերտումով:
ՊԱՐՈՅՐ ՍԹԱՄՊՈՒԼԵԱՆ
* * *
– Ես կը կռուիմ ու կը պաշտպանեմ իմ ապրած տեղս:
– Դուն միայն քու տարածքդ կը պաշտպանես, մինչդեռ ես այսօր հոս եմ, վաղը Վան, միւս օր` Մուսա Լեռ… մի՛շտ հողիս վրայ…
ՊԵՏԻԿ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
* * *
Իբրեւ հայ պատանի` հպարտութիւն ու յուզում կը զգամ իմ պատկանելիութեամբս: Մայիս 28-ը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի զօրութիւնն ու անմահ ոգին, իբրեւ մղիչ ուժ` գոյատեւելու ու իր երթը աննահանջ շարունակելու:
ՄԱԿՐՕ ԶԷՅԹՈՒՆԼԵԱՆ
* * *
Հզօր կամքի ու վճռական յաղթանակի տօնն է մայիս 28-ը: Հայ մայրերը իրենց զաւակները նուիրաբերեցին` անսալով Արամ Մանուկեանի կոչին, քաջ գիտակցելով, որ իրենց զաւակներուն թանկ արեամբ կը ճառագայթէ անկախութեան արշալոյսը:
ԳԱՐԻՆԱ ԱՇԳԱՐԵԱՆ
* * *
Հայրենիքի հանդէպ մեր սէրը անսահման է: Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին մենք ունեցանք մեր անկախ պետութիւնը` իբրեւ պատասխան թուրքին, կարճ ժամանակ ետք իր գործած Հայոց ցեղասպանութենէն:
ԼԵՒՈՆ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
* * *
Հայերը տարագրուեցան ու բազմաթիւ չարչարանքներու ենթարկուեցան, սակայն շնորհիւ իրենց կամքին ու աշխատասիրութեան` անոնք չկորսնցուցին իրենց ինքնութիւնը եւ մինչեւ այսօր կը պայքարին ամբողջական Հայաստանի անկախացման:
ԳԱՐՈԼ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
* * *
Տարիներ կ՛անցնին, եւ մեր պատմութիւնը կ՛արձանագրէ նոր էջեր ու նուաճումներ: Սակայն կայ երգ մը, որ անընդհատ կը հնչէ` պոռթկումի ու վրէժխնդրութեան, պահանջատիրութեան ու միասնակամութեան` մեզ ամրապնդելու հերոսական մարտնչումներու խիզախութեամբ:
ԱՆԺԵԼԻՔԱ ՍԳԱՅԵԱՆ
* * *
Մայիսեան անկախութիւնը սփոփանք մը եղաւ ցեղասպանութիւնը ճաշակած հայ ժողովուրդի մնացորդացին. նաեւ պատասխան մը` թշնամիին, որ կարծեց, թէ կը յաջողի լռեցնել ու ոչնչացնել հայ գիրը, հայ մշակոյթն ու հայոց պատմութիւնը:
ՄԻՔԱՅԵԼ ՀԱՃԵԱՆ
* * *
Հայրենիքի կարօտը կը զգանք ամէն վայրկեան, սակայն երբ կը տարածուի հայ գիրն ու գրականութիւնը աշխարհի տարբեր երկիրները, կը խօսուի անոր դարաւոր պատմութեան մասին, հպարտ կը զգամ, որ հայ եմ:
ՓՈԼ ՃԱՆՍԶԵԱՆ
* * *
Մայիս 28-ին ունեցանք Հայաստանի անկախ հանրապետութիւն, որովհետեւ ունէինք քաջարի մայրեր, որոնք մղեցին իրենց զաւակները անկախութիւն կերտելու սրբազան գործին: Կը պահենք անկախ հանրապետութիւնը, որովհետեւ տակաւին ունինք, եւ մի՛շտ պիտի ունենանք աննման ու քաջարի մեր մայրերն ու անոնց զաւակները:
ԱՐՓԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
* * *
Թող անվե՛րջ ծածանի եռագոյն դրօշը մեր երկնակամարին. անկախ հայրենիքի պետականութիւնը ամուր կը մնայ` շնորհիւ մեր պաշտպան զինուորներուն, հայ ժողովուրդի վեհ կամքին ու զօրակցութեան, միասնաբար նուաճելու Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստան:
ՄԱՐԻԱՄ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ



