Յօդուածներ

Հայաստանի Անկախութեան 99-ամեակի Ձեռնարկին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանին Խօսքը

Հայաստանի Անկախութեան 99-ամեակի Ձեռնարկին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանին Խօսքը

Սիրելինե՛ր, Երբ առաջարկուեցաւ գաղութային այլ նախաձեռնութեան մը առիթով Լիբանան գտնուած միջոցիս սրտի խօսք մը ըսել մայիս 28-ի այս կեդրոնական նախաձեռնութեան առիթով, միակ մտասեւեռումս օրուան բանախօսին պատգամներուն կրկնութիւնը չընելն էր, մանաւանդ որ երկրորդ պատգամաբեր մըն ալ պիտի արտասանէր Լիբանանի ԿԿ-ի խօսքը: Ուստի Լոս Անճելըսէն սրտի երկու խօսք: Արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր, յարգելի հիւրեր եւ ներկաներ, սիրելի համակիրներ եւ հայրենակիցներ, ընկերներ եւ ազգային...

Արտագաղթող «Բանիմաց» Հայ Կնոջ Հեռանկարը

Արտագաղթող «Բանիմաց» Հայ Կնոջ Հեռանկարը

Մակար ի Գաղղիա Չբարձրաձայնուող լուրերու շտեմարան եւ յաւերժի ճամբորդ «կլոպթրոթըր» է Կեդրոնականցի Արմենակ: Մայիսեան այս արեւոտ կիրակին Էլպիսին հետ եկաւ սակառ մը խնդումերես ելակով: Եթէ Կեդրոնականցին թերթի «արտակարգ եւ լիազօր» լրագրող ըլլար, նօսրացող ընթերցողները կը խտանային: Տեղաւորուեցանք պարտէզը: Հարցուցի. «Ի՞նչ կայ չկայ»: - Ի՞նչ կ’ուզես, որ ըլլայ: Եթէ հայու հանդիպիս, ան անպայման կը զարմացնէ քեզ: - Լա՛ւ է, կը նշանակէ,...

Իւրայատուկ Օրեր Եւ Ցայտուն Դէմքեր

Իւրայատուկ Օրեր Եւ Ցայտուն Դէմքեր

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ Կան օրեր, որոնք պարզապէս օրեր չեն, ինչպէս որ կան մարդիկ եւ սերունդներ, որոնք պարզապէս մարդիկ  եւ սերունդներ չեն: Անոնք ուրիշ են, տարբեր են, իրապէս անզուգական են: Օրե՜ր եւ անձե՜ր: Մէկ օր` մայիս 28, եւ անկրկնելի սերունդ` անկախութեան սերունդ: Մէկ տարիէն պիտի լրանայ անկախութեան 100-ամեակը: Արդեօք անկախութեան կերտիչ, յեղափոխական գործիչ, մտաւորական, համեստ եւ գաղափարական Մեծն Արամ Մանուկեանը,  յեղափոխական ականաւոր...

Արաբիոյ Թրամփը…

Արաբիոյ Թրամփը…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջերս նախաձեռնեց Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ շրջապտոյտի, որ սկսաւ Սէուտական Արաբիայէն: Թրամփ նոյնպէս այցելեց Իսրայէլ, ապա` Հռոմ եւ Պրիւքսել: Այս շրջագայութեան տարբեր մեկնաբանութիւններով անդրադարձան արաբական եւ արեւմտեան լրատու միջոցները: Կը ներկայացնենք հատուածներ: Յատկանշական է Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Արաբիոյ Թրամփը» անուանելը` յիշելով անցեալի «Արաբիոյ Լորանսը» (Lowrence օf Arabia): Ն. «Ալ...

Յիշարժան Իրադարձութիւն Մը

Յիշարժան Իրադարձութիւն Մը

Շաբաթ, 27 մայիս 2017-ին Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի շրջանաւարտ աշակերտները, գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ` Ռոպերթ Առաքելեանի, Գարիկ Յակոբեանի եւ Մարալ Պասմաճեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայան: Մուտքին աշակերտները քաջալերական խօսքերով դիմաւորեց «Օ. Թի. Վի.»-ի օրուան հիւրը` Ժիպէյլի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ, ապա կայանի հայերէն լուրերու հաղորդավար Ծովակ Թիւթելեան ստանձնեց աշակերտներուն ծանօթացման աշխատանքները` կայանի աշխատանքային տարբեր բաժիններուն մէջ: Բաժին առ բաժին...

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ Մայիսեան Ջերմեռանդութիւն Եւ Քահանայական Ձեռնադրութիւն

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ Մայիսեան Ջերմեռանդութիւն Եւ Քահանայական Ձեռնադրութիւն

Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարուան մայիսի վերջին կիրակին վերածուած է Զմմառու Տիրամօր ուխտի օրուան: Այս տարի եւս, 28 մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան հայրերը հիւրընկալեցին Զմմառու մայրավանք բարձրացող լիբանանահայ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, որ եկած էր իր ուխտը կատարելու Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր առջեւ: Սոյն տօնակատարութիւնը զուգադիպեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակի տօնախմբութիւններուն: Տարին յատկանշական էր նաեւ, որ ջերմեռանդութեան միացաւ  Տիգրան...

Մայրերու Տօնին Նուիրուած Ճաշկերոյթ-Ձեռնարկ

Մայրերու Տօնին Նուիրուած Ճաշկերոյթ-Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին, կիրակի, 21 մայիսին կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին նուիրուած ճաշկերոյթ-ձեռնարկ: Ձեռնարկը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով եւ Կիրակնօրեայի քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Կիրակնօրեայի փոխտեսուչ Մանուէլ Թոքմաքճեան, որ անդրադարձաւ ընտանիքին մէջ մօր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` զայն անուանելով հիմնական սիւնը առողջ դաստիրակութեան եւ շեշտելով...

Կառավարութիւնը Ռիատ Սալամէն Վերանշանակեց  Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ

Ակնարկ. Չշեղիլ Սկսուած Գործընթացէն

Գործող խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին նախօրեակին ենք եւ ընտրական օրինագիծի ոդիսականի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ: Մէկ կողմէ օրէնսդրական դատարկ ստեղծելու հաւանականութենէն ամէն կերպով խուսափելու, այդ վտանգը կանխարգիլելու միտող վճռակամութիւն ընդգծող յայտարարութիւններ, միւս կողմէ` նաեւ ընդհանուր համախոհութեան ի սպառ բացակայութիւն: Այս երկու հակոտնեայ երեւոյթներուն միջեւ սակայն, կայ նաեւ այլ գործընթաց, որ ունի հիմնական երկու մեկնաբանութիւն: Առաջինը այն, որ իրօք գոյութիւն ունի...

Ողջոյնի Խօսք

Ողջոյնի Խօսք

ՓՈԼ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Հինէն ի վեր Լիբանանը եղած է, կայ ու կը մնայ մշակոյթներու խաչաւորման երկիր: Հոս իրարու հանդիպած են հին աշխարհի գրեթէ բոլոր մշակոյթները` սկսեալ փարաւոնական ու բաբելական մշակոյթներէն,  մինչեւ հելլենիզմը, Հռոմն ու Բիւզանդիոնը: Շնորհիւ Լիբանանի աշխարհագրական նպաստաւոր պայմաններուն եւ շնորհիւ լիբանանցիներու ստեղծագործ եւ շինարար ոգիին` այս երկրին մէջ կազմաւորուած ու զարգացած է արաբական իւրայատուկ մշակոյթ մը, որ իր հերթին...

Ցուցահանդէս` Յանուն Լիբանանեան-Հայկական Մշակութային Կապերու

Ցուցահանդէս` Յանուն Լիբանանեան-Հայկական Մշակութային Կապերու

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ գործակցութեամբ` AD & D Sarkissian partners եւ YM Development հիմնարկներուն, չորեքշաբթի, 17 մայիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Նոազ արք»-ի կազմակերպած հերթական մէկ խմբային ցուցահանդէսին բացումը` «Միր Օմար-450» կառոյցի սրահին մէջ (Քլեմանսոյի շրջան, Միր Օմար փողոց): «Նոազ արք»-ի տէր եւ տնօրէն, դոկտ. Մովսէս Հերկելեան իր բացման խօսքին մէջ, ողջունելէ ետք ներկայ...

«Պարող Ծառերը»

«Պարող Ծառերը»

«Մոսօ արթ» ցուցասրահի  տէր եւ տնօրէն Փանտորա Փենկ, Միացեալ Նահանգներու յայտնի արուեստի գործիչներէն (curator) է: Անցեալ տարի իր նախաձեռնութեամբ, Եուրոզի վերջին ստեղծագործութիւնները («Սիմպիոսիս» հաւաքածոն) ցուցադրուեցան Լոս Անճելըսի «Coral Springs Muzeum» ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ (իբրեւ նորութիւն, նոր որակ)` նոր վարկ եւ մեծ հռչակ ապահովելով Եուրոզի: Սոյն  առիթով Փանտորա Փենկ հարցազրոյց մը ունեցած է ինքզինք վերանորոգող ու գերազանցող այս արուեստագէտին հետ,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քուէյթ Ազգայիններու Պարգեւատրումներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Քուէյթ տուած այցելութեան ծիրին մէջ կատարուեցան հետեւեալ պարգեւատրումները: Անուշաւան Նազարեան ստացաւ «Իշխան»¬ի շքանշան, Ֆիլիփ Փաթաթանեան,  Գրիգոր Սուագճեան, տոքթ. Ժանօ Պէպէճեան, Յակոբ Պետիրեան,  Մունիր Դարբինեան եւ Կոստանդին Մոմճեան` «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշաններ, իսկ Եղիա Կարպուշեան` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշան: Կիպրոս Հանդիպում Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ Երկուշաբթի, 29 մայիս 2017-ի առաւօտեան...

Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 99-ամեակի Տօնակատարութիւնը Հալէպի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 99-ամեակի Տօնակատարութիւնը Հալէպի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 99-ամեակի տօնակատարութիւնը մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ` մասնակցութեամբ հայրենի երգիչներ Արսէն Գրիգորեանի եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանի` խուռներամ բազմութեան ներկայութեամբ:

Նամականի

«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ     Որքան որ յեղափոխական, նոյնքան եւ գիտութեան ու արուեստի մարդ էր Խրիմեան: Իր գահակալութեան տարիներուն Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը կը ծաղկի ու կը զարգանայ: Ճեմարանի մէջ պաշտօնավարելու կը հրաւիրուի հայ մտաւորականներու փաղանգ մը` Հրաչեայ Աճառեան, Կոմիտաս, Մանուկ Աբեղեան, Գարեգին Յովսէփեանց, Լէօ, Մակար Եկմալեան, Կարա-Մուրզա, Վարդգէս Սուրէնեանց, Փանոս Թերլեմեզեան, Մաղաքիա Օրմանեան եւ ուրիշներ: Ճեմարանի դասախօսներուն մակարդակը բարձրացնելու նպատակով, Խրիմեան, բարերարներու հովանաւորութեամբ,...

Վիգէն Դարբինեան Լիբանանահայ Արուեստասէրներուն Հետ Եւ Անոնց Համար` Նոր Ձայնասկաւառակով Եւ  Հին Ու Նոր Երգերով

Վիգէն Դարբինեան Լիբանանահայ Արուեստասէրներուն Հետ Եւ Անոնց Համար` Նոր Ձայնասկաւառակով Եւ Հին Ու Նոր Երգերով

Ն. Բ. Կրկին Լիբանան է, բարեբախտաբար: Կրկին իր հարազատ եւ հզօր ձայնը, նուրբ եւ եռացող զգացումները պիտի փոխանցէ լիբանանահայ արուեստասէրին, կրկին պիտի հաստատէ, որ հայ երգը կ՛ապրի իր հայկականութեան մէջ` թէ՛ իբրեւ երաժշտութիւն, եւ թէ՛ իբրեւ բառ ու մեկնաբանութիւն: Շաբաթ, 3 յունիսին «Վասպուրական» սրահին մէջ, կիրակի, 4 յունիսին Այնճարի մէջ, իսկ շաբաթ, 17 յունիսին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սիրուած...

Վիգէնին Վերադարձը

Վիգէնին Վերադարձը

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» Եթէ լաւապէս հետեւինք Վիգէն Դարբինեանի բռնած ուղիին եւ այդ հասկացողութեամբ բացատրել անոր վերջին խտասալիկը` «Վերադարձ»-ը, հաւանաբար երկմտանքի մէջ իյնանք եւ առանց տատամսելու` հաստատենք, որ Վիգէնը մեր գիտցած, մեր տեսած, դիտած ու ըմբոշխնած միեւնոյն հարազատ Վիգէնն է, որ վերադարձած է երգերու փունջով մը: Ան անշեղ մնացած է իր ոճին մէջ: Ո՛չ մէկ շեղում, ո՛չ մէկ սայթաքում: Հակառակ ներկայ օտար թէ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Նոր Ջուղա Ս. Ամենափրկիչ Վանքի Շրջափակին Մէջ Խաչքարի Բացում 14 մայիսին Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի բացում` պատմական Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն բնօրինակին համաձայն, որ իրականացուեցաւ Յարութիւն, Շողեր, Արշալոյս եւ Ծաղկուշ Խուտավերդեաններու նիւթական աջակցութեամբ: Խաչքարը աշխատանքն է հայաստանաբնակ քանդակագործ Արտակ Համբարձումեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թովմա Գալստանեան, որ անդրադարձաւ պատմական Ջուղայի խաչքարերու առանձնայատկութիւններուն եւ ազրպէյճանցիներու...

Մոռցէք Լափշինը. Գործ Ունինք Ընելիք

Հայկական Խրամատի Ուաշինկթընեան Հատուածը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Մեծ պատկերը այս է: Քանի մը օր առաջ, շաբաթասկիզբին եւ գրեթէ նոյն ժամերուն, երկու կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան հայ-թրքական ճակատի խրամատներու տարբեր հատուածներուն վրայ: Մէկ կողմէ հայկական բանակը կանխարգելիչ հարուած կը հասցնէր ազրպէյճանական ուժերուն` սահմանի արցախեան հատուածին մէջ, միւս կողմէ` Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի թիկնապահները բառացիօրէն կը յարձակէին հայ, քիւրտ, ասորի եւ յոյն ցուցարարներու վրայ, Թուրքիոյ դեսպանին բնակարանին...

Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան 2017 Տարուան Զարգացման Մրցումը

Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան 2017 Տարուան Զարգացման Մրցումը

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4.00-ին Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան կազմակերպած վեցերորդ միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 9 երկրորդական վարժարաններու աշակերտները` ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Եղիշէ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Սուրիահայ Պղնձագործներու Աշխատանքները Կը Ցուցադրուին Սարդարապատի Թանգարանին Մէջ Սարդարապատի թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է պղնձագործ վարպետներու Սուրիոյ դպրոցի ներկայացուցիչներու աշխատանքներու ցուցադրութեան: Սարդարապատի թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Հալէպի մէջ պղնձագործութեամբ զբաղող հայկական ամէնէն յայտնի տոհմը Գալամքարեաններու տոհմն է, որուն աշխատանքները ներկայացուած են թանգարանին մէջ: «Գալամքարեաններու խանութը Հալէպի մէջ գործած է մինչեւ...

Page 812 of 1110 1 … 811 812 813 … 1,110

Արխիւներ